ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ՄԱՆՈՒԿԸ

Անառարկելի է որ իւրաքանչիւր սերունդ պիտի ծնի նախորդինէն տարբեր համոզումներով եւ ըմբռնումներով. այնպէս ինչպէս ծնողքը ի՛նք ամբողջութեամբ համամիտ չէ իր ծնողաց ըմբռնումներուն ու համոզումներուն, նոյնպէս պէտք է համոզուի, որ իր զաւակը եւս կրնայ համամիտ չըլլալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդի հետ կը փոխուի չափանիշները։ Այս պարագային ծնողք մը իր ունեցած համոզումները պարտադրել փորձելով շատ մը դժբախտութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ.

Ա- Սեփական համոզումի պակաս- Մարդ արարածին մօտ փորձառութիւնը շատ աւելի կարեւոր է քան համոզումներու քարոզչութիւնը։ Օրինակի համար, մանուկի մը կրնայ ըլլալ հազար անգամ ըսել՝ որ «մոմը կ՚այրէ, ձեռքը պէտք չէ մօտեցնել», սակայն մանուկը միայն ու միայն իր ձեռքը այրելէ ետք պիտի կարենայ մէկ անգամուան մէջ հասկնալ աւելի քան հազար անգամ ըսուած ճշմարտութիւնը։ Մարդ արարածը այս սովորութիւնը միայն իր մանկութեան ժամանակ ի գործ չի դներ, այլ այս բնազդը իր հետ հասակ կ՚առնէ։ Ընտանիքին կողմէ պարտադրուած համոզումը եւ անհատին կողմէ ձեռք բերուած սեփական փորձն ու փորձառութիւնը կը նմանին լսելու եւ տեսնելու տարբերութեանց եւ բնական է, որ մարդ իր տեսածին աւելի՛ համոզուած կ՚ըլլայ՝ քան լսածին։

Համոզումի պարտադրանքի տակ հասակ առնող մանուկ մը իր պատանեկութեան կամ երիտասարդութեան անձեռնմխելի կը կարծէ այդ բոլորը եւ տեղ մը համոզումէ աւելի կը վերածուի նախապաշարումի։ Իւրաքանչիւր համոզում ժամանակի ընթացքին ենթակայ է փոփոխման։ Ծնողներ պէտք է առաջնահերթութիւն տան զաւակին մէջ կազմուած համոզումներուն, ի հարկին որոշ ճշդումներ կատարէ, սակայն երբեք չպարտադրէ։

Բ- Ինքնահաստատում- Մարդ անհատը իր սեփական համոզումները կազմելով ինքնահաստատում մը կ՚ունենայ։ Ինքնահաստատումը բացատրենք հետեւեալ ձեւով։ Վերցուցէք երկու երիտասարդներ, որոնցմէ մին ընտանիքէն հեռու, առանձնութեան մէջ կ՚ապրի, իսկ միւսը՝ իր ընտանիքին տան մէջ։ Բնականաբար պիտի նկատէք, որ առանձնութեան մէջ ապրողը աւելի գիտակից ու սեփական համոզումի տէր է՝ քան տունը ապրողը, որովհետեւ վերջինս ապրած է իր ծնողաց ապրելակերպին ու համոզումներուն հիման վրայ, մինչ առաջինը առիթը ունեցած է սեփական փորձով այդ ամբողջը սերտել եւ ճիշդն ու սխալը զանազանել։

Սեփական համոզում ունեցող մարդիկ կեանքի ասպարէզին մէջ լաւ ղեկավարող անձեր կրնան դառնալ, սակայն միւսները ընդհանրապէս ենթակայի դերին մէջ կը գտնուին։

Զաւակը ծնողքի մը ձեռակերտն է եւ ծնողքէն կախեալ է զաւակի մը ապագան։

Միւս վտանգաւոր կէտը, որ մեր զաւակներուն կեանքին մէջ ճակատագրական դեր ունի, որոշում կայացնելն է։ Պատանի երիտասարդը ժամանակ մը ետք կը սկսի սեփական համոզումներու հիման վրայ որոշումներ փորձէ կայացնել։ Ապագայի ասպարէզի, կեանքի կողակիցի, տգեղի ու սիրունի, ճիշդի ու սխալի հանդէպ որոշ սահմանումներ կ՚ունենայ եւ անոնց հիման վրայ կը փորձէ իր կեանքի ընթացքը գծել։

Իր դասարանցի աղջիկներէն մին կրնայ տարբեր զգացում մը արթնցնել իր մէջ՝ իրեն խորթ ու անծանօթ. ասպարէզ մը կրնայ աւելի հաճելի ու հետաքրքրական թուիլ եւ նախորդ մեր երկու գրութիւններուն մէջ նշած սխալները կատարող ծնողք մը անտեղեակ կը մնայ այդ բոլորէն։ Ձախողած ծնողներու մանուկներ կեանքի շատ մը դժուարութիւններ ու որոշումներ գաղտնի կը պահեն իրենց ծնողքէն։ Կը տեսնէք մանուկ մը, որ ամենէն անիմաստ մանրամասնութիւնները իր հօրն ու մօրը կը պատմէ, իսկ անդին ուրիշ մը իր յոյզերը, իղձերը եւ մինչեւ անգամ ցաւերն ու մտահոգութիւնները քօղարկել կը փորձէ։

Երբեւէ չկարծէք ընտանիքին բան մը չպատմելու մէջ մեղաւոր է մանուկը կամ անոր բնութիւնը։ Ամէն երեւոյթ ունի պատճառ եւ ամէն պատճառ ունի հետեւանք մը մարդկային կեանքին մէջ։ Յաճախ ամերիկացի մանուկներն ու երիտասարդները «անկիրթ» կ՚որակենք, մինչ անոնք մեր զաւակներուն հակառակ որոշելու, ուզելու եւ չուզելու, համոզուելու եւ չհամոզուելու ազատութիւնը կ՚ապրին։

Երեք օրերու մեր գրածները ցոյց կու տան, որ զաւակ մը լոյս աշխարհ բերելը սպասուածէն ու կարծուածէն շա՜տ աւելի պատասխանատու եւ վտանգաւոր գործ մըն է, այդ իսկ պատճառով խորհո՛ւրդ ծնողներուն. աւելի ծափահարելի է մէ՛կ զաւակ բերել եւ լաւագոյնս հոգալ անոր ֆիզիքական եւ հոգեկան պէտքերը, քան բերել չորս-հինգ զաւակ եւ ձախողիլ հոգիի շինութեան աւելի՛ կարեւոր գործին մէջ։

•վերջ

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -86-

Լիբանանի մէջ ճանչցած եմ երկու երիտասարդ աղջիկներ՝ երկուքն ալ երաժշտութեամբ զբաղող։

Անոնցմէ մին՝ որ ընդհանրապէս ո՛չ շնորք եւ ո՛չ ալ երաժշտական տաղանդ ունի, առանց ամչնալու, ինքնավստահութեամբ հանրութեան դիմաց դուրս կու գայ երգելու՝ անտեսելով անգամ երաժշտութեան անչափութիւնը։

Միւս երիտասարդը, որ ունի Աստուածատուր ձայն, հակառակ ունեցած տաղանդին կը խուսափի երգելէ եւ հազար ու մէկ դժուարութեամբ, հազուագիւտ երգել կը յօժարի։

Շատեր հաւանաբար նկարագիրի կամ բնաւորութեան վերագրեն այս մէկը, սակայն համոզուած ենք, որ այդ բոլորը հայելին են մանկութեան։ Առաջին համարձակ երիտասարդը ապրած էր աւելի լայնախոհ ու սիրալիր ընտանիքի մը մէջ, սիրուած ու քաջալերուած էր, իսկ երկրորդը պահպանողական ընտանիքի մը մէջ՝ աւելի աւանդապահ եւ խիստ ու կամայ թէ ակամայ այդ մէկը ազդած էր իրենց ապրելակերպին։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022