ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ազատութիւնը մարդս կ՚ընէ «բարոյական անձ»։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ եւ քմայական կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, տէրն է իր արարքներուն։ Մարդկային արարքները՝ որոնք ազատօրէն ընտրուած են «ազատ կամք»ով յետ խղճի ազատութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։
Այս իմաստով, բարոյականը չափանիշն է մարդուն արարքներուն, որոնք «բարի» են կամ «չար»։
Մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը կախում ունի հետեւեալ կացութիւններէն.
ա) Ընտրուած առարկայէն,
բ) Հետապնդուած նպատակէն կամ դիտաւորութենէն,
գ) Գործելու պարագաներէն։
Մարդկային արարքներուն բարոյականութեան առարկան, դիտաւորութիւնը, կացութիւնը եւ պարագաները կը հանդիսանան անոր «աղբիւր»ները կամ բաղադրիչ տարրերը։
Ընտրուած առարկան լաւութիւն մըն է, որուն ազատօրէն կը ձգտի կամքը։ Արդարեւ, ան ատաղձն է մարդկային արարքի մը։ Ընտրուած առարկան բարոյապէս կը բնորոշէ կամենալու արարքը՝ որքանով որ իմացականութիւնը «Ճշմարիտ Բարի»ին հետ զայն համապատասխան կը ճանչնայ եւ կը դատէ։
Բարոյականութիւնը ունի առարկայական կանոններ, ուստի այս առարկայական կանոնները կը բացայայտեն բարիին եւ չարին իմացական կարգը՝ խղճմտանքին վկայութեամբ։
Առարկային դիմաց «դիտաւորութիւն»ը կը կանգնի գործող ենթակային կողքին։ Դիտաւորութիւնը, քանի կապուած է գործին կամաւոր աղբիւրին եւ կը յատկանշէ զայն իր վախճանով, էական տարրն է «գործին բարոյական որակաւորում»ին։ Վախճանը՝ առաջին նպատակակէտն է դիտաւորութեան եւ ցոյց կու տայ գործին հետապնդած նպատակը։
Դիտաւորութիւնը «շարժում» մըն է կամքին դէպի վախճանը. ան կը հայի գործելու վախճանին։ Ան հայեցակէտն է նախաձեռնուած գործէն սպասուած բարիքին։ Ան չի սահմանափակուիր մեր անհատ գործերուն ուղղութեամբ, այլ ան կարող է բազմազան գործեր դասաւորել դէպի միեւնոյն նպատակը. ան կարող է ուղղել ամբողջ կեանքը դէպի վերջնագոյն վախճանը։ Զոր օրինակ՝ մատուցուած ծառայութեան մը գոյութիւնը իբրեւ վախճան ունի օգնել մերձաւորին, սակայն միեւնոյն ժամանակ ան կարող է ներշնչուիլ Աստուծոյ սէրէն իբր վերջնագոյն նպատակ մը մեր բոլոր գործերուն։ Նոյն արարքը կրնայ ներշնչուիլ բազմաթիւ դիտաւորութիւններէ, ինչպէս որ ծառայութիւն մը կրնանք մատուցանել՝ շնորհք մը ընդունելու համար եւ կամ անկէ սնապարծութիւն քաղելու համար։
Բարի դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ՝ մերձաւորին օգնելը, ո՛չ բարի, ո՛չ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը, որ յինքեան անբարեկարգ է. ինչպէս՝ սուտը եւ չարախօսութիւնը։
Վախճանը չ՚արդարացներ միջոցները…
Այսպէս՝ արդարանալի եւ իրաւացի չէ՛ անմեղի մը դատապարտութիւնը իբրեւ ժողովուրդը փրկելու օրինաւոր միջոց։ Ընդհակառակը, աւելցուած յոռի դիտաւորութիւն մը, զոր օրինակ՝ սնապարծութիւնը, յոռի կը դարձնէ արարք մը, որ ինքնին կրնայ «բարի» ըլլալ, ինչպէս՝ ողորմութիւնը. (ՄԱՏԹ. Զ 2-4)։
Պարագաները, ներառեալ անոնց հետեւանքները, երկրորդական տարրերն են բարոյական արարքի մը։ Անոնք կը սատարեն սաստկացնելու կամ նուազեցնելու բարոյական լաւութիւնը կամ գէշութիւնը մարդկային արարքներուն, զոր օրինակ՝ գողութեան մը քանակութիւնը։ Անոնք կրնան նաեւ թեթեւցնել կամ աճեցնել գործողին պատասխանատուութիւնը, ինչպէս՝ մահուան վախով շարժիլը։ Ըստ ինքեան պարագաները չեն կրնար փոփոխել արարքներուն բարոյական որակը, չեն կրնար ո՛չ բարի, ո՛չ ալ արդար եւ իրաւացի դարձնել գործ մը, որ ինքնին գէշ է։
Բարոյական բարին, այսինքն՝ «բարոյապէս բարի» արարքը կ՚ենթադրէ միանգամայն առարկային լաւութիւնը. լաւութիւնը՝ նպատակին եւ պարագաներուն։
Ընտանիքին առարկան կրնայ ինքնին ապականել գործին ամբողջութիւնը։
Ուրեմն սխա՛լ է մարդկային արարքներուն բարոյականութիւնը դատել՝ նկատի առնելով միա՛յն զիրենք ներշնչող դիտաւորութիւնը կամ պարագաները, որոնք անոր շրջանակը կը կազմեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024