ԿԵԱՆՔԸ ՈՐՔԱ՜Ն ԺՊՏՈՒՆ ԷՐ…

Հին օրերու՝ պատանեկան տարիներու բարեկամներ երբ տարիներ վերջ, իրենց յառաջացած տարիքին իրարու հանդիպին ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց առաջին խօսքը։ Հաւանաբար. «Ո՜րքան փոխուեր ես», կ՚ըսէ մէկը միւսին եւ նոյնը՝ միւսը իրեն։ Բայց ըսողները շատ ալ չեն անդրադառնար, որ իրե՛նք որքան փոխուած են։ Մարդկային բնաւորութեան մէկ տկարութիւնն է ասիկա, մարդ միշտ դիմացինին թերութիւնը, տկարութիւնը եւ կամ որեւէ փոփոխութիւնը կը տեսնէ, բայց իր թերութիւնը, կամ փոփոխութիւնը չի տեսներ։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս տեսնել չ՚ուզեր եւ կամ չ՚անդրադառնար…։

Հաւանական այս առաջին խօսքին կը յաջորդէ անայլայլելի հարցում մը. «ի՞նչ կ՚ընես, առողջութիւնդ ինչպէ՞ս է, ներկայ կեանքէն դժգոհութիւն մը ունի՞ս», եւ մտերմութեան աստիճանին համեմատ, հարցումներու շարքը կը շարունակէ. «ապրուստդ լա՞ւ է, գոհացուցիչ եկամուտ ունի՞ս…», եւ այլն, եւ այլն։

Հարցումներուն կեդրոնը, սակայն կը գտնուի անցեալ կեանքի վերյիշում մը, անցեալի նկատմամբ կարօտ մը, հին յիշատակներու քրքրում մը՝ անցեալ օրերու մէկ տողանցումը կարծես կը կատարուի վայրկենապէս՝ երկուքին ալ մտքին մէջ միաժամանա՛կ։

Այս հարցումներով կ՚ուզուի յիշեցնել իրարու իրենց երիտասարդութեան գեղեցիկ օրերը, որոնք այլեւս թռչե՜ր հեռացեր են, թողլով միայն քաղցր յիշատակներ, որոնք մխիթարանքն ու սփոփանքն են իրենց, ինչպէս նաեւ իրենց պէս տարիքոտներու մեծամասնութեան։ Եւ այն քա՜ղցր յիշատակները որքան սփոփիչ են, երբ մարդ կը գալարուի անցեալ օրերու կարօտով, սիրելիներու կորուստով։

Եւ ահա, հիմա, կարծես թէ անգամ մը եւս կ՚ապրին հին օրերու բարեկամներ, երբ տարիներ վերջ դարձեալ կը միանան, զիրար վայելելու առիթը կ՚ունենան։

Տարինե՜ր վերջ «անցեալը ապրիլ». ի՜նչ խորհրդաւոր ապրումի մը պահն է այդ՝ հոգիի տեղափոխութիւն մը, ըսենք, կամ միտքով փոխադրուիլ հին օրերուն՝ այդ յաւէտ բաղձալի թռչած ու անհետացած կեանքին։ Եւ երբ մարդուս հոգեվիճակը եւ տրամադրութիւնը փոխուի, կարծես մարմնի գործունէութիւնն ալ կը փոխուի եւ մարդ ինքզինք երիտասարդ կը զգայ՝ հին օրերուն պէս։ Ո՜վ գիտէ թերեւս արեան շրջանը կ՚արագանայ եւ մարդ աւելի առոյգ, աւելի աշխոյժ, աւելի ժիր ու կայտառ կը զգայ ինքզինք։ Հինցած, մաշած մարդը կ՚երթայ եւ հին օրերու մարդը կու գայ։ Հինցած մարդ կամ հին մարդ, ահաւասիկ հասարակաց տարր մը, եզր մը՝ «հին»ը՝ ներկային «հինցած», անցեալի «հին» մարդը։

Այս իրականութենէն կը հետեւի, թէ «հին»ը միշտ եւ ամէն շրջանի, արժէք կը ներկայացնէ՝ թանկագին է եւ յարգի՛։ Հինը կամ հինցածը, սակայն տեւապէս կարօտ մը ունին իրարու՝ հինցածը՝ հին վիճակին կարօտը ունի, հինն ալ՝ հինցած ըլլալու։

Այս մտածումներով, ահաւասիկ, հին օրերու հինցած բարեկամներ կը յիշեն այն հաճոյալի եւ ուրախ զուարճութիւնները՝ զորս ունեցեր, ապրեր էին, այն յուզումները՝ զորս սիրտերու մէջ էին ձգեր, այն քաջագործութիւնները՝ զորս ընտանեկան կամ ընկերային, համայնքային շրջանակներու մէջ կատարած էին, եւ այն յաջողութիւնները կամ երջանկութիւնները, այն ձախողանքները կամ դժբախտութիւնները՝ զորս ապրեր էին, այն սէրերը եւ այն ատելութիւնները՝ զորս զգացեր էին, այն անկեղծ բարեկամութիւնները՝ զորս վայելեր էին եւ այն կարծեցեալ բարեկամները՝ զորս վիրաւորեր էին իրենց սիրտը, այն յոյսերը՝ զորս քաջալերեր էին զիրենք եւ այն յուսախաբութիւնները՝ զորս յուսալիք էին ըրեր իրենց բոլոր ակնկալութիւններուն մէջ, եւ բոլոր զգացումները, մտածումները, մտադրութիւնները, ամբողջ վայելքները, եւ բովանդակ կեանք մը…։

Տարիքոտի մը, տարիներու բեռը իր ուսերուն վրայ տարած մէկը երբ նայի իր անցեալին՝ կեանքը որքա՜ն ժպտուն ու զուարթ կ՚երեւի իրեն այն ատեն, եւ կը խորհի, թէ երբ կ՚ապրէր այդ զուարթ օրերուն, երբեք չէր մտածեր, թէ այդ կայտառ ու առոյգ երիտասարդութիւնը, զօրութեան, կարողութեան, ուժի, կարելիութիւններու, առիթներու, կորովի, արթնութեան այդ շրջանը վախճան պիտի ունենար։ Ներկայ տարիքոտ մարդը չէր խորհեր թէ զուարճութիւններու, վայելքներու, հաճոյքներու, յաջողութիւններու այդ շարքին վերջը պիտի գար։

Բայց ահաւասիկ անոնց բոլորը վերջացեր էին. նշենին ծաղկեր էր, պատուհանէն նայողներու աչքերը մթնցեր էր, խաւարը պատեր էր ամէնուրեք։

Եւ այդ հարցումները, որոնցմով կ՚ուզէին վերադառնալ իրապէս հի՜ն օրերուն եւ իրենց հին վիճակին, իրենց մտքին առջեւ կը պատկերացնէր իրենց անցեալ՝ հին կեանքը յատուկ եւ պայծառ կերպով մը։ Եւ անոնք իրենց հինցած կեանքով կարօտը ունէին իրենց հին կեանքին…։

Ուրեմն մարդուս կեանքին տիրապետողն է՝ «հին»ը՝ հին կամ հինցած, բայց միշտ հի՛նը։

«Ինչպէ՞ս ես» եւ «ի՞նչ կ՚ընես»։

Այս խորհրդաւոր հարցումները ահաւասիկ կը համառօտեն, կ՚ամփոփեն ամբողջ կեանք մը, տարիները կը վերածեն վայրկեանի մը, պահի մը եւ կը միացնեն անցեալը ներկային, ինչպէս կը միանան հի՜ն օրերու հինցած բարեկամներուն սիրտերը՝ կարօտի եւ սիրոյ կպչուն յատկութեան շնորհիւ։ Արդարեւ, կարօտը եւ սէրը կը միացնեն իրարմէ հեռացած սիրտերը, անոնց շնորհիւ հեռաւորութիւններ կ՚անհետանան, մէ՛կ կ՚ըլլան, հաւաքուելով մէկ կէտի վրայ։

Եւ հին օրերու հինցած բարեկամներ, յանկարծ կ՚անդրադառնան իրենց ներկայ վիճակին, կ՚անդրադառնան իրենց անցեալ կեանքէն աւելի ներկա՛յ կեանքին եւ կ՚անդրադառնան որ իրենք այլեւս կը վերաբերին ո՛չ թէ անցեալին, այլ ներկայ կեանքին։ Եւ կը վերջանայ երազը, այլեւս անոնք այն հին օրերու երիտասարդները չեն, այլ ներկայի, հինցած տարիքոտ, տարիներու բեռով բեռնաւորուած հին օրերու բեռնակիրները…։

Այդ պահուն այդ հին օրերու «հինցած» բարեկամները կը տեսնեն որ իրենց շուրջը, իրենց անմիջապէս մօտիկը կեանքը կ՚եռայ իր ամենէն եռանդաբորբ ու խանդավառ եղանակովը. ահա մարդիկ կ՚երթան, կու գան, կը խօսին, կ՚երգեն, կը վիճին, զանազան առեւտուրներու մէջ կը գտնուին, երբեմն տխուր ու տրտում, երբեմ ժպտուն կը մտածէին, կը խորհրդածէին եւ այս կերպով կ՚անդրադառնային իրենց էութեան, կը ծրագրէին, կը քակէին, կը քանդէին, կը փլցնէին եւ յետոյ դարձեալ կը շինէին։ Եւ հին օրերու հինցած բարեկամները տեսան որ կեանքը կը շարունակէ իր բնական ընթացքը՝ որուն մէջ այլեւս իրենք որեւէ դեր չունէին, միա՛յն կը դիտէին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2017