ԷՏԻՍԸՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Թուականէս 137 տարի առաջ սկսաւ ելեկտրական լոյսի գործածութիւնը՝ Թհոմըս Էտիսընի մատուցած ծառայութեան շնորհիւ։ Արդարեւ, Էտիսըն ամէն գնահատանքի եւ յարգանքի արժանի ծառայութիւն մըն էր մատուցած մարդկութեան, եւ առանց այլեւայլի, դասուած  է աշխարհի ամենամեծ մարդոց եւ բարերարներու կարգին։

Այզըք Նիւթըն եւ Քէփլըր իրենց ձգողական եւ մոլորակներու շարժման օրէնքներու գիւտով մեծ օգտակարութիւն մատուցին գիտութեան։ Անոնք է որ առաջին անգամ մարդկային մտքին ծանօթացուցին տիեզերքի Արարչին «ծրագիր»ը՝ տիեզերական բնական Օրէնքներու մասին։ Ասիկա, տիեզերական Մտքին հպո՛ւմն էր մարդկային մտքին եւ սովորական եւ հասարակ տաղանդի մը գործը չէ՛ր։ Եւ սակայն թէեւ երկու հանճարներուն՝ Նիւթընի եւ Քէփլըրի գիւտը գիտութեան փառաւոր մէկ յաղթանա՛կն էր, ուղղակի եւ գործնականապէս չէր ծառայեր մարդկութեան։

Բայց Էտիսընի հնարքները այս տեսակի չէին։

Էտիսընի հնարքները քանի որ ուղղակի՛ եւ գործնապէս կը ծառայէին ու կը նպաստէին մարդկութեան դիւրութեան, խնայողութեան, հանգստութեան եւ մինչեւ իսկ հաճոյքին, զուարճութեան։ Զոր օրինակ՝ անոր հնարած ելեկտրականութեան իբր լոյս ծառայութեան հնարքը, ձայնագիրը, շարժանկարներու երիզը՝ ժապաւէնը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան եւ ուրիշ մարզերու մէջ անոր կատարած բազմաթիւ բարեփոխումները քաղաքակրթութեան համար դէպի յառաջ մեծագոյն մղում մըն էր։ Մարդկութեան համար իսկապէ՛ս բարեշրջում մըն էր Էտիսընի հնարքները։

Այս հսկայ բարեշրջումը, Էտիսըն կատարեց առանձին եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Եւ այս պատճառով է որ ան գնահատուեցաւ ամբողջ մարդկութեան կողմէ՝ առանց չափազանցելու ան հիացման եւ սիրոյ առարկան կ՚ըլլայ՝ մանաւա՛նդ առանց նախանձի։

Հետաքրքրական է որ, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ՝ ան երբեք հանգիստի հետամուտ չէ եղած, հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ յաղթանակի այնքան դափնեպսակներու։ Եւ կարելի է կարծել՝ թէ Էտիսընի մեծագործութեան հիմը եւ գաղտնիքը իր այս աշխատութեան անվերջ փափաքն է։ Այն որ միշտ նոր նպատակներ կը ստեղծէ իրեն, ան է ահաւասիկ իրապէ՛ս մեծ մարդը՝ մարդկութեան օգտին աշխատող վեհագոյն աշխատաւորը։

Ան իր յառաջացած տարիքին տակաւին կ՚աշխատէր, շարունակ առանց դադարի՝ իր գիւտերը եւ հնարքները հետզհետէ բարւոքելով եւ կատարելագործելով։ Դեռ աւելին՝ այս հանճարը իր առջեւ ունէր բարդ խնդիր մը՝ որ կը ջանար լուծել քանի տակաւին կ՚ապրէր։

Այդ խնդիրն էր անտառներու խոտերէն եւ դաշտերու ցարասիներէն՝ մանր տերեւներով թուփերէն ձգախէժ (=տաք կլիմաներու յատուկ ծառէ մը ստացուած՝ առաձգական խէժ կամ աւիշ՝ որ ինքնաշարժի անիւներու վրայ կ՚անցուի. «lastik», «kauçuk») պատրաստել՝ որպէսզի երկիրը ուրիշ երկիրներէն առնելու չստիպուի եւ անկա՛խ ըլլայ։

Արդարեւ, Էտիսընի արժանիքը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ, կ՚արժէ հապճեպ ակնարկով մը խորհրդածենք այդ մասին։

Երբ Էտիսընի կեանքը կ՚ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, թէ՝ բնատուր հանճար մըն է ան. ո՛չ միայն իր ազգին, այլ համայն մարդկութեան համար խոր ու անկեղծ սէր ունեցող եւ անոնց համար անխոնջ կերպով աշխատող, օգտակար ըլլալու ջանացող գիտուն մըն է ան։

Էտիսըն կը նմանցուի երեք հսկայ վայրաշարժ ունեցող կառախումբի մը՝ որ սուրալէ աւելի, կարծես կը թռչի՝ հանճարով, սիրով եւ աշխատանքով։ Եւ կարծես Էտիսըն գաղտնիքը կու տայ յաջողութեան՝ միտք, սէր եւ աշխատա՛նք։ Ան կարծես ամերիկացիներու նշանաւոր խօսքին մարմնացո՛ւմն է. «Եթէ յաջող մարդ ըլլալ կ՚ուզես՝ ամէնուն կատարած սովորական եւ հասարակ գործէ մը տարբեր գործ մը կատարէ, իւրայատուկ եւ եզական բան մը ըրէ, իսկ եթէ չես կրնար այդպիսի գործ մը կատարել՝ ամէնուն ըրած սովորական եւ հասարակ գործ մը ըրէ, որ լաւագոյնը ըլլա՛յ»։

Ահաւասիկ, Էտիսըն թէ՛ եզական գործեր կատարեց եւ թէ՛ լաւագոյնը ըրաւ կատարած գործերուն։ Եւ իր մեծութիւնը ահաւասիկ իր գործերուն մէջ է՝ եզական եւ լաւագո՛յն։

Արդարեւ, Էտիսընի հանճարը ընդոծին շնորհ մըն է, որով օժտուած էր ինք։ Բայց կարեւորը՝ այդ բնատուր շնորհը՝ հանճարը կարենալ գործածե՛լն էր. անդրադառնալ իր առաւելութիւններուն եւ զանոնք ծառայեցնել մարդկութեան օգտին ու շահո՛ւն։

Ուստի ի՜նչ պիտի արժէր «հանճարեղ» ըլլալ, եւ չօգտագործուիլ այդ հանճարէն, չմատուցանել զայն մարդկութեան օգտին, քաղաքակրթութեան զարգացման։ Եւ կարծեմ, Էտիսընի իսկական մեծութիւնը հանճարեղ մէկը ըլլալուն մէջ չի կայանար, այլ՝ այդ հանճարը սիրով եւ աշխատանքով աճեցնելուն մէ՛ջ։

Ան սէր ունէր մարդկութեան նկատմամբ։

Արդարեւ սէրն ալ ստացական արժէք մը չէ, եւ եթէ ժառանգական չէ, կատարեալ եւ հարազատ սէր չ՚ըլլար։ Սէրը սորվելով, միջավայրի ազդեցութեամբ ձեռք ձգել կարելի չէ։ Ուրեմն Էտիսըն եւս բնատուր սէր մը ունէր՝ անկեղծ եւ հարազատ սէ՛ր մը։

Իսկ աշխատանքը, ահաւասիկ այն յատկութիւնը՝ որ մեծ մասամբ ստացական է, վարժութեան, կրթութեան միջոցով հետզհետէ զարգացող ուժ մը, արժէք մը, որ կախում ունի ընտանիքէն եւ միջավա՛յրէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2017,  Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017