«ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԷՋ ՓՈՔՐԻ՛ԿՆ Է ՄԵԾԸ»

Երբ ա­շա­կերտ­նե­րը սկսան վի­ճա­բա­նիլ թէ ո՛վ է ի­րենց­մէ «մեծ»ը, Յի­սուս մա­նուկ մը ցոյց տուաւ եւ ը­սաւ.

«Ով որ ըն­դու­նի այս մա­նու­կը իմ ա­նու­նովս՝ զիս ըն­դու­նած կ՚ըլ­լայ, եւ ով որ զիս կ՚ըն­դու­նի՝ ըն­դուած կ՚ըլ­լայ զիս ղրկո­ղը։ Ո­րով­հե­տեւ ով որ ձեր բո­լո­րին մէջ փոք­րիկն է, ա՛ն է մե­ծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։­

Երբ դի­տենք մեր շուր­ջը՝ պի­տի տես­նենք, թէ շա­տեր ան­դի­մադ­րե­լի փա­փաք մը ու­նին «մե՛ծ» ըլ­լա­լու, տի­րա­պե­տե­լու ու­րիշ­նե­րուն վրայ, ու­րիշ­նե­րէ բարձր դա­սուե­լու եւ յարգ ու պա­տիւ վա­յե­լե­լու։ Ա­ռա­ջին ակ­նար­կով բնա­կան զգա­ցում մը կ՚ե­րե­ւի ա­սի­կա։ Ան­շուշտ ա­մէն մարդ կ՚ու­զէ, որ «տեղ» մը գրա­ւէ, եւ թէ լա՛ւ տեղ մը ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ։ Բայց ա­սի­կա չա­փա­զան­ցել, այս մա­սին ծայ­րա­յեղ ըլ­լալ՝ ա­հա­ւա­սիկ այս է, որ կ՚ան­հանգս­տաց­նէ ըն­կե­րա­յին կեան­քի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գը, կը խան­գա­րէ բնա­կան ըն­թաց­քը կեան­քին։ Հար­կա՛ւ մրցակ­ցու­թիւն պի­տի ըլ­լայ ըն­կե­րու­թիւ­նը կազ­մող ան­հատ­նե­րու մի­ջեւ, ան­շուշտ նուի­րա­պե­տա­կան կարգ մը՝ դա­սա­ւո­րուած իշ­խա­նա­կան հեր­թա­կա­նու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է խա­ղաղ եւ ներ­դաշ­նակ ըն­կե­րու­թեան մը հաս­տատ­ման հա­մար։ Եւ սա­կայն պէ՛տք է, որ «մեծ»ը իր մե­ծու­թիւ­նը, «փոքր»ն ալ իր փոք­րու­թիւ­նը գիտ­նայ։ Եւ երբ «փոքր»ը «մեծ»ի հո­վեր կ՚առ­նէ, ինք­նա­հա­ւան, մե­ծա­միտ ձե­ւե­րով կը քօ­ղար­կէ իր փոք­րու­թիւ­նը, ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ է վտան­գա­ւո­րը, ա՛յդ է վնա­սա­կա­րը…։ Ուս­տի յա­ռա­ջա­դէմ, քա­ղա­քա­կիրթ, մտա­պէս մշա­կուած ըն­կե­րու­թեան մը մէջ հար­ցեր հա­զուա­գիւտ են, քա­նի որ հոն ամ­էն մէ­կը գի­տէ իր տե­ղը, կը գի­տակ­ցի իր իս­կա­կան ար­ժէ­քին։

Ե­կէք, սի­րե­լի­ներ, ա­ռա­կով մը շա­րու­նա­կենք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը։ Ա­ռա­կը ռու­սե­րէ­նէն թարգ­մա­նած է Յով­հան­նէս Սար­կա­ւագ Ա­սատ­րեան։

«Հինգ-վեց տա­րե­կան տղայ մը ան­տա­ռին մէջ պտը­տե­լով կը զուար­ճա­նայ իր ծնող­քին հետ։ Այդ պա­հուն կը տես­նէ ա­ռուակ մը։ Տղան ու­րա­խու­թեամբ կը խմէ ա­նոր թարմ ջու­րէն, եւ յե­տոյ զուար­ճա­նա­լու հա­մար ձեռ­քը կ՚առ­նէ ճիւղ մը եւ կը սկսի խառ­նել՝ տակ­նուվ­րայ ը­նել ա­ռուա­կին ջու­րը։

«Ա­ռուա­կին յա­տա­կը հո­ղոտ է եւ բնա­կա­նա­բար՝ ան­մա­քուր, ուս­տի ջու­րը խառ­նե­լով, ջու­րին հետ միա­տեղ մա­կե­րես կը բարձ­րա­նան ա­ւազ, ջու­րը ին­կած տե­րեւ­ներ, եւ տե­սակ տե­սակ աղ­տե­ղու­թիւն ու աղբ։ Եւ առուա­կին զու­լալ ջու­րը կը դառ­նայ ըմ­պե­լու հա­մար ան­յար­մար ու ան­պա­տեհ։

«Փոք­րիկ տղան այ­լեւս հա­ճոյ­քով չի նա­յիր ա­ռուա­կի աղ­տո­տած եւ պղտո­րած ջու­րին։ Ուս­տի, ան կը թո­ղու իր ձեռ­քը բռնած ճիւ­ղը ա­ռուա­կին մէջ եւ կը վա­զէ մայ­րի­կին մօտ, տրտում ու թախ­ծոտ։

«Իսկ ու­րիշ տեղ մը՝ բարձր լեռ­նե­րու վրայ, ու­րիշ տղայ մը կը զուար­ճա­նար նոյն­պէս, լե­րան կա­տա­րին ա­ռուա­կով մը։ Սա­կայն այդ լեռ­նա­յին փոքր ա­ռուին յա­տա­կը քա­րոտ էր։ Եւ երբ տղան սկսաւ խառ­նել ջու­րը, որ կ՚ու­զէր պղտո­րել զայն իր ձեռ­քը բռնած ճիւ­ղով, կո­տո­րուե­ցաւ ան։ Տղան ան­մի­ջա­պէս կանգ ա­ռաւ, քա­նի որ իր նպա­տա­կին չէր հա­սած եւ իր ու­զա­ծը չէր կրցած ի­րա­կա­նաց­նել։ Ու­րեմն փոքր ա­ռուին հո­սու­մը չէր փո­խուած՝ ջու­րը վճիտ ու ջինջ էր ա­ռա­ջուան պէս, չէր պղտո­րած։ Ան մա­քուր էր նախ­կի­նին նման։ Տղան դար­ձեալ տրտում մնաց…։

«Կան մար­դիկ՝ որ ար­տաք­նա­պէս բա­րի եւ կա­րեկ­ցող կը թուին՝ ինչ­պէս մա­քուր եւ վճիտ ա­ռուա­կը։

«Բայց երբ զա­նա­զան պա­տա­հա­կա­նու­թիւն­ներ նե­ղաց­նեն, խան­գա­րեն այդ­պի­սի մար­դի­կը, ա­պա կա­րե­լի է տես­նել, թէ ի­րենց հո­գիին խոր­քէն ինչ­պէ՛ս դուրս կը հո­սի ինք­նա­կար­ծու­թիւ­նը, մե­ծամ­տու­թիւ­նը, ման­րախնդ­րու­թիւ­նը, բծախնդ­րու­թիւ­նը, ինքն իր­մով հպար­տու­թիւ­նը եւ վեր­ջա­պէս ան­ցեա­լի՝ հին վի­րա­ւո­րանք­նե­րը՝ ան­տա­ռի առուա­կի տիղ­մին ու աղ­բին նման։ Ե­թէ յա­տա­կը հաս­տա­տուն չէ՛, ա­պա ու­րեմն կա­րե­լի է որ ա­մէն աղ­տե­ղու­թիւն յայտ­նուի…»։­

Այս­պէս են ա­մէն ա­նոնք, որ միշտ ի­րենք զի­րենք կը գո­վա­բա­նեն, ի­րենք զի­րենք կը բարձ­րաց­նեն եւ ի­րենց կար­ծե­ցեալ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու մա­սին կը խօ­սին։

Եւ շա՜տ կայ այդ­պի­սի­ներ, ո­րոնք ե­թէ քիչ մը «խառ­նես», ան­մի­ջա­պէս ի­րենց աղ­տե­ղու­թիւ­նը դուրս կը հո­սեց­նեն։ Այն­քան ազ­նիւ ու ազ­նուա­կան կար­ծուած մէ­կը, յան­կարծ կը վա­տա­նան, գռե­հիկ, ան­պատ­կառ ու վար­նոց ան­ձի մը կը վե­րա­ծուին։ Իս­կու­թեան մէջ ա­նոնք չեն փո­խուիր, այլ ի­րենց իս­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը ցոյց կու տան։ Ին­չո՞ւ։ Քա­նի որ ի­րենց ազ­նուու­թիւ­նը հաս­տատ յա­տա­կի վրայ չէ հիմ­նուած, կ՚ե­րե­ւին այն­պէս՝ ինչ­պէ՛ս որ չեն եր­բեք…։

Եւ այդ­պի­սի­ներ ի­րա­կան սպառ­նա­լիք­ներ են ըն­կե­րու­թեան՝ վտանգ ու վնաս կը սպառ­նան, եւ ցա­ւա­լին այն է, որ ա­նոնք շատ ան­գամ յարգ ու պա­տիւ կը վա­յե­լեն ան­տար­բեր ու ան­գի­տա­կից շրջա­նակ­նե­րու մէջ։ Եւ երբ յայտ­նուի ի­րենց իս­կա­կան էու­թիւ­նը, այ­լեւս ուշ պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ ա­նոնք ար­դէն գոր­ծած պի­տի ըլ­լան ա­մէն չա­րիք ու վնաս։

Ինչ­պէս հա­մես­տու­թեան մէջ է իս­կա­կան վե­հու­թիւ­նը, նոյն­պէս՝ փոք­րու­թեան մէջ է իս­կա­կան մե­ծու­թիւ­նը։ Մա՛րդ վե­րէն նա­յե­լով բարձր չի կրնար ըլ­լալ, մա՛րդ ինք­նա­գո­վու­թեամբ գո­վա­սան­քի ար­ժա­նի անձ չի՛ կրնար ըլ­լալ։ Ուս­տի ու­շադ­րու­թիւն ը­նե­լու է այդ­պի­սի­նե­րուն՝ որ­պէս­զի չկա­րե­նան վնա­սել ըն­կե­րա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան…։

Թէ՛ ինչ­պէ՞ս ու­շադ­րու­թիւն ը­նել եւ ան-վըտանգ մնալ այդ­պի­սի­նե­րու չա­րիք­նե­րէն։ Նախ սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն մըն է, թէ մարդ ա­մե­նէն շատ կը խօ­սի այն ար­ժէ­քին մա­սին՝ որ կը պակ­սի իր­մէ։

Ուս­տի ե­թէ մէ­կը յա­ճախ իր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին կը խօ­սի, ուղ­ղամ­տու­թե­նէ կը ճա­ռէ, շնորհ­ներ կը վե­րագ­րէ ի­րեն, եւ բո­լոր այդ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով կը հպար­տա­նայ, մե­ծա­միտ կե­ցուած­քով կը ստո­րա­դա­սէ իր շուր­ջին­նե­րը՝ վստահ ե­ղէ՛ք սի­րե­լի՜­ներ, այդ ան­ձը չու­նի այդ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն նուա­զա­գոյ­նը իսկ։ Այդ­պի­սի­նե­րու պէտք է ու­շադ­րու­թիւն ը­նել, զգու­շա­նալ եւ հե­ռո՜ւ մնալ ա­նոնց­մէ…։

Եւ դար­ձեալ, ե­թէ մէ­կը յա­ճախ կը խօ­սի իր դիր­քին, իր աս­տի­ճա­նին կամ ի­րա­ւա­սու­թեան մա­սին, դար­ձեալ պէտք է զգու­շա­նալ ան­կէ, քա­նի որ ան ար­ժա­նի է՛ ո՛չ իր դիր­քին, ո՛չ իր աս­տի­ճա­նին եւ ոչ ալ պա­տա­հա­բար ստա­ցած ի­րա­ւա­սու­թեան։ «Գի­տե՞ս, ես ո՛վ եմ…»։ Ա­հա­ւա­սիկ մա­նա­ւանդ այդ նա­խա­դա­սու­թեամբ, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ «սպառ­նա­լիք»ով խօս­քի սկսող­նե­րէն պէտք է ան­մի­ջա­պէս հե­ռա­նալ, քա­նի որ այդ­պի­սի­նե­րէն միա՛յն վնաս կու գայ, եւ ո՛չ մէկ օ­գուտ ու բա­րիք…։

Ինչ­պէս կ՚ը­սէ Յի­սուս, վստա­հե­ցէ՛ք մա­նու­կի նման ան­մեղ ու խո­նարհ մար­դոց, ե­թէ ո՛չ օ­գուտ, բայց գո­նէ վնաս չի՛ հաս­նիր ա­նոնց­մէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 19, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015