ՊՆԱԿ ՄԸ ԿԵՐԱԿՈՒՐ

-Գնա՛, գլխուդ ճարին նայիր...

Գարնանային հաճելի օր մը, երբ դուրսը ուրախ ու զուարթ են տղաքն ու կիները, հին օրերու հմայքը կորսնցուցած պառաւ մը յուղարկաւորութեան մասնակցողի տարտամ քայլերով կ՚երթար անսալո՛վ մարդոց «գնա՛»ին՝ դարձեալ գլխուն ճարին նայիլ փորձելու: Ինչքա՜ն դաւադիր է կեանքի այդ փորձը, որ կանխելով գարնան կարճատեւ ու խաբէական շէնութիւնը, սիրտը սղոցող կսկիծ մը կու տայ մարդ արարածին: Փորձի անյաջողութեան մտածումն ու երկիւղը կը կրծէր արդէ՛ն իսկ հիւծած սիրտը:

Անտարակոյս կեանքի տառապանքի ճամբուն վրայ ո՛չ առաջինն էր եւ ո՛չ ալ վերջինը. կեանքի արտորանքէն պարտուածներ պարզապէս, որոնք կեանք մը ամբողջ գլխու ճարին նայելու դատապարտուած պիտի մնան:

Թշուառութեան թեւանցուկ կը շարունակէ քալել այն ճամբաներով, ուր սրտախանձ ողբերգութիւնը կը ծածկէ հայկական թաղերու թիթեղապատ խրճիթները, որոնց մէջ մարդիկ կը մաշի՛ն հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս:

Հակառակ դառն ճակատագիրի դաժան սահմանումին, պատուի զգացումն ու ամօթի գիտակցութիւնը կ՚արտացոլար աչքերէն, որոնք լալէն եւ կամ գուցէ երազելէն յոգնած, մեղաւոր անմեղութեամբ մը ո՛չ թէ դրամ, այլ՝ պնակ մը կերակուր կը խնդրէին անցորդներէն: Շատ անգամ այդ պնակ մը կերակուրը անգամ ինք չէր ուտեր. կը տանէր ա՛յն խրճիթները, որոնց մէջ մէկ մարդու բաւարար սնունդով կը փորձէին ապրիլ աւելի քան հինգ-վեց թշուառ հոգիներ՝ հեռու մարդկային ամէ՛ն տեսակ պէտքերէ: Աղքատնե՛ր կան, որոնք հարուստներէն աւելի՛ հարուստ են հոգիով ու մարդկութեամբ. այդպիսի պատկառելի ծերունիներ շա՜տ ունի մեր ազգը:

***

Նոյն այդ տարիներուն գաղութի մեծաւորները Օգնութեան Խաչի վարչութեան հետ միատեղ որոշեցին հանգանակութիւն մը կատարել, կիսաքաղց վիճակի մէջ դպրոց յաճախող հարիւրաւոր հայորդիներու վիճակը բարելաւելու միտումով, որպէսզի անոնք ամէ՛ն օր ազգային վարժարաններու մէջ մտաւոր սնունդի կողքին ֆիզիքական սնունդ ալ ստանան: Աղքատութիւնը ահաւո՜ր բան է. գոնէ այսպիսով դպրոցական մանուկները զերծ պիտի պահուէր այդ ողբալի կացութենէն:

Օր մը ետք արդէն իսկ ամբողջ գաղութը տեղեակ էր որոշումէն ու այժմ այն ունեւորները՝ որոնք պնակ մը կերակուր կը զլանային պառաւին, կը փութային իրենց անունները գրել տալ նուիրատուներու ցանկին մէջ, իրենց անունները մամուլին մէջ հրատարակուած տեսնելու անցաւոր քմահաճոյքը ստանալու ակնկալութեամբ: Իրենց տուած գումարին պատճառած բարիքէն աւելի իրենց անունի փայլքն էր, որ կը հետաքրքրէր փառամոլ այդ խաւը, որոնք Աստուծոյ սիրոյն ո՛չինչ ունէին կատարելիք, սակայն երեւելու եւ փայլելու համար պատրաստ էին զոհել ամէ՛ն ինչ:

Յաջորդ առտու արդէն իսկ հարուստ ու ունեւոր հայերը փութկոտութեամբ մէկտեղուած էին դրամահաւաքի համար ճշդուած վայրը, կատարելու իրենց նուիրատուութիւնները: Հոն էր Յակոբը՝ բախտով հարստացած անգրագէտ մը, Պօղոսը՝ որ յայտնի էր իր հարստահարութիւններով եւ անոնց կողքին եկեղեցիներուն կատարած իր նուիրատուութեամբ... դրամը մե՛ղքն ալ անմեղ կը դարձնէ շատ անգամ: Հո՛ն էին ա՛յն բոլորը, որոնք կ՚ապրէին համբաւաւոր ապարանքներու, շքեղ ու բարձրահասակ վիլլաներու մէջ:

Մէկը միւսին հետ կը մրցէր. առաջինին տուած մէկին դիմաց ուրիշ մը կու տայ երկու... ուրիշ մը երեք եւ այսպէս մէկը միւսին «աչքը մտցնել» կը փորձէ իր հարստութիւնը, որ այդ վայրկեանին ըլլալ ու չըլլալու չափ կարեւոր ու ծանրակշիռ իրականութիւն մըն է: Հարստութեան այդ մարտին մէջ յանկարծ ներս կը մտնէ պառաւը, որուն ներկայութիւնը այնքան ալ ախորժելի չէր փարթամ կեանք վայելողներուն համար:

Յանկարծ մթնոլորտը ծանր կշիռ մը կը ստանայ. «սա պառաւը տե՛ս» կ՚ըսէ ունեւոր մը մրցակիցին, այնպիսի՛ արհամարհանքով, որուն մէջ ատելութիւն ու թո՛յն կը հոսի պարզապէս:

Պառաւը լռութեամբ վեհերոտ քայլերով կը մօտենայ դէպի հանգանակութեան գրասեղանը, որուն վրայ դրուած էր իր եւ իր պէս հազարաւորներու աւելի քան մի քանի տարուայ ապրուստը հոգալու չափ գումար. Ինք կեանքին մէջ այնքան գումար մէկտեղ չէ՛ր տեսած:

-Ծօ՛, հոս մուրալու տե՛ղ չէ՛. չե՞ս տեսներ, դրամահաւաք կը կատարենք այստեղ, պնա՛կ մը կերակուր մուրալու եւ ողորմութիւն խնդրելու տեղը չէ՛ հոս, այս բոլորը տրամաբանելու չափ խե՞լք ալ չունիս...

Պաշտօնեայի բարձրաձայն ձայնը պահ մը կը հանգստացնէ անհանգստացած ունեւորներու աղքա՛տ սիրտերը, որոնք խորհրդաւոր լռութեան մէջ կը վաւերացնեն ըսուածները:

Արցունքներ կը սկսին պղտորել պառաւին աչքերը ու կարելի է նշմարել հիւանդոտ անձկութիւն մը: Մեռած նայուածքները աներեւոյթ կէտի մը վրայ սեւեռելով կը կմկմայ.

-Չէ՛ եաւրում, չէ՛... պնակ մը կերակուր ուզելու չեկայ... երէկ սրտին մէջ գութ ունեցող մը այս մի քանի դահեկանը տուաւ ինծի. ես ալ լսեցի մեքթեպին համար դրամ կը հաւաքուի, ըսի չոճուխները ինձմէ առաջ կու գան, ասանկ անանկ ես այսօ՜ր կամ վաղը չի կամ: Մենք վարժուած ենք մեր գլխուն ճարին նայելու, կարեւորը իրենք բերուշան չըլլան մեզի պէս. սորվին ու մեծ մարդ դառնան. մեր կեանքի օրերը իրիկուն կ՚ըլլան արդէն: Գիտեմ տուածս մեծ բան մը չէ, բայց...

Այդ օր պառաւը հաւանաբար պնակ մը կերակուր չկրցաւ ունենալ, սակայն պնակ մը խի՛ղճ, պնակ մը մարդկութիւն տուաւ մարդկութեան չքաւորներուն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԵԼՔԻՍԷԹԵԱՆ

(1899-1980)

Մեր թուականէն 41 տարիներ առաջ՝ 3 նոյեմբեր 1980-ին Երեւանի մէջ մահացած է թատերագէտ եւ գրականագէտ Սարգիս Մելքիսէթեան:

Մելքիսէթեան ծնած է 5 սեպտեմբեր 1899 թուականին՝ Գանձակի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրի մէջ ստանալէ ետք ընդունուած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցը: Աւարտելէ ետք դպրոցը անցած է լրագրական գործունէութեան՝ 1921 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: Ժամանակ մը ետք փոխադրուած է Երեւան եւ որոշ շրջան մը աշխատած է Ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդին մէջ, որպէս տեղեկատուութեան բաժինի վարիչ, իսկ 1923-1925 թուականներուն եղած է «Խորհրդային Հայաստան» թերթի խմբագրութեան բաժինի վարիչ: Եղած է Գեղաշխի արհեստակցական միութեան նախագահ՝ 1925-1930 թուականներուն, իսկ 1930-1935 թուականներու միջեւ՝ «Հայկինոյ»ի վարիչ, ապա տնօրէնի տեղակալ ու նախագահ:

Մելքիսէթեան յետագային աշխատած է որպէս Խաղացանկային կոմիտէի նախագահ, Արուեստի գործերու վարչութեան թատերական բաժնի վարիչ, 1935-1949 թուականներուն Հայաստանի Թատերական թանգարանի տնօրէն, միաժամանակ վարելով Արուեստի գործերու վարչութեան գլխաւոր խորհրդատուի պաշտօնը՝ 1938-1942 թուականներուն: Եղած է Երեւանի Թատերական հիմնարկի թատերագիտական բաժնի աւագ ուսուցիչ, իսկ 1947-1949 տարիներուն նոյն ամպիոնի վարիչ: Սարգիս Մելքիսէթեան ինն տարի՝ 1954-1963 թուականներուն եղած է նաեւ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արուեստի բաժնի վարիչ ու գիտնական քարտուղար, որմէ ետք ստանձնած է «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնութեան պաշտօնը:

Սարգիս Մելքիսէթեան հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր. ինչպէս՝ «Քիթ Մաթոն» (1925), «Երեւանի պետական թատրոն» (1933), «Ուրուագծեր սովետահայ թատրոնի պատմութեան» (1960), «Մեծ արուեստի ուժը» (1968), «Կեանք եւ բեմ» (1970) եւ այլ աշխատութիւններ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Սարգիս Մելքիսէթեան արժանացած է Աշխատանքային Կարմիր Դրօշի շքանշանին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021