ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
Խաչվերացէ ետք 8-րդ կիրակի օր Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանին 8-րդ գլխուն 17-21 համարները։ Խաչվերացի յաջորդող 8-րդ կիրակին այս տարի կը հանդիպի 4 նոյեմբեր կիրակի օրուան։ Աւետարանի 19-21 համարներուն մէջ կը յիշուի Յիսուսի՝ այցելութեանը եկող մօրը եւ եղբայրներուն մասին խօսքերը. «Իմ մայրս եւ եղբայրներս անոնք են որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն եւ Աստուծոյ կամքը կը կատարեն», (ՂՈՒԿ. Ը 21)։ Յիսուսի այս խօսքերը կը հաստատեն այն սկզբունքը՝ թէ Աստուծոյ աչքին, ո՛չ թէ արտաքին յարաբերութիւններ, այլ կատարեալ օրինապահութիւնը եւ հաւատարմութիւնը արժանաւորութեան պատճառներ են։ Ուստի արտաքնապէս կապ ունենալ բաւարար չէ արժանիք ստանալու, այլ՝ ներքին-հոգեկան կապը՝ որ ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան արդիւնք է։
Ուրեմն, տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան այս մասին իր «Համապատում»ին 77-րդ գլխուն մէջ «Յիսուսի Մայրն ու Եղբայրները» խորագրով։ Պէտք է յիշել նաեւ, թէ նոյն նիւթին կը վկայեն եւ կ՚անդրադառնան նաեւ միւս աւետարանները՝ Մատթէոսի եւ Մարկոսի. (ՄԱՏԹ. ԺԲ 46-50) եւ (ՄԱՐԿ. Գ 31-35) համար եւ հատուածներուն մէջ։
«Տիրամայրն Մարիամ ու Տեառնեղբայր կոչուած Յիսուսի ազգականները՝ Յիսուսը տեսնելու կ՚ելլեն, հարկաւ ժամանակէ մը ի վեր զայն չտեսած ըլլալնուն համար։ Գործին բնութիւնն ալ կը պահանջէ ըսել՝ թէ Յիսուս Կափառնաումէ դուրս էր, քաղաքին շրջակայ կողմերը ժողովուրդի հետ զբաղած, մինչ միւս կողմանէ Փարիսեցիներու եւ դպիրներու ծանր հակառակութեանց եւ թշնամութեանց առարկայ էր դարձած։ Վերագոյնդ տեսանք՝ թէ Յիսուսի անդուլ անդադար ժողովուրդին հետ զբաղիլը, եւ նոյն իսկ կերակուրն ու հանգիստն մոռնալը՝ իրենները շփոթութեան մէջ թողած էր, եւ բռնի կերպով Յիսուսը ժողովուրդէն դուրս հանելու ու տուն մտցնելու ու հանգչեցնելու որոշման յանգեցան։ Անկէ ետքն ալ Յիսուսի ընթացքը փոխուած չէր, նա շարունակ ժողովուրդին հետ էր. մէկ կողմէ կը բարերարէր, միւս կողմէ կը թշնամանուէր, դաւաճանութեան խօսքեր ալ կը պատէին. սովորական պայմանաժամերուն ալ տուն չէր դարձած։ Մարիամը կը մտահոգուէր։ Մարիամի սիրտը անհանգիստ, Տեառնեղբայրներէն քանի մը հատը ընկեր առնելով քաղաքէն կ՚ելլէ որդին փնտռելու, լուր մը առնելու, աչքով տեսնելու, սիրտը հանգըս-տացնելու, ինչ որ որդեսէր մօր մը բնական եւ սովորական գործն է։
«Ըստ Մատթէոսի՝ Յիսուս -ընդ ժողովուրդսն խօսէր, ըստ Մարկոսի -ժողովուրդն շուրջ զնովաւ նստէր, եւ ըստ Ղուկասու՝ եկողները -ոչ կարէին հասանել ի նա վասն բազմութեանն։
«Ուրեմն երբ կը կարդանք՝ թէ Յիսուսի մայրն ու Տեառնեղբայրները -կան արտաքոյ, ոչ թէ տունէ կամ բնակութենէ մը դուրս պիտի հասկնանք, այլ Յիսուսի շուրջը ժողովուրդին կազմած շրջանակէն դուրս, զոր չեն համարձակիր ճեղքել եւ ներս մըտ-նելով Յիսուսին հասնիլ։ Յիսուսը գտած ըլլալնին չի բաւեր սիրտերնին հանդարտելու, այլ Մարիամ կը փափաքի անգամ մըն ալ երեսը տեսնել, ստուգել թէ տկարացած եւ հիւծած կերպարան մը չունի՞, թէ գո՞հ է արդեօք, կամ թէ ի՞նչ բանի պէտք ունի։
«Չկարենալով իրենք առաջ անցնիլ, ձայն կու տան դէպի ներս եւ իրարու ազդարարելով, վերջապէս Յիսուսին մօտ եղողներէն մէկը լուր կու տայ անոր.- Մայրդ ու եղբայրներդ եկեր են, մինչեւ քեզի մօտենալ չեն կրնար, հեռուն կեցեր են, կը սպասեն, կ՚ուզեն քեզ տեսնել։
«Յիսուս, որ վարդապետելու եւ քարոզելու զբաղած էր, չի հաճիր քարոզութիւնը ընդհատել եւ մօրը եւ եղբայրներուն տեսութեան երթալ։
«Խօսուն օրինակ մը՝ թէ աստուածային գործերը անձնական գործերէն պէտք է յառաջ անցնին, պաշտօնեաներ անհատականներու վրայ, պաշտօնականներ անհատականներու վրայ պէտք է նախադասութիւն ունենան պաշտօնական գործեր կատարելու ընթացքին։
«Ի՛նչ որ գործով կ՚ընէ, մեկնութեամբ ալ կը շեշտէ Քրիստոս երբ կ՚ըսէ.- Ի՞նչ մայր, ի՞նչ եղբայր, կը հարցնէ շուրջը եղողներուն զգայուն շեշտով մը։ Եւ ձեռքը տարածելով եւ մատնանիշ ընելով իր աշակերտները ու իր հետեւողները, կը շարունակէ.- Ահա, կ՚ըսէ, իմ մայրս, ահա իմ եղբայրներս, անոնք են որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, Աստուծոյ խօսքը կը գործադրեն, Աստուծոյ կամքը կը կատարեն. անո՛նք են իմ եղբայրս ալ, իմ քոյրս ալ, մինչեւ իսկ իմ մայրս ալ։
«Յիսուսի խօսքերը այնչափ յայտնի են՝ որ բացատրութիւն պէտք չէ։ Յիսուսի եղբայր եւ քոյր եւ մայր ըլլալ. Աստուծոյ սիրոյն արժանի ըլլալ է, եւ Յիսուսի վկայութեամբ ո՛չ թէ ազգակցական կամ արտաքին յարաբերութիւններն են՝ որ այդ արժանաւորութիւնը կը կազմեն, այլ միա՛յն ու միայն կատարեալ օրինապահութիւնը։ Որովհետեւ աւետարանիչներ կ՚ուզեն Յիսուսի այդ մեծ սկզբունքը յիշել, անոր համար անկատար կը թողուն մօրը գալուն պատմութիւնը, եւ չեն յիշեր՝ թէ տեսնուեցա՞ւ եւ ի՞նչ խօսեցաւ եւ ի՞նչպէս բաժնուեցան, գուցէ ի միասին իրենց տունը դարձան։
«Յիսուսի խօսքերը առակաւոր ձեւով եւ ընդհանուր ոճով զրուցուած ըլլալուն, միտքէ իսկ անցընելու բան չէ, թէ Յիսուս ուզած ըլլայ իր բուն մօրը ակնարկել, եւ զայն նուազ սիրոյ արժանի սեպել քան իր առաքեալները ու իրեն հետեւողները։
«Իսկ Մարիամի հետ եղողներուն եւ Յիսուսի եղբայր կոչուածներուն մասին, ստոյգ է, թէ անոնք նոյն ինքն Տեառնեղբայր կոչուածներն էին, կամ չորսն ալ ի միասին կամ թէ չորսերէն մի քանին։
«Յիսուսի եղբայրներ կոչուած չորս եղբայրներ կը յիշատակուին աւետարանի մէջ. Յակոբ եւ Յովսէս եւ Սիմովն եւ Յուդա անուններով (ՄԱՏԹ. ԺԴ 55), եւ այսպէս երեք հատ զոյգ անուններ կ՚ելլեն դէմերնիս. Յակոբ ու Սիմոն ու Յուդա մը՝ առաքեալներուն մէջ քովէ քով նշանակուած, Յակոբ ու Սիմոն ու Յուդա մը Տեառնեղբայրներու մէջ։ (Հատուած 58. Երկոտասան Առաքեալները)։
«Եւ ինչպէս այնտեղ յիշեցինք, սոյն այս դիպուածն ալ փա՛ստ մըն է՝ թէ Տեառնեղբայրները Երկոտասանից թիւին մէջ չէին։
«Իսկ թէ Տեառնեղբայր ըլլալու կամ կոչուելու ազգակցական կապը ի՛նչ էր, այս անգամ ալ բացատրութեան չենք մտներ, վերապահելով զայն աւետարանի այն հատուածին՝ ուր այս Տեառնեղբայրներ յանուանէ կը յիշուին, հատուած 89-ի մէջ…»։
Աւետարանի այս հատուածը կը յիշեցնէ մեզի՝ թէ հասարակական ծառայութիւնները պէտք է նախամեծար եւ նախադաս սեպուին քան անհատական-անձնական ծառայութիւնները եւ գործերը։ Հանրային ծառայութիւնը, որովհետեւ նուիրակա՛ն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 26, 2018, Իսթանպուլ