ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Մարդկային կեանքին մէջ ամենէն շատ չարաշահուած բառը անկասկած «ազատութիւն»ն է, որ շատ մը մարդոց ձեռքը վահան դարձած է պաշտպանելու համար իրենց անմարդկային արարքները, որոնք դէմ են մարդկային կեանքի վայելչութեան: Այսօր աշխարհի մեծագոյն չարութիւններն ու անառակութիւնները կը կատարուին ձեռքին որպէս ասպար ունենալով «ազատ եմ»ը, որ յաճախ ուրիշի ազատութիւնը կը խորտակէ: Ազատութիւնը անհատական իրաւունքի եւ ինքնավարութեան բարձրագոյն արտայայտութիւն ըլլալով՝ յաճախ թոյլ կու տայ, որ բարութեանց կողքին չարութիւններ եւս հովանի գտնեն անոր պաշտպանութեան տակ, ինքնիշխան ազատութեան մէջ գտնելով համարձակութիւն, որ շատ անգամ հակառակ են մարդկային արժէքներուն։ Ազատութիւնը մարդուն տրուած մեծագոյն արժէք մըն է, սակայն շատ անգամ աղաւաղուելով կը խաթարէ մարդու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքներու բուն էութիւնը:
Կասկածէ վեր է, որ մեր օրերուն ազատութեան հասկացողութիւնը կը շահարկուի արդարացնելու համար ոչ-մարդկային վարքագիծեր: Ազատութիւնը մարդուն համար կարեւոր է, որովհետեւ իր մէջ կը ներառէ ինքնորոշման եւ սեփական կամքի հասկացողութիւնը: Այդ ազատութեան շուրջ մեր ունեցած հասկացողութիւնն է, որ կը կերտէ մեր վարքագիծն ու կ՚առաջնորդէ մեր ընտրութիւնները, այդ իսկ պատճառով ազատութեան հասկացողութիւնը կշիռքն է մարդկային արժէքներուն ե բարոյականութեան հասկացողութեան, որոնք հայելին են մեր գործողութիւններուն:
Այս յօդուածը կը գրենք բոլո՛ր անոնց համար, որոնք կը կարծեն, թէ մարդկային ընկերութեան մաս կազմելով ամբողջութեամբ «ազատ» են, որովհետեւ ուրիշներու ազատութեան ու հանգստութեան ոտնահարումը երբեք ալ կարելի չէ արդարացնել ազատութեամբ, որովհետեւ ազատութեան սահմանները վերջ կը գտնեն հոն՝ ուր ուրիշին ազատութիւնը կը սկսի. իրականութեան մէջ, այո՛, ամէն մարդ ազատ է իր արարքներուն ու որոշումներուն մէջ, սակայն ընդհանուր ընկերութեան մը մաս կազմելու համար այդ ազատութիւնը պէտք է ունենայ որոշ սահմաններ՝ որպէս սահման ունենալով յարգանքը, իրաւունքն ու փոխհասկացողութիւնը. այլապէս արդէն իսկ քաոսի վերածուած աշխարհը աւելի կ՚աղաւաղուի: Որպէս չափանիշ պէտք է ընտրել յարգանքը. մեզի համար ամէն մարդ տարբեր արժէք մը կ՚ունենայ. կրնանք անձ մը չսիրել եւ ուրիշի մը հանդէպ անբացատրելի սէր ու յարգանք ունենալ, սակայն այդ ազատ որոշումը ենթակայ է որոշ սահմաններու. այստեղ կը ծագի հետեւեալ հարցը. եթէ գոյութիւն ունի սահմաններ, ապա ի՞նչ ազատութեան մասին է խօսքը։ Ազատութիւնը ինքնին անսահմանութիւն կը նշանակէ շատերու համար, հետեւաբար ազատութեան սահման ունենալը կրնայ հարցականի տակ դրուիլ: Յարգանքի սահմանը ազատութեան անսահմանութիւնը չի՛ մեռցներ, այլ որոշ արժէք կու տայ այդ անսահման ազատութեան՝ ենթարկելով մարդկային արժէքներու որոշ արժեչափերու։ Պահ մը մտածեցէք, որ եթէ մարդոց մէջ գոյութիւն չունենար այդ յարգանքը. ամէ՛ն մարդ «ազատ» ձեւով ըսէր այն բոլորը, որ կայ իր սիրտին մէջ. ազատօրէն ընէր այն բոլորը, որ կ՚ուզէ իրականութեան մէջ ընել։ Այսօր կը տեսնեմ, որ մարդիկ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին կը հակադարձեն անարգութեամբ, պատճառաբանելով, թէ «ազատ» են։ Եթէ որպէս մարդ կ՚ապրինք աշխարհի մէջ, պէտք է հետեւինք մարդկային համակարգին. մարդկային կեանքի մէջ ազատութիւնը մարդուն չի՛ կրնար իրաւունք վերապահել վիրաւորական ընթացք որդեգրելու եւ արդարացնելու, որովհետեւ այդ մէկը ազատութիւն ըլլալէ աւելի ազատութեան բարոյական չարաշահում մըն է: Մարդկային արժեչափերու ոտնահարումը արդարանալի չէ ազատութեամբ: Մերօրեայ աշխարհը «ազատութիւն» անուան տակ կը փորձէ մարդը մարդէն հեռացնել, ամէն տեսակ չար արարքները ազատութեան վերագրելով, այդ ազատութիւնը փորձելով անքննելի նկատել:
Շատ կարեւոր կը նկատենք թէ՛ ընտանիքին եւ թէ դպրոցին մէջ փոխանցուող «ազատութեան» հասկացողութեան ուսուցումը, որովհետեւ այդ ազատութեան հանդէպ ունեցած հասկացողութեամբ մանուկը կը կազմէ իր բնաւորութիւնը եւ անոր հիման վրայ կ՚առաջնորդուի դէպի պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն եւ կը հասնի մինչեւ ծերութիւն. պէտք է նոր սերունդին բերնէն դուրս բերել «ազատ» եմ բառը, որպէսզի անոնք իրենց ոչ-մարդկային արարքներն ու չարաշահումները պարզ բառով մը չփորձեն քօղարկել: Կրթութիւն ըսուածը ինքնին այդ ազատութեան հասկացողութիւնն է, որովհետեւ մարդ կը սկսի յարգել, օգնել ու մեծատառ մարդ դառնալ, երբ ամբողջութեամբ կ՚ըմբռնէ, թէ ի՞նչ ըսել է մարդ, ի՞նչ ըսել է ազատութիւն եւ այդ ազատութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ փոխըմբռնումը, որ շա՜տ կարեւոր է մեր օրերուն:
Ազատութիւն, կամք ու տրամաբանութիւն. այս երեքը մարդը մարդ կը դարձնեն եւ զանոնք մաս կը դարձնեն մարդկային ընկերային կեանքին: Հետեւաբար, ազատութիւնը մարդկային կեանքի մեծագոյն շնորհն է. օձին թոյնը կրնայ սպաննել, սակայն նոյն թոյնով դեղ կը պատրաստեն. նոյնն է պարագան ազատութեան, որովհետեւ այդ ազատութեամբ կարելի է մարդկային գերագոյն արժէքներով կեանք մը ապրիլ, սակայն նոյն ազատութեամբ ըլլալ գերին չարութեան: Երանի՜ անոր, որ իրապէս կ՚ըմբռնէ ազատութեան սահմանները:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կա՞յ մարդ որ պէտք է բոլորը ճանչնան՝ սակայն չեն ճանչնար:
Պատասխան. Չնայած մեծ նշանակութիւն ունեցող իր աշխատանքին, թերագնահատուած է բժիշկ Ճոնաս Սալք (Dr. Jonas Salk), որ գիտնական բժիշկ մըն է եւ առաջին անգամ ըլլալով մշակած է փոլիոյի (polio) հիւանդութեան պատուաստը։ 1950-ական թուականներուն փոլիոն կործանարար մահացու հիւանդութիւն մըն էր, որ ամէն տարի կը խլէր հազարաւոր երեխաներու կեանքը: Բժիշկ Ճոնասի պատրաստած պատուաստը արմատախիլ ըրաւ այդ հիւանդութիւնը աշխարհի երեսէն: Բժիշկը սեփական շահ չորոնեց այդ պատուաստի տարածումին համար, այդ իսկ պատճառով պատուաստը եղաւ մատչելի եւ այսպիսով առաջնահերթ նկատեց առողջութիւնը՝ քան սեփական շահը: Հակառակ այս մեծ նուիրումին, բժիշկը լայն ճանաչում չէ ունեցած. ան դէմք մըն է, որ արժանի է լայն ճանաչման:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան