ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆ

Առաքինութիւն, ինքնութիւն ու բարեկեցութիւն՝ մարդկային կեանքին անհրաժեշտ արժէքներն են՝ որոնք կը կատարելագործուին զգացական կեանքը չափաւոր ու նպատակայարմար գործածելով։

Կեանքի պայքարը ընթացք կը ստանայ՝ մարդկային մտածումներու, կիրքերու, արժէքներու համեմատ, որոնք երբ նպատակայարմար գործածուին իմաստութեամբ ապրելու պատճառ կը դառնան։ Այս ուղղութեամբ Արիստոտէլ «Նիքոմարգուսին բարոյականութիւնը» վերնագրով չափաւորութեան ստուգանիշը սապէս կը բացատրէ. «Ամէն մարդ կրնայ բարկանալ դիւրին ու բնական է, մարդկային է այս. սակայն շիտակ մարդու, չափաւոր, յարմար ժամանակի, շիտակ պատճառով, ուղիղ եւ համեմատաբար, պատճառին համապատասխան ձեւով բարկանալ՝ ահաւասիկ այս դիւրին գործ չէ»։

Զգացական իմացականութիւնը, արդարեւ կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդկային փոխյարաբերութիւններու բարեկարգ ու լաւագոյն կերպով յառաջացման նկատմամբ։

Արդարեւ, հարցը սա է. զգացումները ի՞նչպէս ներդաշնակել ու հաւասարակշռել բանականութեամբ, ուրիշ խօսքով՝ ի՞նչպէս կարելի է զգացումները չափաւորել մտքի կարողութեամբ։ Այս սա կը նշանակէ. կիրքերը չափաւորել բանականութեամբ։

Ա. Տէօ Սէն-Էքսիւփերի՝ իր «Փոքր իշխան» գործին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Մարդ ճշմարտութիւնը իր սրտով կը տեսնէ. եւ էականը մարմնաւոր աչքով անտեսանելի եղածն է»։

Մարդկային բնութիւնը զգացումներու զօրութենէն ու ազդեցութենէն անկախ կերպով ուսումնասիրել բոլորովին նեղմիտ մտադրութիւն մըն է։ «Մտածող տեսակ» անուանումը արգելք չէ՛, որ մարդկային յարաբերութիւններու ընթացքին զգացական տարրեր չեղեալ նկատուին։ Այո՛, մարդ բանական, մտածող էակ մըն է, եւ սակայն ան ունի զգացական էութիւն մը, որ մեծ մասամբ կ՚ազդէ ու կը տպաւորէ կեանքին ընթացքը։ Արդարեւ, ընդհանրապէս, կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ իրենց կենսական որոշումները կու տան ո՛չ թէ բանականութեամբ, այլ՝ զգացումներու ազդեցութեան տակ։ Իրա՛ւ է, որ մարդ մտքի, բանականութեան զօրութեամբ կը գործէ, եւ սակայն զգացումները աւելի եւս կ՚ազդեն մարդկային կեանքին ու փոխյարաբերութիւններուն վրայ։ Ինչպէս վերը յիշեցինք Էքսիւփերիի խօսքերը, շատ անգամ մարդիկ ճշմարտութեան կը հասնին, ճշմարտութիւնը կը տեսնեն սիրտով, այսինքն իրենց զգացումներով եւ յաճախ կը սխալին իրենց մարմնաւոր աչքերով տեսածներուն մասին։ Շատերու համար զգացումները լա՛ւ առաջնորդ մը կ՚ըլլայ։

Բայց, այս կէտին հարց մը կը ներկայանայ, թէ մարդ իր զգացումներուն ցոյց տուած ճամբէ՞ն թէ մտքին, այսինքն բանականութեան առաջնորդած ճամբէն կրնայ հասնիլ ճշմարտութեան։ Սիրտը՞, թէ միտքն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ ճշմարտութեան։

Սակայն, ինչպէս Արիստոտէլ կ՚ըսէ, հարցը բոլորովին «զգացական» եւ կամ բոլորովին «բանական» ըլլալու հարց չէ, այլ զգացումները եւ բանականութիւնը պատշաճ կերպով համադրելու, ներդաշնակելու եւ միացնելով անոնցմէ օգտակար արդիւնքներ քաղելու, արդիւնաւորելու հարց է։ Անշուշտ, որ միա՛յն զգացումներով շարժիլ եւ կամ միա՛յն բանականութեամբ գործել մարդս կ՚առաջնորդէ ճշմարտութեան։ Ուրեմն՝ կարեւորը զգացումը եւ միտքը լաւագոյն կերպով միացնելն է։

Զգացումով շարժելու լաւագոյն կերպն է՝ իր նմաններուն հետ յարաբերուիլ այնպէս՝ ի՛նչպէս կ՚ուզենք որ ուրիշներ յարաբերուին մեզի հետ։ Մէկ խօսքով՝ եթէ մեր շուրջիններէն բարութիւն, հասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն, ներողամտութիւն կ՚ուզենք, կը սպասենք, ուրեմն մե՛նք ալ պէ՛տք է հանդուրժողութիւն, երկայնամտութիւն, բարութիւն ու հասկացողութիւն ցոյց տանք մեր շուրջիններուն։

Ի՞նչպէս կարելի է գթասիրտ ըլլալ։

Անշուշտ «սէր»ը անհրաժեշտ տարր մըն է այս մասին։

Մարդիկ եթէ անկեղծ սէր ցոյց տան իրենց նմաններուն հանդէպ, եթէ սիրով լեցուն յարաբերութիւններ մշակեն, անոնց սիրտը կը լեցուի սիրով, գութով եւ երկայնամտութեամբ՝ այն ատեն, ահաւասիկ, ի յայտ կու գայ զգացողութեան անհրաժեշտութիւնը եւ բանականութեան նկատմամբ կարեւորութիւնը։

Զգացողութիւնը «հաւասարներու մէջ առաջին» դիրքը ունի բանականութեան նկատմամբ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 27, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021