ԿՐՕՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿՐՕՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Բոլոր մարդիկ պարտաւոր եւ պատասխանատու են փնտռել ճշմարտութիւնը, յատկապէս այն խնդիրներու մէջ՝ որոնք կը հային Աստուծոյ, եւ զայն ճանչնալէ ետք, Անոր փարիլ եւ Անոր հաւատարիմ ըլլալ։

Այս պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կը բխի նոյնինքն մարդուն բնութենէն։ Ան չի հակասեր անկեղծ յարգանքին այլազան կրօններու հանդէպ, որոնք յաճախ կը կրեն նշոյլ մը ճշմարտութենէն՝ որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը։ Եւ ո՛չ ալ կը հակասէ սիրոյ պահանջքին՝ որ կը մղէ քրիստոնեան սիրով, խոհեմութեամբ, համբերութեամբ, հանդուրժողութեամբ, համակրական հասկացողութեամբ մօտենալու եւ վարուելու անոնց հետ՝ որոնք տարբեր հաւատքի եւ հաւատալիքներու, տարբեր համոզումներու տէր են։

Աստուծոյ վաւերական պաշտամունք մը կատարելու եւ մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի մարդուն՝ թէ՛ անհատապէս, թէ՛ ընկերապէս։

Ա՛յս է աւանդական ուսուցումը կրօնին ընդհանրապէս անհատի եւ հաւաքականութեան բարոյական պարտականութեան մասին։ Արդարեւ, ընդհանրապէս, կրօնին ընկերային պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր անհատի մէջ արթնցնել եւ յարգել սէրը՝ ճշմարիտին եւ բարիին։

Կրօնական հարցին մէջ ո՛չ ոք պէտք է բռնադատուի իր խղճմտանքին դէմ գործելու, ո՛չ ալ արգիլուի արդար սահմաններու մէջ գործելու ըստ իր խղճմտանքին, անհատաբար թէ հրապարակաւ, առանձին թէ միացած ուրիշներուն։ Այս արդար իրաւունքը հիմնուած է նոյնինքն մարդկային անձին բնութեան վրայ՝ որուն արժանապատուութիւնը զինք ազատօրէն յարիլ կու տայ աստուածային ճշմարտութեան, որ գերիվեր է ժամանակաւոր կարգէն։ Այս պատճառով այս իրաւունքը կը գոյատեւէ նոյնիսկ անոնց մէջ՝ որոնք ճշմարտութիւնը որոնելու եւ անոր փարելու պարտաւորութիւնը զանց կ՚առնեն եւ մանաւանդ չե՛ն յարգեր։

Եթէ մասնայատուկ պարագաներու պատճառով՝ որոնց մէջ կը գտնուին ժողովուրդները, ոստանին կրօնական որոշ ընկերութեան մը իրաւական կարգով մը քաղաքացիական մասնաւոր ճանաչում մը տրուած է, անհրաժե՛շտ է բոլոր քաղաքացիներուն եւ կրօնական հասարակութիւններուն համար, կրօնական հարցին մէջ, ազատութեան իրաւունքը եւ արդա՛ր իրաւունքը վայելելու ազատութիւնը. միաժամանակ ճանչցուի եւ յարգուի՛։

Արդարեւ, մարդ «ազատ կամք»ով օժտուած է. այս «ազատ կամք»ը մարդուս պատասխանատուութիւն մը կը բեռցնէ, ուրեմն մարդ այս ազատութեան սահմաններուն եւ պարտաւորութիւններուն մէջ կրնայ վայելել նաեւ խղճի եւ հետեւաբար կրօնի եւ համոզումի ազատութի՛ւնը։

Կրօնական ազատութեան, որ խղճի ազատութեան բնական իրաւունքն է, իրաւունքը ո՛չ բարոյական արտօնութիւնն է սխալին յարելու, ո՛չ ալ սխալելու ենթադրեալ իրաւունք մըն է, այլ՝ մարդկային անձին բնական իրաւունքը՝ վայելելու քաղաքացիական ազատութիւնը, որ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ճանչցուած արդա՛ր սահմաններուն մէջ արտաքին պարտադրանքէն զերծանումն է, կրօնական մարզին մէջ։

Այս «բնական իրաւունք»ը պէ՛տք է ճանչցուի ընկերութեան իրաւական կարգին մէջ, այն ձեւով որ ան քաղաքացիական իրաւունք մը գոյացնէ։

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը յինքեան ո՛չ կրնայ սահմանազերծ ըլլալ, ո՛չ ալ սահմանուիլ միայն հանրային կարգով մը, յղացուած դրապաշտ (positivist) կամ բնապաշտ (naturalist) կերպով։ Արդար սահմանները՝ որոնք այս իրաւունքի յարակից եւ համընթաց են, պարտին որոշուիլ ընկերային իւրաքանչիւր կացութեան համեմատ՝ քաղաքական խոհեմութեամբ ըստ պահանջներուն «հասարակաց բարիք»ին եւ վաւերացուին քաղաքական իշխանութեան կողմէ՝ ըստ «իրաւական կանոններ»ու համապատասխան բարոյական առարկայական չափորոշիչ կարգին։

Հետեւցնելով՝ կրօնի եւ խղճի ազատութիւնը «ազատ կամք»ի բնական մէկ արդի՛ւնքն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2023