ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Ա -

Ինչ­պէս խոս­տա­ցած էինք, ստո­րեւ հա­տուած­ներ կը ներ­կա­յաց­նենք Վա­հան Վար­դա­պետ Բաս­տա­մեան­ցի «Կա­նո­նա­գի­տա­կան եր­կեր» գիր­քէն։ Վա­ղար­շակ Սար­կա­ւագ Սե­րով­բեա­նի իր անձ­նա­կան գրա­դա­րա­նէն մե­զի նուի­րած գիր­քը, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն է, աշ­խա­տա­սի­րուած է՝ «Հայ-Բիւ­զան­դա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի վա­ւե­րագ­րե­րը» խո­րագ­րեալ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հե­ղի­նակ Ա­զատ Բա­զո­յեա­նի կող­մէ։ Մե­զի ընդ­հան­րա­պէս «ան­ծա­նօթ» է Հայ Ե­կե­ղե­ցիի Ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը եւ պէտք է ը­սել, որ կա­նոն­ներ կը գոր­ծադ­րուին կու­րամ­տօ­րէն առ­հա­սա­րակ եւ չենք խո­րա­նար ա­նոնց ի­րա­ւա­բա­նա­կան վա­ւե­րա­կա­նու­թեան եւ ճշդու­թեան։ Եւ ան­շուշտ այս պատ­ճա­ռով կը ծա­գին հար­ցեր՝ ո­րոնց իսկ չենք անդ­րա­դառ­նար շատ ան­գամ։ Այս ի­մաս­տով ը­սենք՝ ի­րա­ւա­գի­տա­կան տե­սա­կէ­տով «խա­ւար»ի մը մէջ կը տա­տա­նինք՝ կը խար­խա­փինք…։

Եւ ե­թէ այդ «խա­ւար»ին մէջ մեր գոր­ծառ­նու­թիւ­նը պա­տա­հա­բար յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուի, կը կար­ծենք որ ա­մէն ինչ կար­գին ըն­թա­ցած է։ Բայց «խա­ւար»ի մէջ ո՛չ մէկ գործ տե­ւա­կան յա­ջո­ղու­թեամբ կրնայ պսա­կուիլ, մէկ եւ կամ թե­ւերս եր­կու ան­գամ, եւ յա­տոյ «խա­ւար»ը մեզ կը խա­բէ, կը դա­ւա­ճա­նէ։

Ու­րեմն երբ ո­րե­ւէ գոր­ծի կը ձեռ­նար­կենք, պայ­մա՛ն է, գո­նէ նուա­զա­գոյն չա­փով, ա­նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­նա­կէ­տին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ՝ յա­ռա­ջի­կայ անն­պաստ պա­տա­հար­նե­րը կան­խե­լու հա­մար։ Եւ դար­ձեալ, պէտք է գիտ­նալ, թէ «յա­ջո­ղու­թիւն» մը, կամ նպաս­տա­ւոր ո­րե­ւէ ար­դիւնք եւ ո՛չ մէկ բան պա­տա­հա­կան է եւ դի­պուա­ծա­կան։ Բա­նա­ւոր ըլ­լալ՝ մշտն­­ջե­նա­ւոր եւ հաս­տատ յա­ջո­ղու­թեան նա­խա­պայ­մա՛նն է։

Այս մա­սին բա­նա­կան է խորհր­դակ­ցիլ, ա­ւե­լի փոր­ձա­ռու եւ հմուտ ան­ձե­րու հետ գա­ղա­փա­րի փո­խա­նա­կու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, ա­ռողջ ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լէ վերջ գոր­ծի մը ձեռ­նար­կել, քան թէ կու­րօ­րէն եւ մե­քե­նա­բար, ա­ռանց ու­սում­նա­սի­րե­լու գոր­ծի մը սկսիլ։ Եւ երբ կա՛յ մեր շուր­ջը ա­ւե­լի փոր­ձա­ռու­ներ, ա­նոնց փոր­ձա­ռու­թեան ու գի­տու­թեան չդի­մել ան­խո­հե­մու­թիւն չէ՞։ Սոր­վի­լը, եր­բեք ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան խնդիր ը­նե­լը ճիշդ չէ՛, հա­պա ա­ւե­լի եւս՝ տգի­տու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող ու­նայ­նամ­տու­թի՛ւն է, գիտ­ցած ձե­ւա­նալ, սոր­վե­լէ խու­սա­փիլ եւ վեր­ջա­պէս սխա­լիլ ու ձա­խո­ղիլ։ Ո՞րն է բա­նա­կա­նը…։

Մարդ պէտք է նպա­տակ մը ու­նե­նայ կեան­քին մէջ եւ այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար պէտք չէ խնա­յէ ա­մէն օ­րի­նա­ւոր մի­ջոց՝ որ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ զինք յա­ջո­ղու­թեան, հաս­նե­լով իր բա­նա­ւոր նպա­տա­կին։

Բայց թէ՛ նպա­տա­կը, թէ՛ մի­ջո­ցը պէտք է օ­րի­նա­ւոր եւ վա­ւե­րա­կան ըլ­լայ, յար­մար կա­նոն­նե­րու։ Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, հոս կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը ստա­նայ օ­րի­նա­գի­տու­թիւ­նը, ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը։

Բայց «օ­րի­նա­գի­տու­թիւն»ը եր­բեք տուեալ օ­րէն­քի հա­տուած­նե­րը կար­դալ եւ գիտ­նալ չի՛ նշա­նա­կեր, այլ մա­նա­ւանդ ա­նոնք հասկ­նալ, կեան­քի պայ­ման­նե­րուն պատ­շա­ճեց­նել, մեկ­նա­բա­նել եւ այն­պէս գոր­ծադ­րել։ Եւ ինչ­պէս ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սինք, օ­րէն­քը մեկ­նա­բա­նել, ո­րոշ վար­ժու­թեան եւ ուս­ման կը կա­րօ­տի։ Սոսկ օ­րէն­քին հա­տուած­նե­րը գիտ­նալ՝ օ­րէնս­գի­տու­թիւն չէ՛, քա­նի որ օ­գու­տէ ա­ւե­լի վնա­սի պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ։ Ար­դա­րեւ թե­րի, պա­կաս տե­ղե­կու­թիւ­նը, «տե­ղե­կու­թիւն» չէ, եւ մարդս կը սխա­լեց­նէ, կը շե­ղեց­նէ։

Ու­րեմն շե­ղած եւ կամ պա­կաս ճշմար­տու­թիւ­նը «ճշմար­տու­թիւն» չէ, ինչ­պէս իր նպա­տա­կէն ու իր ի­մաս­տէն շե­ղած, թե­րի, թե­րի­մաստ գի­տու­թիւ­նը «գի­տու­թիւն» չի հա­մա­րուիր։

Ար­դա­րեւ, «ա­մե­նա­գէտ» ըլ­լալ կա­րե­լի չէ, մա­նա­ւանդ մեր դա­րուն՝ երբ ա­մէն օր նոր գիւ­տեր եւ նոր գի­տե­լիք­ներ կը ճո­խաց­նեն, կ՚ըն­դար­ձա­կեն մարդ­կա­յին մտա­յին հո­րի­զո­նը եւ հետզ­հե­տէ կը բար­դուին «ան­ծա­նօթ», ծա­ծուկ մնա­ցած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ուս­տի մարդ կրնայ ո­րե­ւէ նիւ­թի մա­սին «մաս­նա­գէտ» ըլ­լալ, բայց «ա­մե­նա­գէտ» ըլ­լալ ան­կա­րե­լի է՝ մարդ ա­րա­րա­ծին սահ­մա­նա­ւոր մտքի կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ան­հո՜ւն բնու­թիւ­նը ե­թէ նկա­տի առ­նենք եւ հա­մե­մա­տենք…։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, անզ­գա­լա­բար, դար­ձեալ շե­ղում ու­նե­ցանք մեր խո­րագ­րեալ նիւ­թէն, բայց մենք կրնանք ար­դա­րաց­նել զմեզ, քա­նի որ ի՛նչ նիւ­թի մա­սին ալ խօ­սուի, ո՛վ որ ալ խօ­սի, ան­պայ­մա՛ն «թե­րի մաս» մը պի­տի մնայ եւ ա­մէն խորհր­դա­ծու­թիւն պի­տի մնայ մաս­նա­կի եւ ո՛չ ամ­բող­ջա­կան։ Գի­տու­թիւ­նը սահ­ման չու­նի եւ ա­մէն մէկս ու­րի­շի մը «մաս­նա­գի­տու­թեան»ը միշտ պա­հանջ­քը կը զգայ, մա­նա­ւանդ ներ­կայ դա­րուն։

Ի՞նչ կ՚ը­սէք սի­րե­լի­ներ, ե­կէք, դար­ձեալ շա­րուա­կե­լու խոս­տու­մով, հա­ւա­տա­րիմ մնանք մեր այս գրու­թեան վեր­նագ­րին եւ տես­նենք, թէ ի՛նչ կը ներ­կա­յաց­նէ կամ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ա­մուս­նու­թիւ­նը ըստ հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­բա­նու­թեան։

Այս հար­ցի մա­սին, որ­պէս յա­ւե­լուած ծա­նօ­թագ­րու­թիւն, սա­պէս կ՚ը­սէ Ա­զատ Բա­զո­յեան.

«Սոյն յօ­դուա­ծը իր ամ­բողջ շա­րու­նա­կու­թեամբ կը հա­նենք մեր ի­րա­ւա­բա­նա­կան գրուածք­նե­րէն՝ ո­րու մէջ քննած ու­նինք մեր ազ­գա­յին ի­րա­ւա­բա­նա­կան զար­գա­ցու­մը առ­հա­սա­րակ եւ Մխի­թար Գօ­շի -Դա­տաս­տա­նա­գիրք-ը մաս­նա­ւո­րա­պէս։ Հե­ղի­նա­կը (Վա­հան Վար­դա­պետ Բաս­տամ­յանց) հա­ւա­նա­բար նկա­տի ու­նի իր ան­տիպ եր­կե­րը եւ Մխի­թար Գօ­շի -Դա­տաս­տա­նա­գիրք­-ին վե­րա­բե­րող հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը»։­

Ո՛չ միայն մէկ մաս­նա­ւոր ցե­ղի, ազ­գի, պե­տու­թեան, այլ ընդ­հա­նուր մարդ­կու­թեան ա­ճու­մը, բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը, մտա­ւոր զար­գա­ցու­մը, բա­րօ­րու­թիւ­նը, մէկ խօս­քով՝ նոյն իսկ լի­նե­լու­թիւ­նը (=գո­յա­ցու­թիւ­նը, ստեղ­ծու­մը) եւ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, սերտ կա­պակ­ցու­թիւն ու­նե­ցած են միշտ ըն­տա­նե­կան կեան­քի հետ, ո­րուն գլխա­ւոր շաղ­կա­պը եւ հի­մուն­քը Ա­մուս­նու­թի՛ւնն է։ Միայն այն ժա­մա­նակ մարդս ստա­ցաւ ո­րո­շեալ եւ բազ­մա­տե­սակ բա­րո­յա­կան, քա­ղա­քա­ցիա­կան (քա­ղա­քա­ցիու­թիւն=«citoyenneté» քա­ղա­քի բնա­կիչ, երկ­րի հպա­տակ եւ հպա­տա­կու­թեան պատ­ճա­ռով ի­րա­ւունք) եւ հա­սա­րա­կա­կան ի­րա­ւունք­ներ եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, երբ գո­յա­ցաւ եւ հաս­տա­տուե­ցաւ Ա­ՄՈՒՍ­ՆՈՒ­ԹԻՒ­Նը եւ ԸՆ­ՏԱ­ՆԻ­Քը։

Արդ­արեւ ա­մուս­նու­թիւ­նը նո՛յն­չափ հին է, որ­քան հին է մարդ­կու­թեան սկիզ­բը, ուս­տի ա­մուս­նու­թիւ­նը ի­րա­ւա՛մբ կը հա­մա­րուի «սկզբնա­կան աղ­բիւր» ա­մէն տե­սակ ի­րա­ւունք­նե­րու եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 19, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2016