ԽՈՒԼԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄՐԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Երկար տարիներ հաշմանդամներու դէմ անմարդկային վերաբերմունք ունենալէ ետք մարդկային ընկերութիւնը սկսաւ հասկնալ, որ անոնք եւս մէկ անդամն ու մասնիկն են այս ընկերութեան եւ հետեւաբար ունին իրենց իրաւունքներն ու կարիքները:
Նման հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը ընկերութեան մէջ ներգրաւելու ամենէն առողջ եւ հիմնական ձեւը զանոնք կրթելն էր. որոշ ժամանակ մարդ արարած չէր ըմբռներ, որ կարելի է կրթել նաեւ խուլը, կոյրն ու համրը՝ իւրաքանչիւրը իր պէտքերուն եւ պայմաններուն համեմատ:
Տարիներ առաջ գտնուած սպաներէն ձեռագիր գրութեան մը մէջ Հայր Պօնէ անունով հոգեւորական մը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կրթել խուլերն ու համրերը եւ ընկերութիւնը զանոնք օտարելու տեղ սկսաւ սիրաշահելու ձեւեր որդեգրել:
Խուլերն ու համրերը դաստիարակելու առաջին փորձերը կատարուեցան 17-րդ դարուն՝ Միշել անունով եկեղեցականի մը կողմէ, որ ժամանակ տրամադրեց ստեղծելու նշաններու այբբենարան մը, որով հնարաւոր պիտի ըլլար նախադասութիւն կազմել եւ միտքերը հասկնցել. 17-րդ դարուն սկսաւ զարգանալ, սակայն պատմական տուեալներ կը յայտնեն, թէ հազարամեակներ առաջ կոյրեր ունեցած են իրարու հետ հաղորդակցելու լեզու մը: Այս իրողութեան լաւագոյն փաստ կը ներկայանայ Փիլիսոփայ Սոկրատեսի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ ձայն կամ լեզու չունենայինք եւ ուզէինք արտայայտուիլ, միթէ չէի՞նք փորձեր մեր ձեռքերը շարժելով նշաններ ընել, շարժել գլխու եւ մարմնի մնացած մասերը՝ ինչպէս հիմա կ՚ընեն համր մարդիկ»:
Վստահաբար Սոկրատեսի յիշած շարժումներու լեզուն եւ ներկայինը կը տարբերին իրարմէ, որովհետեւ մարդ արարած շա՜տ ուշ անդրադարձաւ, որ կարելի է զարգացնել եւ օրինականացնել այդ լեզուն:
Աշակերտին բան մը սորվեցնելու միակ ու լաւագոյն ձեւը հաղորդակցութիւնն ու բացատրութիւնն է, սակայն խուլերուն դժուար է բացատրութիւն տալ եւ մանաւանդ ի ծնէ խուլերը, որոնք երբեք «բարեւ» բառը անգամ լսած չեն, դժուար թէ հասկնան, թէ ինչպէս կը լսուի կամ կը հնչուի «բարեւ»ը:
Մենք կը կարծենք, թէ միայն համրերն են որ կը գործածեն նշաններու լեզուն, սակայն իրականութեան մէջ մեծ է թիւը նաեւ խուլերուն, որովհետեւ ի ծնէ կոյր մը ինչպէս որ չի կրնար ծաղիկին ինչ ըլլալը ճշգրիտ ձեւով ուրուագծել իր մտապատկերին մէջ, նոյնպէս ալ խուլը չի կրնար ճանչնալ բառերը. կրնայ տեսնել բերնի շարժումը, սակայն չի կրնար լսել անոր հնչիւնը:
Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ խուլ-համր մարդ մը կրնայ խօսիլ սորվիլ մօտաւորապէս 2-3 տարուան ընթացքին. պատմական տուեալներ փաստած են նաեւ, որ թէ՛ խուլ եւ թէ՛ կոյր երիտասարդ աղջիկ մը յաջողած է խօսիլը սորվիլ՝ բերնի շարժումները ձեռքովը շօշափելով եւ յաճախակի փորձերով՝ մինչեւ յաջողի:
Խուլերու եւ համրերու շարժումներով խօսիլը մէկ տարբերակ չունի. մենք յաճախ կը կարծենք, թէ հայ շարժումներով խօսող մը դիւրութեամբ կրնայ հաղորդակցութեան մէջ մտնել օտար շարժումներով խօսող անհատի մը հետ, սակայն իրականութեան մէջ այնպէս ինչպէս լեզուները, նոյնպէս ալ նշաններու լեզուն ունի իր գոյնը եւ մինչեւ իսկ գոյութիւն ունի հայերէն նշաններու լեզու՝ որ յատուկ է հայերուն։ Տեղեկութիւններու համաձայն, աշխարհի վրայ այսօր գոյութիւն ունի աւելի քան 300 նշաններու լեզու:
Բարեբախտաբար հայերը եւս ժամանակին հետ քայլ պահելով ատենօք բացին կոյրերու, խուլերու եւ համրերու յատուկ դպրոցներ. օրինակի համար մինչեւ օրս Լիբանանի մէջ կը գործէ հայկական «կուրանոց»ը՝ թէեւ առանց կոյրերու (այսօր վերածուած ծերանոցի): Անցեալին սակայն, այդտեղ կոյրերուն դասաւանդուած է ձեռագործ աշխատանքներ, որոնք ապագային որպէս արհեստ օրուան հաց հայթայթած են աչազուրկ անհատներուն: Անոնցմէ մին՝ նախապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ իր մասին մեր գրած Յակոբը կոյր վիճակով կը զբաղուի աթոռ-սեղաններու պատրաստութեամբ:
Հայրենիքի մէջ սակայն այսօր վիճակը նոյնը չէ. թէեւ տարիներ առաջ Հայաստանի նախարարութիւնը իր նիստերու ընթացքին անդադարձաւ հայ խուլերուն, համրերուն եւ կոյրերուն, սակայն կրթական տեսանկիւնէ թերացած է իր գործին մէջ. այսօր պէտք եղած խնամքը չի տարուիր մեր հաշմանդամ հայորդիներուն, որոնք չկարենալով քայլ պահել ներկայ ընկերութեան հետ միշտ ետեւ կը մնան:
Զանազան հիւանդութիւններու կողքին բժշկութիւնը կու գայ յայտնելու, թէ ժամանակի ընթացքին՝ նկատենք թէ ոչ, կը սկսին աճ արձանագրել խուլ, համր եւ կոյր ծնող մանուկներուն թիւը: Այնպէս ինչպէս մեծերու յատուկ հիւանդութիւններ կը սկսին երեւան գալ նաեւ պատանի-երիտասարդներու մօտ, նոյն տրամաբանութեամբ կը յառաջդիմէ նաեւ վերոյիշեալ պակասութիւնները:
Յատկանշական երեւոյթ է, որ 1954-1956 թուականներուն Երեւանի Հայպետհրատ հրատարակչական ընկերութիւնը Ա. Պլուզեանի, Ա. Ղազարեանի եւ Ա. Սարդարեանի աշխատութեամբ կը հրատարակէ կոյրերու յատուկ դասագիրք՝ առաջին դասարանէն մինչեւ 8-9-րդ դասարաններ:
Պէտք է աւելիով գիտակցինք, որ կուրութիւնն ու խլութիւնը մարդուն արտաքինին հետ առընչուող պակասութիւններ են եւ հետեւաբար անոնք խենթեր չեն. վերջապէս աչքը կոյր եղողը չէ որ կը վախցնէ, այլ ան՝ որուն հոգիին աչքերը կոյր, իսկ խիղճը խուլ ու համր է:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -31-
Յակոբը կոյր վիճակին ամբողջ Աստուածաշունչը գրեթէ անգիր գիտէր. կը կարծէի, որ հարազատները նստած եւ ժամերով կարդացած են Աստուածաշունչը՝ ծայրէ ծայր, կամ ալ եկեղեցի յաճախելով լաւապէս սորված է տրուած քարոզներէն:
Մինչեւ այդ օր տեղեկութիւն չունէի, որ գոյութիւն ունի հայերէն լեզուով կոյրերու Աստուածաշունչ մը. բերաւ ու բացաւ դիմացս: Ո՛չ մէկ տպագրութիւն, ո՛չ մէկ ներկ կամ տառ. պարզապէս փոքր փոքր ծակեր ու փոսիկներ, որոնց վրայէն մատը անցնելով հայերէն լեզուով սկսաւ կարդալ Աստուածաշունչէն գլուխ մը:
Պահ մը մտածեցի. Աստուածաշունչի այդ հազարաւոր էջերը ո՞վ այդքան բծախնդրութեամբ պատրաստած էր:
Հարցիս պատասխանը չուշացաւ. Յակոբ ներսէն բերաւ տպագրիչ սարք մը, որով կարելի էր մաքուր թուղթի վրայ կոյրերու «լեզու»ով բան մը տպագրել. փայտէ պատրաստուած գործիք մըն էր, որ իւրաքանչիւր տառին համաձայն փոսիկներ կը յառաջացնէր թուղթին վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ