ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուած մարդը «իմացական արարած» ստեղծեց եւ անոր տուաւ անձի արժանապատուութիւն՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Ուստի մարդ ստեղծուած է ազատ եւ տէ՛ր է իր արարքներուն։ Այս իմաստով, մարդ որքան աւելի հնազանդ է եւ հաւատարիմ իր Արարիչին, այնքան աւելի՛ ազատ կ՚ըլլայ, քանի որ հնազանդելով եւ հաւատարիմ ըլլալով՝ որեւէ արգելքի չեն հանդիպիր իր արարքները՝ գործունէութիւնը եւ աշխատանքը։ Այն որ կը յարգէ Օրէնքը, ան ազատ է, ազատօրէն կը գործէ եւ ազատօրէն կը շարժի։

Արդարեւ, մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, ա՛յնքան աւելի ազատութիւն կը վայելէ։ Չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդա՛րին։ Ազատութիւնը անհատական ըլլալէ աւելի՝ ընկերային, հաւաքական կեանքը հետաքրքրող «կարողութիւն» մըն է, քանի որ ազատութիւնը ընկերային կեանքի մէջ «ուրիշ»ի նկատմամբ յայտնուող վիճակ մըն է, մարդ ազատ է անհատապէս, եթէ ազատ հաւաքակութեան մէջ կ՚ապրի, եւ եթէ ազատ է ուրիշներու հետ ունեցած փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Եւ այս իմաստով՝ ընկերութեան մը մէջ եթէ մէկ հոգի ազատ չէ՝ ո՛չ ոք ազատ է հոն, քանի որ անհատին ազատութիւնը կախում ունի «ուրիշ»ի մը ազատութենէն։

Ուրեմն ազատութիւնը կախում ունի հասարակաց՝ հաւաքական ազատութենէն, ամբողջական եւ անթերի ազատութենէն։ Եթէ ընկերդ ազատ չէ՝ դուն ո՞րքան կրնաս «ազատ» զգալ եւ ո՞րքան կրնաս վայելել այդ զգացումը քու հոգւոյդ մէջ։

Արարքի մը հանդէպ յանցապարտութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը կրնան նուազիլ, նոյնիսկ բոլորովին ջնջուիլ՝ տգիտութեան, անտարբերութեան, անուշադրութեան, վախի, բռնութեան, սովորութեան, անչափաւոր հակումներու եւ հոգեկան կամ ընկերային այլ ազդակներու պատճառով։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ որ ամէն կամովին ուզուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։ «Ի՞նչ գործեցիր» (ԾՆՆԴ. Գ 13), այսպէս կը հարցնէ Ադամին Աստուած իր գործած «մեղք»էն ետք։ Եւ նոյն հարցումը կ՚ուղղուի Կայէնին. (ԾՆՆԴ. Դ 10)։ Այսպէս նաեւ Նաթան մարգարէն Դաւիթին՝ Ուրիայի կնոջ հետ շնութեան եւ Ուրիայի սպանութեան ժամանակ. (Բ ԹԱԳԱՒՈՐ. ԺԲ 7-15)։

Մարդու մը արարքը կրնայ անուղղակիօրէ՛ն կամաւոր ըլլալ, երբ հետեւանքն է անտարբերութեան, անհոգութեան բանի մը՝ երեւոյթի մը հանդէպ, զոր ան պարտաւոր է ճանչնալ կամ կատարել, զոր օրինակ, արկածի մը պարագային՝ զոր կը գործեն ճամբուն օրինագիրքը չգիտնալուն պատճառով։

Գէշ հետեւանք մը վերագրելի չէ մէկուն, եթէ ան չէ ուզած ո՛չ որպէս նպատակ եւ ո՛չ ալ գործի միջոց, ինչպէս մեռնիլը՝ վտանգի մէջ գտնուող անձի մը օգնութեան հասնելու ատեն։

Ինչպէս յիշեցինք, ազատութիւնը կը կիրարկուի մարդկային արարածներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդկային իւրաքանչիւր անձ՝ ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ Անոր նմանութեամբ, ունի բնական իրաւունքը ճանչնալու իբրեւ ազատ ե՛ւ պատասխանատու էակ։ Բոլորը պարտաւոր են իւրաքանչիւրին հանդէպ յարգանքի եւ ճանաչումի այս պարտականութիւնը ունենալ եւ փոխյարաբերութիւնները մշակել ըստ այդ պարտականութեան գիտակցութեանը համեմատ։ Արդարեւ, ազատութեան վայելումը պէտք է ըլլայ ուրիշին ազատութիւնը եւ իրաւունքը յարգելու սահմաններուն մէջ։

Անհատին ազատութեան բնական եւ օրինական սահմանն է՝ ուրիշին ազատութեան սահմանը։

Ուստի իր ազատութիւնը գործածելու՝ վայելելու իրաւունքը անբաժանելի հարկաւորութիւն մըն է «մարդկային կեանքի, մարդկային անձնաւորութեան արժանապատուութեան, եւ մանաւանդ բարոյական եւ հոգեւոր հարցերու մէջ։

Եւ այս իրաւունքը պէ՛տք է ճանչցուի եւ պաշտպանուելու է հասարակաց բարիքին եւ հրապարակային կարգին սահմաններուն մէջ։

Կարեւոր հարց մըն է նաեւ՝ ազատութեան գործածութիւնը եւ յանցանք կամ մեղքի համեմատութիւնը կամ համակշռութիւնը։ Ի՞նչպէս կարելի է ներդաշնակել ազատութիւնը եւ յանցանքը։ Նախ պէտք է դարձեալ յիշել սա սկզբունքը՝ թէ ո՛չ մէկ ազատութիւն անսահման է եւ անձին ազատութեան իրաւունքը կը վերջանայ ուրիշ անձի մը ազատութեան սահմանով։

Ուրեմն մարդուն ազատութիւնը ինչպէս սահմանաւոր, նաեւ սխալակա՛ն է։ Իրապէս՝ մարդը սխալ կրնայ գործել, ինչպէս գործեց նախամարդը. ան մեղանչեց «ազատօրէն»։ Ան մերժելով Աստուծոյ սիրոյ սկզբնական «ծրագիր»ը՝ ինքզինք խաբեց, անհնազանդ եւ անհաւատարիմ գտնուեցաւ, յանցանք գործեց, եւ մեղքին ստրուկ դարձաւ։ Եւ այս առաջին «օտարացում»ը կամ առաջին «ազատութեան շահագործում»ը ծնունդ տուաւ բազմաթիւ այլ «օտարացում»ներու, այսինքն «ազատութեան շահագործում»ներու։

Արդարեւ, մարդկութեան ամբողջ պատմութիւնը, իր ծագումէն սկսեալ, վկա՛ն է բազմատեսակ դժբախտութիւններու, զեղծումներու, խաբէութիւններու, զանազան շահագործումներու, կեղեքումներու՝ որոնք ծնան մարդուն սրտէն իբր հետեւանք ազատութեան յոռի գործածութեան։ Ուստի, ազատութեան կիրարկումը երբեք չի պարունակեր իրաւունքը ըսելու եւ ընելու ամէն ինչ։ Սխալ է եւ ինքնախաբէութիւն յաւակնիլ, թէ «ազատութեան ենթակայ մարդը ինքնաբա՛ւ է, թէ իբրեւ նպատակ ունի գոհացնել իր անձնական շահը՝ երկրաւոր բարիքներու վայելքին մէջ։ Շեղելով բարոյական օրէնքէն, մարդ վնա՛ս կը հասցնէ իր իսկ ազատութեան՝ ինքզինք կը կաշկանդէ եւ կ՚ըմբոստանայ աստուածային ճշմարտութեան դէ՛մ։

Ուրեմն, ի հեճուկս ուրիշին ազատութեան կարելի չէ՛ գործածել ազատութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 14, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019