ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ
«Ամուսնութիւն» եւ «ամուսնալուծութիւն»՝ երկու կարեւոր մարդկային պարագաներ կամ հարցեր, որ կը հետաքրքրէ թէ՛ աշխարհային, թէ՛ հոգեւոր կեանքը։ Ամուսնութիւն եւ ամուսնալուծութիւն երկու խնդիրներ են, որ թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերային կեանքը կը հետաքրքրէ եւ ամբողջ կեանքի ընթացքը որոշող՝ պատասխանատուութեամբ եւ անշուշտ բծախնդրութեամբ որոշելի եւ գործադրելի իրադարձութիւններ են։ Ամուսնութիւնը կը կանգնէ «շէնք» մը, իսկ ամուսնալուծումը անխնայ եւ անողորմ կերպով կը քանդէ, կը կործանէ շէնքը։
Հասարակ, առօրեայ դէպք մը կը համարուի ամուսնութիւնը, սակայն ան այնքան կարեւոր հանգրուան մըն է, որ կ՚որոշէ ամբողջ ապագայ մը, անորոշ բայց տիրական ժամանակաշրջան մը՝ կեանք մը, քանի որ ան նպատակ ունի հասցնել սերունդներ, նոր մարդեր, անհատներ եւ անշուշտ անոնցմով կազմուելի ընկերութիւն մը, հասարակութիւն մը։
Ամուսնութիւնը լուրջ եւ նո՛յնքան պատասխանատու գործ մըն է՝ շէնք մը կառուցանել, կազմուածք մը կերտել, ստեղծագործել, յօրինել, ուր պիտի բնակին եւ կեանք պիտի ապրին մարդիկ, եւ պիտի կազմեն ապագայ ընկերութիւնը։
Արդարեւ, «մարդ» եզրը հետաքրքրող ամէն արարք լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանք կը պահանջէ եւ այդ իսկ պատճառով է, որ պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ ենթականերուն ուսերուն վրայ, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքապէս, ինչպէս նաեւ անոնք պատասխանատու կ՚ըլլան ապագային նկատմամբ։ Իրապէ՛ս ծանր պատասխանատուութիւն մը կը սպասէ ամուսնացողներուն, որուն գիտակցութիւնը ունեցողներ միայն կրնան կազմել հաստատ եւ անխախտ ընտանիք մը՝ որ պիտի ըլլայ երջանիկ ու խաղաղ ընկերութեան մը զօրաւոր եւ ամրակազմ հիմը։ Լաւ ընտանիքներու ամուր հիմերուն վրայ միայն կրնայ բարձրանալ խաղաղ ընկերութեան մը շէնքը։ Զօրաւոր ընտանիքը հաւաստիքը, ապահովագիրն է երջանիկ, խաղաղ ապագայի մը…։
Թէ «լաւ ամուսնութիւն» մը ի՞նչ կերպով կարելի կ՚ըլլայ կազմել։ Լաւ ամուսնութիւնը, արդարեւ չի պահանջեր կատարեալ այր-մարդ կամ կատարեալ, անթերի կին-մարդ։ Ամուսնութիւնը կը պահանջէ միա՛յն այր-մարդ եւ կին-մարդ՝ որոնք կը պարտաւորուին միասին ձգտիլ կատարելութեան։ Կատարեալ երկու հոգի չէ՛ որ կը կազմեն ընտանիք, այլ կազմուած ընտանիքի միջոցով է, որ անոնք կը կատարելագործուին, կը լիանան ու կը զօրանան։ Ուստի ամուսնութիւնը կը կատարելագործէ մարդը՝ միութեան մէջ, զիրար լրացնելով, զիրար ամբողջացնելով։ Եւ ուրեմն ամուսնութիւնը ամբողջացնող, կատարելագործող, լրացնող գործողութեան մը իրագործումն է, եւ ուրեմն շուրջ եւ խոհեմ աշխատանքի մը կը կարօտի։
Այս իրողութեան տակ՝ պահ մը մեր ուշադրութիւնը դարձնենք ամուսնալուծութեան։ Ուրեմն, ամուսնալուծութիւնը հակադիր, հակառակ գործունէութիւնն է ամուսնութեան, այսինքն ձգտում մը՝ անկատարութեան, շինուածը, կառուցուածը, ամբողջացուցուածը անջատելու՝ քանդելու, իրարմէ բաժնելու, կործանելու արարք մը։ Պարզ տրամաբանութեամբ՝ ամուսնութիւնը դրական է, իսկ ամուսնալուծութիւնը՝ բացասական, ժխտական եւ մերժողական։
Եւ դարձեալ բանականութիւնը մարդուս ցոյց կու տայ, թէ՝ դրականը լա՛ւ է, բարի եւ օգտակար, իսկ ժխտականը՝ գէշ է, չար է, վնասակա՛ր է։
Կը հետեւի, թէ ամուսնալուծումը նուրբ հարց մըն է, քանի որ կը ստեղծէ այնպիսի ուժեղ զգացումներ եւ հետեւանքներ այն մարդոց մէջ՝ որոնք անկէ կը տուժեն եւ կ՚ազդուին զանազան ձեւերով։ Ոմանք կը տեսնեն զիրենք կամ իրենց մերձաւորները՝ որպէս «ամուսնալուծութեան զոհ»եր։
Մէկը՝ որ ինքզինք կամ իր ոեւէ սիրելին զոհուած նկատէ որեւէ պատճառով մը, այդ կը նշանակէ, թէ վնասակար եւ վատ վիճակով մը դիմաւորուած է։ Եւ ընդհանրապէս, ամէն անջատում, ամէն բաժանում, ամէն քանդում գէշ տպաւորութիւն մը կը թողու մարդոց վրայ…։
Սակայն կան նաեւ անձեր՝ որոնք այդ բաժանումը կը նկատեն որպէս շահ, որպէս օգուտ՝ իրենց կեանքի ընթացքը բարելաւող, բարեփոխող պատեհութիւն, ազատարար գօտի։
Ոմանք ամուսնութիւնը կը համարեն որպէս չափանիշ յաջողութեան, իսկ ստուգանիշ՝ ձախողութեան եւ փաստ անյաջողութեա՛ն։
Ուրիշներ կը մտածեն՝ հիմնական ելք եւ լուծում կեանքի խոչընդոտներուն, դժուարութիւններուն ամուսնութիւնը եւ շատ բան կը սպասեն ամուսնութենէն։ Կերպով մը, կեանքի նեղութիւններէն փրկուելու միջոց կը համարեն ամուսնութիւնը՝ միութեամբ զօրանալու մտածումով։
Այս բոլոր դէպքերուն ամուսնալուծումը խորապէս կ՚ազդէ մարդոց վրայ, ընտանիքներու վրայ եւ անշուշտ ընկերութեան վրայ։
Մտահոգիչ է անշուշտ պարագան, բայց այս արգելք պէտք չէ ըլլայ, որ մարդ կորսնցնէ իր յոյսը բարութեան նկատմամբ։ Իրատես ըլլալ պէտք չէ որ մարդս առաջնորդէ յառետեսութեան՝ ամէն ինչի ժխտական կողմը տեսնելու վատ ու վնասակար տրամադրութեան։
Ամէն ինչի գէշ կողմը տեսնող մէկը յուսալքուած մէկն է՝ որուն համար կեանքը ո՛չ իմաստ եւ ոչ ալ նպատակ ունի։ Այլապէս մարդ պէտք է լուծում փնտռէ, ելք փնտռէ, որոշում որոնէ կեանքի դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, տաժանքին, փոխանակ հատանելու, կտրելու, բաժնելու անդամը՝ մասը որ նեղութեան կամ դժուարութեան մատնուած է։
Ուրիշ խօսքով՝ փոխանակ նեղուողը զոհելու պէտք է նեղութիւնը չէզոքացնել՝ մէջտեղէն վերցնել կամ ազդեցութիւնը կորսնցնել տալ։
Արդարեւ ամուսնալուծման պարագային ալ՝ պէտք է ո՛չ թէ ամուսնութիւնը լուծել, այլ ամուսնութեան մէջ հարցերը, վիճելի կէտերը, խնդիրները լուծել, եւ ամուսնութեամբ կազմուած միութիւնը միշտ հաստատ պահել։ Ուստի բնականը ո՛չ թէ բաժանում, այլ միութի՛ւնն է։
Ամուսնալուծումը ինչո՞ւ սովորական է դարձած։ Նախ այն է պատճառը՝ քանի որ ամուսնութեան իմաստի եւ նպատակի գիտակցութիւնը կը պակսի ընդհանրապէս։ Այն գաղափարը տիրական է, թէ՝ ամուսնութիւնը սովորական, պարզ եւ հասարակ բան մըն է։ Այս պատճառով ալ ան աւելի կարեւոր եւ բարձր արժէքներու, վսեմ կարծուած գաղափարներու եւ երբեմն ալ մարդկային կիրքերու սպառնալիքին տակ է։
Դարձեալ, ընդհանրապէս տիրական է այն կարծիքը՝ թէ ամուսնութիւնը անձնական փոխյարաբերութիւններու եւ անհատական կապակցութեան միութիւն մը, համաձայնութիւն մըն է։ Եւ դժբախտաբար ամուսնութեան միութիւնը, շատերու համար «փորձքար» մը կամ փորձառութեան շրջան մը կը համարուի՝ իբր թէ լաւագոյն ամուսնական միջավայրը կամ պայմանները գտնելու համար։ Եւ երբ այս մտադրութեամբ կամ խորհելակերպով կը տեսնուի ամուսնութիւնը, արդէն եւ բնականաբար ընդունուած կ՚ըլլայ ամուսնալուծումը, ըսելով, թէ՝ փորձուեցաւ եւ չյաջողուեցա՛ւ…։ Մինչդեռ ամուսնութիւնը «յաջողութեան» կամ «ձախողութեան» առարկայ մը չէ, առիթ մը կամ եզր մըն ալ չէ՛, այլ «վիճակ» մը, ընթացք մը՝ կենցաղակերպ մը, ապրելակերպ մըն է՝ սիրոյ, հաւատարմութեան, համբերութեան, համբերատարութեան, հանդուրժողութեան, զոհողութեան վրայ հիմնուած։ Այս արժէքները եւ մանաւանդ սէրը, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր արժէքներ են եւ ուրեմն անոնց հիման վրայ հաստատուած ամուսնութիւնն ալ պէտք է անփոփոխ եւ մշտատե՛ւ ըլլայ, անշուշտ նկատի ունենալով բոլորովին բացառիկ եւ արտակարգ պարագաները՝ հետեւելով այն համոզումին, թէ՝ «հարկը կը լուծէ օրէնքը», այսինքն՝ անհրաժեշտութեան եւ հարկադրական պարագաներու կարելի է եւ ընդունելի է շեղիլ եւ բացառաբար հակադրել ընդհանուր օրէնքին։ Բայց այս չի՛ նշանակեր, որ ամէն պարագայի թոյլատրելի է շեղիլ օրէնքին տրամադրութիւններէն։
Ուստի «ամբողջ մը բաժնել» բնականութեան եւ բանականութեան հակառա՛կ է, եւ այս օրէնքին թուլացումը պատճառ կ՚ըլլայ ո՛չ միայն անհատական, այլ մանաւանդ՝ ընտանեկան եւ ընկերային, ո՛չ միայն ներկային, այլ եւ ապագային անդառնալի եւ անդարմանելի վնասներու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21, 2015, Իսթանպուլ