ՍԷՐԸ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ Է

Պօղոս առաքեալ անզուգական պատկերը կու տայ սիրոյն երբ կ՚ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, սէրը ծառայասէր է, ան չի նախանձիր, չի պարծենար, գոռոզաբար չի հպարտանար, տգեղ գործ չ՚ըներ, չի փնտռեր իր շահը, չի բարկանար, անոխակալ է, չի հրճուիր անիրաւութեամբ, այլ կը խայտայ ճշմարտութեան մէջ։ Ան կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4-7)։

«Աստուած Սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-16). սէրը առաջին պարգեւն է, որ կը բովանդակէ միւս բոլոր պարգեւները։ Սէրը նախասկիզբն է Քրիստոսով այն նոր կեանքին, որ այլեւս հնարաւոր դարձած է, քանի որ մենք «ընդունած ենք ուժ մը՝ որ Սուրբ Հոգիէն է» (ԳՈՐԾ. Ա 8)։ Սուրբ Հոգիին այս զօրութեամբ է որ Աստուած կը պտղաբերէ իր որդիները։ Հոգիին պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներու վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ Արդարեւ, «Հոգին մեր կեանքն է» որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26), ա՛յնքան աւելի Սուրբ Հոգիով կ՚ընթանանք։

Թէ ի՞նչ է համբերութիւնը, ի՞նչ կը նշանակէ համբերատար ըլլալ։ Նախ ըսենք, որ «համբերութիւն»ը առաքինութիւն մըն է՝ շնորհ մը, որ կ՚ազնուացնէ եւ ողջամիտ կ՚ընէ ենթական։ Արդարեւ, համբերատար մարդը ողջախոհ, առաքինի, եւ նոյնքան ծանրաբարոյ, լրջամիտ եւ չափաւոր մա՛րդ է։ Եւ մէկը որ ունի այս հանգամանքները, վստահութիւն ներշնչող անձ մըն է։ Համբերատար մէկը հանդուրժող մէկն է նաեւ, քանի որ «համբերութիւն»ը իր լայն առումով կ՚ենթադրէ տոկալու կարողութիւն ունենալ, նեղութիւններու դիմանալու ուժ ունենալ եւ յուսալ, սպասել առանց խուճապի, առանց շփոթութեան մատնուելու եւ առանց աճապարելու՝ աւելորդ տեղ փութկոտութիւն ցոյց տալու, այլ՝ ծանրախոհ եւ ողջամի՛տ։ Եւ այս իմաստով, համբերատարութիւնը կը կատարելագործէ մարդը ե՛ւ կ՚ազնուացնէ։ Ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, համբերատարութիւնը կու գայ սէրէն, այն որ կը սիրէ, գիտէ սիրել, ան համբերատար, հանդուրժող կ՚ըլլայ, հապճեպ չի շարժիր, կը մտածէ, կը կշռէ, կը դատէ եւ յետոյ կը գործէ։

Համբերութիւնը՝ նեղութիւններու դիմանալու, դիմադրելու, պայքարելու կարողութիւն մը՝ յատկութիւն մըն է, ուր ո՛չ գանգատը, ո՛չ տրտունջը եւ ոչ ալ բողոքը տեղ ունի՛։ Համբերատար մարդը, այս պատճառով, զօրաւոր մարդ է՝ հաստատամիտ եւ բարձր նկարագրի տէր։ Եւ բոլոր այս յատկութիւնները ցոյց կու տան՝ թէ համբերատարութիւնը առաքինութիւն մըն է։ Թէ ան ստացակա՞ն է կամ բնատուր, ասիկա վիճելի է, քանի որ կեանքի փորձառութինը ցոյց կու տայ այնպիսի դէպքեր եւ դէմքեր, որոնք անհամբեր էին, բայց հետզհետէ համբերատարութեան ախոյեաններ, հերոսներ դարձան։ Ուստի համբերատարութիւնը կեանքին սորվեցուցած եւ գործնականի դարձուցած յատկութիւն մըն է ընդհանրապէս։ Ինչ որ ալ ըլլայ անոր բնոյթը, ան առաքինութիւն մըն է, որ սէրէն կը բխի եւ հետզհետէ կը զօրանայ, կը տարածուի…։

Համբերատար մէկը, նաեւ հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան բարեմասնութիւններով օժտուած է։

Եւ այս յատկութիւններով, Յիսուս Քրիստոս համբերատարութեան մեծ, կատարեալ տիպա՛ր մըն է իր բոլոր ապրումներով, ամբողջ կեանքով եւ մանաւանդ իր խաչելութեա՛մբ։ Ուրեմն պէտք է հետեւիլ այդ մեծ Տիպարին եւ ըլլալ համբերատար կեանքի նեղութիւններու դէմ եւ քաջութեամբ դիմաւորել զանոնք (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33), ինչպէս պատուիրեց Ի՛նք Յիսուս Քրիստոս։

Աստուած կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի (Բ ՊԵՏ. Գ 9), (ՄԱՏԹ. ԺԸ 14)։ Միւս բոլոր պատուիրանները համառօտող եւ Հօր ամբողջական կամքը յայտնող պատուիրանը ա՛յն է, որ «մենք սիրենք զիրար, ինչպէս որ Ինք սիրեց մեզ» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), (Ա ՅՈՎՀ. Գ-Դ), (ՂՈՒԿ. Ժ 25-37)։

Համբերութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ ընտանեկան կեանքին մէջ։ Այս մասին Առաքեալին պատուէրը բացայայտ է. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ» (ԵՓՍ. Դ 2)։

Եւ համբերութիւնը կարեւորութիւն կը ստանայ նաեւ աղօթքի կեանքին մէջ, ուստի հա՛րկ է միշտ աղօթել առանց յոգնելու, հաւատի «համբերութեա՛մբ»։

Անհամբեր մարդիկ դատապարտուած կը մնան միշտ սխալելու, սխալ որոշումներ առնելու եւ վերջապէս կորսնցնելո՛ւ։ Իսկ շրջահայեաց, հասուն միտքեր միշտ համբերութեամբ կը սպասեն «արդիւնք»ին՝ չափելով, կշռելով, ողջամտութեամբ կը յառաջանան անոնք դէպի իրենց նպատակին՝ հանդարտութեամբ, անդորրութեան մէջ՝ առանց խռովքի եւ առա՛նց խառնաշփոթութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 8, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019