«ՅՈՒՇԱՐԱՐՆԵՐԸ»
Միշտ կը մտածեմ, որ «երիտասարդ» մնալու գրաւականը, մարդու ներքին լոյսն է։ Իմ պարագային՝ սենեակս։ Աշխատասեղանս։ Համակարգիչիս ճերմակ պաստառին եւ անոր հայերէն տառերուն դիմաց: Այս է ընդհանրապէս եւ մանաւանդ այս օրերուս փոքրիկ աշխարհս եւ անկիւնս, ուրտեղ կը կտրուիմ դուրսէն, աշխարհէն եւ կ՚ապրիմ ինքս, իմ մտքերուս հետ։
Ահա գաղտնիքներէս մէկը...: Հոս է, որ երկար եւ անժամանակ, քիչ-շատ կը կարդամ։ Քիչ-շատ ալ կը գրեմ։ Կը սրբագրեմ։ Ապա կրկին գրածս կը կարդամ։ Յետոյ, համակարգիչին դիմաց երկար նստած կը դիտեմ այդ փոքր պաստառը ու կարծես ձեւով մը կ՚երեւակայեմ։ Կ՚երազեմ։ Կը յիշեմ։ Ապա կ՚անդրադառնամ: Կը փորձեմ վերադառնալ ես ինծի, մօտիկ եւ հեռու անցեալիս, ապա ծրագրումներուս մէջէն՝ գաղափարներուս, սփոփանքս գտնելու համար:
Այսօր ալ նոյն վիճակին մէջ էի, սակայն բոլորովին տարբեր եւ հաճելի պատճառով: Ըսեմ: Քանի մը օրեր առաջ, մեր շրջանը իր այցելութեան առթիւ, հանդիպեցայ տարիներու ուսուցչուհիներէս տիկին եւ սակայն ինծի համար միշտ «օրիորդ» Երանին: Ու կնոջս հետ, մենք ալ իբրեւ կրթական մշակներ, որոշեցինք տեսնուիլ: Այդ օր, յարգելի հիւրիս հարազատին տան մէջ, հաւաքուած էինք այսպէս չորս-հինգ զոյգերով: Ու իմ բարի բախտէս ներկայ էր նաեւ մեր նահանգը բնակող նախկին ուսուցչուհիներէս՝ «օրիորդ» Ալիսն ալ: Եւ ահա մեր հաւաքին ցանկը.- չորս ուսուցիչ-ուսուցչուհի, առաւել խմբագիր մը եւ տնեցիք: Ուղղակի տեսակ մը պարզ «ուսուցչարան» մը, ուր համեստ սեղանի մը շուրջ հաւաքուած էինք, յիշատակներով լի, մանր-մունր հաճելի պատմումներով, յարգալիր եւ հետաքրքրական զրոյցով, բոլորս ալ նախկին ուսուցիչներ, դասատուներ եւ կրթական մշակներ եւ ինչու չէ նաեւ տեսակ մը անխոնջ ազգային գործիչներ: Ընտանեկան, հարազատ մթնոլորտ: Խօսեցանք երկար եւ հաճելի, ու չմոռցանք բոլորս ալ, մեր այս տարիքին առողջութեան մաղթանքներու անվերջ կենացներ փոխանակել:
Ի՜նչ լաւ բան եւ նաեւ հպարտանք է հանդիպիլ հազարաւոր աշակերտներու ծանօթ հայ մշակներու հետ ու երկար-բարակ, գլուխ գլխի, անոնց հետ զրուցել՝ դուն՝ իբրեւ նախկին կրթական մշակ եւ կամ ուսուցիչ, իսկ իրենք՝ քու երկրորդականի տարիներուդ նախկին ուսուցչուհիներդ: Մտերմիկ ու նոյնքան ալ անկեղծ եւ համարձակ:
Վերջապէս, եւ որովհետեւ չէ՞ որ բոլորիս համար, ուսուցչութիւնը մարդու մը շնորհակալ աշխատանքն էր: Սերմնացանը, եթէ կ՚ուզէք: Ասպարէզ մը, որ մարդկութեան չափ հին է: Սուրբ գործ մը, որ մեր մէջ միս ու ոսկոր ստացած է 5-րդ դարէն սկսեալ: Բոլորս ալ, երկար տարիներու վրայ երկարող ուսուցչութեան ասպարէզ ընտրած էինք եւ այսօրուան հայ աշակերտին ընդմէջէն, վաղուան հայ մարդը պատրաստելու գերագոյն հաճոյքը վայելած:
Վստահ եմ նաեւ, թէ կը գիտակցէինք, թէ հայ դպրոցին կողքին, հայ ուսուցիչն է, որ պահած է եկեղեցին, ազգը, պետութիւնը եւ անպայման՝ հայրենիքը:
Հայ ուսուցիչ՝ որ յստակ ու մեծ կոչում ու մանաւանդ պաշտամունք ունի նոր սերունդին նկատմամբ եւ հանդէպ: Որովհետեւ մեզի, ներկաներուս համար, ուսուցիչը այն մարդը չէ, որ կը սորվեցնէ, այլ՝ այն անձը, որմէ դո՛ւն կը սորվիս։ Ու այս հանդիպման, ո՛չ ոք խօսեցաւ իր նախաձեռնութիւններուն, իր կատարած աշխատանքներուն եւ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին: Մէկ խօսքով, իր «ես»ին մասին: Միայն՝ անուշ յուշեր, մատնանշումներ եւ գիտակից մեկնաբանութիւններ, հեռու պոռոտախօսութիւններէ, ձեւականութիւններէ եւ աժան գնահատականներէ, աւելորդ սնապարծութենէ, եւ մանաւանդ՝ աժան ծափահարութիւններէ:
Մեզի համար կրթական մշակը այն մարդն էր, որ հետեւելով իր խղճի ձայնին, կը կատարէր իր ուսերուն վրայ դրուած պարտականութիւնը այն կոչումին, որուն ուսուցիչ անունը կապած են։ Մեր այս անկեղծ խօսակցութիւններն էին, որոնք ստեղծելով հանդերձ հաճելի մթնոլորտ, զայն առաջնորդեցին դէպի Սփիւռքի մեր կրթական ներկայ իրավիճակին:
Անոր համար, շեշտեցինք կարեւորութիւնը հայ ինքնութեան յարատեւ պահպանումին: Հաստատեցինք, թէ նահանջը շատոնց սկսած էր եւ թէ՛ աղէտը, մեր դրան շեմին էր։ Սակայն գիտէինք, որ այս բոլորին լուծումը երկինքէն պիտի չգար: Ուստի հարկ էր լայն բանալ մեր ազգային գիտակցութեան եւ համախոհութեան մտքի դռները, լուծումներ որոնելով մեր ինքնութեան մտահոգ մարդոց հետ։
Ու անկեղծօրէն նաեւ անդրադարձանք ներկայ պետական եւ ազգային ծրագիրներուն, դասագիրքերուն եւ դասարանային մթնոլորտին ու ոգիին ու անոնց անհրաժեշտութեան մասին: Մէկ խօսքով կրկնեցինք անհրաժեշտութիւնը՝ հայութեան ոգիի փոխանցման նոր դասագիրքերու: Իսկ բաւական ժամեր ետք, անկեղծօրէն չզգացինք, որ ինչպէ՞ս դուրսը, արեւն ու իր լոյսը իրենց ոտքերը շատոնց քաշած էին: Ու իրարմէ բաժնուեցանք, նոյնքան յարգանքով ու կրկնակի կարօտով:
Իսկ հիմա, այդ հանդիպումէն օրեր ետք, սենեակէս ներս, կարծես այս բոլորին մասին ես ինծի էր, որ դարձեալ կը մտածէի, որոշումներ կ՚առնէի, ու միամտօրէն կը ծրագրէի ու հասարակաց «գիծ» մը կը փնտռէի: Որովհետեւ, անձնապէս կը հաւատայի, որ թատերական ամէն գործ, որ կեանքէն պատկեր մը կամ ճշմարտութիւն մը կը փոխանցէր հանդիսատես բազմութեան, յուշարարի կը կարօտէր: Ու բոլոր դերակատարները, որոնք բեմին վրայ կոչուած էին ապրեցնելու դէպք մը, դրուագ մը կամ երեւոյթ մը, մտքի եւ հոգիի վիճակ մը եւ կամ կեանքէն անբաժան եւ տեսակաւոր տագնապները, բոլորն ալ կը կարօտէին յուշարարի մը: Որովհետեւ հակառակ անոր, որ դերակատար-մենակատարը կամ դերասանը ունէր իր դերին եւ պարտականութեան ճանաչումին գիտակցութիւնը եւ հակառակ անոր, որ իր մարմնաւորած տիպարին քաջածանօթ էր ու իր դերին լաւագոյնս եւ անսխալ կը տիրապետէր, դարձեալ յուշարարի մը կարիքը ունէր:
Յուշարար ըսի: Այո՛, ճիշդ էի: Եւ այդ յուշարարը միշտ հոն էր, բեմին տակ կամ ետեւ կամ տեղ մը, որպէսզի դերակատարին յիշեցնէր, որպէսզի ան չմոռնար, չշուարէր եւ կամ չսխալէր ու չանճրկէր: Յուշարարը հոն էր, որովհետեւ բաւական չէ գիտնալ, թէ ինչո՞ւ եկած ենք բեմ եւ կամ ի՞նչ էր մեր կոչումը, այլ՝ որպէսզի մենք՝ անակնկալներէ հեռու մնայինք, խուսափէինք, չձախողէինք: Եւ վերջապէս, յուշարարը հոն էր, որովհետեւ ան մեծ վստահութիւն կը ներշնչէր: Բոլոր մեծ եւ համբաւաւոր դերակատարներն նոյնիսկ յուշարարի ձայնին պահանջքը կը զգան: Ձայն մը, որ զիրենք արթուն պիտի պահէ, իրենց ներկայութիւնը պիտի հիմնաւորէ ու առաքելութիւնը պիտի արժեւորէ:
Ու հպարտօրէն նոյնքան ալ անկեղծ ըսեմ, որ ինծի համար, ազգային եւ գաղափարական ճակատներուն վրայ գործող ուժերը, մամուլի մեծ ու փոքր աշխատաւորները, հանրային գործիչները, կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին լծուած ուսուցիչներն ու դաստիարակները, խմբագիրներն ու հրապարակագիրները, առաւել կամ նուազ, անկոչ յուշարարութեան մը դերին մէջ են: Մէկական համեստ ու գիտակից «յուշարարներ» են:
Անոր համար է, որ հայ ուսուցիչը այն նշանաւոր «յուշարարներէն» մէկն է, որուն կեանքը ընծայումի կողքին նաեւ նահատակութիւն ալ է: Կեանք մը, որուն մէջ խտացուած են ծառայութեան եւ նուիրումի իմաստները, հաւասարապէս: Վերջ ի վերջոյ դաստիարակէն կախեալ է ապագայ սերունդներուն որակն ու կարողականութիւնը: Վկայ՝ ահա ուսուցչուհիներս:
Հաւատացէ՛ք, մեր ժողովուրդը իր հայ աշակերտով ապրած է եւ պիտի ապրի՛, իսկ աշակերտն ալ հայ դպրոցով՝ ապա, հայ դպրոցն ալ անպայման՝ հայ ուսուցիչով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com