ԽՐԱՏ՝ ՈՐԴՈՒՍ - Դ.
«Շատ աւելի լաւ է, տղա՛ս, դառն արցունքով աչքդ ցողիր
Ու քո ճամբան շարունակիր».
Սեւակ իր որդիին կ՚ուզէ բացատրել, որ կեանքի անարդարութիւններուն դիմաց կանգ առնելը, բողոքելն ու արտասուելը ճշմարտութենէն ոչ մէկ բան կը փոխէ. հաւանաբար Սեւակ այդ մէկը սորված էր իր անձնական փորձով եւ հիմա իր զաւակը կը յորդորէ կեանքի ճամբան շարունակելու՝ թէեւ արցունքոտ աչքերով։ Յաճախ անարդարութեանց դէմ պայքարելու փափաքը կ՚ունենանք, ուժը կը զգանք մեր մէջ արդարութեան սիրոյն կռուելու եւ չյանձնուելու... սակայն դժբախտաբար որոշ ժամանակ ետք կու գանք այն գիտակցութեան, որ արդարութիւնը միշտ յաղթուած դուրս կու գայ։ Այդ յուսախաբութենէն հեռու մնալու համար Սեւակ կ՚առաջարկէ ճամբան շարունակել...
«Թո՛ղ որ լինի նա քարքարոտ,
Բայց քո հոգում եթէ լինի
բարո՛ւ, լաւի՛, սիրոյ կարօտ,
Դու չե՜ս յոգնի, դու կը քայլես,
կը բարձրանաս դու սարն ի վեր».
Կեանքի ինչութենէն աւելի մարդո՛ւ ինչութիւնն է, որ անձի մը կեանքին ճակատագիրը կ՚որոշէ։ Ճամբուն փշոտ կամ անփուշ ըլլալէն աւելի մարդու հոգեկան աշխարհն է, որ այդ կեանքը կ՚իմաստաւորէ եւ հետեւաբար Սեւակ կը յորդորէ այդ ճամբան շտկելու փոխարէն մարդ իր հոգին, իր ապրումները կոփէ։ Սեւակ կեանքը ճամբու փոխարէն սարի կը նմանցնէ՝ ցոյց տալու համար կեանքի դժուարութիւնը։ Ան ապրիլը սար բարձրանալու կը նմանցնէ, որովհետեւ անվերջ բարձրանալը կը յոգնեցնէ։ Չյոգնելու համար Սեւակ կ՚առաջարկէ հոգիին մէջ ունենալ «բարո՛ւ, լաւի՛, սիրոյ կարօտ»։ Կարօտ բառը կրնայ մեզի յուշել, որ այդ սարին վրայ՝ կեանքի մէջ չկայ բարութիւն, չկայ լաւ եւ չկայ սէր եւ անոր կարօտը ունեցողը միայն կրնայ այս սարը բարձրանալու ուժը ունենալ։
«Ազնիւ եղիր ամէն ինչում -
ո՞վ է կեանքում սովից մեռել».
Մարդիկ իրենց չար արարքները յաճախ պատճառաբանութիւններ գտնելով կ՚ուզեն ծածկել եւ արդարանալ։ Սեւակ ոչ իրապաշտ կը գտնէ այդ մէկը, որովհետեւ անոր համոզումով դժուարութիւնը ոչ թէ մեղքի, այլ ինքնակերտումի կ՚առաջնորդէ։ Սեւակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն դիմաց կողմնակից մնաց ճշմարտութեան՝ հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն։
«Ճշտի համար աքսոր չկայ -
ստի հանդէպ ինչո՞ւ լռել».
Իրականութեան մէջ Պարոյր գիտէր, որ ճիշդի հանդէպ աքսոր մը կայ. իր ժամանակակից գրչեղբայրներէն շատեր զոհը դարձած էին ճշմարտութեան։ Սակայն Պարոյր ըմբոստ նկարագիր մը ունէր. բոլոր վտանգներով հանդերձ չէր դադրեր ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելէ։ Ան հաւատացողն էր, որ վերջաւորութեան ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը պիտի յաղթէ՝ թէեւ սուղ գին մը վճարելով։ Նոյն քաջութիւնը կ՚ուզէր փոխանցել որդիին, որպէսզի ինք եւս բարձրաձայնէ ինչ որ ճշմարիտ ու բարի է։
«Իսկ մեր շուրջը դեռ կան մարդիկ, որ երբ պէտք է մէջք են ծռում,
Երբ որ պէտք է հռհռում են, պէ՞տք է՝ ժպտո՛ւմ, պէ՞տք է՝ լռո՛ւմ, Պէ՞տք է՝ իրենց մատն են տնկում...».
Թէեւ Սեւակ նեղանալով կը խօսի նման մարդոց մասին, սակայն ներկայ աշխարհին մէջ գոյատեւելու եւ «հանգիստ» կեանք մը ապրելու գաղտնիքն է վերոյիշեալ տողերը։ Թէեւ մեր հայրապետները մեղայի խոստովանութեան մէջ եւս որպէս մեղք նկատած են այս մէկը, սակայն մեր օրերուն փոխելով իր տեսքը վերածուած է «դիւանագիտութեան»՝ ինչ որ անհրաժեշտ է ներկայ աշխարհին մէջ։ Այսօր գրեթէ բոլորս ալ շրջապատուած ենք իրենց սեփական շահը հետապնդող մարդոցմով, որոնք գիտեն ե՛րբ պէտք է ժպտիլ եւ ե՛րբ ոչ՝ իրենց նպատակին հասնելու համար։ Ներկայ աշխարհի մէջ այսօր երեսիդ ժպտացող մը կրնայ վաղը առաջին դանակողը ըլլայ՝ եթէ շահերը այդ կը պահանջեն։ Նման մարդիկ ի վիճակի են յաճախ սխալին ճիշդ եւ ծուռին շիտակ ըսելու՝ ըստ շահերու եւ հաշիւներու։ Պարոյր այդ մէկը դատապարտելի կը գտնէ եւ կը յորդորէ՝ ի գին ամէն զոհողութիւններու ըլլալ արդար ու ճշմարիտ։
«մի մոռացիր երբեք, տղա՛ս.
Ազնուութիւնն այն է միայն, որ չի փոխւում՝ ոնց էլ շուռ տաս».
Ներկայ ժամանակաշրջաններուն շատ քիչերն են որ նման խրատ մը կրնան տալ իրենց զաւակներուն, որովհետեւ մեր օրերուն ազնիւ ըլլալ արդէն իսկ պարտուած ըլլալ կը նշանակէ։ Ազնուութեան ճշմարտութենէն կասկած չունինք, սակայն ներկայ դարը կ՚ոտնակոխէ ազնիւը եւ առաւելութիւն կու տայ չարերուն։ Գիտէ՞ք քանի բարի ու ազնիւ մարդիկ այսօր երանի կու տան բարիի փոխարէն չար ըլլալու համար, որովհետեւ բարութեան զոհը ի՛նք միայն կրնայ ըմբռնել ազնուութեան ու բարութեան սիրոյն ոտնահարուիլը։
•վերջ
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -111-
Վերջերս եկեղեցական բարեկամներէս մէկուն հետ սրճելու համար դուրս ելանք։ Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ սրճելու պահուն մատուցողը եկեղեցականին ուշադրութիւնը գրաւեց. դէմքը ծանօթ էր։
Պահ մը ետք յիշեց մատուցողին ով ըլլալը։ Իւրաքանչիւր եկեղեցական իր օծմամ ժամանակ կ՚ունենայ կնքահայր մը, որ ընդհանրապէս առ ի շնորհակալութիւն եկեղեցւոյ բարերարներէն մին կը նշանակուի։ Մատուցողը եկեղեցականին կնքահօր կինն էր փաստօրէն...
Ամբողջ կեանք մը եկեղեցւոյ եւ ազգին բարերարութիւն ըրած ամոլը հանդիպած էր անյաջողութեանց եւ սնանկանալով այժմ կինը մատուցողուհի, իսկ ինք այլ աննշմար գործով մը կը զբաղուէր։
Կեանքի հարուածը ամէն մէկուն տարբեր ձեւով կը հասնի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ