ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կեան­քի հա­կա­սու­թիւն­նե­րը զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ի­րո­ղու­թիւն­ներ են։ Ար­դա­րեւ, ա­մէն նե­ղու­թիւն եւ տրտմու­թիւն մար­դուս մէջ կը վե­րա­ծուին խորհր­դա­ւոր ու­րա­խու­թեան մը՝ հե­ռա­պատ­կեր մը եւ մե­ծու­թիւն մը ստեղ­ծե­լով ա­նոր նե­րաշ­խար­հին մէջ։ Ուս­տի, յայտ­նի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է, թէ «բա­րի»ն կը կան­խէ «չա­րիք»ը եւ կը յաղ­թա­նա­կէ ի վեր­ջոյ։ Եւ այս գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող ա­մէն մարդ ներ­քին ու­րա­խու­թիւն մը, հա­ճոյք մը կը զգայ ցա­ւէն։

Չա­րը, ի­րա­կա­նին, ան­կա­տար, կազ­մա­ւո­րուե­լու եւ լիա­նա­լու ըն­թաց­քին մէջ բա­րի՛ն է։ Ու­րեմն, չա­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր է, ի վեր­ջոյ բա­րիի փո­խուե­լու դա­տա­պար­տուած է։ Սա­կայն այս մտա­ծու­մին հաշտ չէ՛ միտ­քը շատ ան­գամ։ Եր­կու ճշմար­տու­թիւն­ներ կան. նախ՝ բա­րին ու չա­րը կը ծնին ու կը կազ­մա­ւո­րուին մարդ­կա­յին կեան­քի նո՛յն պա­րա­գա­նե­րէն, ու­րեմն ու­րա­խու­թիւ­նը եւ վիշ­տը կը բխին նոյն պատ­ճառ­նե­րէն։ Երկ­րորդ՝ կա­րե­լի չէ չա­րը բա­րիի վե­րա­ծել իր հե­տե­ւանք­նե­րուն մէջ, այ­սինքն ցա­ւը վե­րա­ծել ու­րա­խու­թեան։ Սա­կայն վեհ հո­գի­ներ, ա­ռողջ միտ­քեր կրնան տխրու­թիւ­նը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը զի­րար ամ­բող­ջաց­նել տալ, եւ զա­նոնք հան­դի­սաց­նել որ­պէս զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ի­րո­ղու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ, Յի­սուս իր երկ­րա­ւոր կեան­քին մէջ միշտ ապ­րե­ցաւ եր­կու զգա­ցում­նե­րով եւ վի­ճակ­նե­րով՝ ո­րոնք ի­րա­րու յա­ջոր­դե­ցին ընդ­հան­րա­պէս։ Կեան­քի եր­կու ե­րես­նե­րը միան­գա­մայն ապ­րիլ եւ զա­նոնք հաշ­տեց­նել՝ ի­րա­պէ՛ս մեծ հո­գիի մը գործն է։

Ար­դա­րեւ մարդ, իր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ յա­ճախ կ՚ապ­րի այս եր­կու զգա­ցում­նե­րը միան­գա­մայն եւ իր տրտմու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կը մխի­թա­րուի՝ մտա­ծե­լով գա­լիք ու­րա­խու­թիւն­նե­րը, եւ այս պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, որ ան ապ­րի եր­կու հո­գե­վի­ճակ­ներ միան­գա­մայն։ Բայց այս անդ­րա­դառ­նա­լու հարց մըն է, ուս­տի տկար հո­գի­ներ՝ տա­րուած ներ­կայ վի­ճա­կէն, չեն անդ­րա­դառ­նար երկ­րոր­դին, եւ ը­սենք, միայն կ՚ու­րա­խա­նան կամ միայն կը տրտմին։

Աշ­խարհ, մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ, իր տրտմու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան շրջան­նե­րը ու­նի։ Ուս­տի, ե­ղած են շրջան­ներ՝ որ մար­դիկ, հա­ւա­քա­բար լե­ցուած են վիշ­տով ու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րով։ Բայց ե­ղած են նաեւ շրջան­ներ՝ ուր մար­դիկ մոռ­նալ փոր­ձած են այդ ցա­ւե­րը՝ եւ ի­րենց կեան­քը վե­րա­ծած են եր­ջա­նիկ, ու­րախ եւ լու­սա­ւոր ապ­րում­նե­րու։ Հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը շրջան շրջան ապ­րե­ցաւ խա­ւար շրջան­ներ եւ նաեւ՝ լու­սա­ւոր դա­րեր։ Եւ մար­դկու­թիւ­նը այն հա­մե­մա­տու­թեամբ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի, կը զօ­րա­նայ եւ կը հաս­նի իր վերջ­նա­կան բարձր նպա­տա­կին, երբ անդ­րա­դառ­նայ այս զգա­ցում­նե­րուն՝ ապ­րի զա­նոնք միա­տեղ։

Ար­դա­րեւ, իր գո­յու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նալ կա­տա­րե­լու­թիւն է, հա­ւա­տար­մու­թիւն իր կո­չու­մի՛ն։

Ար­դա­րեւ, կեան­քը այն ժա­մա­նա­կաշր­ջանն է՝ ուր մարդ որ­պէս էակ գո­յու­թիւն ու­նի, կայ, ուր կը բնա­կի եւ ըստ սուրբ գրա­յին ա­սա­ցուած­քին, այ­սինքն սե­մա­կան ըմբռ­նու­մին, մարդ «կ՚ի­ջե­ւա­նէ»։ Կեան­քը մար­դուն թա­քուն կեդ­րոնն է, ան ան­հա­սա­նե­լի կը մնայ թէ՛ մարդ­կա­յին միտ­քին եւ թէ «ու­րիշ»ին հա­մար։ Միայն Աս­տու­ծոյ Հո­գին է, որ կրնայ զայն խո­րազն­նել, ճանչ­նալ եւ ուղ­ղու­թիւն տալ։

Կեան­քը մար­դուս «ո­րո­շում»ին շրջանն է՝ թաք­նուած իր հո­գե­կան, մտա­յին եւ մարմ­նա­ւոր ձգտում­նե­րուն խո­րը։ Կեան­քը շրջանն է, ժա­մա­նակն է ճշմար­տու­թեան՝ հոն ուր մարդս ապ­րե­լու ի­րա­ւունք կը ստա­նայ եւ սահ­ման­նե­րը կը սկսին «ծնունդ»ով եւ կը վեր­ջա­նան «մահ»ով։ Կեան­քը հան­դի­պաշրջանն է, ժա­մա­նա­կը՝ ուր Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին նման, մարդն ալ կ՚ապ­րի յա­րա­բե­րու­մի ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ։ Կեան­քը պա՛հն է ուխ­տին։ Կեան­քը ա­ռիթ մըն է Աս­տու­ծոյ եւ մար­դուն մի­ջեւ ուխ­տի յա­րա­բե­րու­թեան։ Ան միա­տեղ գո՛րծն է Աս­տու­ծոյ եւ մար­դուն։ Միու­թեան մէջ՝ ուր Աս­տու­ծոյ կամ­քը կը կա­տա­րուի։ Կեան­քը կը բխի Սուրբ Հո­գիէն ե՛ւ ամ­բող­ջո­վին կ՚ուղ­ղուի դէ­պի Հայ­րը։

Կեան­քը, ը­սինք ա­ռիթ մը, մի­ջոց մըն է այն­քա­նով, որ ան «հա­ղոր­դու­թիւն» մը ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ հետ՝ Աս­տու­ծոյ ան­հուն Սի­րոյն մէջ…։

Կեան­քին ամ­բողջ պա­րու­նա­կը՝ Աս­տու­ծոյ Սի­րոյն պա­րու­նակն է։ Կեան­քը Աս­տու­ծոյ Սի­րոյն ար­դիւնքն է։

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րով Աս­տուած ա­մէն էակ ո­չին­չէն գո­յու­թեան, այ­սինքն կեա՛ն­քի կը կո­չէ։ Եւ մարդ էա­կը, զինք գո­յու­թեան, այ­սինքն կեան­քի կո­չու­մը ըն­ծա­յո­ղին բաղ­ձան­քը իր մէջ կը պա­հէ։ Կեան­քը, ա­հա­ւա­սիկ այս բաղ­ձան­քին ի­րա­կա­նաց­ման ժա­մա­նա­կա­մի­ջո՛ցն է։

Մարդ, կեան­քը կ՚ապ­րի մեկ­նե­լով նախ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ի­րա­կա­նու­թե­նէն։ Այս ի­մաս­տով՝ կեան­քը «երթ մըն է Աս­տու­ծոյ հետ»։ Ուս­տի Աս­տուած, կեան­քի կո­չած կեն­դա­նի ա­րա­րած­նե­րուն հետ իր ան­քակ­տե­լի ուխ­տով, միշտ կը կան­չէ, որ կեն­դա­նի յա­րա­բե­րու­թեան մէջ ըլ­լան Ի­րեն հետ։ Աստուած Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրա­գի­րը կը վստա­հի մար­դուն՝ ա­նոր տուած «կեանք»ին մի­ջո­ցով։

Եւ Աս­տուած «նոր կեանք»ե­րու կո­չե­րով կը նո­րո­գէ, կեն­դա­նի կը պա­հէ իր խոս­տու­մը։ Այս խոս­տու­մը կը սկսի Օ­րէն­քով եւ իր լրու­մին կը հաս­նի Քրիս­տոս Յի­սու­սով՝ «միակ Միջ­նոր­դով Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ. (Ա. ՏԻՄ. Բ 5)։ Եւ Աս­տուած միշտ նա­խա­ձեռ­նո­ղը կ՚ըլ­լայ՝ մարդս կո­չե­լով կեան­քի, Ան կը խօ­սի մար­դուն հետ «կեանք»ի մէջ, որ­պէս հայր մը իր զաւ­կին հետ…։

Եւ ի­րա­կան ու կա­տա­րեալ կեան­քը ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս է. ծնուն­դի եւ մա­հուան նման՝ ապ­րիլ թէ՛ ու­րա­խու­թիւն, թէ՛ տխրու­թիւն, զգալ եր­կուքն ալ միան­գա­մայն եւ այդ հա­կա­սա­կան զգա­ցում­նե­րը ներ­դաշ­նա­կել իր մէջ։

Ու­րեմն, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կա՛մ, մարդ պէտք չէ՛ ան­տար­բեր ըլ­լայ կեան­քի ա­մէն ե­րե­ւոյթ­նե­րուն նկատ­մամբ, պէտք չէ գո­ցէ իր աչքն ու ա­կան­ջը աշ­խար­հի նկատ­մամբ եւ պէտք չէ պար­տուիլ նե­ղու­թիւն­նե­րէն, ցա­ւե­րէն, վիշ­տե­րէն, քա­նի որ յոյ­սը կա՛յ միշտ ու­րա­խու­թեան, պէտք չէ միշտ խա­ւա­րը տես­նէ, այլ պէտք է տես­նէ նաեւ կեան­քին միւս ե­րե­սը՝ լոյ­սը, լու­սա­ւոր կող­մը, նոյ­նիսկ ե­թէ ան շատ հե­ռու ըլ­լայ իր­մէ…։

Ու­րեմն, սի­րե­լի բա­րե­կա՛մ, եր­բեք մի՛ թո­ղուր, որ կեան­քի այս եր­կու ե­րես­նե­րը, ը­սենք՝ ծայ­րե­րը ի­րար­մէ հե­ռա­նան։ Կեան­քը հա­կա­սու­թիւն­նե­րով եւ բո­լո­րո­վին հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րով լե­ցուն է. վիշտ ու բերկ­րանք, հարս­տու­թիւն ու աղ­քա­տու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն ու ձա­խոր­դու­թիւն, չարն ու բա­րին կը կազ­մեն կեանք ամ­բող­ջու­թիւ­նը, լիու­թիւ­նը, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա­ռանց մէ­կուն եւ ա­ռանց միւ­սին կա­րե­լի չէ ապ­րիլ կեան­քը՝ իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով։ Կա­րե­ւո­րը զա­նոնք կա­րե­նալ ներ­դաշ­նա­կելն է՝ ապ­րիլ եր­կու հա­կա­սա­կան ապ­րում­նե­րը կեան­քին, եւ չնուա­ճիլ կեան­քի ցա­ւե­րէն, բայց չչա­փա­զան­ցել նաեւ ա­մէն ու­րա­խու­թիւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015