ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐ

Սուրբ Սարգիս ծնած էր քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, Կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառին մէջ։ Ան եղած էր զինուորական եւ Կոստանդիանոս կայսրի շրջանին՝ անոր թագաւորութեան միջոցին հասած էր մինչեւ ստարատեգութեան, այսինքն՝ զօրապետութեան, զօրավարի աստիճանին։ Երբ Կոստանդիանոս կայսրին յաջորդեց Յուլիանոս Ուրացող կայսրը, եւ երբ Սարգիսը տեսաւ, որ Քրիստոսը կ՚ուրացուէր կայսրի կողմէ, եւ այդ պատճառով անուանուած էր «Ուրացող», իսկ աշխարհիկ բարքերը դարձեալ թափանցած են բանակին եւ ժողովուրդին մէջ, հեռացաւ Բիւզանդիոնէն, եկաւ Հայաստան՝ Տիրան թագաւորի մօտ։ Իսկ երբ տեսաւ, որ իր ներկայութեան պատճառով Տիրան եւս ինքն իրեն վստահ եւ ապահով, ուժեղ չի զգար բիւզանդացիներու դիմաց, Հայաստանէն ալ հեռացաւ եւ գնաց Պարսկաստան՝ ծառայելու պարսիկներու Շապուհ արքային։

Ինչպէս յայտնի է, այդ ժամանակ երկու կարեւոր ուժեր կային. Արեւմուտքի մէջ Բիւզանդական կայսրութիւնը, Արեւելքի մէջ՝ Պարսկական կայսրութիւնը։ Անոնք յաճախ իրարու դէմ պատերազմներ կը մղէին, որպէսզի կարենան հողային տարածութիւններ գրաւել եւ իրենց իշխանութեան տակ առնել իրարմէ եւ կամ ուրիշ երկիրներ իրենց հպատակեցնել։

Շապուհ արքան իմացաւ, որ Սարգիսը իր զինուորները քրիստոնէական ոգիով կը դաստիարակէ։ Ան պաշտօնապէս իր մօտ հրաւիրենց Սարգիսը, որպէսզի մեհեաններու մէջ զոհեր մատուցանէ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի հետ։ Սարգիսը չհնազանդեցաւ անոր հրամանին, եւ այն ատեն զայրացած արքան սպաննել տուաւ Սարգիսի որդին Մարտիրոսը եւ նաեւ՝ Սարգիսը։ Իսկ Սարգիսի տասնչորս զինուորները, որոնք գիշերով անոր մարմինը ուզեցին տանիլ առանձին տեղ մը եւ հոն թաղել, եւս մահուան դատապարտուեցան եւ սպաննուեցան։

Ըստ աւանդութեան, Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ անոր մարմինը աւելի վերջ տեղափոխած է Արագածի շրջանի Կարբիի մօտ գտնուող Ուշի գիւղը։ Մինչեւ այսօր ալ Ուշիի մէջ կը գտնուի Սուրբ Սարգիս զօրավարի ուխտատեղին, եւ կ՚ենթադրուի, որ հոն կը գտնուին նաեւ անոր մասունքները։

Ահաւասիկ, սուրբի մը կեանքի պատմութիւնը, որ կը յիշուի մինչեւ այսօր եւ կ՚ապ-րըւի, կը տօնուի իր յիշատակը։

Այն երիտասարդները, որոնք կը մօտենան ամուսնութեան տարիքին, կամ արդէն թեւակոխած են այդ տարիքը, տարուայ այս օրը աղի հաց ուտելով՝ գիշերը իրենց երազին մէջ կը սպասեն երիտասարդի մը գալուն՝ Սարգիս զօրավարի կերպարանքով, անոր որդիին՝ Մարտիրոսի կերպարանքով, որպէսզի իրենց ծարաւը յագեցնելու համար գաւաթ մը ջուր տան։ Այդպիսով անոնք կ՚ենթադրեն, որ այդ տարուոյ մէջ իրենք պիտի կարենան երջանիկ ամուսնութիւն կնքել կամ որեւէ կերպով երջանկանալ։ Նաեւ աղջիկներ իրենց անկողնին մօտ ափսէ մը ալիւր կը դնէին, եթէ Սուրբ Սարգիսը գիշերը իրենց այցելէր, անոր ձիու պայտը նշան կը դնէր այդ ալիւրին վրայ, եւ այդպիսով անոնք կը հաւատային, որ իրենց համար նոր կեանք, նոր բախտ կը սկսի։

Այս բոլորը անշուշտ աւանդութիւն է. կրօնական որեւէ բնոյթ չունին, բայց եթէ երիտասարդներ կը հաւատան տակաւին, թող այդ հաւատքով ալ եկեղեցի յաճախեն, որպէսզի իրենց մէջ հաւատքը կենդանանայ, ձեւաւորուի, ուժեղանայ եւ դառնայ իրենց համար Եկեղեցւոյ ծառայելու ամբողջական կերպ եւ միջոց։

Սուրբ Սարգիսի կեանքի հիմնական իմաստը անոր նուիրուածութիւնն էր. նպատակասլացութիւնը, այն՝ որ ան չուրացաւ Քրիստոսին քաղաքական վայրիվերումներու ժամանակ եւ ինքզինք զոհեց Քրիստոսի համար, հաւատքի համար եւ համոզման համար։ Սարգիս կը նշանակէ՝ ծիածան, ծիրանի գօտի, աղեղ։

Մեր կեանքին մէջ, մանաւանդ երիտասարդներու կեանքին մէջ, հաւատքը պէ՛տք է ուժեղանայ, ամրապնդուի աշխատասիրութեան հետ միասին։ Անոնք առանց նպատակի պէտք չէ ապրին, պէտք է հասունութեան տարիքէն յետոյ անպայման նուիրուին գաղափարի մը, հեռանկար մը ունենան իրենց կեանքին մէջ, իտէալ մը պէտք է մղէ զիրենք դէպի կատարելութիւն, որը պէտք է աշխատին եւ այդ ուղղութեամբ ալ բոլորանուէր կերպով գործեն, որպէսզի յարատեւ եւ անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ կարենան հասնիլ իրենց իտէալին, իրենց նպատակին։

Արդարեւ, կեանքի մէջ այն մարդը կը հասնի յաջողութեան, որ յարատեւօրէն կ՚աշխատի. իսկ անոնք, որոնք թոյլ են, տատանուող, անվստահ, անոնք անպայման կեանքի ընթացքին կը շփոթուին, կը շեղին իրենց ուղիէն եւ դասալիք կ՚ըլլան կեանքի պայքարին մէջ։

Պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ դէպքերու՝ թէ ինչպէս մարդիկ իրենց սրբազան նպատակներու համար իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած եւ նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհած են այդ սրբազան նպատակներուն իրականացման ճանապարհին։ Այսպէս էին բոլոր այն «մեծ» մարդիկ, որոնք իրենց առջեւ վսեմ եւ բարձր նպատակներ էին դրած եւ այդ նպատակներուն կը ծառայէին։

Այսօր եւս անհրաժեշտ է, որ վսեմ նպատակներու ծառայող այդպիսի սրբազան անձեր գտնուին, գոյութիւն ունենան։ Ուստի, ձգտումը պէտք է ըլլայ մարդկութեան առաջդիմութեանը եւ բարօրութեանը սատարել։

Թող Սուրբ Սարգիսի շնորհները մեր մէջ կեանքի վերածուին, անոր նուիրումը, անոր քրիստոսասիրութիւնը մեզի համար ըլլան վարակիչ օրինակ, եւ մեր կեանքի դառն, երբեմն ալ քաղցր օրերուն ան մեզի համար հանդիսանայ առաջնորդ եւ պահպանիչ։

Շնորհաւոր ըլլայ Սուրբ Սարգիսի տօնը բոլորիս եւ շնորհաւոր ըլլայ մանաւա՛նդ անոնց՝ որ Սարգիս անունը կը կրեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 26, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021