ՇԱՀՆՈՒՐԻ «ՆԱՀԱՆՋ»Ը ՊՈՌՆԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՉԷ՛
Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը իր տեսակով եւ ոճով միւսներէն առանձնացող ու տարբերուող մուտք մը ունեցաւ հայ գրականութենէն ներս, որովհետեւ մինչեւ այդ ժամանակ գաւառի կեանքին, հայոց լեռներուն ու բարքին մասին գրող չոր ու տափակ սահմաններէն դուրս գալով եկաւ իր ժամանակակից երիտասարդութեան հայելին դառնալու: Շահնուր յանդգնութիւնը ունեցաւ գրելու այն՝ որ ուրիշներ ամօթ նկատեցին, վստահ ըլլալով, որ մեր այսօրը իր մէջ կը ներառէ նաե՛ւ ամօթները, որովհետեւ անոնց մասին չխօսիլը անոնց վիճակէն ո՛չ մէկ բան պիտի փոխէր:
Սկզբնական շրջանին գրականութիւնը դիտուեցաւ որպէս լեզուի դպրոց. այդտեղ բիւրեղացաւ եւ իր ներկայ վիճակին մէջ հասաւ աշխարհաբարը եւ այդ ժամանակ գրուող գրեթէ բոլոր գրութիւնները միտք ու նպատակ ունեցան լեզուի ուսուցողութիւնը. յետոյ եկաւ սերունդ մը, որ հաւատաց, որ ժողովուրդը կրթելու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ անոր սխալները սրբագրելու լաւագոյն միջոցը գրականութիւնն է եւ այսպիսով սկսան գրել բարոյական հարցերու, բարքի ու վարքի եւ մարդկային ապրելակերպի մասին, սակայն այս երկուքը իր մէջ ունենալով հանդերձ Շահնուր եկաւ երրորդ մը աւելցնել անոնց վրայ. վերացական երեւոյթներու, լեռնաշխարհի կամ բնութեան, վարքի ու բարքի մասին գրելու փոխարէն նախընտրեց գրել ներկայի մասին եւ այդ ներկան օտար ըլլալով՝ հայու մտայնութեան որպէս նոր ու տարբեր ընդունելութիւն ունեցաւ գրականութենէն ներս:
Ամբողջ իր կեանքը Պոլսոյ եւ հայկական գաւառական կեանքի մասին կարդացող ընթերցողը առաջին անգամ Շահնուրի մօտ տեսաւ եւրոպական կեանքն ու մտայնութիւնը, այդտեղ գաղթած մեր հայ երիտասարդներու մտայնութիւնը, մարտահրաւէրները, ցաւերն ու ապրումները եւ անոնց մէջ երբեք սահմաններ չդրաւ:
Մինչեւ այն ժամանակ ո՞վ համարձակած էր գրել եւրոպացի աղջիկներու ազատամտութեան դիմաց ամօթխածութեամբ հասակ առնող հայ երիտասարդ տղոց պայքարին մասին. ո՞վ կրցած էր նկարագրել Պոլսոյ «աւանդական» փողոցներէն Փարիզի պոռնկական փողոցները հասնող հայ երիտասարդին ապրումներուն, յոյզերուն, երազներուն եւ անկումներուն մասին: Մինչեւ Շահնուր «հայը հայո՛ւն հետ ընտանիք պիտի կազմէ»ի հոգեբանութիւնն էր, սակայն ո՞վ համարձակութիւն ունէր գրելու անոր հակառակ ու իրապաշտ կողմին մասին. Շահնուրի մօտ հայը կրնար սիրահարիլ օտարին, որովհետեւ ներկան ու իրականութիւնը այդ բոլորը իր մէջ կը ներառէր:
Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» աշխատութիւնը իրականութեան մէջ պէտք չէ «վէպ» նկատուի, որովհետեւ չեմ գիտեր ինչպէս, մեր իրականութենէն ներս վէպ ըսելով սկսած ենք հասկնալ երեւակայածին պատմութիւններ՝ որոնք ունին սկիզբ եւ ունին աւարտ. ունեցած ենք բազմաթիւ գրողներ, որոնք զբաղուած են վիպագրութեամբ՝ պարզապէս առօրեայ հացի համար, սակայն կը կարծեմ Շահնուրի նպատակը «վէպ» մը ստեղծել եւ կամ անոր միջոցով եկամուտ մը ապահովել չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ անոր մէջ կայ մտահոգութիւն, ցաւ, վերլուծութիւն, վիրաւորող ճշմարտութիւն եւ ամենէն կարեւորը՝ հասակ առնող նոր սերունդի մը աննշմար կորուստը:
Շահնուրի այս գործը արժանացաւ շատ մը քննադատութիւններու. օրինակ՝ Փարիզի «Ապագայ» թերթին շաբաթ, 16 նոյեմբեր 1929-ի թիւին երկրորդ էջին մէջ Պ. Զարոյեան կը գրէ. «պէտք է խոստովանիմ որ երբ հատորի ձեւին տակ իր հրապարակ գալէն առաջ այս գործը իբր թերթօն հրատարակուեցաւ, առաջին քանի մը թիւերու ընթերցումէն վերջ դադրեցայ շարունակելէ, որովհետեւ պոռնկերգութեան մը տպաւորութիւն կը թողուր անիկա»:
Սակայն այդ պոռնկագրութեան մէջ կար այլ երես մը՝ որ շատեր այդ մէկը տեսնել չուզեցին. սերտենք այդ «պոռնկերգութենէն» տեսարան մը.-
«...եւ երբ որ պատասխան չստացաւ, տարաւ իր ձեռքը ժաքէթին տակ, տղուն մերկ կուրծքին վրայ: Փիէռ անմիջապէս անշարժացուց զայն իր դաստակին ու այդպէս պահեց այնքան՝ որքան ուզեց: Յետոյ հարցուց իր կարգին «հապա դո՞ւն»: Նէնէթ խուսափումի շարժում մը ըրաւ, բայց անշարժացուց տղուն ձեռքը իր դաստակին եւ այնպէս պահեց զայն այնքան՝ որքան որ կրցաւ»: Կարելի է շարունակել եւ կարդալ անոնց համբոյրին ու յարաբերութեան մասին, սակայն խնդիրն ու հիմնական մտածել տուողը այդ սեռային կեանքը չէ: Այս սեռային պատկերին մէջ նոյնիսկ պէտք է մտածել հետեւեալին մասին.-
Ա.- Պոլիսէն Փարիզ գաղթած Պետրոսը ինչպէ՞ս յանկարծ Փիէռ դարձաւ:
Բ.- Ամբողջ կեանք մը ընտանեկան սրբութեան, բարոյականութեան մասին քարոզ լսած Պետրոսը Փիէռ դառնալով ինչպէ՞ս կրցաւ արդէն իսկ սիրահարիլ, յարաբերութեան մէջ մտնել անձի մը հետ՝ որ արդէն իսկ այլ սիրած մը ունի:
Գ.- Ինչո՞ւ համար Փիէռ իր ձեռքը աղջկան կուրծքին վրայ պահեց «այնքան՝ որքան ուզեց», մինչ Նէնէթը՝ կինը «այնքան՝ որքան որ կրցաւ»:
Այս հարցերուն մասին մտածելով պիտի տեսնենք, որ Շահնուր ո՛չ թէ պոռնկութեան գովերգութիւնն է որ կ՚ընէ, այլ կամաց կամաց դէպի կորուստի գացող հայ երիտասարդին ապրումներն ու վիճակն է, որ կը ներկայացնէ: Սեռային կեանքէն ու կիրքէն անդին հիմնական նիւթը Փիէռին ներաշխարհին մէջ եղած յեղաշրջումն է. անոր նախկին բարոյական սկզբունքներուն դէմ ունեցած անհնազանդութիւնն է:
Սեռական պատկերներու կողքին շատեր քննադատեցին Շահնուրը լեզուի անմաքրութեամբ, որովհետեւ Շահնուր վճիտ հայերէն մը չունէր եւ իր վէպին մէջ շա՜տ օտար բառերու եւ արտայայտութիւններու տեղ տուած է, սակայն այդ մէկը հասկնալի կը նկատենք այն բանով, որ Շահնուրին նպատակը սիրուն ու գեղեցիկ աշխատութիւն մը երեւան բերել չէր. այդ լեզուի աղաւաղութիւնը նոյնիսկ մաս կը կազմէր իրականութեան եւ Պետորսէն Փիէռ դարձած եւ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուող մեր հերոսը չէր կրնար Մեծարենցի նման հայերէն մը դուրս տալ. գաղթական երիտասարդին լեզուն ալ կը կորսուէր Փարիզի փողոցներուն մէջ՝ ինչպէս իր պատիւն ու հայութիւնը:
Պէտք է երեք տարին մէկ կարդալ Շահնուրի «Նահանջը», որովհետեւ կեանքի փորձառութեան լոյսին տակ կը փոխանցէ մի՛շտ նոր ու տարբեր խորհուրդ մը, որուն մասին լրջօրէն պէտք է մտածել:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -206-
Օր մը Պուրճ Համմուտի փողոցներէն մէկուն մէջ տեսայ երիտասարդ մը, որ մայթի մը անկիւնը նստած կը կարդայ Կարօ Փօլատեանի «Կրակէ շապիկ» աշխատութիւնը.- երեւոյթը խորթ էր. երիտասարդին տարիքակից բազմաթի՜ւ երիտասարդներ, ինչու չէ նաեւ մեծահասակներ ընդհանրապէս Կարօ Փօլատեան անունը նոյնիսկ կրնային լսած չըլլալ, սակայն ինք մեծ ախորժակով շուրջի քաոսային անցուդարձը անտեսելով կը շարունակէր կարդալ:
Այնպէս եղաւ, որ տարիներ ետք համագումարի մը ընթացքին ծանօթացանք. գիր-գրականութիւնը սիրող, մայրենին սխալ ձեւով գործածելէ խուսափող երիտասարդ մըն էր՝ քիչ մը ազգայնամոլ: Դուրսի աշխարհէն կտրուած վէպերով կ՚ապրէր ու առիթ բաց չէր ձգեր նոր վէպ մը կարդալու:
Դժբախտաբար օր մըն ալ դժբախտ արկածի մը զոհը դարձաւ եւ ի՜նչ «ճակատագիր», իր թաղման արարողութիւնը կատարեցի ես, դամբանականի նիւթ ունենալով «Կրակէ շապիկ»ը, որ իր պարագային իր մէջ այրող հայրենասիրութիւնն էր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ