ԱՊԱԳԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՒԱՏԱԼ

Որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Մարդիկ կան որ միշտ կարօտը ունին իրենց նախապէս ապրած տարիներուն՝ երջանիկ օրերուն։ Անոնք կ՚ուզեն միշտ ապրիլ այն հի՜ն օրերը, երբ ամէն ինչ լաւ էր, երբ երջանիկ էին։ Անոնց համար իրենց կեանքի ամենալաւ տարիները անցեալ տարիներն էին եւ այդ պատճառով կ՚ապրին անցեալի յիշատակներուն մէջ՝ ներկայ կեանքէն տեւական դժգոհութիւն ունենալով, իսկ ապագայ կեանքէն ոչինչ յուսալով։ Անցեալի կառչած՝ ապերջանիկ կ՚ապրին…։ Կան մարդիկ ալ, որ մեծ յոյսով կ՚ապրին. ապագայ կեանքը անոնց միակ նպատակը եւ կեանքին իմաստն է։ Անցեալը չի հետաքրքրեր զիրենք, իսկ ներկան «կամուրջ» մըն է իրենց համար, որ զիրենք պիտի տանի երջանիկ ապագայի մը։ Անոնք կ՚ապրին միշտ լաւ ապագայի մը յոյսով։ Լաւատես հեռատեսութիւն մը կը համակէ իրենց ապագան. անոնց ապագայի յոյսերով երջանիկ կ՚ապրին, ապագան երազելով ուրախ կ՚ապրին ներկան։ Երազը անոնց երջանկութիւնն է…։

Եւ կան միայն ներկան ապրողներ՝ երջանիկ կամ դժբախտ։ Իրատես են անոնք, ո՛չ չափազանց լաւատես եւ ոչ ալ ծայրայեղ յոռետես։ Անոնց համար կեանքը ներկայ ժամանակն է, ներկայիս ի՛նչ որ են, ի՛նչ որ կը զգան, ի՛նչ որ կ՚ապրին, կեանքը ա՛յդ է։ Անոնց համար անցեալը անցած է, չի վերադառնար եւ ոչ ալ կարելի է փոխել, ուրեմն անոր վրայ խորհիլ, մտահոգուիլ աւելորդ է, անտեղի է։ Իսկ ապագան բոլորովին անծանօթ է, եւ անծանօթ բանի մը համար մտահոգուիլ որեւէ օգուտ եւ շահ չ՚ապահովեր մարդուս։ Այդպէս կը խորհին անոնք եւ այդպէս ալ կ՚ապրին. երջանիկ են կամ դժբախտ, բայց կ՚ապրին՝ ի՛նչ որ ներկան պատրաստած է իրենց համար։ Օրուան հոգը բաւական է իրենց համար, քանի որ վաղուան հոգը տակաւին չէ ներկայացած՝ վաղուան հոգը վաղուան կը պատկանի։

Այս վերջինները հաշուի չեն առներ այն ճշմարտութիւնը՝ թէ ներկան պատրաստողը անցեալն է. իսկ ապագան պատրաստողը՝ ներկա՛ն։ Եւ այս իմաստով՝ անցեալը «պատասխանատո՛ւ» է ներկայի կեանքէն եւ ներկան ալ «պատասխանատո՛ւ» է ապագայ կեանքի ապրումներէն։ Եւ ուրեմն, այս ուղղութեամբ՝ մարդ պատասխանատո՛ւ է իր անցեալէն, իր անցեալի կեանքէն եւ նաեւ իր ապագայ կեանքէն՝ որ կը պատրաստուի, կը կազմուի եւ կը ձեւաւորուի իր ներկայ կեանքէն իսկ։ Մարդ «անցեալը այլեւս անցած է», ըսելով չի կրնար ազատիլ իր անցեալ կեանքի պատասխանատուութենէն։ Ան նաեւ չի՛ կրնար ձերբազատուիլ եւ անջատուիլ ապագայ կեանքէն, ապագայ կեանքի պատասխանատուութիւններէն ներկայ կեանքին մէջ, քանի որ ներկայ կեանքի ապրումները ապագայ կեանքի նախաքայլերն են եւ անոնց նախապատճառները՝ լաւ եւ կամ գէշ։

Ուրեմն ի՞նչ կը մտածէք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը, որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Հարցումը փոխելով, որո՞նք են կեանքի ամենէն բեղուն, արդիւնաբեր տարիները եւ որո՞նք են ամենէն օգտակար եւ բարոյապէս շահաւէտ տարիները։

Յայտնի առածը կ՚ըսէ.- Երիտասարդները կամենային, տարեցները կարենային։

Ուրեմն հարցը սա է. ո՞րն է կարեւորը, կամենա՞լ, թէ կարենալ։ Կարծեմ յաջողութիւնը կը սկսի կամենալով՝ կա՛մք ունենալով եւ կամքը գործադրել՝ կարենալ կը յաջորդէ կամենալուն։

Եւ ուրեմն, քանի որ ամէն ինչ կը սկսի կամենալով, ապա ուրեմն մեծ եւ կարեւոր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի երիտասարդներուն, որ կը նշանակէ հասուն կամ տարեց մարդուն անցեա՛լը։ Ուստի կեանքը իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով ամբողջ մըն է եւ սխա՛լ է անցեալը ներկայէն՝ ներկան ապագայէն անջատել եւ զանոնք խորհիլ որպէս իրարմէ անկախ կեանքեր եւ ժամանակա-շըրջաններ։

Կեանքը՝ անցեալն է, ներկան է եւ ապագա՛ն։

Ուեմն անգամ մըն ալ հարցնենք մենք մեզի, եւ մտածենք. որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։

Պիզմարք կ՚ըսէր, թէ առաջին ութսուն տարիները՝ մարդուս ամենաերջանիկ տարիներն են։

Ճորճ Ֆրէտէրիք Ուաթա երբ 87 տարեկան էր, կ՚ըսէր, թէ թէպէտ մարմնական ախտերով պաշարուած՝ բայց այնքան եռանդ ունիմ գործելու ո՛րքան կեանքիս որեւէ մէկ շրջանին մէջ։

Հայնէ, երբ մահամերձ էր, իր 65 տարեկանին մէջ կը գրէր, թէ պիտի ուզէր վերստին ապրիլ կեանքին վերջին օրերը։

Լորտ Հալտէն կ՚ըսէր, թէ հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, ծերութիւնը կը նախընտրէր երիտասարդութենէն։

Վ. Հիւկօ կ՚ըսէր. «Ձմրան ձիւները գլխուս վրայ են, բայց սրտիս մէջ յաւիտենական գարուն կայ»։ Արդարեւ, Հիւկօ կ՚ըսէր, թէ շատ բան գրած էր, բայց բոլոր գրածները մէկ հազարերորդ մասը չէին այն բաներուն, զորս կ՚ուզէր գրած ըլլալ, ատոր համար ան կը հաւատար «ապագայ կեանք»ին։

Արդարեւ, հոն՝ ո՛ւր ապագայ կեանքի յոյսը կայ, հոն՝ ուր անվերջ անկեղծ սէր կայ եւ հոն՝ ուր ամուր հաւատք կայ, արդէն կեանքը ինքնին երջանկութի՜ւն է։ Եւ քանի կեանքը երջանկութիւն է, զայն ապրող, զայն վայելող մարդը, առանց նայելու անցեալին եւ ներկային, ապագայ կեանքի մը յոյսով պէ՛տք է երջանիկ ըլլայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 27, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019