ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ

«Եւ երբ երկրէն բարձրանամ՝ ամէնքն ալ ինծի պիտի քաշեմ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։ Այսպէս կ՚ըսէ Յիսուս՝ մատնանշելով իր համբարձման։ Արդարեւ, Խաչին վրայ բարձրացումը կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկինք բարձրացումը։ Ուստի, մին միւսին սկիզբն է։

Յիսուս Քրիստոս, միա՛կ քահանան նոր եւ յաւիտենական ուխտին. «մտաւ … ո՛չ թէ … մարդու ձեռակերտ սրբավայրի մը մէջ … այլ երկինք, որպէսզի երեւնայ Աստուծոյ առջեւ, ի նպաստ մեզի» (ԵԲՐ. Թ 24)։ Երկինքի մէջ Քրիստոս մշտապէս կը կատարէ Իր Քահանայութիւնը. «քանի որ միշտ կենդանի է, որպէսզի Ան միջնորդէ ի նպաստ անոնց, որոնք Իրմով կը քալեն դէպի Աստուած» (ԵԲՐ. Է 25)։ Իբրեւ «քահանայապետ հանդերձեալ բարիքներուն» (ԵԲՐ. Թ 11), Ան երկինքի մէջ Հօր ի պատիւ մատուցուող ծէսին կեդրոնը եւ գլխաւոր ծիսակատարողն է. (ՅԱՅՏ. Դ 6-11)։

Այս իմաստով Քրիստոսի Համբարձումը կը նշանակէ Յիսուսի մարդկայնութեան վերջնական մուտքը Աստուծոյ երկնային տէրութեան մէջ, ուրկէ Ան պիտի գայ, սակայն մինչ այդ, կը թաքուցանէ զԱյն մարդոց աչքերէն. (ԿՈՂ. Գ 3)։

«Համբառնալ». երբ լերան մը վրայ կեցած է մարդ, անպայմա՛ն, հոգեւոր փորձառութեամբ։ Լերան մը վրայ երկինքը աւելի մօտ է քան երկիրը։ Աստուծմով գրաւուիլ կը նշանակէ կտրուիլ աշխարհէն եւ կապուիլ երկինքը։ Մարդկային մարմինը երկրին, հողին կը պատկանի, անմահ է իր հոգին, որ կը պատկանի երկինքի, Աստուծո՛յ։ Եւ երբ մարդ հոգեւորապէս կը դառնայ Աստուծոյ, եւ ինք եւ Աստուած կը նոյնանան։ Երբ Առաքեալին պէս ան ալ անհատապէս կրնայ ըսել. «Կ՚ապրիմ, բայց ո՛չ թէ ես, հապա՝ Քրիստոս որ իմ մէջս է», այն ատեն ան ալ հոգեւորապէս «համբարձա՛ծ» է։

Յիսուս Քրիստոսի թէ՛ մարմինը եւ թէ՛ հոգին կը պատկանէին երկինքի, ուստի «մարմին»ով եւ «հոգի»ով երկինք համբարձաւ ան։ Հրա՜շք մը, որ կը կրկնուի նաեւ մարդուն մէջ՝ ոեւէ հաւատացեալ հոգիի մէջ։ Ինչո՞ւ համար անկարելի, անհաւատալի հրաշք մը ըլլայ Յիսուսի համար։ Կը հաւատանք Յիսուսի «Համբարձման» ո՛չ թէ որովհետեւ Աւետարանի վկայութիւնը ունինք միայն, հապա որովհետեւ մեր անհատական փորձառութեամբ, մեր կեանքով հաւատացած ենք այդ վկայութեան ճշմարտութեան։ Ապրած ենք «համբարձում»ը մեր կեանքին մէջ, թերեւս չենք անդրադարձած բայց անպայմա՛ն ապրած ենք այդ հրաշքը մեր մէջ։

Ո՞վ գիտէ, ո՛վ Յիսուս, թերեւս մեր մարմինը հովիտի մը մէջ «դառնայ հողին», քանի որ հողը երկինքի բարձրութեան մէջ չէ. բայց ո՛չ մէկ հարց. հոգին բարձունքի մը վրայ արդէն իր «համբարձում»ը ունեցած է։

Բայց «համբարձում»ը միայն հոգեւոր փորձառութիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ «իմացական փորձառութիւն» մը։ Ի՛նչ որ մարդս կը զատէ նիւթական-երկրային աշխարհէն, ի՛նչ որ մարդս փորձառական բարձր լեռ մը կը հանէ՝ «համբարձո՛ւմ» է։ Եւ ահա Սաղմոսները՝ որ կը նկարագրեն Աստուծոյ ներկայութեան իրականութիւնը եւ անմիջականութիւնը, եւ նիւթական աշխարհը՝ իր բոլոր սուր խայթերովը՝ պիտի սրբուի մարդուս գիտակցութենէն եւ մտքով եւ հոգիով պիտի փոխադրուի աննիւթական աշխարհի մը երանութեան մէջ։ Մարդ երբ լսէ երաժշտութիւն մը, նոյնը պիտի ըլլայ անոր փորձառութիւնը։ Մարդ երբ կարդայ դասական բանաստեղծի մը տողերը՝ գրուած երկինքի հրեշտակներուն շունչովը՝ եւ «համբարձման» հրաշալի՜ փորձառութիւնը պիտի կրկնուի…։ Փորձառութիւններու այս լեռնային բարձունքներուն վրայ՝ «համբարձում» բնական է եւ անխուսափելի՛։ Այս պատճառով, Յիսուսի «փորձառութիւն»ներուն մենք եւս «փորձակից» ենք, նաեւ Անոր «Համբարձման»։

Արդարեւ, լեռը Յիսուսի կեանքին մէջ միշտ կարեւոր տեղ մը ունեցած է։ Մարդ շատ անգամ չ՚անդրադառնար այդ իրողութեան արժանի լրջութեամբը մինչեւ որ ինքզինք գտնէ լեռներու մէջ։ Այն ատեն ահաւասիկ կը զգայ, աւելի խորունկ կերպով քան երբեք նշանակութիւնը Յիսուսի կեանքին այն փորձառութիւնները, որոնք լեռներու հետ զուգորդուած են։ Եւ այդ փորձառութիւններէն գերազանցապէս երկուքը՝ որոնց նկարագրութիւնը կը գտնենք Աւետարանի մէջ. «Այլակերպութեան» եւ «Համբարձման»։

Ելլել եւ կանգնիլ լերան մը գլուխը եւ վե՛ր նայիլ անգամ մը, եւ ապա հեռաւո՜ր հորիզոններուն. մարդ կը համակուի միսթիքական անբացատրելի զգացումով մը՝ որ միա՛յն երկու որակիչ բառերով կարելի կ՚ըլլայ նկարագրել. «այլակերպիչ» եւ «համբարձուցիչ»։ Փորձենք ունենալ այդ հոգեւոր փորձառութիւնը մեր կեանքին մէջ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ

Մայիս 16, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019