ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Ա -
Բոյսերու տեսակները միշտ կարեւոր տեղ մը գրաւած են մարդկային կեանքին մէջ՝ թէ՛ որպէս սնունդ եւ թէ խորհրդանիշ այլ եւ այլ գաղափարներու, խորհուրդներու։
Սուրբ Գիրքերու մէջ ալ յիշուած են բոյսեր, որոնք ընդհանրապէս գործածուած են որպէս խորհրդանիշներ։
Ուստի օգտակար համարեցինք յիշուած զանազան բոյսերու մէկ ցանկը ներկայացնել՝ Այբուբենի կարգով։
1) ԱԼՄՈՒԿ.- Այս ծառը կը յիշուի (Գ Թագաւորաց Ժ 11-12), (Բ Մնացորդաց Բ 8), (Թ 10-11) համարներուն մէջ։ Կը կարծուի, թէ դեղին կամ ճերմակ հոտաւէտ փայտ էր՝ որ հիմա ծանօթ է «Սանդալ» անունով, եւ Հնդկաստանի եւ Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներուն մէջ կը գտնուի եւ կը գործածուի Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած կերպով։
2) ԱԽՈՐԺԱԿ.- Ընդհանրապէս կը կարծուի, թէ այս բառով, որ կը յիշուի (Ժողովողի ԺԲ 5) համարին մէջ, կը հասկցուի «Կապպար» տունկը՝ որուն պտուղէն կը շինուի ախորժակ գրգռող բարկ քացխուտ (=թուրշու) մը։ («Կապպար»=«câpre», «քէպէրէ»)։
3) ԱՂԱՒՆԻԻ ԱՂԲ.- Այս՝ Դ Թագաւորաց Զ 25 համարին մէջ կը նշանակէ հաւանականապէս սիսեռն՝ որ հասարակ ունդ, այսինքն՝ հունտ, ընդեղէն է Արեւելքի մէջ։ Արաբերէնի մէջ «աղաւնիի աղբ» եւ «սիսեռ» կը նշանակուին նոյն բառով։ Ոմանք կը կարծեն, թէ վերոյիշեալ համարին մէջ յիշուած քաղաքին՝ Սամարիան պաշարման ժամանակ սովը այնպէս սաստիկ էր, որ ժողովուրդը ստիպուեցաւ ուտել բուն աղաւնիի աղբ։
4) ԱՆԱՆՈՒԽ.- Այս կը յիշուի Մատթէոս ԻԳ 23 եւ Ղուկաս ԺԱ 42 համարներուն մէջ։ Անանուխը՝ «դաղձ», «նանէ»՝ անուշահոտ խոտ մը, համեմաբոյս մըն է, որ կերակուրներու մէջ կը գործածուի իբրեւ համեմ։
5) ԱՐՄԱՒԵՆԻ.- Այս ծառին մասին խօսուած է Սուրբ Գիրքի մէջ յաճախ։ Ան կը բուսնի Պաղեստինի մէջ, գլխաւորաբար Յորդանանի ձորին մէջ։ Այս պատճառաւ «Արմաւենիներու քաղաք» կը կոչուէր Երիքով՝ որ կը գտնուի այն ձորին մէջ. (Բ Մնացորդաց, ԻԸ 15). թէպէտ նոյն ծառը ուրիշ տեղեր, շատ տարբեր վայրեր եւս կը գտնուէր։ «Բեթանիա» անունը կը նշանակէ «Տուն արմաւի», տրուած ըլլալով գիւղի մը՝ որ կը գտնուէր Երուսաղէմի մօտ՝ Ձիթենեաց լերան վրայ։ Ինչ որ կը ցուցնէ թէ՝ հոն առատութեամբ կը գտնուէր այս ծառը։
Ուստի եւ այն օրն երբ Քրիստոս իշու վրայ հեծնելով մտաւ Երուսաղէմ, անոր ընդառաջ գացող Երուսաղէմի բնակիչներ դիւրութեամբ կրցան գտնել ա՜յնչափ արմաւենիի ոստեր, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս Աւետարանիչ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 13)։ Այս մասին կ՚արժէ նաեւ ուսումնասիրել՝ Նէեմեայ Ը 15 հատորը։
6) ԱՐՋՆԴԵՂ.- Այս կը յիշուի Եսայեայ ԻԸ 25-27 համարներուն մէջ։ Ան ունի սեւ սերմ, որ կը գործածուի համեմային եւ կծու համ մը տալու համար կերակուրներուն։ («Արջնդեղ»=սոնիճ, սեւ սոնիճ, բաղջ, սեւ հնտիկ, սեւասունիչ, չաման հնդի)։
7) ԲԱԿԼԱՅ.- Կը յիշուի Բ Թագաւորաց ԺԷ 28, Եզեկիէլ Դ 9 համարներուն մէջ։ Բակլայի տեսակները շատ են, բայց քիչ կը տարբերին իրարմէ։
8) ԲԵՒԵԿՆԻ.- Յիշուած է Եսայեայ Զ 13, Ովսեայ Դ 13 համարներուն մէջ։ Այս բոյսը շատ կը մեծնայ եւ կու տայ տեսակ մը անուշահոտ իւղ, որ կը կոչուի «Բեւեկնիի իւղ»։ («Բեւեկնի»=պիստակենիի տեսակէն ծառ. «մենենկիչ»)։
9) ԳԻՀԻ.- Յիշուած է Գ Թագաւորաց ԺԹ 4-5, Յոբայ Լ 4 եւ Սաղմոսաց ՃԻ 4 համարներուն մէջ։ Այս ծառին, որ ռետնային մշտադալար կոնաբեր ծառ մըն է, փայտը կը վառի պայծառ բոցով, եւ շատ տաքութիւն կու տայ։
Գիհիին արմատը շատ դառն է՝ լեղի եւ անախորժ, եւ կ՚ուտուի մարդոց յետին՝ վերջին ծայր կարօտութեան ժամանակ միայն։ Արաբներ ածուխ շինելու համար յարգի կը համարեն այս արմատը։
Իսկ գիհիին պտուղը՝ ոչխարները կ՚ուտեն։
10) ԳԻՆՁ.- Հովանոցաձեւ տունկ մըն է՝ որ պղպեղի հատի չափ սերմ կու տայ, բոլորշի եւ գորշագոյն։ Անուշարաններ եւ դեղարաններ կը գործածեն ասոր պտուղը, քանի որ ստամոքսի օգտակար կը համարուի։ Կը յիշուի՝ Ելից ԺԶ 31 եւ Թուոց ԺԱ 7 համարներուն մէջ։
11) ԴԴՄԵՆԻ.- Յիշուած է Յովհաննէս Դ 6-10 համարներուն մէջ։ Լայն տերեւներով, արագ աճող եւ Արեւելքի կողմերը ամէնուն ծանօթ տունկն է այս «դդումի բոյս»ը։ Բայց ոմանք կը կարծեն, թէ Յովհաննէսի գիրքին մէջ յիշուած տունկն է այն բոլոր նկարագրուած բոյսը՝ որ արագ կ՚աճի դդումի նման եւ որուն սերմէն կը հանուի հնդկաիւղ։
12) ԵՂԵՒԻՆ.- Հաւանական է թէ «եղեւին» բառը եբրայեցերէնի մէջ շատ ընդարձակ նշանակութիւն ունէր, եւ թէ Ղեւտացւոց ԺԴ 4-6 համարներուն մէջ յիշուած «եղեւնափայտ»ն է վերոյիշեալ գիհի կոչուած ծառը՝ որ շատ հասարակ է Սինայի անապատներուն մէջ։ «Լիբանանի եղեւին» կոչուածն էր եղեւնին ազնիւ ու ընտիր մէկ տեսակը։
Եղեւինը արմաւենիի նման մշտադալար է։
13) ԵՂԷԳ.- Բարձր տունկ մըն է՝ սրածայր տերեւներով եւ երկար ու բազմայօդ ծղօտներէ բաղկացեալ։ («Ծղօտ»=բոյսի բուն, կոթ)։ Եղէգը կը բուսնի գետերու, առուներու եզերքը եւ ուրիշ խոնաւ տեղեր։ Առատութեամբ առուներու եզերքը՝ կը գտնուի Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու մէջտեղ. Գ Թագաւորաց ԺԴ 15, Եսայի ԺԹ 6, ԼԶ 6, Եզեկիէլ Խ 5 համարներու մէջ յիշուած կերպով։ Եղէգը կը գործածուէր չափելու եւ ձուկ որսալու համար, իսկ փոքր տեսակը՝ գիր գրելու համար։
14) ԵՂՋԻՒՐ.- Եղջիւրի նման պտուղ տուող ծառ՝ եղջերենի. Ղուկաս ԺԵ 16 համարին մէջ յիշուած է։ Ասոր ծառն է միջին մեծութեամբ, պտուղը կ՚ըլլայ 6-8 մատնաչափ երկար եւ մէկ մատնաչափ լայն։ Կուտը կարծր է, դառն ու անպիտան, անգործածելի, բայց կեղեւները քաղցր են, եւ կը գործածուին անասուններու, մանաւանդ խոզերու, իբրեւ կերակուր։ Աղքատներ եւս երբեմն կ՚ուտեն զայն…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26, 2016, Իսթանպուլ