ԽՕՍՔԵՐ՝ ՈՐ ԽՕՍՔԷՆ ԱՒԵԼԻ՛Ն ԵՆ

Մարդ էա­կը կը խօ­սի, խօս­քով կ՚ար­տա­յայ-տըւի եւ խօս­քը յատ­կան­շա­կան եւ իւ­րա­յա­տուկ ա­ռա­ւե­լու­թի՛ւնն է մար­դուն։ Ա­մէն մարդ կը խօ­սի, ո­մանք քիչ խօս­քով շատ բան կ՚ը­սեն, ո­մանք ալ շատ խօս­քով ո՛­չինչ կ՚ը­սեն…։

Ա­հա­ւա­սիկ, քիչ խօս­քով շատ բան ը­սւած, եւ դա­րե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ մին­չեւ մեր օ­րը հա­սած՝ մեծ միտ­քե­րու «մեծ» բայց «կարճ» խօս­քե­րը ու­զե­ցինք գտնել եւ ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն։

Ուս­տի խօս­քին քա­նա­կը չէ՛ կա­րե­ւո­րը, այլ ա­նոր ո­րա­կը՝ ար­տա­յայ­տած մշտնջե­նա­ւոր գա­ղա­փա­րը. ու­րիշ խօս­քով, այն խօս­քը՝ որ խօս­քէն ա­ւե­լին կը ներ­կա­յաց­նէ։

1) Սկիզ­բէն ո՛­չինչ, միշտ ո՛­չինչ, սկիզ­բէն ո­չին­չը միշտ ալ ո՛­չինչ կը մնայ։ «Ab initio nullum, semper nullum» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

2) Հաս­կա­ցո­ղին կէս խօսքն ալ բա­ւա­կան է. հաս­կա­ցո­ղին մէկ ակ­նարկն ալ բա­ւա­կան է։ «A bon entendeur - demi mot» ֆրան­սե­րէն ա­սա­ցուածք։

3) Պղա­տո­նը բա­րե­կամս է, բայց ա՛լ ա­ւե­լի մեծ բա­րե­կամս է ճշմար­տու­թիւ­նը, «ճըշ-մար­տու­թիւ­նը ա­մէն բա­նէ բարձր է» նշա­նա­կու­թեամբ, Ա­րիս­տո­տէ­լի վերգ­րուող խօսք։ «Amicus Plato, sed magis amica veritas»։

4) Սէ­րը կը յաղ­թէ ա­մէն բանի. «Amor vin-cit omnia» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

5) Մեզ­մէ յե­տոյ ջրհե­ղեղ. «Après nous le déluge» ֆրան­սա­ցի Լու­դո­վի­կոս ԺԳ թա­գա­ւո­րին վե­րագ­րուած խօսք։

6) Ինչ­պէս է­շը քնա­րի մօտ, այ­սինքն՝ բա­նի մը այն­քան յար­մար ըլ­լալ՝ որ­քան է­շը քնար նուա­գե­լուն։ «Asinus ad Lyram» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

7) Է­շը է­շուն կը փայ­փա­յէ, նմա­նը իր նմա­նին գո­վա­սանք կ՚ը­նէ, նմա­նը իր նմա­նը կը սի­րէ. «Asinus asinum fricat» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

8) Քա­ջե­րուն՝ խի­զախ­նե­րուն բախ­տը կ՚օգ­նէ. «Audaces fortuna jurat» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

9) Պէտք է լսել հա­կա­ռակ կողմն ալ. դա­տի ժա­մա­նակ պէտք է լսել եր­կու կողմն ալ. «Audiatur et altera pars» լա­տի­նա­կան ա­սացուածք։

10) Լսէ՛, տե՛ս, լռէ՛. «Audi, vide, sile» լա­տի­ներէն ա­սա­ցուածք։

11) Ոս­կե­ղէն մի­ջի­նը, ոս­կե­ղէն չա­փա­ւո­րու­թիւն. Հո­րա­ցիո­սի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, որ կը գոր­ծա­ծուի այն­պի­սի ո­րո­շու­մի կամ ընդ­հան­րա­պէս մտա­ծե­լա­կեր­պի մա­սին, որ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­նե­րէ կը խու­սա­փի։

Այս խօս­քին մեր­ձի­մաստ է՝ «չա­փա­ւորու­թիւ­նը կէս աս­տուած է» խօս­քը։ «Aurea me-diocritas» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

12) Ոս­կե­սի­րու­թիւ­նը՝ նզո­վեալ, զզուե­լի ար­ծաթ­սի­րու­թիւն ի­մաս­տով՝ ոս­կիի հան­դէպ գա­նե­լի ծա­րաւ, տենչ ու­նե­նալ. «Auri sacra fames» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

13) Ա­ռա­ջի­նը ըլ­լալ կամ ո՛­չինչ ի­մաս­տով՝ «կամ Կե­սար կամ ո՛­չինչ». «Aut Caesar, aut nihil» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

14) Կամ յաղ­թել կամ մեռ­նիլ. յաղ­թու­թիւն կամ մահ. «Aut vincere, aut mori» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

15) Խօս­քե­րէն ծե­ծի անց­նիլ, լե­զուակ­ռի­ւէ՝ բռնց­քակ­ռի­ւի, կռփա­մար­տի։ «A verbis ad verbera» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

16) Ու­նե­ցող­նե­րը, տի­րող­նե­րը եր­ջա­նիկ են. «Beati possidentes» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

17) Կրկնա­կի կու տայ այն՝ որ շո՛ւտ կու տայ. «Bis dat, qui cito dat» լա­տի­նե­րէն ա­սաց-ւածք։

18) Ա­մէն ինչ կար­գին է, շատ լաւ է, միան­գա­մայն ու­ղիղ է եւ շի­տակ, շատ ճիշդ է. «All right» անգ­լե­րէն ա­սա­ցուածք։

19) Յաղ­թու­թեան մի­ջո­ցին ինք­զինք զսպո­ղը կրկնա­կի կը յաղ­թէ. «Bis vincit, qui se vincit in victoria» լա­տի­նե­րէն ա­սա­ցուածք։

20) Ու­րախ դէմք՝ վատ խա­ղի ժա­մա­նակ, այ­սինքն՝ ար­տա­քին ու­րա­խու­թեամբ սրտնե­ղու­թիւ­նը կամ տրտմու­թիւ­նը ծած­կել. «Bon-ne mine au mauvais jeu» ֆրան­սա­կան ա­սացուածք։

21) Դժուա­րը միա՛յն ա­ռա­ջին քայլն է. «Ce n'est que le premièr pas qui coute» ֆրան­սա­կան ա­սա­ցուածք։

22) Կը մտա­ծեմ, հե­տե­ւա­բար գո­յու­թիւն ու­նիմ. ֆրան­սա­ցի ի­մաս­տա­սէր Տե­գար­տի (1596-1650) խօս­քը. «Cogito, ergo sum» լա­տի­նե­րէ­նով։

23) Հա­մե­մա­տու­թիւ­նը պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն չէ՛. բաղ­դա­տու­թիւ­նը կշռա­դա­տու­թիւն չէ՛. հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ա­պա­ցոյց չէ՛. «Comparaison n'est pas raison» ֆրան­սա­կան ա­սա­ցուածք։

24) Հա­մե­րաշ­խու­թեան ծա­ռա­յող փոքր գոր­ծերն իսկ կ՚ա­ճին, ան­հա­մե­րաշ­խու­թիւն պատ­ճա­ռող խո­շոր­ներն ալ կը քայ­քա­յուին։ «Զու­գու­թիւն է մայր բա­րեաց, ան­զու­գու­թիւն ծնող չա­րեաց». «Concordia parvae res crescunt, discordia maximae dilabuntur» լա­տի­նա­կան ա­սա­ցուածք։

25) Հա­մա­ձայ­նու­թիւն, հա­ւա­նու­թիւն. «consensus», բո­լո­րին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը՝ հա­ւա­նու­թիւ­նը. «Consensus omnium» լա­տի­նա­կան ա­սու­թիւն։

26) Սո­վո­րու­թիւ­նը երկ­րորդ բնա­ւո­րու­թիւն է. «Consuetudo est altera natura» լա­տի­նա­կան խօսք։

27) Հա­կա­ռա­կը կը բու­ժուի կամ կը սըր-բագ­րուի հա­կա­ռա­կով, «այ­լա­բուժ­նե­րու սկզբունք». «Contraria contrariis curantur» լա­տի­նա­կան ա­սու­թիւ­ն։

28) «Կը հա­ւա­տամ, քա­նի որ ան­հե­թեթ է, այ­սինքն ի­մաս­տա­զուրկ եւ հա­կա­սա­կան»։ Սուրբ Օ­գոս­տի­նո­սի վե­րագ­րուած խօսք. «Credo, quia absurdum est»։

29) Ո­րուն եր­կի­րը՝ ա­նոր ալ կրօ­նը։ «Երկ­րի իշ­խա­նի կրօ­նին հե­տե­ւի­լը պար­տա­դիր է հպա­տակ­նե­րու հա­մար», գեր­մա­նա­կան կրօ­նա­կան պա­տե­րազմ­նե­րու հիմ­նա­կան սկզբունք. «Cujus regio, ejus religio»։ Լա­տի­նե­րէ­նով ար­տա­յայ­տուած խօսք։

30) Սկզբունք­նե­րը մեր­ժո­ղի հետ վի­ճե­լը ի­մաստ չու­նի. «Cum principia negante non est disputandum»։

31) «Թարգ­մա­նիչ-դա­ւա­ճան», «թարգ­մա­նիչ-մատ­նիչ», «Traduttore-traditore», ի­տա­լե­րէն բա­ռա­խաղ՝ թարգ­մա­նու­թիւ­նը յա­ճախ կ՚ա­ղա­ղուի, եւ կը փո­խէ բնագ­րին միտ­քը։

32) Ժա­մա­նա­կը ոս­կի է. ժա­մա­նա­կը դրամ է։ «Time is money» ան­գլիա­կան ա­սա­ցուածք։

33) «Ա­մէն բան ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, բայց ո՛չ մէկ բան ժո­ղովր­դին մի­ջո­ցով». Նա­փո­լէոն Ա-ի խօս­քը. «Tout pour le peuple, rien par le peuple»։

34) «Մար­դը մար­դուն՝ գայլ». մար­դը գա՛յլ է մար­դու հա­մար. Հոբբ­սի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը՝ որ ա­ւե­լի ա­ռաջ ը­սած է հռո­մէա­կան բա­նաս­տեղծ Պլաւ­տը՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 250-284 թուա­կան­նե­րուն, մեր թուա­կա­նէն ա­ռաջ։ Խօս­քը կ՚ըմբռ­նուի որ­պէս «ծայրա­գոյն ե­սա­մո­լու­թեան բա­նա­ձեւ, որ կը բնո­րո­շէ պուր­ժուա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ընդ­հա­նուր բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը. «Homo homini lupus»։

35) Պա­տիւ­նե­րը կը փո­խեն բար­քե­րը՝ բարձր դիր­քը կամ պաշ­տօ­նը կը փո­խէ մար­դուս վա­րուե­լա­կեր­պը եւ վար­մուն­քը. «Hono­res mutant mores»։ Լա­տի­նա­կան ա­սա­ցուածք։

36) «Նոյ­նը՝ նո՛յ­նով», միեւ­նոյն միտ­քը միեւ­նոյն բա­ռե­րով ար­տա­յայ­տուած. «Idem per idem»։

37) Ան­գի­տու­թիւ­նը պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն չէ՛. չհասկ­նա­լը փաս­տար­կում չէ՛. «Ignorantia non est argumentum»։

38) «Անհ­րա­ժեշտ բա­նե­րու մէջ՝ միու­թիւն, կաս­կա­ծե­լի­նե­րուն՝ ա­զա­տու­թիւն, ա­մէն բա­նի մէջ՝ հան­դուր­ժո­ղու­թիւն եւ սի­րա­լի­րու­թիւն». «In necessarius unitas, in dubiis Liber-as, in omnibus caritas»

39) Փաս­տի զօ­րու­թեամբ, բուն ի­րո­ղու­թեան շնոր­հիւ, փաս­տին ի­րեն շնոր­հիւ. «Ipso facto»։

40) Օ­րէն­քի ու­ժով. ի­րա­ւուն­քի ու­ժով. «Ipso jure»։

41) «Յա­մառ եւ անվ­հատ աշ­խա­տան­քը կը դիւ­րաց­նէ եւ կը հար­թէ ա­մէն բան». «Labor improbus omnia vincit». լա­տի­նա­կան ա­սու­թիւն։

42) «Ա­խոր­ժա­կը կու գայ ու­տե­լու ժա­մա­նակ». մար­դուս ա­խոր­ժա­կը ա­տա­մին տակն է, ու­տե­լը ա­խոր­ժակ կը բե­րէ։ Այն ի­մաս­տով՝ որ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը նոր փա­փաք­ներ կը ստեղ­ծէ. «L'appetit vien en man-geant»

43) «Սե­փա­կա­նու­թիւ­նը գո­ղու­թիւն է». Բրու­տո­նի ա­ռա­ջադ­րած սկզբուն­քը՝ որ նա­խա­պէս ար­տա­յայ­տուած է Պրիս­սո­նի կող­մէ։ «La propriété, c'est le vol»։

44) «Հա­ւա­սար­նե­րու մի­ջեւ ա­ռա­ջի­նը». «Primus inter pares» լա­տի­նա­կան ա­սու­թիւն։

45) «Վեր­ջին, բայց ո՛չ վերջ­նա­գոյն». «Last, but not least»։

- Սկզբնաղ­բիւր.- «Օ­տա­րազ­գի բա­ռեր ու դար­ձուածք­ներ» (1958)։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Սեպ­տեմ­բեր 28, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016