ԸՆՏՐԵԼ՝ ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ՍԷՐԸ - Բ -

Երբ կը խօսուի Մանուկ Յիսուսի ծննդեան պարագաներուն վրայ, պէտք չէ՛ զանց առնել նաեւ Յովսէփը։ Քանի որ Յովսէփն է, որ հանդէս եկաւ որպէս «պաշտպան» եւ «խնամող» ո՛չ միայն Կոյս Մարիամին, այլ նաեւ՝ Յիսուսին։

Յովսէփ նախ Մարիամի հետ ամուսնանալով պաշտպանեց Յիսուսը։ Թոյլ չտուաւ, որ Մարիամը խայտառակուի եւ քարկոծուի հրէական օրէնքի համաձայն, քանի որ հրեաները Աստուածածինը կը մեղադրէին «անառակութեան» մէջ եւ կը դատապարտէին զայն։ Եւ Յովսէփ հետեւեցաւ եւ հնազանդեցաւ հրեշտակի յորդորին եւ ընդունելով Մարիամը իր հովանիին ներքեւ, ընդունեց նաեւ Մանուկ Յիսուսը, մինչ Քրիստոսի ծնունդէն ետք դարձաւ քրիստոնեայ։ Այսպէսով՝ Յովսէփ թողուց Հին ուխտը եւ ընդունեց Նոր ուխտը։

Բայց աշխարհ ակամայ գտնուեցաւ, անտարբեր մնաց Մանուկ Յիսուսին նկատմամբ։

Ահաւասիկ, անտարբերութեան «ախտ»ին պատճարով մարդիկ անգամ մը եւս զրկուեցան աստուածային շնորհները ընդունելու եւ փրկութեան առիթէն օգտուելու պատեհութենէն։

Աշխարհ չընդունեց Մանուկ Յիսուսը, Բեթլեհէմի մէջ ո՛չ մէկ տաք անկիւն գտնը-ւեցաւ Յիսուսի համար եւ Տէրը ծնաւ քարայրի մը մէջ։ Աշխարհ իր չարութեամբ եւ անտարբերութեամբ Աստուծոյ համար քարայրէն եւ մսուրէն զատ ուրիշ բան չկրցաւ պատրաստել։ Եւ ասիկա տակաւին բոլորը չէր, հալածանքները շարունակեցին. Հերովդէս կը փնտռէր մանուկը՝ սպաննելու համար, ուստի Սուրբ Ընտանիքը ստիպուեցաւ փախչիլ Եգիպտոս։

Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնի ուրախութիւնը այս փորձութիւնները չեն անշուշտ, այլ այն, որ չնայած մարդիկ, աշխարհը, չարը իրենց ամբողջ ատելութեամբ եւ դաժանութեամբ մերժեցին Մանուկը եւ կ՚ուզէին սպաննել զայն, սակայն Մանուկ Յիսուս յաղթեց աշխարհին իր աստուածային սիրով եւ խոնարհութեա՛մբ։ Սէր եւ խոնարհութիւն՝ ահաւասիկ երկու ուժեր, որոնց դէմ կարելի չէ՛ դիմանալ…։ Բեթլեհէմի մսուրը խորհրդածութիւններու կեդրոնն է ո՛չ միայն անոր համար, որ այնտեղ ծնաւ Քրիստոս, այլ՝ որ ա՛յնտեղ ներկայ էին նաեւ Յովսէփ եւ Մարիամ, որոնց հաւատքը բաւական եղաւ դիմակայելու չարի փորձութիւնները եւ մարդկային դաժանութիւնն ու անգթութիւնը։ Փառք Աստուծոյ, որ Յովսէփի եւ Մարիամի ձեռքին մէջն էր մարդկութեան փրկութիւնը, անոնց խնամքին, հոգածութեան եւ պաշտպանութեան էր յանձնուած անպաշտպան Մանուկը։ Այս Սուրբ Ընտանիքը խորհրդաբար կը ներկայացնէ Սուրբ Եկեղեցին, ո՛ւր կը ծնի Աստուած եւ կ՚ապրի որպէս Տէր եւ Փրկիչ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, անշուշտ կ՚անցնին Սուրբ Ծննդեան տօները, հրաշքի պարգեւած ոգեւորութիւնը, բայց պէտք չէ մոռնանք, որ Քրիստոսի Ծնունդը կ՚ուղեկցի Տիրոջ հաւատարիմ զաւակներուն հաւատքի փորձութեամբ։ Աստուած կը ծնի որպէս «անպաշտպան մանուկ», այնտեղ, այն պարագային, երբ մարդոցմէ կը պահանջուի արդարութիւն, հաւատք, սէր եւ նուիրո՛ւմ։ Արդարեւ, իրական արդարութիւնը այն չէ, երբ մարդ կը ձգտի արդարութեան ամէն գինով, այլ ա՛յն՝ երբ մարդ կը ձգտի արդարութեան յանուն ճշմարտութեան, սիրոյ եւ ողորմութեան յաղթանա՛կին։

Յովսէփ ո՛չ միայն արդար էր, այլ եւ ողորմած. անոր արդարութիւնը անբաժանելի էր ողորմածութենէ, ինչպէս սէրը՝ ճշմարտութենէն։

Աստուածայայտնութեան տօնին եւ երբեք պէտք չէ՛ մոռնանք, որ Աստուած յայտնուեցաւ անոնց՝ որոնք կը փնտռէին զԻնք։ Արդեօք մենք այսօր եւ տեւական կը փնտռե՞նք Տէրը։ Եւ այս հարցումներու պատասխանը պիտի ըլլայ մեր ամբողջ կեա՛նքը, ամուր հաւատքը, սէրը եւ քաջութիւնը ամէն գինով Տիրոջ հետեւելո՛ւ։

Արդարեւ, ո՞վ փրկեց աշխարհը. Աստուածամարդը՞, թէ՞ մարդը։ Դժուա՛ր է պատասխանել. սակայն Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը, որ տեւապէս պէ՛տք է տպաւորէ մեզ բոլորը, մեզի կը բացայայտէ, որ նախ մարդիկ փրկեցին Աստուած այս աշխարհի մէջ, ապա Աստուած փրկեց մարդը եւ ամբողջ աշխարհը։

Ուստի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը, որ միայն այն օրուան համար չէ, այլ ամբողջ կեանքի համար, պէ՛տք է համախըմ-բէ, միացնէ բոլորս՝ Տիրոջ հետ ըլլալու եւ համագործակցելո՛ւ։

Եւ մարդուն եւ Աստուծոյ փոխադարձ փրկութեան այս հրաշալի՜ համագործակցութեան մէջ կը բացայայտուի մեր փրկութեան խորհուրդը՝ թէ անիկա կ՚իրականանայ փոխադարձ գործունէութեամբ։

Եւ երբ Սուրբ Ծննդեան տօնին երբ մեր հոգիի եւ մտքի ամբողջ կարողութիւնները ուղղեցինք դէպի Բեթլեհէմի քարայրը՝ ուր կը գտնուէին արդար Յովսէփը, բարի եւ հաւատարիմ հովիւները, իմաստուն մոգերը, կոյս Մարիամը, որ կը խօսի հրեշտակներու հետ։ Այդ քարայրը «երջանկութեան աղբիւր» եղաւ համայն մարդկութեան։ Եւ այդ քարայրին մէջ, մեր բոլորին կեանքը նորոգուեցաւ։ Երջանկութիւնը, փրկութիւնը, Մանուկը որ գուցէ դեռ փոքր է, կարիք ունի պաշտպանի՝ մեր արդարութեանը եւ ողորմածութեանը՝ սիրոյն եւ հաւատքին, ազնուութեանը եւ իմաստութեանը՝ որոնք պէտք է տեւական ըլլան, շարունակուին ամէն օր, ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Իսկ միւս կողմէ, փոքր ենք մենք, եւ մենք կարիք ունինք Մանուկ Յիսուսի, Տիրոջ ողորմութեան եւ սիրոյն, ո՛չ միայն տօնական օրերուն, այլ տեւապէս, ա՛յնքան ատեն որ կ՚ապրինք կեանքը այս աշխարհի վրայ…։

- Օգտուեցանք. Եսայի Քահանայ Արթենեանի խորհրդածութիւններէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 23, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018