ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ
«Սուրբ Հոգի». ա՛յս է յատուկ անունը Անոր՝ զոր մենք կը պարտինք պաշտել եւ Հօր եւ Որդիին հետ կը փառաբանենք։
«Հոգի» բառը կը թարգմանուի եբրայեցերէն «Ռուահ» բառով, որ իր առաջին իմաստով կը նշանակէ «շունչ», «օդ», «հով»։ Յիսուս, արդարեւ, կ՚օգտագործէ հովին շօշափելի պատկերը թելադրելու համար Նիկոդիմոսին Աստուծոյ անձնական Շունչը եղող աստուածային Հոգիին վերանցական նորութիւնը. (ՅՈՎՀ. Գ 5-8)։ Միւս կողմէն, «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը՝ աստուածային ստորոգելիներ են, որոնք հասարակաց են աստուածային երեք Անձերուն։
Սակայն Աստուածաշունչ Մատեանը, ծիսակատարումը եւ աստուածաբանական բարբառը այս երկու բառերը իրարու միացնելով, կը նշանակեն անպատում Անձը Սուրբ Հոգիին, «հոգի» եւ «սուրբ» բառերը նկատի առնելով՝ բառերուն միւս կիրարկումներուն հետ առանց հնարաւոր շփոթումի։ Յիսուս երբ Սուրբ Հոգիին գալուստը կ՚աւետէ եւ կը խոստանայ, տառացիօրէն՝ «Ան որ մօտը կանչուած է». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 16, 26, ԺԵ 26, ԺԶ 7), զԻնք «Մխիթարիչ» կը կոչէ։ Սովորաբար թարգմանուած է «Մխիթարիչ» բառով, առաջին Մխիթարիչը Յիսուս ըլլալով. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13) եւ (Ա ՅՈՎՀ. Բ 1). Տէրը Սուրբ Հոգին «Ճշմարտութեան Հոգին» կը կոչէ։
Արդարեւ, բացի իր յատուկ անունէն, որ ամենէն աւելի գործածուածն է Գործք Առաքելոցին եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն մէջ, կը գտնենք հետեւեալ կոչումները, անուանումները. Հոգին Խոստումին (ԵՓՍ. Ա 13), (ԳԱՂ. Գ 14), Հոգին որդեգրութեան (ՀՌՈՄ. Ը 15), (ԳԱՂ. Դ 6), Հոգին Քրիստոսի (ՀՌՈՄ. Ը 9), Հոգին Տիրոջ (Բ ԿՈՐՆ. Գ 17), Հոգին Աստուծոյ (ՀՌՈՄ. Ը 9, 14, ԺԵ 19), (Ա ԿՈՐՆ. Զ 11, Է 40)։ Իսկ Պետրոս առաքեալի մօտ Հոգին Փառքի (Ա ՊԵՏՐ. Դ 14)։
Հանգանակը բաժնուած է երեք մասերու. առաջին մասը կը հայի աստուածային առաջին Անձին եւ մեծասքանչ արարչագործութեան. ապա աստուածային երկրորդ Անձին եւ մարդոց փրկութեան, եւ վերջապէս աստուածային երրորդ Անձին. աղբիւր եւ սկիզբ մեր սրբացումին։ Պօղոս առաքեալ կը հարցնէ. «Արդեօք մենք համոզուա՞ծ ենք, թէ չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է». (ՀՌՈՄ. Ը 26)։ Արդեօք Աստուծմէ «պատշաճ բարիքնե՞ր» կը խնդրենք։ Թէեւ մեր երկնաւոր Հայրը լա՛ւ գիտէ մեր կարիքները՝ մենք զանոնք Իրմէ չխնդրած. (ՄԱՏԹ. Զ 8), բայց Ան կը սպասէ, որ խնդրենք, որովհետեւ Իր որդիներուն արժանապատուութիւնը իրենց ազատութեան մէ՛ջն է։ Արդ, հա՛րկ է աղօթել Անոր ազատութեան Հոգիին հետ, որպէսզի կարենանք իրապէ՛ս ճանչնալ Անոր բաղձանքը եւ կամքը. (ՀՌՈՄ. Ը 27)։
Ուստի, «որդիական վստահութիւն»ը փորձութեան կ՚ենթարկուի, երբ մեր մէջ կ՚արթննայ այն զգացումը, այն համոզումը, թէ մեր աղօթքը յաճախ լսելի եւ ընդունելի չ՚ըլլար։ Այս պարագային Աւետարանը կը հրաւիրէ մեզ հարցաքննելու, թէ մեր աղօթքը արդեօք Սուրբ Հոգիին բաղձանքին եւ կամքին համեմա՞տ է։
Արդարեւ, ի՛նչ որ խնդրենք Աստուծմէ, պէտք է ըսենք. «ո՛չ թէ մեր, այլ քո՛ւ կամքդ թող ըլլայ»։
Ամէն ծիսարարքի մէջ Սուրբ Հոգիին առաքելութեան վերջին նպատակն է մեզ հաղորդութեան եւ հաղորդակցութեան մէջ դնել Քրիստոսի հետ՝ կազմելու համար Անոր Մարմինը։ Սուրբ Հոգին որպէս աւիշ Հօր Որթատունկին, Իր պտուղը կը բերէ ուռերուն. (ԵՓՍ. Ա 14), (Բ ԿՈՐՆ. Ա 22) միջոցով։
Ծիսակատարումին մէջ կ՚իրականանայ ամենասերտ համագործակցութիւնը Սուրբ Հոգիին եւ Եկեղեցւոյ։
Հաղորդակցութեան Հոգին աննահանջ կերպով ներկա՛յ է Եկեղեցւոյ մէջ. այս պատճառով Եկեղեցին կը հանդիսանայ աստուածային հաղորդակցութեան այն մեծ սուրբ խորհուրդը՝ որ կը համախմբէ Աստուծոյ ցրուեալ զաւակները։
Ծիսակատարումին մէջ Հոգիին պտուղը Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ անբաժանելի հաղորդութիւն է. իսկ մարդոց միջեւ եղբայրական հաղորդութիւն. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 3-7)։
Զգա՛նք Սուրբ Հոգին մեր մէջ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2022, Իսթանպուլ