ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ ԴԵՐԸ

Գերմանիացի նշանաւոր իմաստասէր Հէկէլ արուեստագէտներէն կը պահանջէ ամենէն առաջ՝ կեանքի խորհուրդներուն արտայայտութիւնը։ Իսկ Զօլա գեղարուեստը սահմանած է որպէս «խառնուածքի մէջէն երեւցող բնութիւն» մը. «la nature à travers un temperament»։ Ամիէլ ըսած է, թէ՝ մեծ մարդու մը միտքը այն միա՛կ տեղն է՝ ուր կը խտանան ժամանակի մը բոլոր ծփուն ուժերը։

Ֆրանսացի քննադատ Fiérens-Gevaert 1899 թուականին կարեւոր եւ շահեկան ուսումնասիրութիւն մը հրատարակած է իր ժամանակի գեղարուեստներուն մասին. «Essal sur l'art contemporain»՝ որուն սկզբնաւորութեան կը սահմանէ այն զանազան գեղարուեստական ուղղութիւնները եւ սկզբունքները՝ որոնք ծնունդ են տուած բազմաթիւ եւ տարբեր դասակարգի եւ տեսակի արուեստագէտներու։

Այն խոր յուզումը, որու շնորհիւ, արուեստագէտը ինքզինք յանձնած է գեղարուեստական աշխատանքի՝ ճակատագրային եւ խորհրդաւոր օրէնքով մը, կ՚արթնցնէ իր մէջ տենչը եւ ուժը՝ իր գործերուն մէջ վերարտադրելու այն կեանքը՝ որ նախ եւ առաջ իր հիացման առարկայ է եղած։

Այսուհանդերձ, այն արուեստագէտը, որ ներշնչման «ինքնաբուխ անձնատուութիւն» մը ունի եւ կը վայելէ անոր առաւելութիւնները՝ վերարտադրելու համար կեանքը իր խառնուածքին համեմատ, իր ժամանակակիցներուն եւ նախորդներուն հանդէպ մենաւորը՝ առանձնացո՛ղն է այն. նոր ուժի մը բխման ակը եւ չորս կողմ տարածուող ուժերու կեդրոնը դառնալով։

Ուստի հեղինակ մը կենդանի եւ վառ յստակութեամբ կ՚արտայայտէ իր իմաստուն եւ ինքնատիպ գաղափարները եւ շատ քիչ կը զբաղի հին սկզբունքներով։ Իրեն յատուկ համեմատութեամբ մը իրարու կը միացնէ եւ իրարու մէջ կը ձուլէ փորձուած եւ հաստատուած արտադրութեան մը մտածումները։

Պահ մը, սիրելի՜ բարեկամներ, երեւակայենք նկարիչ մը՝ որ մանրակերտ նմանակի մը կազմուածքին համեմատ կը ներկայացնէ «կեանք»ը իր կտաւին վրայ։ Ասով իր աշխատութիւնը կ՚երեւի, թէ «նմանողութեան» մէջ սահմանափակուած է։ Իսկ իրականութեան մէջ նկարիչը երկար վարժութեան մը հետեւելով, առանց անդրադառնալու, կը գծէ անվրէպ անկիւններ, եւ վեր կը հանէ ճշգրիտ համեմատութիւնները։ Բարդ ու շփոթ բնութեան մը մէջ, կ՚աշխատի անիկա դատել եւ երեւան բերել էական կէտերը եւ նկարագիրները։

Կէս հարթութիւններու հակասական ծփանուտ ոլորումներու ատեն, կոր գիծերու բազմազան ու խուսափուկ անորոշութիւններուն ընդ մէջ, կ՚ընտրէ իր «միացնել»ու ծրագիրը, եւ անոր ընդհանուր ուղղութիւն մը կու տայ։

Զոր օրինակ, դաշտանկար մը արտադրելու համար կ՚որոշէ քանի մը գիծերու համաչափութիւնը, հաւասարակշռութիւնը քանի մը նրբերանգութիւններու, եւ արժէք ներկայացնող կէտերու յարաբերութիւնը վեր կը հանէ։ Դուրս կը հանէ իր նկարէն այն բոլոր մասնաւոր հանգամանքները, որոնք գոյներու ներդաշնակութիւնը կը հաշմեն՝ ձեւէ դուրս կը հանեն գիծերը, եւ արժէք ներկայացնող կէտերը կը ծակեն։

«Դո՛ւրս հանել աւելորդը», զայն ի նպաստ կարեւորին, անհրաժեշտին, նպաստաւորին փոխել եւ դիպուածը ի նպաստ նկարագրին գործածե՛լ…։

Ահաւասի՛կ, ասոնք են արուեստագէտին աշխատութիւնը, ու նաեւ անհրաժեշտ պայմանը՝ գեղեցկութիւնը ստեղծելու եւ կազմաւորելու համար։

Արդարեւ, գեղեցկութիւնը չի՛ յայտնուիր, բայց եթէ որոշ եւ անյեղլի պայմաններու մէջ միա՛յն։

Քննադատ մը խօսելով Ֆիէրէնսի հեղինակութեան մասին՝ կ՚ըսէր, թէ անիկա «արուեստի վրայ խոհա՛նք» մըն է։ Աւելի անճիշդ բացատրութիւն մը, կարծիք մը եւ համոզում մը կարելի պիտի չըլլար գտնել այս աշխատութեան մասին, որ կը տարրալուծէ արուեստագէտի հոգին՝ կարեւորութիւն չտալով երբեք գեղարուեստի մասին վերացական սահման մը տալու։

«Ժամանակակից գեղարուեստի ուսումնասիրութիւն»ը՝ աւելի՛ բարոյագէտի, քան թէ բնազանցականի մը դիրքն է։

Ֆակէի նման Ֆիէրէնս ալ կ՚ըսէ, թէ՝ արուեստագէտը, կեանքը իր գործին մէջ կը մտցնէ. աւելի՛ համադրուած, աւելի՛ ներուժ էութիւն մը՝ զոր կ՚արժէ բացատրել։ Արդարեւ, կեանքը մեզի կը յայտնուի անցաւոր դէպքերու առատութեան մը մէջէն…։

Մարդիկ եւ իրերը կը փոխեն իրենց երեւոյթը ժամէ ժամ, եւ այս յաւիտենական փոփոխութիւններու փախուստին մէջ կը պահուի ամէնուն ճշմարիտ եւ յաւերժական պատկերը։ Եւ գեղարուեստը վեր կ՚առնէ հասուն երեւոյթներու վարագոյրը եւ վերջնական նկարագիրը ցոյց կու տայ իր մերկութեանը մէջ՝ իր իսկական էութեամբը։ Այս իմաստով է որ կեանքը եւ գեղեցկութիւնը իրարու մէջ կը ձուլուին, մասերէ «ամբողջ» մը կը կազմեն, անհրաժեշտ յարաբերութեան մը մէջ՝ մտերիմ եւ անբաժան «միութի՛ւն» մը։

Ուստի «գեղեցկութիւն»ը՝ մեռեալ տարերքներէ զտուած եւ բիւրեղացած պատկերն է այդ միութեան։

Եւ «գեղարուեստ»ն ալ, իտէալը գտնելով եւ զտելով ամէն բանէ՝ «գերազանց ո՛ւժ» մը կու տայ կեանքին։

Այս բոլորէն վերջ, մարդ կը հասնի այն կէտին, որ իր բանականութեան շնորհիւ թելադրուած եւ համոզուած է արուեստի աշխատութեան մը՝ հաստատելու համար արուեստի գործունէութեան նպատակը, որ է «նմանութենէն անդին», յարաբերականին միշտ փոխուող դիմակին մէջէն բացարձակին յայտնութիւնը նկարե՛լ։

Այսպէս, հեղինակութիւն մը, ստեղծագործութիւն մը իտէալի մը ընդմէջէն դիտելը շա՜տ տարբեր է քան թէ՝ զայն քննադատե՛լը։ Մարդ գործ մը այն ատեն կրնայ քննադատել, երբ այդ գործին տարերքը ծանօթ են իրեն, եւ այս տարերքը խոյս կու տան քննադատէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 28, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017