«ԿԸ ՍԻՐԵ՛Մ» ԿԱՐԵՆԱԼ ԸՍԵԼ

Ո՜րքան դիւրին է խօսիլ, գաղափար յայտնել, խորհրդածել սիրոյ վրայ, բայց նո՛յնքան դժուար՝ ըսել մէկու մը՝ «կը սիրեմ», եւ աւելի՛ դժուար՝ անկեղծ ըլլալ եւ իրականացնել, գործադրել եւ կիրարկել, կեանքի կոչել զայն։

Մի՛ նայիք, որ յաճախ կը խօսուի սիրոյ մասին, եւ մի՛ կարծէք, որ ամէն «կը սիրե՛մ» ըսող անկեղծ է, քանի որ մարդկային կեանքի մէջ սէրը գործնականի վերածել՝ իրապէ՛ս սիրել շատ դժուար բան է, եթէ ո՛չ՝ անկարելի։ Սիրելը՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը դժուար է, քանի որ ան կը պահանջէ զոհողութիւն, ինքնանուիրում եւ երբեմն անձնուրացում եւ անձնազոհութիւն։ Սէրը լուրջ աշխատանք եւ նուիրում կը պահանջէ. սէրը շատ անգամ կեանքի գինով ուրիշին օգուտը, բարիքը եւ շահը ապահովելու պատրաստակամութիւն ունենալ կը նշանակէ։ Սէրը՝ ուրիշը իր անձին պէս նկատել, ուրիշը իր «Ես»ին հետ նոյնացնել, ուրիշին եւ իրեն միջեւ խտրութիւն չդնել կը նշանակէ, ինչ որ անձնազոհութիւն կը պահանջէ։

Աշխարհի վրայ կա՞յ արդեօք իսկական սէր։

Խնդրակա՛ն է ասիկա, երբ մարդ կը դիտէ իր շուրջը եւ կ՚ապրի զանազան փորձառութիւններ…։

Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ճշմարիտ սիրոյ համար անկեղծութիւնը անհրաժեշտ է, ի՛նչ որ ընդհանրապէս կը պակսի մարդոց եւ անոնք «սիրել» կը կարծեն, բայց կ՚ատե՛ն։

Սիրոյ մասին շատ խօսուած եւ անոր մասին ուսումնասիրութիւններ կատարուած, գաղափարներ յայտնուած եւ սէրը փառաբանուած է… սակայն մարդիկ տակաւին կը շարունակեն զիրար ատել՝ փոխանակ սիրելու… եւ եթէ կա՛յ սէրը, հապա ինչո՞ւ մարդիկ զիրար կ՚ատեն։ Ահաւասիկ իրականութիւն մը եւ անպատասխանելի՛ հարցում մը։

Այս պարագային, սէրը կը մնայ միշտ առեղծուած մը՝ դժուարալոյծ եւ բարդ խնդիր մը, հանելո՛ւկ մը, եւ անմատչելի փայլուն, շողշողուն հորիզո՛ն մը…։

Այո՛, կարենալ ըսել. «Կը սիրեմ», եւ աւելին՝ կարենալ «սիրե՛լ» անկեղծօրէն, իսկական սիրով։

Երբեմն կեանքի երեւոյթներ, ապրուած իրողութիւններ, պատմուածքներ շատ աւելի լա՛ւ կրնան նկարագրել սէրը, քան բարձր գաղափարներ, լուրջ խորհրդածութիւններ, իմաստասիրութիւններ։

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը եկեղեցւոյ բակին մէջ, քահանան կը տեսնէ որ երիտասարդ մը իրեն նայելով կը ծիծաղի։ Յարմար առիթով մը, քահանան կը մօտենայ երիտասարդին եւ կը հարցնէ.

«Ինչո՞ւ կը ծիծաղիս»։

Երիտասարդը, ինքնահաւան երեւոյթով մը կը պատասխանէ.

«Չեմ հասկցած անվերապահօրէն Աստուծոյ հաւատալու իրողութիւնը։ Կ՚ուզեմ հարցնել քեզի, թէ օր մը երբ ուզես, ճշմարտապէս կը հաւատա՞ս, որ պիտի կարենաս գտնել զԱստուած»։

Քահանան կարճ եւ վճռական կը պատասխանէ.

«Ո՛չ»։

Երիտասարդը կը շարունակէ.

«Այդպէ՞ս է. ուրեմն ինչո՞ւ դուն մարդիկը համոզել կը ջանաս, թէ պիտի կարենան օր մը գտնել զԱստուած։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ դուն քու խօսքերուդ մէջ անկեղծ չե՛ս»։

Եւ այն պահուն, երբ երիտասարդը կը լքէ եւ կը հեռանայ, քահանան կը ձայնէ երիտասարդին.

«Չեմ կարծեր, որ դուն պիտի կարենաս գտնել զԱստուած, բայց Ան, անպայմա՛ն պիտի գտնէ քեզ օր մը…»։

Երիտասարդը արհամարհական ծիծաղով մը կը հեռանայ եկեղեցիէն՝ քահանային քովէն։

Տարիներ կ՚անցնին… օր մը նոյն եկեղեցւոյ բակը, երիտասարդը կը մօտենայ քահանային. կարծես գուժել կ՚ուզէ գէշ լուր մը, տխուր է եւ տրտո՛ւմ։ Մահաբեր հիւանդութենէ մը վարակուած է՝ որուն դարմանումը գրեթէ անկարելի՛։ Նիհար եւ տժգունած երեւոյթ մը ունի. դարմանումը անյոյս է եւ գլխուն մազերը թափած՝ հերաթափ, ճաղատ է մնացած։ Բայց իր աչքերուն փայլը դեռ չէ մարած։

«Մի քանի շաբթուան կեանք մը ունիմ քահանայ հայր», կ՚ըսէ ան ամօթխած եւ պարկեշտ կերպով մը։

Քահանան կարեկցութեամբ կը մօտենայ եւ կ՚ըսէ.

«Կրնա՞մ հարցում մը ուղղել քեզի»։

«Անշո՛ւշտ», կը պատասխանէ խեղճ երիտասարդը, եւ կը շարունակէ. «Ի՞նչ սորվիլ, գիտնալ կ՚ուզէք»։

Քահանան դարձեալ հարցումով մը կը պատասխանէ երիտասարդին.

«Հազիւ 30-ական տարիքի մօտեցած, գիտնալ թէ պիտի մեռնի մարդ, այդ ինչպիսի՞ զգացում մըն է, եւ ի՞նչ տպաւորութիւն կը թողու ենթակային»։

«Աւելի գէշը կրնար ըլլալ, զոր օրինակ, 50 տարեկան ըլլալ ու գինեմոլ մը ըլլալ, անհաւատարիմ ըլլալ իր ամուսնութեան, իր ընտանիքին, իր բարեկամներուն, ապերախտ մը ըլլալ, շատ հարուստ ըլլալ եւ կարծել, թէ ճոխ եւ բարեբեր կեանք մը կ՚ապրի մարդ», եւ շարունակելով, երիտասարդը, կը յայտնէ, թէ ինչո՞ւ եկած է քահանային. «Տարիներ առաջ, այս եկեղեցւոյ բակին մէջ հարցուցած էի, թէ՝ պիտի կարենա՞մ գտնել զԱստուած եւ երբ -ո՛չ- պատասխանը ստացած էի, չափազանց զարմացած էի։ Աւելի վերջ.- Ան քեզ կը գտնէ, ըսիր… Ահաւասիկ, ասիկա շատ զբաղեցուց միտքս, այս մասին շատ մտածեցի։ Երբ բժիշկներ ըսին, թէ մահաբեր հիւանդութենէ վարակուած եմ, լուրջ նկատեցի զԱստուած փնտռել այդ պահուն։ Ամէն գիշեր աղօթեցի։ Օրերս եկեղեցւոյ մէջ անցան։ Բայց ո՛չինչ պատահեցաւ, ո՛չ մէկ դրական արդիւնք… եւ առաւօտ մը երբ արթնցայ, աստուածային շնորհ մը ստանալու անյոյս եւ ապարդիւն ջանքերս թողուցի, հրաժարեցայ այդ բոլորէն…»։

Պահ մը կանգ առնելէ ետք, երիտասարդը շարունակեց իր խօսքը՝ որուն ուշադրութեամբ կը լսէր քահանան.

«Կեանքիս մնացեալ օրերը, Աստուած, անմահութիւն, յաւիտենականութիւն, յաւիտենական կեանք, եւ այլն մտածումներով զբաղելով պիտի չանցընէի։ Ուստի որոշեցի աւելի կարեւոր եւ դրական բաներ ընել։ Եւ այն ատեն մտաբերեցի բանաստեղծին այն խօսքը, որ կ՚ըսէ.- Ամենամեծ դժբախտութիւնը առանց սիրոյ կեանք մը ապրիլն է. իսկ աւելի ցաւալին՝ այս աշխարհէն, մարդուս, իր սիրածներուն առանց -քեզ կը սիրեմ- կարենալ ըսելու, մեկնի՛լն է։ Եւ որոշեցի կեանքիս վերջին օրերը, այս պակասը լրացնելով ապրիլ եւ վայելել։ Եւ սկսայ ամենէն դժուարինով, ամենէն սպառիչով. հօրմէս…»։

Եւ շարունակեց պատմել, թէ ի՛նչ էր պատահած.

«Երբ հօրս մօտեցայ, ան զբաղած էր ընթերցանութեամբ, թաղուած գիրքի մը տողերուն մէջ։

«Հայրիկ, ըսի, պէտք է, որ քեզի հետ խօսիմ։

«Հայրս պատասխանեց.- Լա՛ւ, խօսէ ուրեմն տղաս։

«Բայց շատ կարեւոր բանի մը մասին պիտի խօսիմ…»։

Այդ պահուն հայրը կը թողու իր ընթերցումը, վեր կը վերցնէ աչքերը գիրքէն եւ կը հարցնէ տղուն.

«Ի՞նչ է այդ կարեւոր հարցը»։

«Հայրի՛կ, քեզ կը սիրեմ, կ՚ուզեմ որ գիտնաս ասիկա, քեզ կը սիրեմ, եւ ա՛յդքան…»։

Այդ պահուն հօրը ձեռքէն վա՛ր կ՚իյնայ մեծածաւալ գիրքին հատորը, երբ կը լսէ այդ խօսքը իր զաւակին շրթներէն բխած… եւ կ՚ընէ բան մը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եւ նախապէս երբեք չէ ըրած, երկու բան կ՚ընէ տարեց մարդը։ Կ՚ողջագուրէ իր զաւակը եւ կը սկսի լա՛լ։

Եւ, հայր եւ տղայ ամբողջ շաբաթ մը կ՚անցընեն խօսելով, հօր մը եւ զաւակի անկեղծ փոխադարձ զգացումները բաժնելով։

Երիտասարդին մօրը եւ եղբօրը հետ հանդիպումը աւելի դիւրին եւ հեշտ է եղած։ Անոնք ալ սիրով եւ կարօտով ողջագուրեր եւ լացեր են։ Տարինե՜ր ամբողջ գաղտնի պահուած, ծածկուած գաղտնիքներ, չարտայայտուած սիրոյ զգացումներ եւ սիրոյ խօսքեր փոխադարձ յայտնուեր է։ Երիտասարդը՝ մահուան շուքին տակ՝ սրտբաց արտայայտուեր է իր սիրելիներուն, հարազատներուն, անոնց՝ որ պէտք էր շատ մօտ ըլլար, բայց հեռու էր մնացած…։

Եւ երբ լրացուց երիտասարդը իր խօսքերը եւ լռեց՝ քահանան համբուրեց զայն հայրական անկեղծ սիրով։ Եւ ըսաւ անոր.

«Դո՛ւն, քու կարծածէդ շատ աւելի կարեւոր բաներ կը խօսիս, ամբողջ մարդկութեա՛ն… Դուն զԱստուած գտնելու ամենէն ապահով ճամբան ցոյց կու տաս. զԱյն միայն իրեն համար փնտռել, իրեն պահել, միայն պահանջք զգացուած ժամանակ փնտռել որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ. բայց երբ կեանքը սիրոյ առջեւ բանաս, այն ատեն Ան կու գայ եւ գտնելով կ՚ողջագուրէ քեզ… դուն, քու խօսքերովդ ճիշդ ասիկա կը պատմես, չե՞ս անդրադարձած քու կատարած աստուածամերձ գործին»։

Եւ սիրելի՜ բարեկամներ, խորհեցէ՛ք պահ մը թէ՝ սա վերջերս, ո՞ր ատեն, առանց տարակուսելու, առանց ամօթ զգալու, առանց ամչնալու, սրտբաց եւ անկեղծ զգացումներով, առանց ձեր աչքերը ուրիշ կողմ դարձնելու, ուղղակի՛ ձեր ընտանեկան անդամներուն, ձեր հօր կամ մօր, եղբայրներուն կամ ձեր բարեկամ եւ ընկերներուն նայելով «քեզ կը սիրեմ» ըսիք, եւ ձեր ամուսնին՝ այր կամ կին, սիրով նայեցաք եւ սրտով ըսիք. «քեզ կը սիրեմ»։ Եւ ո՞ր ատեն ձեր հօր կամ մօր, ձեր եղբայրներուն, ձեր ամուսնոյն, ձեր բարեկամ եւ ընկերներուն փաթթուելով եւ կուրծքին սեղմելով լացիք…։

Մահուան շուքը չմօտեցած, մահուան մութ ստուերը առանց սպասելու եւ չխափանած կեանքը եւ կամ դեռ չկորսնցուցած ձեր սիրելիները, ձեր հարազատները. «Քեզ կը սիրեմ» ըսել՝ ձեր այսօր երեւակայած եւ ակնկալած, տիրանալ փափաքած ամէն բանէ, ամէն երջանկութենէ աւելի երջանկութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն պիտի պատճառէ։ Անփոխարինելի երջանկութիւն մը եւ խաղաղութի՜ւն մը…։

Օ՜ն ուրեմն, քիչ մը քաջութի՛ւն, համարձակութիւն. առանց վաղուան սպասելու, եւ կամ յատուկ օր մը ակնկալելու, ա՛յսօր, սա պահո՛ւս, վազեցէ՛ք եւ ողջագուրեցէք այն՝ որո՛ւն պահանջքը եւ կարօտը կը զգաք «քեզ կը սիրե՛մ…» ըսելու։

Եւ հաւատացէք, վստահ եղէք, որ զանոնք երջանկացնող ուրիշ ո՛չինչ կայ իրենց կեանքին եւ ձեր կեանքին մէջ…։

Եւ դարձեալ, չմոռնա՛նք, սիրելի՜ բարեկամներ, երբ հիմա, սա՛ պահուս եթէ չնետէք առաջին քայլը, եւ ըսելու այդ խորհրդաւոր խօսքը, թերեւս, երբեք պիտի չկարենաք առիթը ունենալ անգամ մը եւս ըսելու զայն. «Քեզ կը սիրեմ…»։

Վաղը առաւօտ, ո՞վ կրնայ ապահովել, թէ ձեզմէ կամ ձեր սիրելիներէն, ձեր հարազատներէն մին կամ միւսը կեանք պիտի ունենայ իր սէրը արտայայտելու, եւ թերեւս լաց՝ սիրելին կորսնցնելու եւ առիթը փախցուցած ըլլալու պատճառով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018