ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
«Այսպէս կ՚երեւի, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ապրելու քաջութիւնը կը նուազի։ Գրեթէ ամէն երկրի մէջ ալ տաղանդաւոր անհատներու թիւը կը պակսի։ Այս երեւոյթը ահաբեկիչ նշանակութիւն մը ունի։ Անցելոյն հին քաղաքակրթութիւնները այս պատճառով է որ փշրուեցան։ Ջղային դիւրագրգռութիւն, մտային տկարութիւն, բարոյական ապականութիւն եւ խելագարութիւն աւելի վտանգաւոր են քաղաքակրթութեան ապագային համար, քան ծաղկախտը, ժանտատենդը եւ խլիրդը։ Այս վտանգներուն դարմանը պիտի ըլլայ բովանդակ աշխարհի մէջ հաստատել մարդուն միտքը եւ մարմինը խորապէս քննող եւ հասկցող ճշմարիտ գիտութիւնը՝ որ կարող ըլլայ ճանչնալու մարդը ֆիզիքապէս, մտաւորապէս եւ հոգեւորապէս»։
Այսպէս կ՚ըսէր Տքթ. Ալէքսիս Քէրրըլ (1873-1944, որ 1912-ին Նոպէլեան մրցանակ ստացած է. վիրահատ եւ բնախօս՝ գիտնական)։
Ֆիզիքական աշխարհը լեցուն է ճշմարտութիւններով, զորս ան կ՚արտայայտէ «ֆիզիքական օրէնք»ներով եւ այդ օրէնքներուն հնազանդելով է, որ մարդ կեա՛նք կը վայելէ։ Կարելի է, եթէ փափաքուի, «ըմբոստանալ» օրէնքի դէմ, սակայն կարելի չէ՛ զայն կոտրել, այլ ան մարդս կը կոտրէ։
Մարդուս անիմաստ ապստամբութեան պատճառով ֆիզիքական, բնական օրէնքները երբեք չեն վնասուիր, այլ մարդն է որ կը վնասուի։ Բնութիւնը, մարդս իր ստրուկը կ՚ընէ, երբ ան անոր դէմ անհնազանդութիւն գործէ։ Իսկ միւս կողմէն բնութիւնը ինքզինք մեր տրամադրութեան ներքեւ կը դնէ, մեզի սպասաւորութիւն կ՚ընէ, երբոր մենք կը հպատակինք։
Ուստի, բնական օրէնքներու գերիշխանութենէն ազատագրուելու միա՛կ կերպն է անոնց հպատակիլ։ «Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք եւ այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։
Այս ճշմարտութիւնը աւելի՛ եւս կը պարզուի, երբ նկատի կ՚առնենք «ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՕՐՆԷՔ»ները։ Մեր մարմինները որպէսզի իրենց առողջութիւնը, կենսունակութիւնը, ուժերը, նոյնիսկ գեղեցկութիւնը կարենան պահել, պէտք է կարգ մը օրէնքներու հնազանդինք, ապա թէ ոչ կը հիւանդանանք եւ կը մաշինք։
Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Յ. Հալաճեան, քաղաքակրթութիւնը, բարեկրթութիւնը, նաեւ աշխարհի խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը կը պահանջեն այս «հնազանդութիւն»ը։
Ուստի, ան որ առողջապահական օրէնքները չի ճանչնար, չի յարգեր, այլ անոնց դէմ անտարբեր կը գտնուի, կ՚ապստամբի, յանուն ազատութեան ուտելու, խմելու, զուարճանալու մէջ սանձ չի դներ իր ախորժակին, իր ապրելակերպին, կանոնաւոր քուն չի քնանար, իր մարմնոյն մաքրութեան հոգ չի տանիր, եւ ասոնց նման մեծ ու պզտիկ հազար ու մէկ տեսակ օրէնքներ եւ կանոններ կը կոտրէ, անշո՛ւշտ պիտի տուժէ, իր առողջութիւնը, նոյնիսկ իր կեանքը, վրայ պիտի տայ։
Առողջութիւնը օրհնութի՛ւն մըն է՝ զոր վայելելու միակ կերպն է առողջապահական օրէնքները ճանչնալ, զանոնք յարգել եւ անոնց հպատակիլ. այս տեսակէտէն նայելով օրէնքի հպատակիլ «գերութիւն» կամ «ստրուկութիւն» չէ, այլ ճշմարիտ ազատութիւն, քաղաքակիրթ եւ գիտակից մարդու կեցուա՛ծք, որովհետեւ այդ կերպով է որ մենք կրնանք ապահովել եւ վայելել մարմնական առողջութիւն եւ կեա՛նք…։
Ի՞նչ է «ազատութիւն» քաղաքական եւ ընկերային կեանքի մէջ։ Միթէ ան օրէնքէ, կանոններէ զերծ, կամ առանց օրէնքի ապրի՞լ է։
Ո՛չ երբեք։
Ամէն օրէնք, ե՛ւ առողջապահական օրէնքներ կ՚ապահովեն մարդուս իրական ազատութիւնը։ Քաղաքական ազատութիւնն ալ ո՛չ թէ օրէնքի գերիշխանութենէն, հպատակութենէն դուրս, այլ ընդհակառակը անոր ներքեւ ապրիլ է։
Ինչպէս որ բնութիւնը «քաոս»ի մը կը վերածուի երբ բնական օրէնքները կը վերցուին, եւ կամ ինչպէս որ մարմնոյն առողջութիւնը կը խանգարուի երբոր առողջապահական օրէնքները կ՚անտեսուին, նոյնպէս եւ քաղաքական աշխարհը քաոս մը, անբնակելի անապահով վայր մը կը դառնայ առանց օրէնքի, եւ կամ առանց օրէնքի հանդէպ պէտք եղած յարգանքի։ Անիշխանութիւն կը սկսի տիրել, երբ օրէնքը կը դադրի տիրելէ. իսկ անիշխանութիւնը ազատութիւն չէ՛, այլ ամենէն ահռելի ստրկութիւնն է։
Ո՞վ կրնայ պաշտպանել կամ արդարացնել այն անհատը, որ տուեալ օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ կը մեղանչէ։
Արդարեւ, օրէնքի անհնազանդութիւնը վտանգ կը ստեղծէ ոչ միայն անհնազանդ անհատին, այլ ամբողջ ընկերութեան։ Այդպիսին ինքզինք կ՚անպատուէ եւ կը ստորնացնէ։ Ինքնավար եւ քաղաքակիրթ ըլլալը կը պարտադրէ որ մարդ մը՝ անհատ մը աւելի՛ եւ ո՛չ թէ նուազ օրինապահ ըլլայ։ Տուեալ օրէնքը անարգել, անոր դէմ ապստամբիլ՝ ամբողջ ընկերութիւն մը վտանգի ենթարկել՝ ապահովութիւնը, խաղաղութիւնը, ազատութիւնը վտանգել, եւ փլուզումի մատնել կը նշանակէ։
Ներկայ ժամանակներու մեծ եւ աններելի մեղքը միթէ օրէնքի անհնազանդութիւնը չէ՞. օրինազանցութեան եւ ըմբոստութեան ոգի մը օրէնքի դէմ, ամէն օրէնքի դէմ,- բարոյական, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, եկեղեցական, ընտանեկան։
Օրէնքի անհնազանդութեան պատճառաւ է որ ամէնուրեք կը տիրէ բաղխում, ցնցում, տակնուվրայութիւն, անորոշութիւն, շուարում, անհասկացողութիւն, հիւանդութիւն, ընդհանուր առմամբ քաոսային վիճակ մը թէ՛ հաւաքական, թէ՛ անհատական ներքին եւ արտաքին աշխարհին մէջ։
Մեծ, համբաւաւոր, հարուստ, հպարտ ազգեր իսկ չեն վարանիր դիմադրելու օրէնքի անհնազանդութեան՝ ուխտադրուժ, անտարբեր անձերու արարքին։
Ուստի օրէնքի անհնազանդութեամբ ստեղծուած կացութիւնը իրօք շատ ցաւալի է։
Դարմանը ուրիշ տեղ կարելի չէ փնտռել եւ գտնել, բայց միա՛յն օրէնքի հանդէպ յարգանքը վերագտնելու եւ այդ օրէնքին անվերապահօրէն հնազանդելու ոգին վերստանալու մէջ։ Այս պարտականութիւնը կը ծանրանայ անխտիր բոլոր անհատներու վրայ։ Անոնք իրենց արժանապատուութեանը սիրոյն համար գէթ պէտք է յարգեն այն բոլոր օրէնքները, զորս դրուած են ո՛չ միայն իրենց համար անհատապէս, այլ ամբողջ ժողովուրդին գոյապահպանման, գոյատեւման եւ հասարակաց օգտին եւ անվտանգութեան համար։
Բարեկրթութիւնը, իրապէ՛ս կը պահանջէ հնազանդիլ, եւ յարգել տուեալ օրէնքները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 26, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024