ԱՐԺԵՉԱՓ ՉՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
Կեանքի ամէն ապրումներու եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ արժեչափ՝ «standard» մը ունենալ կարեւոր է անհատական ապրումներուն եւ հաւաքականութեան մէջ՝ փոխյարաբերութիւններուն առո՛ղջ մշակման համար։
Բայց անկեղծ ըլլանք եւ խոստովանելու քաջութիւնը ունենանք, որ ընդհանրապէս կը պակսի մեզմէ «արժեչափ» ունենալու եւ ըստ այնմ վարուելու եւ կանոնաւորելու մեր կեանքը, ապրելու, «չափաւոր» ըլլալու յատկութի՛ւնը։ Ուստի յատկութիւն մը եւ մանաւանդ առաքինութիւն մըն է՝ արժեչափ ունենալ, չափ ու կշիռ գիտնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ…։
Մեր շուրջը, ամէն օր, հազար ու մէկ դէպք կը պատահի։ Դէպքերը երբեմն կ՚ազդեն մեր վրայ, կը տպաւորեն եւ նոյնիսկ կը փոխեն մեր կեանքի ընթացքը, երբեմն ալ չենք անդրադառնար իսկ անոնց՝ կ՚անցնին կ՚երթա՜ն առանց տպաւորելու մեզ։ Կ՚արժէ խորհիլ, թէ «չափաւորութեան» կամ «չափազանցութեան» համեմատ դէպքերը ազդու եւ տպաւորիչ կ՚ըլլան կամ ո՛չ։ Չափաւորութեան սահմաններու մէջ ներկայացած ամէն դէպք կ՚ազդէ մեր վրայ, իսկ չափազանցութեան պարագային՝ ո՛չ մէկ արժէք կշիռի վրայ կը դրուի։ Լուրջ չե՛ն նկատուիր այն դէպքերը՝ որոնք չափազանցութեամբ կը ներկայանան մեզի։
Մարդիկ, սակայն, ընդհանրապէս չափազանցութեան մոլութիւն մը ունին։ Այս չափազանցութիւնը հռետորութեան մէջ կը կոչուի՝ «hyperbolisme». ի՛նչ որ վստահութիւն ներշնչելէ շա՜տ հեռու է, լուրջ չի՛ նկատուիր…։
Չափազանցութեան մէջ ո՛չ մէկ արժէք կշիռ ունի։ Պահ մը խորհեցէ՛ք. ժողովրդական սովորութեամբ ծանրութիւնը ձեռքի վրայ կը կշռուի։ Ահաւասիկ առանց արժեչափի արժէք չափելն ալ այս անորոշ կշիռին կը նմանի՝ սխալելու հաւանականութիւնը մե՛ծ է՝ կասկածելի է եւ շատ վստահութիւն չի ներշնչեր։ Ուստի, մանաւանդ ընկերային յարաբերութիւններու մէջ՝ ենթակայական, անկշիռ, քմահաճ, յուզական, անձնական կշիռներ օգուտէ աւելի՝ վնաս կը պատճառեն։ Կշիռ մը, մինչդեռ արդար ու անողոք, առարկայական դատաստանով ըլլալու է։ Եւ «առարկայական»ին ստուգանիշը՝ «արժեչափ» ունենալ է, ի՛նչ որ «արդար ըլլալ» կը նշանակէ։
Ընդհանրապէս անհաշիւ եւ անխնայ շողոմով կը շփացնենք եւ կը փքացնենք «միջակութիւն»ներ, եւ այս կերպով անոնց յառաջդիմելու, կատարելագործուելու, բարեփոխուելու կարելիութիւնն ալ՝ թերեւս խափանած կ՚ըլլանք։ Այս կը նշանակէ, թէ՝ արժեչափ չունի՛նք մեր արտայայտութիւններուն մէջ, չափ ու կշիռ չենք ճանչնար, արժէք ունեցողներուն արժէք չենք ընծայեր, բայց անարժէքներուն արժէք կ՚ընծայենք, որուն արժանի չեն երբե՛ք։ Եւ այս կը ստեղծէ «ընկերային անարդարութիւն»՝ վնասելով անհատական եւ հաւաքական իրական արժէքը։ Անշուշտ կը վիրաւորուին արժանապատուութիւններ, վշտացնելով իսկական արժէքները…։
Շռայլուած այս «բարեկամական» եւ «խնամիական» փառաբանութիւնները կա՛մ կաշառք են եւ կամ անիրաւ ու անարդա՛ր վարձատրութիւն։ «Կաշառք»՝ այն իմաստով, որ գովաբանող անձը գովութիւններու առարկայէն անձնապէս, կերպով մը, օգտուիլ կը ցանկայ։ Ձեւով մը՝ խոստումի մը ապահովագի՛նն է, որ կը վճարէ։ Իսկ «վարձատրութիւն»՝ այն իմաստով, որ բարեկամին կը վերադարձնէ արդէն ընդունուած շնորհքը խօսքի ճոռոմաբանութեամբ։ Այս կարգի խօսքեր կը նմանին ծակոտկէն շղարշի՝ որ խօսողին հոգիին մերկութիւնը չի՛ կրնար ծածկել։ Ուրեմն այս տեսակ անհաշիւ եւ չափազանցուած խօսքեր խաբէութիւն են, մանաւանդ՝ ինքնախաբէութի՛ւն։
Սակայն ցաւալին այն է, որ «պզտիկ» մարդիկ, որոնք ընդհանրապէս սովորութիւն չունին «հայելին նայել»ու իրենց ներքին կամ արտաքին հարազատ դիմագիծը տեսնելու՝ իրենք զիրենք ուրիշէ մը նկարագրուած «Մե՛ծ մարդ»ը կը համարեն։ Ի՜նչ խեղճութիւն, ի՜նչ պզտիկութիւն, որ մարդ կրնայ ունենալ նման պարագայի մը…։
Ինչո՞ւ չէ, իմացուած է, թէ խելացի մարդ մը խենդ կ՚ըլլայ, եթէ շարունակ, զոր օրինակ՝ «քառասուն» անգամ «խե՛նդ» կոչուի։ Շա՜տ օրինակներ ունինք մեր աչքին առջեւ, մարդոց՝ որոնք «մեծ»երու կարգ դրած են իրենք զիրենք, քանի որ կեղծաւոր ու սնամիտ խնկարկուներ իբրեւ «մե՛ծ» ներկայացուցած եւ գովաբանած են զանոնք։
Եւ դարձեալ ցաւալին այն է, որ իրենք ալ համոզուած են իրենց խաբէութեան։ Եւ երբ «սուտ»ը ճշմարիտին տեղը կ՚անցնի, ահաւասիկ հոն կը սկսի ընկերային անկումը՝ որուն ընթացքը դէպի վի՛հ է…։
Աւելի ողբալին ըսենք՝ միջակութիւններ, անարժաններ իրե՛նք կը մուրան գովեստը։ Իրենց անքը եւ ականջը լարուած են գովաբանութիւններ լսելու, եւ միշտ լարուած կը պահեն զանոնք՝ ուշադի՛ր լսելու սուտեր, կեղծաւորութիւններ, խաբէութիւններ՝ որ իրենց սնունդն է, առանց անոնց չեն կրնար ապրիլ, պահել ու տեւականացնել իրենց անիմաստ ու պարապ կեանքը, քանի որ կեանքը վայելելու համար ուրիշ ո՛չինչ ունին այդ խեղճերը։ Ասոնք մարդիկ են՝ որոնց ոտքերը ամպերու վրայ կը հանգչին։ Ուռուցիկ, թռուցիկ խօսքերու վրայ դրուած կարծեցեալ համբաւներ՝ որոնք կշիռի չեն գար, քանի որ փետուրէ աւելի ծանրութիւն չունին…։
Չափազանց ախտավարութիւն մը կը տես-նըւի, դժբախտաբար մեր ընկերային կեանքին մէջ՝ «ոտքը գլուխ ընել»ու ջանք մը կը զբաղեցնէ շատերը, մինչդեռ իրերու բնութեան բոլորովին հակառա՛կ է «ոտքին գլուխ ըլլալ»ու կարծիքը։ Ամէն անդամ իր սեփական պարտականութիւնը ունի՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս. ոտքը ո՛տք է, գլուխը՝ գլո՛ւխ։ Ընկերային կեանքի մէջ ալ ամէն անդամ ունի իր պարտականութիւնը եւ կարելի չէ՛ փոխարինել զայն որեւէ կերպով ուրիշի մը հետ։
Ապա ուրեմն ինչո՞ւ այդ ապարդիւն ջանքը՝ «պզտիկ»ը մե՛ծ ցոյց տալու մոլութիւնը…։ Ինչո՞ւ։
Եթէ հարցը բարեկամական կամ խնամիական պարտադրութիւն է, կ՚արժէ՞ զոհել ամբողջ հաւաքականութեան շահը կամ նպաստը ենթակայական եւ անձնական կիրքերու, կ՚արժէ՞ զոհել հասարակաց օգուտը քմահաճական վճիռներու…։
«Մեծապատիւ Մուրացկանութիւն» մը վերակենդանացած կը թուի՝ Պարոնեանի զաւեշտաբանութիւն մը՝ շռայլուած փառաբանութիւններու, առանց արժեչափի եւ առանց չափ ու կշիռի արժէքներու։ Արժէք ունեցողը զրկելով, իսկ արժէք չունեցողին շռայլելով ամէն գովաբանութիւն՝ երեւակայական, կարծեցեալ «ստեղծուած» «հսկայ»ներ ներկայացնելով ընկերութեան…։
Եւ դժբախտաբար Եկեղեցին ալ «միջոց» մը եղած է անձնական փառաբանութեան. որ ոմանց համար «լաստ» մը նկատուած է ինքզինք «մե՛ծ» ներկայացնելու՝ առանց նայելով իրենց իրական «մեծութեան»։
Ոմանց համար ալ Եկեղեցին ցուցամոլութեան վայր մը եղած է միայն՝ մկրտութեան, պսակի խորհուրդներուն իրենք զիրենք ցոյց տալու, ցուցամոլութիւն ներկայացնելու վայր սոսկ։ Իսկ անկէ անդին՝ Եկեղեցին կարծես դատապարտուած է մոռցուելու եւ լքուելու։ Ահաւասիկ ա՛յս է, որ ցոյց կու տայ մեր կեանքի փորձառութիւնը եւ վկայութիւնը դժբախտաբա՛ր։
Արդարեւ «արժանի՛ք»ը սուղ ապրանք է. սուղ ապրանքը չե՛ն արտայայտեր։ Անոր հաստատուած համբաւը արդէն իր յայտարարութիւնը կ՚ընէ։ Իսկ «աժան» ապրանքը քշելու համար պէտք է գովաբանել եւ ծանուցանել։ Այնպէս, որ ան իր բնիկ ու հարազատ արժանիքին չի՛ կրնար ապաւինիլ, հապա կ՚ապաւինի, կը վստահի շողոմաբանութեան՝ որ ինքնին խաբէութիւն է եւ սո՛ւտ։ Գեղեցիկը եւ ճշմարիտը պէտք չունի՛ գունաւորութիւններու, պէտք չունի՛ տգեղութեամբ եւ սուտով բաղդատուելու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1, 2015, Իսթանպուլ