ՊԱՐԿԵՇՏ ԵՒ ՈՂՋԱՄԻՏ
Պարկեշտութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է, որ անոր կ՚ընկերանան նաեւ պատուախնդրութիւնը եւ ողջամտութիւնը։ Այս առաքինութիւնները կը հաստատուին անձերու մէջ տակաւին մանուկ հասակէն իսկ։ Ուստի ծնողներ իրենց տուած ընտանեկան կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ անգին ծառայութիւն մը կը մատուցանեն ընկերութեան՝ հասցնելով պարկեշտ եւ ողջախոհ անհատներ եւ պատրաստելով երջանի՜կ սերունդ մը ապագային։
Իսկ անտարբեր, անխոհեմ ծնողներ, թէեւ հազուագի՛ւտ, իրենց անխորհուրդ խօսակցութիւններով եւ կասկածելի կենցաղով՝ իրենց անփորձ զաւակներուն նորաբողբոջ կեանքը կը խաթարեն. նախ իրենց ակնկալութիւններուն մէջ յուսախաբ եւ հիասթափ ընելով իմաստութեան, նկարագրին եւ վարքին մասին, եւ այսպէս կորսնցնելով յարգանքը եւ սէրը, եւ ապա իրենց անմեղ եւ անփորձ զաւակները ծուռ եւ վտանգաւոր շաւիղներու հաւատարիմ հետեւորդներ ընելով։ Եւ այսպէս, ի վերջոյ ընտանեկան կեանքի սրբութիւնը եւ անբծութիւնը, եւ ընկերային կեանքի առողջութիւնը լրջօրէն եւ վտանգաւոր կերպով խանգարելով։
Արդարեւ, «դատողութիւն» եւ «պատիւ» մարդուն թանկագին եւ անփոխարինելի ստացուածքներն են։ Զօրաւոր եւ գործնական դատողութիւն մը աստուածային շնորհք մըն է, որ անձնական-անհատական գործերու մէջ յաջողութիւն եւ հանրային-հաւաքական գործերու մէջ թանկագին ծառայութիւն մը կը մատուցանէ, մանաւանդ երբ մարդ հոգ կը տանի զանիկա զօրացնել ամենօրեայ վարժութեամբ՝ մարզանքով եւ ծանօթութիւններու նորանոր պաշարներով։
Եւ «պատիւ»ի զգացումը՝ որուն համար մեծապէս կ՚արժէ վերջին ծայր բծախնդիր եւ ուշադիր ըլլալ՝ մարդուս ամենէն կարեւոր եւ տարրական «դրամագլո՛ւխ»ն է։
Սակայն, անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ դատողութիւնը որքան ալ զօրաւոր եղած ըլլայ, անսխալ չէ վերջապէս, եւ այս իսկ պատճառով, իրապէս իմաստուն եւ ողջախոհ մարդը կարեւոր եւ կենսական խըն-դիրներու ժամանակ ուրիշներու դատողութեան ալ դիմելու պէտք կը զգայ։ Արդարեւ, բնական պահանջք մըն է խորհրդակցիլ՝ առողջ որոշում մը տալու համար։
Իսկ պատիւը, ան ալ բաւական առաձգական արժէք մը, բառ մըն է. կարելի է ըսել նաեւ, թէ ան յարաբերական է։ Պատիւի ըմբռնումը կրնայ փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ ունենալ թէ՛ ժամանակներու, շրջաններու եւ թէ՛ տեղերու, շրջանակներու համեմատութեամբ։ Արարք մը, շրջանի մը մէջ կրնայ «պատիւ» համարուիլ, բայց ուրիշ շրջանի մը մէջ բոլորովին «անպատուութի՛ւն»։ Նոյնն է շրջանակներու մէջ. տեղ մը «պատիւ» սեպուող արարքը ուրիշ տեղ մը «անպատուութիւն» ընդունուի։ Մարդոց հաւատալիքներուն, համոզումներուն, աւանդութիւններուն, գաղափարականներուն եւ աշխարհահայեացքներուն համեմատ, մարդէ մարդ, ընկերութենէ ընկերութիւն կը տարբերի «պատիւ»ի ըմբռնումը։
Արդարեւ, պատուաւոր գործերու եւ արարքներու չափանիշները լայնօրէն եւ զգալի կերպով կը տարբերին, այնպէս որ ոմանց կողմէ «պատուաւոր» նկատուած եւ գնահատուած ընթացք մը ուրիշներու կողմէ կրնայ անպատշաճ, նոյնիսկ «անպատիւ» նկատուիլ։
Եւ ի՛նչ որ մէկը արժանապատուութեան հա-կառակ գործ մը կը նկատէ, ուրիշ շրջանակի մը կամ ուրիշ շրջանի մը մէջ կրնայ բնական եւ պատշաճ, գնահատելի համարուիլ։
Արդարեւ, այն մարդը որ կը վստահի լոկ իր դատողութեան, որ սխալ տուեալներու եւ կամ ծանօթութիւններու պակասին հետեւանքով կրնայ տարբեր ուղղութիւն մը ցոյց տալ, եւ պատիւին՝ որ մարդուն ըմբռնումներուն, հաւատալիքներուն, գաղափարականներուն եւ զգացումներուն «իւրակերտ ձեռագործ»ն է, կեանքի մէջ կրնայ հանդիպիլ մութ եւ անորոշ անկիւնադարձերու, ուր աւելի՛ լոյսի պէտքը զգալի պիտի ըլլայ մեծապէս։
Եւ «խիղճ»ը՝ մարդուս մէջի Աստուծոյ ազդարարիչ ձայնը սահմանուած է այդ մութ եւ անորոշ, դժուարին անցքերը լուսաւորող լուսարձակին կամ արեւին դերը կատարելու։ Ան մութ անկիւնադարձերը կը լուսաւորէ, որպէսզի մարդ ուղիղ ճամբան գտնէ։
Բայց ա՛յն խիղճը, որ կեանքի կարեւոր եւ կենսական քայլափոխներու ատեն անոր ամենէն մեղմ փսփսուքներուն ալ անսալու սովորութիւնը եւ անոր մատնանշած ուղղութենէն քալելու իմաստութիւնը ունի, եւ ո՛չ թէ այն խիղճը, որ ենթակային ապօրինի ընթացքներուն հետեւանքով տարակոյսի եւ անորոշութեան մշուշներու մէջ կը կորսուի եւ անօգուտ, անշահ կը դառնայ փնտռուած ուղղութիւնը ցոյց տալու համար, ինչպէս արեւը՝ որուն պայծառ շողերը կը մթագնին սեւ ամպերու անթափանցելի քօղին ներքեւ։
Կեանքին մէջ, ուր բարոյական շինարար, արդիւնաբեր սկզբունքներու մասին ամէն տեղ, ամէն ատեն հասարակաց առողջ միտք մը անհրաժեշտ պէտք մըն է, խիղճը՝ այս արեւանման լուսարձակը անփոխարինելի, անմրցելի զէ՛նք մը կը դառնայ, որովհետեւ երկնային արուեստական լոյսով լուսաւորուած խիղճը բաղձացուած խաղաղութեան եւ անոր պատրաստած երջանկութեան մեծագոյն ազդա՛կն է։
Ուստի, դատողութիւն, պատիւ եւ խիղճ, այս երեք արժէքներու ցուցմունքին համեմատ կը շարժի մարդ իր կեանքին մէջ, որովհետեւ անհատներու եւ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ այս երեք էական եւ անբաժան արժէքները կ՚որոշեն եւ կը մատնանշեն ամենէն բանաւոր, ամենէն օգտակար եւ ամենէն ապահով ուղղութիւնը։
Արդարեւ, մարդ երբ իր ընթացքին ուղղութիւնը կ՚որոշէ այս երեք արժէքներու շնորհիւ, այդ ուղղութեան մէջ առողջ կերպով կարենալ յառաջանալու համար ալ դարձեալ պէտք ունի ուրիշ երեք արժէքներու։ Արդարութիւն, ողորմութիւն եւ հաւատարմութիւն. այս երեք արժէքները մարդս կը կատարելագործեն եւ կը հասցնեն կատարելութեան։
Արդարութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ ուրիշ արժէքներ՝ հաւասարութիւն, ճշմարտութիւն, ուղղամտութիւն, ազատութիւն եւ եղբայրութիւն։ Ողորմութիւնը՝ մարդասիրութիւն, իրերօգնութիւն, գութ, կարեկցութիւն կ՚ենթադրէ։ Իսկ հաւատարմութիւնը իր մէջ կը պարփակէ հաստատամտութիւն, ճշմարտախօսութիւն, սէր, վստահութիւն։ Եւ երբ մարդ այս ուժերով զօրացած իրեն ցոյց տրուած ուղղութեամբ կեանքի ճամբուն մէջ յառաջանայ, ապահով կերպով կը հասնի իր նպատակին՝ որ կը պսակուի երջանկութեա՛մբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 27, 2020, Իսթանպուլ