ԿԵԱՆՔԸ ՈՐ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ

«Կեա՛նքը
«Կեանքը բախտ մըն է՝ ըմբռնէ՛ զայն։
«Կեանքը գեղեցկութիւն է՝ հիացի՛ր։
«Կեանքը երջանկութիւն է՝ սորվէ՛ զայն։
«Կեանքը երազ մըն է՝ ճշմարտութեան վերածէ՛ զայն։
«Կեանքը մարտահրաւէր մըն է՝ դիմադրէ՛։
«Կեանքը պարտականութիւն մըն է՝ կատարէ՛ զայն։
«Կեանքը խաղ մըն է՝ խաղա՛ անոր հետ։
«Կեանքը թանկագին է՝ խնամէ՛ զայն։
«Կեանքը հարստութիւն է՝ պահպանէ՛ զայն։
«Կեանքը սէր է՝ վայելէ՛ զայն։
«Կեանքը խորհուրդ է՝ թափանցէ՛ անոր։
«Կեանքը խոստում է՝ լիացո՛ւր զայն։
«Կեանքը տխրութիւն է՝ յաղթահարէ՛ զայն։
«Կեանքը երգ մըն է՝ երգէ՛ զայն։
«Կեանքը պայքար է՝ ընդունէ՛ զայն։
«Կեանքը ողբերգութիւն է՝ ուժով բռնէ՛ զայն։
«Կեանքը արկածախնդրութիւն է՝ համարձա՛կ եղիր։
«Կեանքը շնորհ մըն է՝ արժանի եղի՛ր անոր։
«Կեանքը կեա՛նք է՝ պաշտպանէ՛ զայն»։

ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱ

Յաճախ կ՚անդրադառնանք, թէ կեանքը՝ մարդուն շնորհուած ժամանակաւոր ժամանակամիջոց մըն է այս աշխարհի վրայ։ Անշուշտ այս իմաստով կեանքը յատուկ նշանակութիւն մը ունի, բայց իր ամենալայն առումով կեանքը շատ աւելին է, ինչպէս կ՚ըսէ Մայր Թերեզա, կեանքը շատ բան է՝ կեանքը «կեա՛նք» է, այսնիքն ապրելու առիթ մը, գոյութիւն ունենալու միջոց մը, անժամանակ բարոյական կեանքին մէկ մասը, մէկ շրջանը, ուր մարդ կ՚ապրի երկրի վրայ, նպատակ ունենալով երկնային բարոյական իսկական եւ ամբողջ կեանքը…։

Երկրային կեանքը մարդուն տրուած առիթ մըն է՝ իրաւունք մը, որ մարդ պէտք է վայելէ զայն միշտ ի մտի ունենալով երկրային կեանքէ աւելի՝ երկնային կեանքը՝ անժամանակ, յաւիտենական կեանքը։

Արդարեւ, մարդուն իր անձին սէրը բարոյականութեան հիմնական սկզբունք մը կը հանդիսանայ։ Ուրեմն օրինաւոր է յարգել տալ կեանքի մը սեփական իրաւունքը։ Ով որ կը պաշտպանէ իր կեանքը, կը յարգէ զայն։ Մարդ պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ է հսկելու իր կեանքին, հոգալու, խնամելու, պահպանելու է զայն։

Ամէն անհատի կեանքին եւ ֆիզիքական ամբողջութեան իրաւունքը մարդուն հիմնական իրաւունքներէն է, որ կը սկսի յղութեամբ եւ կը տեւէ մինչեւ մահ։

Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք է։ Քրիստոնէավայել գործելակերպը իր սնունդը կը քաղէ ծիսակատարումէն եւ սուրբ Խորհուրդներուն հանդիսակատարումէն։ Այս ուղղութեամբ բարոյական կեանքին գործադրութիւնը՝ ոգեւորուած սիրով, քրիստոնեային կու տայ Աստուծոյ որդիներուն գերբնական ազատութիւնը։ Արդարեւ, քրիստոնեան չի կանգնիր Աստուծոյ առջեւ իբրեւ ստրուկ մը, ծառայական վախին մէջ, ոչ ալ իբրեւ օրականը փնտռող վարձկանը, այլ իբրեւ որդի՛ մը որ կը պատասխանէ Անոր սիրոյն, որ «նախ Ինք սիրեց մեզ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 19)։ Բարոյական կեանքը կը կանոնաւորուի բարոյական օրէնքով։ Բարոյական օրէնքը գործն է աստուածային Իմաստութեան։

Ընդհանուր առումով, օրէնքը կենցաղի կանոն մըն է, հրահանգուած պատկան իշխանութեան կողմէ, հասարակաց բարիքին համար։

Բարոյական օրէնքը կ՚ենթադրէ բանական կարգը, որ Արարչին զօրութեան, կարողութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին եւ օգտին համար եւ ի նպաստ անոնց վախճանին։

Ամէն օրէնք յաւիտենական օրէնքին մէջ կը գտնէ իր առաջին եւ վերջին ճշմարտութիւնը։

Բարոյական կեանքը հետզհետէ հասուննալով շնորհքին մէջ, կը ծաղկի, կ՚աճի յաւիտենական կեանքին համար, երկինքի փառքին մէջ։ Մարդը իր անձին մէջ բաժնուած է։ Ահա թէ ի՛նչու մարդոց անհատական եւ հաւաքական ամբողջ կեանքը կը ներկայանայ իբր եղերական պայքար մը բարիին եւ չարին, լոյսին եւ խաւարին միջեւ։

Բարոյական կեանքը հոգեւոր պաշտամունք է։

Կուրացումի, անտարբերութեան եւ անարդարութեան կացութիւնները՝ տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային պայմանները կը ճնշեն բարոյական կեանքին վրայ եւ թէ՛ զօրաւորները եւ թէ՛ տկարները ընդդէմ սիրոյն մեղանչելու փորձութեան մէջ կը ձգեն։ Շեղելով բարոյական օրէնքէն, մարդը վնաս կը հասցնէ իր իսկ ազատութեան, ինքզինք կը կաշկանդէ, կը խզէ եղբայրութիւնը իր նմաններուն հետ եւ կ՚ըմբոստանայ աստուածային ճշմարտութեան դէմ։ Եւ ահաւասիկ, այս պարագային, կեանքը անտանելի՛ կ՚ըլլայ…։ Քրիստոնեայ նախապատրաստումի սուրբ խորհուրդներով, մարդը Քրիստոսի «նոր կեանք»ը կ՚ընդունի։ Այս կեանքը սակայն մենք կը կրենք «խեցեղէն անօթներու մէջ» (Բ ԿՈՐՆ. Դ 7)։ Ան ներկայիս տակաւին «թաքնուած է Քրիստոսի հետ Աստուծոյ մէջ» (ԿՈՂ. Գ 3)։ Մենք տակաւին մեր երկրաւոր բնակարանին մէջ ենք, ենթակայ՝ տառապանքին, հիւանդութեան եւ մահուան, որոնք երկրային կեանքին անբաժանելիներն են։

«Աստուծոյ զաւակ»ի այս «ներ կեանք»ը կրնայ տկարանալ եւ նոյնիսկ կորսուիլ մեղքով։

Յիսուս Իր մահով կ՚ազատագրէ մեզ մեղքէն, իսկ Իր Յարութեամբ մեր առջեւ կը բանայ մուտքը «նոր կեանք»ի։ Ասիկա նախ «արդարացում»ն է, որ մեզ կը վերականգնէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ, «որպէսզի ինչպէս որ Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն … մենք ալ ապրինք նոր կեանքի մը մէջ» (ՀՌՈՄ. Զ 4)։ Ասիկա յաղթանա՛կն է մեղքին մահուան դէմ եւ նոր մասնակցութիւնն է շնորհքին։ Այս որդեգրութիւնը կը հայթայթէ իսկական մասնակցութիւնը Միածին Որդիին կեանքին, որ լիուլի յայտնուեցաւ Քրիստոսի Յարութեամբ։ Յիսուս Ինքն իսկ կը կոչէ Իր աշակերտները Իր Յարութենէն ետք. «Գացէ՛ք ըսէք եղբայրներուս» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 10)։ Եղբայրներ են՝ ո՛չ թէ բնութեամբ, այլ շնորհքի պարգեւով։

Եթէ պատասխանենք թէ՝ ի՞նչ է երկրային կեանքը, շատ պարզ է. «Երկրային կեանքը մարդուս ծննդեան եւ մահուան թուականներուն միջեւ ամփոփուած ժամանակաշրջա՛նն է…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 23, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020