ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ՍԻՐՈՎ

Հաւատքը այն առաքինութիւնն է՝ որուն միջոցով մարդ կը հաւատայ Աստուծոյ եւ Անոր յայտնածներուն, որոնք Սուրբ Եկեղեցին կ՚առաջարկէ իրեն տալ հաւատք, այսինքն կ՚առաջարկէ հաւատալ, քանի որ Աստուած նոյն ինքն Ճշմարտութի՛ւնն է։ Հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահութիւն, ուստի հաւատքով մարդ ինքզինք ազատօրէն եւ ամբողջովին կը յանձնէ Աստուծոյ։ Այս պատճառով հաւատացեալը կը փնտռէ ճանչնալ եւ կատարել Աստուծոյ կամքը։

«Արդարը պիտի ապրի հաւատքով», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՄ. Ա 17)։ Եւ դարձեալ, կ՚ըսէ. «Կենդանի հաւատքը կը գործէ սիրով» (ԳԱՂ. Ե 6)։ Ուստի հաւատք եւ սէր համընթաց են։ Հաւատքին պարգեւը կը մնայ այն անձին մէջ՝ որ չէ մեղանչած անոր դէմ. բայց «առանց գործերուն՝ հաւատքը մեռա՛ծ է», ինչպէս կ՚ըսէ Յակոբոս առաքեալ. «Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է». (ՅԱԿ. Բ 26)։ Սէրէն եւ յոյսէն զրկուած հաւատքը հաւատացեալը լիովին չի միացներ Քրիստոսի եւ չ՚ըներ զինք կենդանի անդամ Անոր Մարմինին։

Ուստի Քրիստոսի «աշակերտ»ը՝ իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք չէ միայն իրեն պահէ հաւատքը եւ ապրի զայն, այլ նաեւ դաւանի զայն, վկայէ անոր վստահութեա՛մբ եւ տարածէ զայն որպէս Ճշմարտութի՛ւն։

Ուստի հաւատքին ծառայութիւնը ե՛ւ վկայութիւնը պահանջուած են փրկութեան համար։ «Ո՛վ որ զԻս դաւանի մարդոց առջեւ, Ես ալ զինք պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է. իսկ ո՛վ որ ուրանայ զԻս մարդոց առջեւ՝ Ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է» (ՄԱՏԹ. Ժ 32-33)։

Ինչպէս հաւատքը, նո՛յնպէս յոյսն ալ առաքինութիւն մըն է, որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ երկինքի Արքայութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը, իր ամբողջ վստահութիւնը դնելով Քրիստոսի խոստումներուն վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլեւ՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքին օգնութեան։

Դարձեալ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Պահե՛նք անսասան մեր դաւանութիւնը յոյսին հանդէպ, քանի որ ան որ խոստացաւ՝ հաւատարիմ է» (ԵԲՐ. Ժ 23)։ Ան կ՚ըսէ նաեւ այս մասին. «Հայրը՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, առատօրէն զեղուց այս Հոգին մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի արդարացած շնորհքովն Քրիստոսի, յոյսով ընդունինք ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքին» (ՏԻՄ. Գ 6-7)։

Արդարեւ, յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեան տենչանքին, զոր Աստուած դրած է ամէն մարդու սրտին մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը, որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները, կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի երկինքի Արքայութիւնը։ Ան կը պաշտպանէ մարդը վհատութենէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը՝ ակնկալութիւնը յաւիտենական երանութեան։ Յոյսին տուած թափը մարդս զե՛րծ կը պահէ «եսասիրութենէն» եւ կ՚առաջնորդէ սիրոյ երանութեան։

Քրիստոնեայ յոյսը կը վերադարձնէ եւ իր լրումին կը հասցնէ «ընտրեալ ժողովուրդ»ին յոյսը՝ որ իր ծագումը եւ տիպարը ունի «յոյսին մէջ Աբրահամին», որ Աստուծոյ խոստումներուն լիացումը գտաւ Իսահակի մէջ եւ մաքրուեցաւ զոհի փորձութեամբ. (ԾՆՆԴ. ԺԷ 4-8, ԻԲ 1-18)։

Քանի որ «Յուսալով հակառակ ամէն յոյսի, ան հաւատաց եւ եղաւ հայր բազմաթիւ ժողովուրդներու» (ՀՌՈՄ. Դ 18)։

Քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։ «Երանութիւններ»ը կը բարձրացնեն մեր յոյսը դէպի Երկինք իբրեւ դէպի «խոստացուած նոր Երկիր»ը։ Երանութիւնները անոր ճամբան կը գծեն փորձութիւններուն ընդմէջէն, որոնք կը սպասեն Յիսուսի աշակերտներուն։ Բայց Յիսուս Քրիստոսի արժանիքներովը եւ չարչարանքներով, Աստուած կը պահէ մեզ «յոյսին մէջ, որ յուսախաբ չ՚ըներ» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Յոյսը ապահով եւ հաստատ, «հոգիին խարիսխն» է, «յոյսը կը մտնէ հոն ուր մտաւ Յիսուս մեզմէ առաջ մեզի համար՝ իբր կարապետ» (ԵԲՐ. Զ 19-20)։

Յոյսը նաեւ «հոգեւոր զէնք»ն է, որ կը պաշտպանէ մեզ փրկութեան պայքարին մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Զգեստաւորուինք զրահով հաւատքին եւ սիրոյ, դնենք սաղաւարտը փրկութեան յոյսին» (Ա ԹԵՍ. Ե 8)։

Յոյսը մեզի ուրախութիւնը կու տայ նոյնիսկ նեղութեան մէջ. «ուրախ եղէ՛ք յոյսին մէջ, համբերող՝ նեղութեան մէջ» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։

Ան կ՚արտայայտուի եւ կը սնանի աղօթքին մէջ, մասնաւորապէս, «Հայր մեր»ին մէջ, որ համառօտութիւնն է ամէն բանի՝ որ յոյսը մեզի բաղձալի կը դարձնէ։ Մենք, ուրեմն, կրնանք յուսալ երկինքի փառքը՝ որ Աստուծմէ խոստացուած է անոնց, որոնք կը սիրեն զԻնք եւ կը կատարեն Իր կամքը։ Եւ այս իմաստով, յոյսը՝ ակնկալութիւնն է Աստուծոյ կամքին։

Բոլոր պարագաներուն մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի յուսալ, Աստուծոյ շնորհքով, յարատեւել մինչեւ վերջ եւ ընդունիլ երկինքի ուրախութիւնը, իբրեւ յաւիտենական վարձատրութիւնը Աստուծոյ այն բարի գործերուն համար, որոնք կատարուած են Քրիստոսի շնորհքով։ Յոյսին մէջ՝ Եկեղեցին կ՚աղօթէ որ «բոլոր մարդիկը փրկը-ւին» (Ա ՏԻՄ. Բ 4)։

Արդարեւ ան կը բաղձայ երկինքի փառքին մէջ միանալ Քրիստոսի՝ իր Փեսային։

«Յուսա՛, միշտ յուսա. ամէն ինչ շուտով կ՚անցնի, նոյնիսկ եթէ անհամբերութիւնը տարակուսելի կ՚ընէ եւ երկար ժամանակը՝ շատ կարճ…», ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Թերեզա Աւիլացի։

Յոյսով ապրիլ՝ կեանքին իմա՛ստ կու տայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 16, 2019, Իսթանպուլ    

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019