«ԷՉՉԷ ՀՈՄՕ»՝ ԱՀԱ՛ ՄԱՐԴԸ

«Ահա՛ մարդը» կամ «Էչչէ Հոմօ» մեզ կ՚առաջնորդէ խորհելու՝ մարդ էակին վրայ, խորհրդածելու այդ միշտ «անծանօ՛թ»ին մասին։ Կան խօսքեր, որ ընդհանրապէս նոյնացած են անձի մը հետ, երբ լսուի այդ խօսքը, մարդ կը մտաբերէ մէկը՝ որ խօսած է կեանքի վրայ հանգամանօրէն, աւելի, ըսենք՝ «լակոնական ոճ»ով՝ բառով մը կամ երկու բառով, շա՜տ բանի վրայ իմաստալից խօսելով…։

Ահաւասի՛կ, երբ կը յիշենք «Էչչէ Հոմօ» խօսքը, նախ կը մտաբերենք Յիսուս Քրիստոսը, իր ամբողջ առաքելութիւնը եւ վարդապետութիւնը։ Յետոյ կը յիշենք Ֆ. Նիչէն։ Աւելի վերջ՝ Տքթ. Ալեքսիս Գառէլը՝ իր «Մարդը սա անծանօթը» լայնածաւալ եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեամբ։

Ի վերջոյ կը մտաբերենք մեր սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերը՝ իր «Ա՜հա մարդը» «Էչչէ Հոմօ» իմաստալից եւ ուսուցանող յօդուածով։

Ամէն մէկը կ՚ուսումնասիրեն, կ՚ըմբռնեն եւ կը բացատրեն «մարդ»ը՝ մարդէն շա՜տ հեռու, նո՛յնքան մօտ, եւ մարդուն մէջ, այդ յայտնի բայց անծանօթ, անօրինակ՝ ինքն իր մէջ արարածը, որ շատ բանի ծանօթ կը կարծէ ինքզինք բայց միշտ անծանօթ կը մնայ ինքն իրեն։ Եւ իրապէ՛ս, մարդ շատ ծանօթ է իր շուրջիններուն, բայց օտար՝ ինքն իրեն։ Ան կը ճանչնայ ուրիշները, բայց անծանօթ կը մնայ իր իսկ էութեան։ Եւ ահա ա՛յս պատճառով՝ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ «Ահա՛ մարդը» խօսքը՝ որ գրեթէ ամբողջ կեանքի խտացո՛ւմն է։

Եւ հիմա, կ՚արժէ տեսնել, թէ այս մասին ի՞նչ կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր։ Յօդուածը կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ մի՛շտ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։

«Ահ՛ա Մարդը»

«Էչչէ Հոմօ»

«Երբ կը քալենք Աւագ Շաբթուան լուսաձիր ուղիներուն վրայ, կ՚ոգեշնչուինք իմաստասիրական եւ բանաստեղծական խոհերով ու թրթռումներով։

«Իր առաքելութեան եւ տնօրինական կեանքի վերջին ափերուն, առանձի՛ն էր Մեծ Առաքեալը։

«Առանձին է Գեթսեմանիի Իր խռովքին մէջ, ապա՛ երբ կը մատնուի ու կը յանձնուի թշնամիներու ձեռքը։ Առանձի՛ն է դատավարական նենգ արարներու եւ սադրանքներու դիմաց, ձաղկանքի ու չարչարանքի ատեն, երբ կը քալէ դէպի Գողգոթա եւ հուսկ ապա, երբ կը գամուի «անարգութեան սիւն»ին, այդ խաւարչուտ սարին վրայ։

«Զինք մինա՜կ էին թողեր Իր աշակերտները։ Նա կանխասեր էր արդէն.- պիտի գայ ժամանակ եւ եկած է արդէն, երբ պիտի ցրուիք մէկ-մէկ, տարբեր տեղեր եւ զիս մինա՛կ պիտի թողուք։

«Ու որբ թողեր էին զԱյն…։ Մինչդեռ Վերնատան Իր հուսկ բանքին՝ Սիրոյ Կտակին մէջ Նա յայտներ էր այնքան խանդագորով.- Ես որբ պիտի չթողում զձեզ, քիչ ժամանակ ետք կրկին պիտի գամ ձեր մօտ։

«Աստուած-Մարդը մատնուեր էր մարդու ձեռքով, մարդոց ձեռքը։

«Միշտ պիտի գտնուին բանսարկուներ, զրպարտիչներ ու մատնիչներ, որոնք պիտի ժպրհին արատաւորել բաց ու բարձր ճակատներ։ Այդ քսու եւ վատ -գոյութիւն-ները պիտի երթան փշրուիլ ի վերջոյ ժայռերու վրայ ու անհետ կորսուիլ խաւարակուռ անդունդներու խորը։ Ծանրագոյն դատապարտութիւնը ուղղած է նաե՛ւ անոնց։ -Վա՛յ անոնց, լա՛ւ էր որ անոնք ծնած չըլլային։

«Ահա՛ մարդը…։ Այսպէ՛ս ներկայացուցեր էր Պիղատոս տանջահար Յիսուսը, խաժամուժ բազմութեան, Մեծ Զոհը՝ հեգնանքի, լուտանքի, նախատինքի, գանակոծման, թքարձակման ենթարկուած…։ Նա պատկե՛րն էր ցաւի եւ հալածանքի։

«Զո՛ւր էր սակայն շարժել գութը մոլեգնած, -խելագարած ամբոխ-ին։

«Խա՛չ հանէ, խա՛չ հանէ. ատիկա ջնջէ՛, հեռացո՛ւր մեծ մէջէն…։

«Կը նախընտրուի հասարակ չարագործը, կ՚արձակուի եղեռնագործը։ Կը հալածուի անմեղը, բարեբաշխը։

«Բարաբբա՛ն արձակէ…։

«Խե՜ղճ մարդկութիւն… որ չի՛ գիտեր այսօ՛ր ալ ուղիղ կիրարկել նախընտրանքի ազնիւ շարժութիւնը։

«Ահա՛ մարդը…։ Կեսարի ներկայացուցչին այս մատուցումը, յայտնի է թէ տարբե՛ր իմաստ է զգեցեր այսօր։ Այդ երկու բառը կը յայտնանշեն առաքինի, ճշմարիտ մարդը, զոր լապտեր ի ձեռին փնտռեր էր օր ցերեկով հելլէն փիլիսոփան, քսանեւհինգ դարեր առաջ։ Կարելի՞ է միթէ դիւրաւ սահմանել այս կոչումը՝ մարդոց այսօր, անվրէպ ընտրողութեամբ։

«Ժամն հասեր էր մահուան բաժին դառնալու։ Սա այնպէ՛ս էր յայտագրուեր, որպէսզի նա անմահութիւնը բաժին դարձնէր մահկանացուներուն։

«Մեծ Խաչակիրն էր, որ կորաքամակ, հեւալով, հոգին դուրս եկած՝ վերցուցեր էր, կրեր էր խաչը, առա՛նց գիտնալու թէ մինչեւ ո՞ւր…։ Ու խաչի ճանապարհը կը յանգէր մինչեւ սարը Գողգոթայի, մռայլ գետինը՝ պատմութեան ամէնէն մեծ ողբերգութեան։ Խաչն մինչեւ այն ժամանակ անարգութեան սիւնն էր, տեսակ մը կախաղան, որուն վրայ կը գամէին մահապարտները ձեռքերէն ու ոտքերէն եւ կը թողէին այդպէս մինչեւ մահ։

«Մեծ Զոհը կրեր, բարձրացուցեր էր զայն Գողգոթա, շրջափոխեր էր նաե՛ւ իմաստը անոր, մերկացնելով զայն նախկին ապաշը-նորհ նշանակութենէն։ Նուիրականացած՝ Խաչը եղած է վկայ Մեծ Զոհաբերումին։ Վսեմ է այս սրբազնացած վկայութիւնը։ Կ՚ըսենք.- Խա՛չ վկայ, Աստուա՛ծ վկայ ինքնեկ գաղափարակցութեամբ։

«Խաչին վրայ Նա կը մնայ հեզիկ եւ անտրտո՛ւնջ։ Ներող, համբերող ու հան-դուրժող Հոգին է։ Վերնատան Իր Վերջին Կտակի քաղցրախօսութիւններուն չափ պերճախօս է հիմա Իր լռութիւնը, ազնուական լռութիւնը, ինքնայօժար համակերպումը։ Կանխաձայնութեան մը մրմունջները կը թրթռան հեշտօրէն.- Անիկա պիտի չհակառակի, պիտի չաղաղակէ եւ ո՛չ ոք պիտի լսէ Անոր տրտունջը հրապարակի վրայ։

«- Հա՛յր, ներէ՛ ատոնց, որովհետեւ չե՛ն գիտեր, թէ ի՞նչ կ՚ընեն։

«Նախ, ներած է Ի՛նք ու կը խնդրէ նաե՛ւ բարձրագոյն ներումը անո՛նց համար, որոնք զԻնք տանջեր են մինչեւ մահաժամ, գամել տուեր՝ ամբո՛ղջ մրուրը բաժակի…։

«- Զի ո՛չ գիտեն զի՞նչ գործեն։ Ինչպէ՞ս կարելի է այլապէս՝ մեկնել դժբախտ ու ապերախտ ընթացքը այն թշուառականին, որ առա՛ջ էր անցեր ու ապտակ հարեր յատենի քահանայապետին՝ հրաշագործ Վարդապետին, զինք նախապէս անդամալուծութենէ բուժող բարերարին։ Ինչպէ՞ս կարելի է մեկնել տակաւին անխիղճ ու անզգամ վերաբերումները, խելացնոր արարքը խուժանին։

«Ճգնաժամուն առանձի՛ն է Յիսուս։ Ա՜յն որ Ոտնլուայի Խորհրդով զօրացուցեր էր աշակերտներու ոտքերը, հիմա չունէր տեղ ու միջոց ոտն Իր ամուր դնելու, կը մնար առկախ, բեւեռուած՝ խաչափայտին։

«Մայրն ու քանի մը բարեգութ կին կեցեր են խաչի ոտքին, յուսահատ ու արտասուալիր։ Բարձր է խաչը ու Որդին կարօտն ունի համբոյրին Իր մօր, որ վզովն է ընկեր խանդաղատանքով, Իր ցաւատանջ ու արնաքամ այդ պահերուն։

«- Ծարաւի եմ, կը ձայնէ Նա։ Կը տրուի լեղախառն քացախ։ Սա՝ ապերախտութեան, թանձրացեալ անգիտութեան եւ անզգայութեան լեղին է։ Կը տրուի Անոր. որ ծարա՛ւն ունի մարդկայնական սիրոյ, տենչն ունի համամարդկային սիրոյ նուիրագործման։

«- Նե՛րէ ատոնց, կ՚ըսէ ու կ՚աղօթէ անո՛նց համար, որ նիզակով կը խոցեն Իր կողերը։ Նա Գերագոյն Մեղսաքաւիչն է, Մեծ Պատարագը. Իր արիւնը այն մաքո՜ւր ջուրն է, որ կոչուեր է սրբել, ջնջել մարդոց մեղքերը։

«- Ամենա՜յն ինչ կատարեալ է։ Ո՞վ պիտի կարենար ձայնել այսպէս՝ իր կեանքի աւարտին…։

«Նա առաջին նահատակը կ՚ըլլար Իր աստ-ւածային կրօնին։

«- Հա՛յր, Քու ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս…։ Ու Աստուած կը հանգչէր… Աստուծոյ գրկին մէջ»։

Տքթ. Վարդ Շիկահեր

4 Ապրիլ 1996

***

Դարե՜ր ամբողջ իմաստասէրներ հար-ցուցեր են, գիտնալ ուզեր են, թէ՝ ի՞նչ է մարդը, ո՞վ է «մարդ» կոչուածը. երբ Յիսուսը ճանչնան, անվարան պիտի ըսեն.

«Ահա՛ Մարդը…»։ Մարդու տիպա՛րն է Աստուած - Մարդը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 22, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 30, 2018