ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
«Արդարութիւն»ը երկու իմաստ ունի. առարկայական (=objectif) եւ ենթակայական (=subjectif)։
Առարակայական իմաստով արդարութիւն կը նշանակէ՝ օրինապահութիւն, տուեալ կանոններու համաձայն շարժիլ. իւրաքանչիւրի իրաւունքը յարգող առաքինութիւն։ Այս առումով «արդար»ը կը նշանակէ ուղիղ գործող, անաչառ։
Իսկ ենթակայական իմաստով արդարութիւն կը նշանակէ սիրով գործել, ուր արդարութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն մըն է։ Այս կէտին, արդարութիւնը մարդասիրութեան համազօր է. համայն մարդկութեան հետ սիրով վարուիլ, մարդոց օգնելու տեսակէտէ որեւէ խտրութիւն չդնել՝ արդար վարուիլ կը նշանակէ։ Ենթակայական արդարութիւնը ունի աւելի հոգեւոր արժէք, ինչպէս՝ անմեղութիւն, անպարտութիւն։
Առարակայական արդարութիւնը, ընդհանրապէս կ՚ենթադրէ՝ ուղղութիւն, շիտակութիւն, իրաւունք, օրէնք՝ որոնց հպատակելու են բոլոր մարդիկ։
Արդարութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ հաւասարութի՛ւն։
Արդարութեան գաղափարին մէջ կայ՝ հաւասարութիւն, եղբայրութիւն եւ ազատութիւն։
Արդարութիւնը ընդհանուր առումով, ամէն մէկուն տալ՝ ի՛նչ որ անոր կը պատկանի կը նշանակէ։
Իր այս հանգամանքներով, արդարութիւնը անհրաժեշտ է թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական խաղաղութեան հաստատման եւ գոյատեւման համար։
«Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէք». (ՂԵՒՏ. ԺԹ 15)։ Արդարութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ կամքով տալո՛ւ Աստուծոյ եւ մերձաւորին ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։
Արդարութիւնը Աստուծոյ հանդէպ կոչուած է «առաքինութիւն»՝ կրօնի։ Իսկ մարդոց նկատմամբ արդարութիւնը տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքը եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւնը՝ որ կը հրահարէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։
Արդար մարդը յաճախ յիշուած Սուրբ Գիրքին մէջ, կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին հանդէպ իր վարքին ուղղամը-տութեա՛մբ։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Տէրե՜ր, շնորհեցէ՛ք ձեր ստրուկներուն իրաւունք եւ արդարութիւն, գիտնալով որ դո՛ւք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ». (ԿՈՂ. Դ 1)։
Ուրեմն «արդարութիւն»ը Աստուծոյ երկրի վրայ այն զօրութիւնն է՝ որ մարդիկ պէտք է գործադրեն եւ ըստ այնմ շարժին, երկրի վրայ ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ խաղաղութիւնը հաստատելու եւ տեւականացնելու համար։ Արդարութիւնը, այս իմաստով, Աստուծոյ զօրութեան ցոլացո՛ւմն է երկրի վրայ։ Ուստի հոն ուր արդարութիւն կայ, հոն ներկայ է Աստուած Իր ամբողջ զօրութեամբ եւ իշխանութեամբ։
Սիրաքի իմաստութեան մէջ կ՚ըսուի. «Որդեա՛կ, մի զլանար օգնելու աղքատներուն եւ թոյլ մի՛ տար, որ տուայտին կարօտեալներու աչքերը»։ Եւ ահաւասիկ արդարութեան սիրոյ արտայայտութիւն մը, սիրոյ ցոլացում մը ըլլալու ապացո՛յցը։ Արդարութիւնը՝ առիթներու եւ արժէքներու հաւասարութեան սկզբունքով, անխտիր բաժնելու վիճա՛կն է։ Անշուշտ այս վիճակին առանցքը կը կազմէ սէ՛րը։
Աստուածային Ամենազօրութիւնը ամենեւին կամայական չէ։
Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նո՛յնն են, այնպէս որ ի՛նչ որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալո՛ւ է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացականութեան մէջ»։
Վերջին դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթած է Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ թէ Իր սէրը աւելի՛ հզօր է քան մահը։
Մինչ, մահացու մեղքը մարդկային ազատութեան արմատական կարելիութիւն մըն է, ինչպէս նոյնինքն սէրը։ Ան իր հետ կը բերէ կորուստը սիրոյն եւ զրկումը սրբարար շնորհքին, այսինքն՝ շնորհքի վիճակին։
Մարդ թէեւ կարող է դատել, թէ արարք մը յինքեան ծանր յանցանք մըն է, սակայն պարտինք անձերու դատաստանը յանձնել Աստուծոյ արդարութեան եւ ողորմութեան՝ որոնք կը բխին աստուածային սէրէն։ Արդարեւ, արդարութիւնը եւ ողորմութիւնը կը ներդաշնակուին եւ կը հաւասարակշռուին սիրո՛վ։
Բարոյական օրէնքը իր լիութիւնը եւ միութիւնը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ։ Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն անձամբ ուղին է կատարելութեան եւ լիութեան։ Ի՛նքն է վախճանը օրէնքին, որովհետեւ միայն Ի՛նք կ՚ուսուցանէ եւ կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. «Որովհետեւ օրէնքին նպատակը Քրիստոս Ի՛նքն է, արդարացումը ամէն հաւատացեալի» (ՀՌՈՄ. Ժ 4)։
Սուրբ Հոգիին շնորհքը կարողութիւնն ունի մեզ արդարացնելու, այսինքն մեզ մաքրելու մեր մեղքերէն եւ մեզի հաղորդելու «արդարութիւնը Աստուծոյ՝ հաւատքովը Յիսուս Քրիստոսի» (ՀՌՈՄ. Գ 22) եւ Մկրտութեամբ (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։
Արդարացումը միաժամանակ «ընդունելութիւնն է Աստուծոյ արդարութեան»՝ հաւատքովն ի Յիսուս Քրիստոս։ Արդարութիւնը հոս կը մատնանշէ «աստուածային սիրոյն ուղղադատութիւնը»։ Արդարացումով՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը կը սփռուին մեր սրտերուն մէջ եւ աստուածային կամքին հանդէպ հնազանդութիւնը կը շնորհուի մեզի։
«Հիմա առանց օրէնքի, Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուեցաւ՝ վկայութեամբ Օրէնքին եւ Մարգարէներուն։ Աստուծոյ արդարութիւնը կը տրուի հաւատքով ի Յիսուս Քրիստոս, բոլոր հաւատացեալներուն - որովհետեւ չկայ խտրութիւն, ամէնքը մեղանչեցին եւ զուրկ են Աստուծոյ փառքէն - եւ կ՚արդարանան պարգեւովն Անոր շնորհքին, զօրութեամբ փրկութեան, որ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսով։ Աստուած կանխաւ սահմանեց զԻնք որպէս գործիք քաւութեան՝ շնորհիւ Իր արեան եւ հաւատքի միջոցաւ, իբր ապացոյց թողութեան անցեալին մէջ, Աստուծոյ համբերութեան շրջանին գործուած մեղքերուն։ Ան կ՚ուզէ յայտնել Իր արդարութիւնը ներկայ ժամանակին մէջ, որպէսզի ըլլայ արդար եւ արդարացնէ ան որ կը հաւատայ Յիսուսի» (ՀՌՈՄ. Գ 21-26)։
«Աստուած երբ լուսաւորութեամբ Սուրբ Հոգիին կը յուզէ մարդուն սիրտը, մարդը անմասն չի մնար այս ներշնչումին, զոր կրնայ նաեւ մերժել. մարդը ոչ ալ կրնայ իր ազատ կամքով ուղղուիլ դէպի արդարութիւնը Աստուծոյ, առանց Աստուծոյ շնորհքին»։ Կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս. «ամբարիշտին արդարացումը աւելի մեծ գործ մըն է քան երկինքի եւ երկրի արարչագործութիւնը», քանի որ երկինք եւ երկիր պիտի անցնին մինչ ընտրեալներուն փրկութիւնը եւ արդարացումը պիտի մնա՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 24, 2020, Իսթանպուլ