«MATTHEW MILLER» ԱՆՈՒՆ ՀԱՅԸ

Շատ հետաքրքրական է մարդոց անունները հարցնելով գուշակել անոնց ինքնութիւնը՝ ո՞վ են, ո՞ւրկէ են, ո՞վքեր եղած են իրենց նախահայրերը, եւ այլն։

Զոր օրինակ, Պետրոս Ա. Կեօլճիք իր շահեկան յուշերուն մէջ կը պատմէ հետեւեալ դէպքը։

«Տարիներ առաջ երբ Արեւմուտքի քաղաքներէն մին կ՚այցելէի, բնիկ Ամերիկացի մը ըսաւ ինձ, թէ հոն հայ մը կը բնակէր. երբ -անունը- հարցուցի, -Charles Broon-, ըսաւ, տարակուսեցայ անոր հայ ըլլալուն,- բայց վստահ եմ որ անիկա հա՛յ է, ըսաւ, եւ մարդը մօտս բերաւ։

«Հարկ չկար հարցնելու թէ հա՞յ էր, դիմագիծին ամենէն կարկառուն մասը՝ -հայկական քիթ-ը եւ աչքերուն գեղեցկութիւնը՝ որոշապէ՛ս կ՚ապացուցանէին անոր հայ ըլլալը։

«Դուք հայ է՞ք, հարցուցի,- հէմ հայ հէմ տէրտէրի թոռ, պատասխանեց։ -Այս Broon-ը ուրկի՞ց գտաք։ -Իմ շիտակ անունս Թախտապուրունեան էր. ես դերձակ եմ, ըսաւ.- անունս փոխելէ վերջ գործերս կրկնապատկուեցան»։

Ահաւասիկ «անունը փոխելու» արդարացի նկատուած պատճառներէն մին՝ միջավայրին «քայլ յարմարցնել», շուրջիններուն հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, անոնց հետ «լեզու գտնել», ուրիշներու հետ փոխյարաբերութիւններու մէջ դիւրութիւն ունենալ, մանաւանդ գործի կեանքի մէջ լաւ տեղ մը գրաւել, եւ ինքզինք «օտար» չզգալ «օտար» միջավայրերու եւ շրջանակներու մէջ, եւ փոխադարձաբար իրենց հետ «օտար»ի նման չվարուին բնիկ քաղաքացիներ։

Ո՞րքան ճիշդ եւ պատշաճ է փոխել անունը, այդ բոլորովին զատ հարց մըն է, բայց գործնականի մէջ յաճախ դիմել՝ սովորական է դարձած, քանի որ անիկա կեանքը դիւրացնող կարեւոր ազդակ մըն է եղած։ Զոր օրինակ, վերը յիշուած Charles Broon-ը երբ փոխեր է իր անունը՝ գործերը կրկնապատկուեր է, ինչպէս կը վկայէ Պետրոս Ա. Կեօլճիք իր յուշերուն մէջ։

Այս «անուանափոխութեան» յաճախ կարելի է հանդիպիլ՝ «կեանքը դիւրացնել»ու եւ կամ փոխյարաբերութիւնները հեշտալի վիճակի մը վերածելու համար, եւ երբեմն ալ «գործերը կրկնապատկել»ու՝ շահը աւելցնելու համար։

Յուշագրութեան հեղինակը սապէս կը շարունակէ. «Այդ օրէն ի վեր՝ երբ ծանօթացայ Charles Broon-ին հետ, ամէն անգամ որ քաղաք մը կ՚այցելեմ, ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը հաւաքեմ անուանափոխ հայերու անունները, որոնցմէ երկար շարք մը կազմած եմ։

«Ահա անոնցմէ մէկ քանին՝ իբր օրինակ.

«John Cloud - Յովհաննէս Պուլուտեան,

«Jacob Lock - Յակոբ Չիլինկիրեան,

«Charles Fisher - Կարապետ Պալըգճեան,

«Martin Cook - Մարիրոս Խոհարարեան,

«Henry Dyer - Յարութիւն Պօյաճեան,

«Levy Goldsmith - Եղիա Գույումճեան,

որոնց ցանկը կարելի է աւելցնել զանազան հետաքրքրական անուանափոխութիւններով»։

Այստեղ պէտք է յիշել, թէ հեղինակը այս օրինակները հաւաքած է Ամերիկիայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելով։

Եւ շարունակելով, կու գայ եւ կը ներկայացնէ շատ աւելի շահեկան օրինակ մը։

«Շատ արդարացի գտայ անուն մը՝ զոր կրողը ով ալ ըլլար, պէտք է որ փոխէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Matthew Miller,- նախորդ անունը՝ Մերկերիոս Ջաղացպանեան։ Մի՛ մեղադրէք, այս պարոնը. հապա ի՞նչ ըսել Բարթուղիմէոս Ալթիպարմագեան անուան (կամ Ալթըբարմագեան)։

«Ի՞նչ պիտի ընէր, եթէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրած ըլլար մեր յայտնի գրագէտ Սրմաքէշխանլեանը, եւ կամ Տէմիրճիպաշեան։

«Ես ըսի մեր նորանուն հայրենակից Matthew Miller-ին թէ,- շատ դժուարութեան պիտի մատնուիք հաստատելու ձեր նախկին անունը օր մը՝ եթէ ձեր մեծահարուստ ազգականներէն մին հսկայ գումար մը կտակէ ձեզի։

«Իր բուն անունով Մերկերիոս Ջաղացպանեան երեսս նայեցաւ եւ ծիծաղելով ըսաւ,- բարեկամ, ինձ այդ տեսակ վտանգ չկայ, դեռ տարի մը չեղաւ, որ ազգականներէս երեքը մեռան, եւ անոնցմէ մէկ փարա իսկ ժառանգ չստացայ, եւ չստանալէ զատ, երեքին ալ թաղման ծախքերը ես հոգացի. մի՛ վախնաք, մեծ կտակի մը ժառանգորդը ըլլալու վտանգէն ազատ եմ. մենք բախտ չունինք, մեր հարուստ ազգականները չեն մեռնիր մինչեւ որ մենք մեռնինք, վտանգ չկայ, վտանգ չկայ, անհոգ եղիր, ըսաւ»։

Ահաւասիկ, իմաստուն եւ սրամիտ «ան-ւանափոխ մը՝ Մերկերիոս Ջաղացպանեան, այսինքն՝ Matthew Miller, իր նոր անունով։

Անշուշտ ամէն անուն ունի իր ընտանեկան, ընկերային, հոգեբանական արտայայտութիւնը եւ իմաստը։ Եւ սա իրողութիւն մըն է, թէ մարդուս անունը ինք չ՚որոշեր, այլ տակաւին անգիտակից՝ ծնողներ կ՚որոշեն եւ կ՚անուանակոչեն զայն, եւ ենթական կը պարտաւորուի այդ անունը կրել եւ այդ անունով ապրիլ։ Ուրիշ խօսքով՝ կամքէ անկախ պարագայ մըն է անուանակոչումը։ Կերպով մը՝ ժառանգական «պարտադրութի՛ւն» մը, մարդ իր անունով կը ծնի կարծես եւ անոր վրայ որեւէ որոշման իրաւունք չունի. «քու անունդ ա՛յս է», կ՚ըսուի եւ ենթական այդ անունով կը սկսի կեանքին։ Ուրեմն անունը «ազատ կամք»է անկախ՝ պատրաստուած եւ պարտադրուած կը տրուի անձին։

Եւ երբ այս տեսանկիւնէն դիտենք անուան իրականութիւնը, ենթական կրնայ իրաւունք ունենալ, պարագաներու բերմամբ իր անունը փոխելու։ Անշուշտ ո՛չ քմահաճօրէն կամ կամայականօրէն, այլ բանաւոր եւ արդա՛ր պատճառներու բերմա՛մբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 27, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018