ՄԱՀԱՑՈՒ ԵՒ ՆԵՐԵԼԻ ՄԵՂՔ
«Աստուած որ ստեղծեց քեզ առանց քեզի, չուզե՛ց փրկել քեզ առանց քեզի», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։
Աւետարանը, մեղաւորներուն հանդէպ Աստուծոյ ողորմութեան յայտնութիւնն է Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։ Արդարեւ, անոր ողոմածութեան ընդունելութիւնն է որ մեզմէ կը պահանջէ մեր յանցանքներուն խոստովանութիւնը։
Ուստի կ՚արժէ հասկնալ, թէ ի՞նչ է մեղքը։
Մեղքը, ընդհանուր առումով, յանցանք մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ խղճմտանքին, թերացում մըն է ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրոյն դէմ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ, կարգ մը բարիքներու թիւր փարումի մը հետեւանքով։ Մեղքը կը վիրաւորէ մարդուն բնութիւնը եւ վնաս կը հասցնէ մարդկային ընկերութեան։
Մեղքը կը վշտացնէ զԱստուած, կը վիրաւորէ Անոր սէրը եւ գութը մեղաւորին «խօսքին, արարքին կա՛մ կատարուած կամ չկատարուած բաղձանքին պատճառով, որոնք հակառա՛կ են յաւիտենական Օրէնքին», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Այո՛, մեղքը վիրաւորանք մըն է Աստուծոյ հանդէպ։ Մեղքը դէ՛մ կը կանգնի Աստուծոյ սիրոյն մեզի հանդէպ եւ Անկէ կը շեղեցնէ մեր սրտերը։ Առաջին մեղքին պէս, ան «անհնազանդութի՛ւն» մըն է՝ ըմբոստութիւն մը ընդդէմ Աստուծոյ. ուզելով դառնալ «Աստուծոյ պէս», ճանչնալով եւ բնորոշելով բարին եւ չարը։ Այս իմաստով, մեղքը «սէր մըն է անձին, որ կը դառնայ արհամարհանք Աստուծոյ», ինչպէս կ՚ըսէ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս։ Այս ամբարտաւան, յանդուգն պանծացումովն անձին, մեղքը անմիջականօրէն կը հակադրուի փրկութիւնը կատարող Յիսուսի հնազանդութեան։
Մեղքերը բազմատեսակ են։ Աստուածաշունչը այս մասին կու տայ բազմաթիւ ցանկեր։ Կարելի է զանազանել մեղքերը՝ կա՛մ ըստ անոնց առարկային, ինչպէս մարդկային ամէն արարքի համար, կա՛մ ըստ առաքինութիւններուն, որոնց անոնք կը հակադրուին չափազանցութեամբ եւ կամ թերացումով, կա՛մ ալ ըստ պատուիրաններուն, որոնց կը հակադրուին։
Կարելի է նաեւ զանոնք դասաւորել ըստ անոնց վերաբերումին Աստուծոյ, մերձաւորին եւ կամ մեզի հետ։
Կարելի է բաժնել զանոնք «հոգեւոր» եւ «մարմնաւոր» մեղքերու եւ կամ մտքով, խօսքով, գործով կամ զանցառութեամբ գործուած եւ կամ անտարբերութեան արդիւնք մեղքերու։ Եւ բոլոր այս զանազանութիւնները ցոյց կու տան, թէ՝ մեղքին արմատը՝ մարդուն սրտին մէջն է, այսինքն անոր ազատ կամքին մէջ, ըստ Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան. «Արդարեւ սրտէն կը ծնին չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, անառակութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ, հայհոյանքներ։ Անոնք են որ կը պղծեն մարդը» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 19-20)։
Սրտին մէջ կը գտնուի նաեւ սէրը, սկիզբ՝ բարի եւ մաքուր գործերու, որ մեղքը կը վիրաւորէ։ Ուստի մեղքը կը վիրաւորէ նաեւ՝ սէրը, եւ ուրեմն սի՛րտը։
Մեղքերը, կարելի է գնահատել իրենց ծանրութեան համեմատ։ «Մահացու մեղք»ին եւ «ներելի մեղք»ին միջեւ զանազանութիւնը, որ արդէն կը նշմարուի Աստուածաշունչին մէջ, ինքզինք կը պարտադրէ Եկեղեցւոյ աւանդութեան վրայ։ Մարդոց փորձառութիւնն ալ կը հաստատէ այս իրողութիւնը։ «Մահացու մեղք»ը կը կործանէ սէրը մարդուն սրտին մէջ՝ ծանր զանցառութեամբ եւ անտարբերութեամբ Աստուծոյ Օրէնքին։ Ան կը հեռացնէ մարդը Աստուծմէ. անոր վերջնագոյն վախճանէն եւ երջանկութենէն՝ ստորադաս բարիք մը նախընտրելով Անոր։ Իսկ «ներելի մեղք»ը կը թողու որ սէրը դեռ մնա՛յ, եթէ նոյնիսկ վշտացնէ եւ վիրաւորէ զայն։
Մահացու մեղքը, մեր մէջ հարուածելով «կենսական սկզբունք»ը որ սէ՛րն է, անհրաժեշտ կը դարձնէ Աստուծոյ ողորմածութեան կողմէ նոր նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս նաեւ մարդու սրտին դարձը, ինչ որ բնականոն կերպով կը կատարուի «հաշտութեան սուրբ խորհուրդ»ին ծիրէն ներս։ Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Երբ կամքը կը տարուի բանէ մը, որ հակառակ է սիրոյն, որուն միջոցով մարդը կ՚առաջնորդուի դէպի իր վերջնագոյն վախճանը, մեղքը իր առարկայով իսկ բաւարար պատճառ կ՚ունենայ մահացու նկատուելու. ըլլա՛յ որովհետեւ դէմ է Աստուծոյ սիրոյն, ինչպէս հայհոյութիւնը, երդմնազանցութիւնը, եւ այլն, ըլլա՛յ դէմ է մերձաւորին սիրոյն, ինչպէս մարդասպանութիւնը, շնութիւնը, եւ այլն։ Իսկ երբ ընդհակառակն, մեղաւորին կամքը երբեմն կը տարուի դէպի բան մը, որ իր մէջ կը բովանդակէ անկարգութիւն մը, որ սակայն դէմ չէ՛ Աստուծոյ սիրոյն եւ մերձաւորին սիրոյն նաեւ, ինչպէս դատարկաբանութիւնը, աւելորդ ծիծաղը, եւ այլն, այսպիսի մեղքերը ներելի կը նկատուին»։
Ուստի, որպէսզի մեղք մը «մահացու» ըլլայ, միատեղ պահանջուած են երեք պայմաններ. մահացու է ամէն մեղք, որ իբր առարկայ ունի ծանր նիւթ մը՝ որ գործուած է բոլորովին գիտակցութեամբ եւ դիտումնաւոր կերպով։
«Ծանր նիւթ»ը նշանակուած է տասը պատուիրաններով, ըստ Յիսուսի, հարուստ երիտասարդին տուած պատասխանին. «Մի՛ սպաններ, մի՛ շնար, մի՛ գողնար, սուտ մի՛ վկայեր, մարդու վնաս մի՛ հասցներ, պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ» (ՄԱՐԿ. Ժ 19)։ Մեղքերու ծանրութիւնը իրարու համեմատած՝ աւելի կ՚ըլլայ կամ նուազ, զոր օրինակ, սպանութիւն մը աւելի՛ ծանր է քան գողութիւն մը։ Վնաս կրած անձերուն հանգամանքն ալ նկատի առնելու է։ Օրինակի համար, ծնողներու դէմ գործուած բռնութիւնը ըստ ինքեան աւելի՛ ծանրակշիռ է քան օտարին դէմ գործուածը։
Մահացու մեղքը կը պահանջէ ամբողջական գիտակցութիւն եւ կատարեալ հաւանութիւն։ Ան կ՚ենթադրէ արարքին մեղանչական հանգամանքին ճանաչումը՝ անոր հակառակութիւնը Աստուծոյ Օրէնքին, այսինքն Աստուծոյ կամքին։ Ան կ՚ենթադրէ նաեւ ըստ բաւականի ինքնակամ հաւանութիւնը, որպէսզի դառնայ «անձնական ընտրանք» մը՝ ազատ կամքով։
Կեղծուած կամ ծածկուած անգիտութիւնը եւ խստասրտութիւնը չեն նուազեցներ գործուած մեղքին կամաւոր հանգամանքը, այլ մանաւանդ կ՚աւելցնեն զայն։
«Ակամայ անգիտութիւն»ը կրնայ նուազեցնալ կամ չքմեղել՝ ծանր յանցանքի մը վերագրումը։
Ո՛չ ոք սակայն կ՚անթարկուի ակամայ անգիտութեան վիճակի, երբ ունի պատասխանատութեան գիտակցութիւն։ Եւ դարձեալ, մէկը չ՚ենթադրուիր անգիտանալ բարոյական օրէնքին սկզբունքները՝ որոնք արձանագրուած են ամէն մարդու խղճմտանքին մէջ։
Մղումները, զգայնականութեան դրդումները, կիրքերը կրնան նմանապէս նուազեցնել յանցանքին կամովին եւ ազատ հանգամանքը, նոյն կերպով նաեւ արտաքին ճնշումները կամ ախտաբանական խանգարումները, հիւանդագին վիճակները։
Չարութեամբ եւ չարին ինքնակամ ընտրանքով գործուած մեղքը՝ ծանրագոյն մեղքն է։
Մահացու մեղքը մարդկային ազատութեան արմատական կարելիութիւն մըն է, ինչպէս նոյնինքն սէրը։ Ան իր հետ կը բերէ սիրոյն կորուստը եւ սրբարար շնորհքին զրկումը։
Մարդ թէեւ կարո՛ղ է դատել, թէ արարք մը յինքեան «ծանր յանցանք» մըն է, սակայն պարտաւոր է եւ պատասխանատո՛ւ՝ անձերու դատաստանը յանձնել Աստուծոյ արդարութեան ե՛ւ ողորմածութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 25, 2017, Իսթանպուլ