ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ

Կասկածէ վեր բան է, որ յաճախ հայրենասիրութիւն կոչուած ախտը մարդը կը մղէ ստախօսութեան, որովհետեւ շատ անգամ հայրենասիրութեան պատճառած կուրութեամբ հայրենասէրը անկարող կ՚ըլլայ տեսնելու իրականութիւնները եւ նոյնիսկ ճշմարիտ քննադատութիւնները անգամ կրնայ ընդունիլ որպէս թշնամանք ու հակառակութիւն:

Հայրենասիրութիւնը սակայն իր մէջ զիրար ամբողջութեամբ հակասող երկու ծայրայեղութիւններու կ՚առաջնորդէ. մին իր հայրենասիրութեամբ հայը կը տեսնէ որպէս կատարեալ արարած մը՝ իր աշխատասիրութեամբ, իր ստեղծագործութեամբ, իր մշակոյթի եւ արուեստի հանդէպ ունեցած նուիրուածութեամբ, եղբայրասիրութեամբ եւ իրերօգնութեամբ, սակայն այս բոլորին ամբողջութեամբ հակառակ դարձեալ հայրենասիրութենէ մղուած ուրիշ մը կը տեսնէ ու կը բարձրաձայնէ խոցելի վէրքերուն մասին: Առաջինը երկրորդը որպէս թշնամի ու հակառակորդ կը տեսնէ, իսկ երկրորդը առաջինին պարզապէս որպէս թեթեւամիտ մը, սակայն կ՚անգիտանան, որ անոնց հասարակաց գիծը իրենց հայրենասիրութիւնն է:

Գուցէ գոյութիւն ունի վերոյիշեալ երկուքին միջինը եւս, որոնց համար յստակ չէ հայուն ինչ ըլլալը. գուցէ անոնցմէ մէկը եղած ըլլայ Դերենիկ Տեմիրճեանը, որ իր «Հայը» յայտնի գրութեան մէջ հարց կու տար, թէ «Բան մը կը հասկնա՞ք հայէն... որքա՜ն տարօրինակ, հանելուկային արարած է...»:

Հայը տարօրինակ է մինչեւ այսօր եւ կը շարունակէ մնալ անլուծելի հանելուկ մը. օրինակ՝ վստահաբար լսա՞ծ էք չէ, թէ Հայաստանի մէջ հայ տղամարդը ծոյլ է. չի սիրեր աշխատիլ, այլ կը նախընտրէ խմել ու գինովնալ. սակայն նոյն տարօրինակութեամբ կը կարդանք հայ մտաւորականներու կարծիքները, հայու աշխատասիրութեան, սորվելու եւ ստեղծագործելու սիրոյն մասին։ Ուիլիըմ Սարոյեանն է գրողը. «Ուղղակի հայերու բնութեան մաս կը կազմէ սորվիլը, հարցադրելը, ենթադրելը, բացայայտելը, յօրինելը, վերանայելն ու վերականգնելը, պահպանելը, պատրաստելը եւ տալը»: նոյն այդ հայուն մասին ուրիշ մը կը գրէ. «անոնց ամուսինները չեն աշխատիր, ծոյլ են եւ փոփոխութեան համար պէտք է ամբողջ սերունդ մը փոխուի»:

Ամէն ժամանակաշրջան ունի եւ ունեցած է իր «հայ»ը, որոնք ամբողջութեամբ իրարու հակառակ վիճակ մը ներկայացուցած են եւ վստահ եղէք, թէ քսան տարի ետք ապրող հայը պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ տարբեր հայ մը՝ այնպէս ինչպէս տարբեր է այսօրուան հայը քսան տարի առաջ ապրող հայէն:

Սակայն ի՞նչ է, ո՞վ է այսօրուան հայը. նոյն հանելուկն է ան. անլուծելի: Հայրենասէր է ան. պատրաստ իր կեանքը զոհելու հայրենիքի փրկութեան համար, սակայն նոյնքան անհոգ ու անտարբեր է ան իր հայրենիքի վիճակով: Բոլորն ալ քաջարի պատերազմական մարտիկներ են, սակայն երբ ժամանակը գայ կը խորշին անկէ: Ամբողջական հոգիով ու սրտով կը սիրեն հայրենիքը, իրենց ազգութիւնը, սակայն միաժամանակ երանի կու տան որպէս ամերիկացի կամ եւրոպացի լոյս աշխարհ եկած ըլլալու համար: Հայաստանը իրենց սեփական տունը կը նկատեն, սակայն անկէ հեռու մնալու համար ամէ՛ն տեսակի զոհողութիւն յանձն կ՚առնեն: Կը խղճան աղքատներուն, սակայն զանոնք հարստահարելու համար ամէն տեսակ սատանայութիւն յանձն կ՚առնեն: Մօտէն կը հետեւին քաղաքականութեան, սակայն կը նախընտրեն լուռ մնալ այդտեղ կատարուող մեր ազգին ու ազգութեան դէմ ի գործ դրուող որոշումներուն եւ օրէնքներուն դիմաց: Մեծաւ մասամբ կ՚ատեն կառավարութեան ներկայացուցիչները, սակայն ինչքա՜ն յարգանք կը տածեն անոնց հանդէպ՝ երբ հանդիպելու կամ տեսնելու առիթը ընծայուի անոնց:

Ի՞նչ է այսօրուան հայը. հայ մշակոյթի հանդէպ անսահմանափակ սէր ունեցող մըն է ան. կը հաւատայ, թէ հայ մշակոյթը պէտք է ապրի ու գոյատեւէ, սակայն հակառակ իր այդ համոզումին՝ օտարինը աւելի հաճելի, աւելի ազդու եւ յաջող կը նկատէ. Սայաթ Նովան որպէս արժէք կ՚ընդունի, սակայն կը նախընտրէ ամերիկացի երգիչի մը զռոցը լսել՝ քան Սայաթ Նովան:

Այսօրուան հայը նման է այն ծնողին, որ երեւոյթով կը պաշտէ իր զաւակները, անոնց համար հոգի կու տայ, սակայն անտարբերութեամբ զանոնք որբի վիճակին մատնած հեռու գացած է անոնցմէ: Այսօրուան հայը, ինչպէս անցեալին, երեւութապէս եւ էապէս իրարու հակասող արարածներ են:

Մերօրեայ հայուն չափ հաւատացեալ, սակայն հաւատքէ հեռու արարածներ կարելի չէ տեսնել. մերօրեայ հայուն չափ միասնականութեան կարեւորութեան հաւատացող, սակայն անմիաբան ազգ մը կարելի չէ գտնել. հայուն չափ մարդասէր, սակայն նոյնքան եսասէր արարածներ կարելի չէ գտնել: Մերօրեայ հայը ունի նմանութիւնը աւելի քան դար մը առաջ Րաֆֆիին նկարագրած խաչագողերուն, որոնք աղքատին ողորմութիւն կու տան, սակայն վայրկեան մը ետք նոյն աղքատը կողոպտել կը ցանկան:

Եթէ կրնաք լուծեցէ՛ք հանելուկը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -255-

Օր մը արաբական եկեղեցւոյ մօտիկ հայ մը սքանչացումով պատմեց արաբ եկեղեցականներուն հաւատքին եւ անոնց եկեղեցական արարողութիւններուն մասին. հայ մը՝ որուն համար կէս ժամ տեւող ժամերգութիւնը երկար, սակայն օտարին երկու ժամնոց պաշտամունքը հաճելի ու գուցէ «կարճ» կը նկատէ:

Վերոյիշեալ խօսակցութենէն կարճ ժամանակ ետք բժշկական հարցով մը դիմեցի արաբ բժիշկի մը. բժշկական քննութիւնները կատարելէ ետք քիչ մը խօսելու առիթ ունեցանք: Արաբ բժիշկը սկսաւ բողոքել իրենց եկեղեցականներէն եւ սքանչացումով խօսեցաւ հայ եկեղեցականներուն հաւատքին ու նուիրումին մասին:

Արաբը իր սեփականը չարախօսելով հայունը գովեց, իսկ հայը նոյնպէս իր սեփականը չարախօսելով արաբինը գովեց: Փաստօրէն հարցը ո՛չ եկեղեցիներուն եւ ո՛չ եկեղեցականներուն մէջ է. հիմնական հարցը մեր մէջ է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023