ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - ԺԲ -

Կը շա­րու­նա­կենք ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը եւ ծա­գում­նե­րը ներ­կա­յաց­նել, յատ­կա­պէս ցոյց տա­լու հա­մար, թէ «ա­նուն»ը ո՜ր­քան կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ մար­դուս թէ՛ ան­հա­տա­կան-ներ­քին, թէ՛ հա­ւա­քա­կան-ար­տա­քին կեան­քին մէջ եւ թէ ի՛նչ­պէս կը նոյ­նա­նայ «ա­նուն»ը ինք­նու­թեան հետ։

Վա­րոս= «Varus»՝ ծ­ռած, կո­րա­ցած

Վար­սե­նիկ= լաւ մա­զե­րով՝ «վարս» բա­ռէն

Վե­լի­ճան= տէր, պաշտ­պան, սուր եւ հո­գեակ

Վա­հա­նոյշ= վեհ եւ ա­նոյշ. նաեւ՝ «Վե­հիկ»

Վեստ= իշ­խա­նա­կան տիտ­ղոս

Վեր­գի­նէ= կոյս. «Վեր­ժին»

Վեր­դի= աս­տուա­ծա­տուր. տուաւ. «Verdi»

Վեր­միշ= Աս­տու­ծոյ տուած. տրուա­ծը

Վե­րո­նիկ= «Veronique». Յի­սու­սի բժշկած տե­ռա­տես կի­նը

Վեր­ջա­լոյս= «Ար­շա­լոյս»ի նմա­նու­թեամբ՝ հա­կա­դի­րը

Վզրուկ= մեծ. «vazarg», «vazarka»

Վէ­զիր= ե­պար­քոս. «vezir». բուն ծա­գու­մը՝ «vazarg»՝ «մեծ» բա­ռէն

Վի­գէն= յաղ­թա­կան. «Vicentus»

Վիկ­տոր= յաղ­թա­կան. «Victor»

Վի­րապ= Խոր-վի­րա­պի վան­քի ա­նու­նը

Վի­րապ­տուր= Վի­րապ վան­քի տուա­ծը

Վի­րօի= Վի­րոյ= քա­ջա­ձի. «Viroi»

Վլա­սիոս= բող­բոջ. «Blasius», «Blaise»

Վնդոյ= փառք. «Bindol»

Վշնապ= յո­վա­տակ. ա­րու ձի

Վշտու­հի= «վիշտ» բա­ռէն ի­գա­կան ա­նուն

Վո­նոն= ի­րա­նա­կան ա­նուն. «Vonones»

Վո­րոթ= լաւ հա­սած, լաւ ա­ճած. «Orodes»

Վուշ= բոյս՝ որ­մէ կա­նե­փի թել պատ­րաս­տե­լով կտաւ կը գոր­ծուի

Վռամ= Վա­հագն՝ «Bahram», «Behram»

Վռամ­շա­պուհ= ի­րա­նեան ա­նուն՝ «Վռամ» եւ «Շա­պուհ»

Վստամ= մե­ծա­զօր՝ մեծ զօ­րու­թիւն, ոյժ ու­նե­ցող. «Vistahm»

Վրէն= այր մարդ, մարդ. նաեւ՝ «Այ­րուկ»

Վրթա­նէս= «Ort՚ane». վրաց «oxcan»

Վրկէն= «Vurken». «Գուր­գէն»

Տա­թե­ւիկ= Տա­թեւ վան­քի ա­նու­նէն

Տութ­լու-բաբ= քաղցր, ա­նոյշ հայր

Տա­լի­թա= աղ­ջիկ

Տա­ճատ= պար­գեւ, նուէր, ըն­ծայ. «dasan» պա­տա­հա­կան նմա­նու­թիւն (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան) «Dasad»

Տա­ճա­տու­հի= «Տա­ճատ»ի ի­գա­կան ձե­ւը

Տա­յուս= սի­րա­մարգ. «tavus»

Տատ= հա­յե­րէն՝ տատ, տա­տիկ, մեծ­մայր, պարս­կե­րէն՝ «dad». ար­դա­րու­թիւն, դատ, ի­րա­ւունք. «Տատ»էն «Տա­տեան» ազ­գա­նուն

Տատ­լա­ղան= քաղցր ա­րիւն

Տա­տուր= «Աս­տուա­ծա­տուր»է ձե­ւա­փո­խուած

Տեառն­թագ= տի­րոջ թա­գը, նաեւ՝ «Լուսն­թագ»

Տիեառ­նոր­դի= տի­րոջ որ­դին

Տեառն­տուր= Տի­րա­տուր= Տէր­տուր= Տի­րոջ տուա­ծը, Տի­րոջ տուրք, Աս­տուա­ծա­տուր, Ա­սա­տուր

Տե­լե­մաք= հե­ռա­մար­տիկ, հե­ռուէն կռուող

Տե­տա= մայր

Տե­րեն­տիոս= լա­տի­նա­կան ա­նուն. «Terentius»

Տէր= տէր՝ «Մար»

Տէ­րա­ւագ= Տի­րա­ւագ= Ա­ւագ Քա­հա­նայ

Տէ­րիկ= Տէ­րուկ= «Տէր» բա­ռէն գգուա­կան

Տէ­րու­նա­կան= Կի­րա­կոս

Տէ­րու­նի= տէ­րու­նա­կան, տէ­րու­նի

Տէր­պապ= տէր­պա­պա՝ քա­հա­նայ

Տէր­պա­րոն= Պա­րոն­տէր

Տէր­տէր= քա­հա­նայ

Տէր­տուր= Տի­րոջ տուա­ծը

Տիգ­րան= Տի­գօ= նե­տե­րով մարտն­չող, նե­տե­րով կռուող, պա­տե­րազ­մող. ի­րա­նա­կան ա­նուն

Տիգ­րա­նու­հի= «Տիգ­րան»ի ի­գա­կան ձե­ւը

Տիգ­րիս= հա­մա­նուն գե­տի ա­նու­նէն

Տի­կին= խա­թուն, խա­նում, տի­կին

Տի­մո­թէոս= աս­տուա­ծա­պա­տիւ, աս­տուա­ծա­յարգ. «Timothée»

Տի­րազդ= Տի­րոջ­մէ ազ­դուած կամ ներշն­չուած

Տի­րայր= Տի­րոջ մարդ

Տի­րան= «Tiran»՝ ի­րա­նեան ա­նուն. կազ­մուած՝ «Tir»՝ «Տիւր» չաս­տուա­ծի ա­նու­նէն. աս­կէ ծա­գած է նաեւ՝ «Տրդատ», «Տի­րի­բազ», «Tiroi», «Tire» ա­նուն­նե­րը

Տի­րա­նուն= Տէր եւ ա­նուն, Տի­րոջ ա­նուն

Տի­րա­տուր= Տի­րոջ տուա­ծը. «Տա­տուր»

Տի­րա­ցու= դպիր, ժամ­կոչ, քա­հա­նա­յա­ցու. «տի­րա­ցու» բա­ռէն

Տի­րա­ւագ= Ա­ւագ­տէր. «տէր» եւ «ա­ւագ»

Տի­րիթ= Տրթատ

Տի­րու­նի= «Տէր» բա­ռի ի­գա­կան ձե­ւը

Տիւր= «Tir»՝ փայ­լա­ծու մո­լո­րա­կը. նաեւ՝ ա­րե­գակ­նա­յին չոր­րորդ ա­մի­սը, նաեւ՝ ա­մէն մէկ ամ­սուան 13-րդ օ­րը

Տի­փար= տի­պար, դէմք

Տղա­պա­րոն= տղայ իշ­խան, պա­րոն

Տո­ղան= բա­զէ՝ որ­սա­կան թռչուն

Տորք= հին հա­յոց չաս­տուած­նե­րէն մին. «տուրք»՝ պար­գեւ, ըն­ծայ

Տուած= Աս­տու­ծոյ շնոր­հը, տուա­ծը

Տու­տու= մայ­րիկ

Տուր= քաջ

Տու­րութ= դրուաստ, գո­վեստ. «durûd»

Տրդատ= «Տիր» չաս­տուա­ծի կող­մէ տրուած. «Tirdat». նաեւ՝ «Տի­րի­բազ»

Տրդա­տու­հի= «Տրդատ»ի ի­գա­կան ձե­ւը

Տրէ= «տրէ»՝ չոր­րորդ ամ­սա­նու­նէն. (Նոյ. 9-Դեկ. 8)

Տօն= «տօն» բա­ռէն

Տօ­նակ= Տօ­նա­կան= Տաւ­նակ= տօն բա­ռէն

Տօ­նա­կան= ա­րա­բե­րէն՝ «id»՝ տօն. յու­նա­րէն՝ «Իոր­տիուս»

Տօ­նա­պետ= տօ­նա­կան հան­դէ­սի վե­րա­կա­ցու, նաեւ. «Տօ­նա­պետ»

Տօ­նիկ= «Տօ­նա­կան» ա­նուան կրճատ ձե­ւը. այս ա­նու­նէն՝ «Տօ­նի­կեան» ազ­գա­նու­նը

Րա­բու­նի= 1613 թուա­կա­նին հա­յե­րու կող­մէ գոր­ծա­ծուած ա­րա­կան ա­նուն (Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան)

Ցո­լակ= ցոլ, ցո­լալ բա­ռէն. «Փայ­լակ». նաեւ՝ շո­ղալ, պսպղալ, փայ­լիլ բա­րե­րէն

Ցօ­ղիկ= ցօղ բա­ռէն՝ ջրա­շո­գի, շաղ, կա­թիլ, ե­ղեամ

Փախ­չան= լաւ վա­զող, շատ ա­րագ վա­զող կամ փախ­չող

Փախ­րա­դաւ­լա= պե­տու­թեան պար­ծանք

Փահ­լա­ւան= քաջ եւ կո­րո­վի, զօ­րա­ւոր

Փայ­լուն= հա­յե­րէն «փայ­լուն» բա­ռէն

Փա­նահ= ա­պաս­տան, ա­պա­ւէն, պատս­պա­րան. ա­պա­ւի­նու­թիւն, վստա­հու­թիւն

Փա­նոս= մաք­րա­փայլ, փայ­լուն, լու­սա­ւոր

Փա­նուէլ= Աս­տու­ծոյ տե­սիլ­քը. «Panuet»

Փա­շա= թրքե­րէն «Paşa»՝ «փա­շա» բա­ռէն

Փա­շա­մե­լիք= հրեշ­տակ փա­շա

Փա­շա­ճան= փա­շա-հո­գեա՛կ

Փա­շիկ= Փա­շուկ= «Փա­շա»ի գգուա­կան ձե­ւը

Փա­ռան­ձեմ= «Փա­ռօ» կամ «Փա­ռիկ»ի կրճա­տը

Փա­ռէն= «փառք» բա­ռէն. «Farnah», «Farr»

Փառ­նակ= «փառ­նա­ւազ»ի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Փառ­նա­ւազ= փա­ռա­ւոր բա­ցու­կով

Փառ­ներ­սեհ= «Farnah»՝ փառք եւ Ներ­սեհ ա­նու­նէ կազ­մուած ա­նուն. նաեւ՝ «Parr-Nerseh»

Փա­ռոխ= օրհ­նեալ

Փա­ռուխ­շահ= ե­րա­նի, օրհ­նեալ թա­գա­ւոր

Փառ­քուհ= «փառք»ի ի­գա­կան ձե­ւը

Փա­սա­բայ= պա­հա­պան (Փա­սա­բա)

Փա­րա­մուզ= կու­սա­կալ, քա­ղա­քի իշ­խան՝ որ սահ­մա­նա­ծայրն է տէ­րու­թեան

Փա­րաջ= ա­զա­տու­թիւն

Փա­րե­լի= սի­րե­լի ի­մաս­տով՝ գրկել, փա­թա­թել, պլլել բա­յէն ա­նուն

Փա­րի= պա­րիկ, բա­րի ո­գի, յա­ւեր­ժա­հարս, գե­ղեց­կա­դէմ, սի­րուն ո­գի

Փա­րի­զադ= յու­շա­պա­րի­կի ծնունդ. (յու­շա­պա­րիկ՝ ա­ռաս­պե­լա­կան էակ՝ կէս մարդ, կէս ա­նա­սուն. մար­դա­ձի, կեն­դա­տոս)

Փա­րի­խան= կա­խար­դու­թիւն, դիւ­թու­թիւն. հմա­յու­թիւն, մո­գու­թիւն. հմայք կո­չել, կար­դալ. «Parixan», «Parikhan»

Փա­րի­շան= թշուառ, դժբախտ, հէգ, խեղճ

Փաւս­տոս= եր­ջա­նիկ. «Fausta», «Faustus»

Փեբ­րո­նէ= յու­նա­րէն ա­նուն որ գոր­ծա­ծա­կան ե­ղած է նաեւ հա­յե­րու մէջ

Փե­րոն= «բե­րել»ի յու­նա­րէ­ն բա­յէն

Փե­րուզ= փի­րու­զակ, երկ­նա­գոյն պա­տուա­կան քար մը. «Piruza», «Firuzen»

Փէմ­պէ= վար­դա­գոյն. «Pembe»

Փիան­դա= ի­տա­լե­րէն՝ «Pianta»՝ ոտ­քի տա­կը, ներ­բան. թա­գա­ւո­րի ո­տի տակ հա­գուե­լիք թան­կա­գին դի­պակ՝ ազ­նիւ գոր­ծուած լաթ, ազ­նիւ կեր­պաս

Փի­լա­րոս= «ա­ռա­քի­նա­սէր» (յու­նա­րէն բառ)

Փի­լաք­սոն= հիւ­րա­սէր

Փիլ­թան= յաղ­թա­մար­մին, յաղ­թան­դամ, փղա­մար­մին

Փի­լիպ­պի­կոս= Փի­լիպ­պե­ցի. (յու­նա­րէն ա­նուն)

Փի­լիպ­պոս= ձիա­սէր. «Philippe»

Փի­լոն= «սի­րել» (յու­նա­րէն ա­նուն) բա­յէն

Փի­սակ= քո­սոտ, ու­րուկ, բո­րոտ

Փի­րալ= Փի­րա­լի= «Pir» եւ «Ali» պարս­կե­րէն բա­ռե­րէն կազ­մուած ա­նուն

Փի­րան= «pir»՝ ծեր բա­ռէն. ինչ­պէս՝ «Փի­րա­նեան» ազ­գա­նուն

Փի­րա­սափ= սուրբ

Փիր­բաշխ= սրբա­նուէր

Փիր­գուլ= սուր­բի ծա­ռայ

Փի­րի= սրբա­կան

Փիր­սուլ­թան= ծեր, սուրբ «սուլ­թան»

Փո­լատ= պող­պատ

Փուն­փուլ= Պո­լիս՝ 19-րդ դա­րու ա­նուն

Քա­թան= կտաւ, քա­թան, կեր­պաս. «katan»։ Ու­ղիղ եւ բարձր ցօ­ղու­նով՝ երկ­նա­գոյն կա­պոյտ ծա­ղիկ­նե­րով, տա­րե­ւոր բոյս՝ ո­րուն հուն­տէն (=կտա­ւատ) ձէթ կը ստա­ցուի, վուշ. բոյ­սի թե­լով հիւ­սուածք

Քա­լաշ= քաջ

Քա­լի= Կա­րին քա­ղա­քի ա­նուան վրա­յով ձե­ւա­ւո­րուած գո­յու­թե­նէ զուրկ անձ եւ ա­նուն. (ա­րա­բե­րէն՝ «քա­լի­քա­լայ»)

Քա­ղոց= «Քա­ղոց» ամ­սա­նու­նէն. քա­ղոց՝ 5-րդ ա­մի­սը (Դեկտ. 9-Յու­նուար 7), հունձք

Քաղց­րե­նի= ա­նոյշ, քաղցր

Քա­մալ= կա­տա­րեալ, ան­թե­րի

Քա­մար= լու­սին. (ա­րա­բե­րէն՝ «qamar»), կա­մար, գօ­տի (պարս­կե­րէն՝ «kamar»)

Քա­միլ= ի­մաս­տուն, խե­լա­հաս, կա­տա­րեալ

Քա­նան= միա­սին, վրան

Քա­րամ= շնորհ, ազ­նուու­թիւն

Քար­դուշտ= մխի­թար

Քա­րիմ= ո­ղոր­մած, ազ­նիւ

Քե­չի= այծ. «keçi», «Քե­չեան» ազ­գա­նուն

Քե­րով­բէ= հրեշ­տակ

Քիշ­միշ= չա­միչ, չոր­ցուած խա­ղող

Քնա­րիկ= «Քնար» բա­ռի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Քնքուշ= գողտ­րիկ, նուրբ, փա­փուկ՝ քնքուշ

Քոյր­խա­թուն= տան տի­կին

Քրիս­տա­տուր= քրիս­տո­սա­տուր

Քրիս­տա­փոր= քրիս­տո­սա­բեր. «Christophe», «Christopher»

Քրիս­տի­նէ= յու­նա­կան ա­նուն. «Christine»

Քրիս­տո­սա­սէր= Քրիս­տո­սի սի­րով, Քրիս­տո­սը սի­րող

Քրիս­տո­սա­տուր= Քրիս­տո­սի տուա­ծը, նաեւ՝ «Յի­սու­սա­տուր»

Օ­գոս­տի­նոս= սուրբ, բա­րե­հա­ճող, վե­հա­փառ, «Augustinus»

Օ­զան= քաջ, հզօր, ու­ժեղ, զօ­րա­ւոր

Օ­թար= եր­գող, դայ­լայ­լող, գեղ­գե­ղող

Օ­ղուլ­բալ= ձա­գե­րու մեղր

Օ­շին= ծոթ­րին՝ ա­նու­շա­հոտ տունկ, հա­մեմ «Avşin», նաեւ՝ պարս­կա­կան ա­նուն՝ «Afşin», «Ափ­շին», «Աւ­շին»

Օ­տա= միտք, խելք ու­նե­ցող՝ կրօ­նի հա­մար կամ խելք բուսց­նող, խելք ա­ռաջ տա­նող. «Aota», «od»՝ խելք

Օր­բել= Օռ­բէլ= Օր­բե­լեանց տոհ­մա­նու­նէն

Օ­րիկ= «օր» բա­ռէն

Օք­սեն­տիոս= լա­տի­նե­րէն՝ «Auxentius». Պո­լիս գոր­ծա­ծուած է՝ «Օգ­սէն» կամ «Օք­սէն» ձե­ւով

Ֆի­լո­մէն= բա­նաս­տեղ­ծա­կան լե­զուով՝ «սո­խակ» (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ֆի­մի= Եւ­փի­մէ

Ֆի­րուզ= հին հա­յե­րու մէջ՝ «Պե­րոզ». կը նշա­նա­կէ՝ յաղ­թա­կան, յաղ­թող, գոր­ծա­ծուած է նաեւ «Ֆէ­րօզ» ձե­ւը

Ֆլօ­րա= Ֆի­լոր= «Flora»՝ զե­փիւ­ռի կի­նը, ծա­ղիկ­նե­րու չաս­տուա­ծու­հին

Ֆու­լիա­նէ= Ֆու­լիկ= փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը գոր­ծա­ծուած է Պո­լիս

Ֆռանգ= ֆրան­սա­ցի, եւ­րո­պա­ցի. «Ֆրանկ», «Ֆրէնկ» ձե­ւե­րով գոր­ծա­ծուած է

Ֆրան­գուլ= Ֆրան­կիւլ= եւ­րո­պա­կան վարդ

Ֆրան­սու­հի= ֆրան­սա­ցի աղ­ջիկ կամ կին. «Françoise» գոր­ծա­ծուած է նաեւ՝ «Ֆրի» ձե­ւը

Ֆրիկ= «Ֆրե­տե­րիկ» ա­նու­նէն. Ե­ղի՝ կաթ­նա­համ հա­տիկ­նե­րով ցո­րե­նի հասկ՝ ա­ղանձ

Ֆրի­տոն= Հրու­դէն= պարս­կա­կան ա­նուն

***

Վեր­ջաց­նե­լէ ա­ռաջ, ներ­կա­յաց­նենք Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի խօս­քը՝ «անձ­նա­նուն»նե­րու մա­սին։

«Անձ­նա­նու­նը այն գլխա­ւոր մի­ջոց­նե­րէն մէկն է՝ ո­րով հա­մայնք­ներ կամ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը զա­նա­զա­նուի իր ան­դամ­նե­րէն, այս կամ այն ան­հա­տին՝ միւս ան­դամ­նե­րէն…

«Մարդ­կա­յին հա­սա­րա­կու­թեան մէջ չկա՛յ ցեղ մը՝ ո­րուն ան­դամ­նե­րը անձ­նա­նուն չու­նե­նան։

«Անձ­նա­նու­նը հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րե­ւոյթ մըն է…

«Թէ ի՛նչ­պէս կա­րե­լի է հասկ­նալ, թէ այս ինչ ա­նու­նը հայ­կա­կա՞ն է, թէ օ­տար. պէտք է դի­մել ստու­գա­բա­նու­թեան։ Ե­թէ ո­րե­ւէ ա­նուն մեզ հա­մար եւ մեր լե­զուով ո­րե­ւէ ի­մաստ կու տայ, ու­րեմն հայ­կա­կա՛ն է…»։

Սկզբ­նաղ­բիւր.- Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան - «Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րան, 1942», նաեւ՝ «Հայ բար­բա­ռա­գի­տու­թիւն, 1911»,

Ար­տա­շէս Տէր Խա­չա­տու­րեան - «Անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րան, 1968»,

André-Marie Gerard - «Dictionnaire de la Bible, 1989»

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 26, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016