ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԻՏՔԸ

Անոնք՝ որոնք զանազան գիւտերով կը ծառայեն գիտութեան, մարդկային մտքին կը ծանօթացնեն տիեզերքի Արարիչին ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը տիեզերական օրէնքներու մասին։

Արդարեւ, մարդկային մտքին հպումն է այս տիեզերական Մտքին, եւ սովորական տաղանդի մը գործը չէ որեւէ գիւտ։ Եւ այն գիւտերը՝ որ կը բարեփոխեն ամբողջ մարդկութեան կեանքի ընթացքը՝ կը նպաստեն մարդկութեան ուղղակի։ Այն բարեփոխութիւնները  մանաւանդ, որ «դարագլուխ» մը կը կազմեն «հանճար»ի գործ են եւ մանաւանդ դիւրութիւն, հանգստութիւն եւ խնայողութիւն կ՚ապահովեն մարդկութեան։

Եւ ամէն գիւտ, որ դիւրութիւն, խնայողութիւն եւ հանգստութիւն կ՚ապահովէ մարդկութեան, քաղաքակրթութեան համար դէպի յառաջ, մեծագոյն մղում մըն է։ Եւ «հանճար»ներ միայն կրնան կատարել այս հսկայ մղումը՝ առանձին եւ կարճ ժամանակի մը մէջ։ Այս իսկ պատճառով է, որ «պաշտելի» են այն գիւտարարները, որոնք մեծ օգտակարութիւն ընծայած են մարդկութեան՝ դիւրացուցած կեանքը։ Մարդկութեան հիացման եւ սիրոյ առարկայ կ՚ըլլան անոնք՝ առանց նախանձի եւ առանց տարակուսանքի։

Մարդկութեան այսպիսի մեծ ծառայութիւններ մատուցողներ, ընդհանրապէս, յաղթանակի դափնեպսակներէ վերջ հանգիստի հետամուտ չեն ըլլար  եւ կը շարունակեն աշխատիլ, աւելի շատ օգտակարութիւններ մատուցանելու, աւելի մեծ յաղթանակներ ձեռք բերելու համար։ Անոնք կը ջանան աւելի եւս բարւոքել եւ կատարելագործել իրենց հնարքները։ Եւ անոնց «մեծութիւն»ն ալ կը կայանայ այս իրողութեան վրայ։

Հանճարներու նկարագիրն է տեւական աշխատիլ՝ աւելի մեծ օգտակարութիւններ կատարել։

Արդարեւ, հանճարները այս անվհատ աշխատանքին մղող ներուժն է՝ մարդկութեան հանդէպ անոնց զգացած անհո՜ւն սէրը։ Մարդկութեան եւ իր շուրջիններուն հանդէպ ունեցած այս սիրոյ վրայ պէտք է խորհիլ։ Այս սէրը «ժառանգութիւն» մըն է, եւ դիւրին չէ զայն ձեռք ձգել միջավայրէն, պարագաներէն, եթէ մարդուս սրտին մէջ չկայ. շատ դժուար է զայն ստանալ արհեստական կերպով։

Ուրեմն պէտք է հոս կանգ առնել՝ աշխատանքի եւ սիրոյ սիրտ յարաբերութեան վրայ։ Ահա՛, ինչ որ պէտք է մարդուս եւ որուն կրնայ տիրանալ։

Ոչ մէկ կարեւոր արդիւնք կամ արժէք կարելի է ձեռք բերել առանց աշխատանքի, այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս, ո՛չ մէկ տարակարծութիւն…։

Դրամ, հարստութիւն, արուեստ, դաստիարակութիւն, վաճառականութիւն, դիւանագիտութիւն եւ այն ամէն ինչ որ արժէք մը կը ներկայացնէ մարդկային կեանքի մէջ, կարելի է ձեռք բերել միայն աշխատանքով՝ այն ամէն շարժումով որ «աշխատանք» կը կոչուի։ Բան մը ձեռք բերելու միակ միջոցն է աշխատանքը՝ ինչ ձեւ որ ունենայ անիկա։

Անշուշտ շատեր պիտի խորհին եւ հարցնեն, թէ ժառանգուած եւ կամ վիճակահանութենէ ստացուած մեծամեծ գումարներու ի՞նչ ըսել, որոնք առանց աշխատանքի ձեռք բերուած են։

Իր անձին յարգանք ունեցող՝ ինքզինք յարգող իւրաքանչիւր անձ աւելի յարգի պիտի գտնէ այն վաստակը կամ ստացուածքը՝ որուն խառնած է քրտինքէն քանի մը կաթիլ, իր հաճոյքներէն քանի մը զոհ եւ ժամանակէն մաս մը։ Եւ պէտք է անկեղծութեամբ խոստովանիլ, թէ աշխատանքի պակասը, չըսելու համար ծուլութիւնը, մարդուս մորթին փակած հիւանդութիւն մըն է։ Եւ որքան իրաւացի է Ժ. Ժ. Ռուսօ, երբ կ՚ըսէ, թէ՝ ծոյլեր ընկերային գողեր են՝ որոնք կ՚ապրին մակաբոյծի մը նման։

Գալով ժառանգուած կամ վիճակահանութենէ ստացուած արժէքներու, անոնք ալ որոշ օրէնքներու, կարգ եւ կանոնի սահմաններուն մէջ կ՚իրականանան եւ ի վերջոյ որոշ չափով աշխատանքի մը կը կարօտին՝ աշխատանքին բնոյթը ինչ որ ալ ըլլայ։

Կլիման, աւանդութիւնները, միջավայրը, ժառանգականութիւնը՝ պատճառը ինչ ալ ըլլայ, ամէն մարզի, ամէն ասպարէզի մէջ քիչ աշխատելու փափաք մը կը գտնուի մարդուս մէջ եւ կարծես բնածին զգացում մըն է ասիկա, որ կ՚ենթադրէ. «կարելի եղածին չափ քիչ աշխատանք, կարելի եղածին չափ մեծ վարձք»։

Այս է ահաւասիկ նշանաբանը, որ ամսականաւոր պաշտօնեաներու կամ գործաւորներու յատուկ չէ՛ միայն։

Ուստի, աշխատանքը, ընդհանրապէս սիրելի չէ մարդուս, եւ իբր բնական հետեւանք, ո՛չ նիւթապէս եւ ոչ բարոյապէս ըստ արժանւոյն չեն վարձատրուիր մարդիկ, այդպէս կը կարծեն կամ այդպէս կը խորհին…։

Բայց կան հազուագիւտ անձեր՝ որոնք աշխատանքը հաճոյք կը համարեն, քանի որ աշխատանքը իրենց համար կեա՛նք է։ Իրենց համար աշխատանքը զբօսանք է՝ խաղ, հաճոյք՝ գրեթէ կիրք մը իր մէջ։ Արդարեւ, օրական 12, 16, նոյնիսկ 20 ժամ աշխատութիւնը անսովոր բան մը չէ իրենց համար, քանի որ աշխատութիւնը ապրելակերպ մըն է անոնց կեանքին մէջ։

Աշխատութեան «կիրք»ը երբեք չի պակսիր անոնց մէջ, նորանոր վերլուծումներ, ուսումնասիրութիւններ, փորձարկութիւններ աշխատանքէ աւելի՝ հաճոյք է անոնց համար, որ աշխատութիւնը ապրելակերպ մը կ՚ընդունին իրենց ամբողջ կեանքին մէջ։

Այս տեսակ, այս խմորէն աշխատանք մը ի՜նչ հրաշքներ պիտի գործէր մարդուս թէ՛ անհատական, թէ՛ հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ՝ իւրաքանչիւր անձի ասպարէզին մէջ՝ վաճառականներու գրասենեակին եւ վաճառատան, դպրոցներու, դասարաններու, արհեստանոցներու, գործատեղիներու, աշխատանոցներու, եւ կամ հանրային-հասարակական բարեգործութիւններու, հանրային ծառայութիւններու մէջ մանաւանդ։

Արդարեւ, ան որ աշխատանքը տառապանք, տանջանք կամ չարչարանք, ի զուր յոգնութիւն կը համարէ եւ աշխատութեան կը մօտենայ այդ մտայնութեամբ, երբեք չի կրնար հաճոյք զգալ իր գործէն եւ ապարդիւն կը մնայ անոր բոլոր աշխատութիւնները։

Աշխատանքը երբ յաճախ ընդհատուի հաճոյքի տարուելով, հաճոյքը տարբեր տեղեր փնտռելով, եւ կամ շաղակրատուեամբ, բամբասելով, անիմաստ եւ չարամիտ քննադատութեամբ, եւ կամ երա՜զներով, երեւակայութիւններով, աղքատ եւ տկար, անօգուտ արդիւնք մը կ՚ունենայ։

Ուստի աշխատանքի մէջ անհրաժեշտ է աշխատաւորին ընկերութեան հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, այն ինչ որ չ՚աշխատիր մարդ միայն իր շահուն համար, այլ եւ մանաւա՛նդ՝ հասարակական շահուն եւ ընկերային ընդհանուր օգտին համար, իր աշխատանքի արդիւնքէն բաժին հանելու համար նաեւ ընկերութեան, հաւաքականութեան, քանի որ մարդ երբեք մինակ չէ աշխարհի վրայ եւ առանձին՝ իր կեանքին մէջ։

Արդարեւ, մարդ, իր արարչութեան պահէն իսկ ծրագրուած է ընկերային կեանք ապրելու եւ ուրեմն կոչուած է իրերօգնութեա՛ն, ինչ որ կը նշանակէ՝ եթէ ես գոյութիւն ունիմ եւ գոյութիւնս կը պահպանեմ եւ կը տեւականացնեմ, ասիկա կը պարտիմ իմ նմաններուս գոյութեան, որ կը պահանջէ ամուր, սիրուած եւ լուրջ աշխատա՛նք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 18, 2018 Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2018