ՄՏՔԻՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
Հարց պէտք է տալ, թէ կարդալը, ուսումը կը փոխէ՞ մարդուս նկարագիրը, բնաւորութիւնը։ Խնդրական է…։
Մարդ կրնայ կարդալ ու կարդալ, ուսանիլ եւ մինչեւ իսկ համալսարանէ մը ակադեմական աստիճան մը ընդունիլ եւ տակաւին «հին մարդ» մնալ։ Եւ «հին մարդ»ու գլուխով, յետադէմ եւ յետամնաց պտտիլ բոլորովին զուրկ որեւէ տաղանդէ եւ ստեղծագործական կարողութենէ։
Արդարեւ, մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով. իւրաքանչիւր անձ պարտաւոր եւ պարտական է օգնել իր մերձաւորին։ Ահաւասիկ մարդուն կատարելութեան ստուգանիշը ա՛յս է եւ ո՛չ թէ անոր ուսումը, կարդացածը, դիրքը, աստիճանները եւ տիտղոսը։ Մարդուն ամենէն կարեւոր տիտղոսն է՝ իր կոչումին հաւատարիմ «մա՛րդ» անուանումը։ Մարդ այնքան «մարդ» է, որքան օգտակար է իր նմաններուն, իր շրջապատին։
Ուստի ուսումը, համալսարանը մարդուն մտքին տարողութիւնը չի փոխեր. պզտիկ միտքը չի կրնար մեծցնել. այլ՝ եղածը քիչ մը կը յարդարէ, փայլ մը կու տայ անոր։ Ընդոծին՝ բնիկ տաղանդը եւ արուեստական՝ ստացական ուսումը, դաստիարակութիւնը իրարու հետ պէտք չէ շփոթել։ Կան՝ «ուսեալ տգէտ»ներ, ինչպէս կան «տգէտ ուսեալ»ներ…։ Կեանքի փորձառութիւնը, կեանքի զանազան վկայութիւնները միշտ ա՛յս իրողութիւնը ցոյց տուած է։
Արդարեւ, քարոզիչ մը՝ «քարոզիչ» չ՚ըլլար, որովհետեւ ճեմարանի մը դասընթացքներուն հետեւած եւ դասընթացքները աւարտած է, եթէ նոյն ատեն Սուրբ Հոգիին կրակը չէ վառեր անոր հոգիին մէջ։ Նոյնը կարելի է ըսել գրագէտի եւ բանաստեղծի համար, քանի որ անոնք գրագիտութեան դպրոցի մը մէջ չեն պատրաստուիր, այլ այդ յատկութիւնը անոնց ընդոծին կարողութենէն կը բխի։ Ահաւասիկ օրինակ մը. Պետրոս Դուրեան միայն կարդալ գրել սորված էր դպրոցէն, իսկ իր քնարերգական տաղանդը բնիկ էր՝ Աստուծմէ ստացուած եւ ընդունուած, նոյնպէս՝ ամէն բանաստեղծ որ իր անունին եւ տիտղոսին իրապէ՛ս արժանի է։
Արդարեւ, վարժապետը չէ որ երաժիշտը կը ստեղծէ. երաժիշտը «ստեղծող»ը Աստուա՛ծ է. վարժապետը բնիկ տաղանդին, ըսենք, տաղանդին ոսկին միայն կը փայլեցնէ։ Աշխարհի մեծագոյն, հռչակաւոր մարդիկը «վայրի ծաղիկ»ներ եղած են։ Մարդիկ միայն յարդարիչներ են. Աստուած է «ստեղծիչ»ը։
Այս ուղղութեամբ, բարեսրտութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ բոլոր առաքինութիւնները, «սրտի մաքրութիւն»ը ընդհանրապէս, ստացական չեն՝ չե՛ն շահուիր, այլ՝ բնածին են. այլ խօսքով, մարդ կամ «կեղծաւոր» կը ծնի կամ «անկեղծ» եւ պարկեշտ։ Ասիկա, ծինային կամ ժառանգական, անպայմա՛ն աստուածային պարգեւ մըն է։
Ճշմարիտ բարեկամութիւնը անկարելի է որ հաստատուի կեղծաւորներու միջեւ, նոյնիսկ երբ մէկ կողմը «անկեղծ» է եւ միւս կողմը՝ կեղծաւոր։
Սէրը երբեք չի պակսիր, այլ հետզհետէ կ՚աճի երբ անոր աղբիւրը Աստուծոյ սիրտն է. չէ՞ որ «Աստուած Սէր է»։ Աստուծոյ սրտէն բխած սէրը հարազատ եւ բացարձակ սէրն է մարդուս մէջ, միշտ վստահելի, միշտ ապաւինելի՛։
Տաղանդը, ըսինք որ բնածին պարգեւ մըն է Աստուծմէ տրուած. զայն զարգացնել, զայն լաւագոյն կերպով օգտագործել եւ ի նպաստ գործածել համայն մարդկութեան, մարդուս պարտքն է եւ առաջնակարգ պարտականութիւնը։ Իւրաքանչիւր անձ կը սահմանուի նպատակով մը, եւ ինչպէս ըսած է Ամերիկայի՝ Վէն Նայս Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեան իր մէկ քարոզին մէջ, «անունը նպատակ»ն է մարդուն։ Ուստի իւրաքանչիւր անձ, որպէս բանաւոր արարած, պէտք է հաւատարիմ ըլլայ եւ հաւատարիմ մնայ իր անունին, որ է ըսել՝ իր նպատակին։
Նպատակը միշտ «բարի» է եւ պէտք է բարի ըլլայ, քանի որ մարդ ստեղծուած է բարի նպատակով, բարիին հետեւելու եւ բարիին ծառայելու համար։ Աստուած ստեղծեց տիեզերքը, քանի որ ան «բարի էր»։ Բարին կը բխի սէրէն եւ փոխադարձաբար՝ սէրը բարիէն։ Ուրեմն, կարեւորը մարդուն ստացած յատկութիւնները, առաւելութիւնները չեն, այլ իր բնածին առաքինութիւնները եւ անոր կրած անունը, եւ եթէ ամէն ոք արժանի ըլլայ իր կրած «անուն»ին՝ որքա՜ն խաղաղ պիտի ըլլայ աշխարհ, քանի որ անունները միշտ «բարիք» եւ «սէր» կը ներկայացնեն, որուն պէտք է ձգտի մարդ իր բոլոր ուժերով։
Եւ մարդ պէտք է արժանի ըլլայ իր «քրիստոնեայ» անունին, պաշտպան կանգնի իր քրիստոնէութեան։ Պէտք է նաեւ աւանդապահ ըլլայ, եւ ո՛չ թէ «աւանդապաշտ»։ Մենք յատկապէս ներշնչուեցանք «անունը նպատակ է» մեր սիրելի Տէր Եղբօր քարոզի այդ խօսքէն եւ քարոզենք եւ անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը՝ որպէս նախ «մարդ արարած», յետոյ որպէս «քրիստոնեայ մարդ» եւ վերջապէս որպէս «քահանայ»։
Յիշեցնենք նաեւ մեր ուխտը սկսեալ մկրտութենէ մինչեւ ձեռնադրութիւն մեր երախտագիտութիւնը Աստուծոյ՝ իր շնորհած բոլոր բարիքներուն, բոլոր պարգեւներուն համար…։
Ուսում, գիտութիւն՝ բոլորը անհրաժեշտ է մարդուս համար անտարակոյս, բայց մարդ պէտք ունի իր էութեան՝ «մա՛րդ» ըլլալու շնորհքին, իր բնածին յատկութիւններուն, առաքինութեան։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկա՛մ. անդրադարձիր քու «մարդկութեան» եւ պիտի տեսնես դուն քեզ՝ «բարի մարդ»ը, երանելի մարդը եւ պիտի վայելես քու մարդկութիւնդ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 30, 2022, Իսթանպուլ