ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը զարգացաւ ԺԹ. դարուն, երբ Աւետարանը դէմ առ դէմ գտնուեցաւ արդի ճարտարարուեստական ընկերութեան, անոր սպառումի արտադրութեան նոր կառոյցներուն, անոր պետութեան եւ իշխանութեան մասին նոր յղացումին, անոր աշխատանքի եւ սեփականութեան նոր ձեւերուն հետ։ Տնտեսական եւ ընկերային մարզերէն ներս Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան վկայ է Եկեղեցւոյ ուսուցումին մնայուն արժէքին մասին, միանգամայն անոր միշտ կենսունակ եւ գործօն Աւանդութեան իսկական իմաստին մասին։
Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը կը բովանդակէ «վարդապետական կառոյց» մը՝ որ կը զարգանայ ամէն անգամ, որ Եկեղեցին պատմութեան ընթացքին դէպքերը կը մեկնաբանէ Ս. Հոգիին օժանդակութեամբ եւ Յիսուս Քրիստոսի յայտնած խօսքին ամբողջութեան լոյսին տակ։
Բարեացակամ մարդոց կողմէ ան այնքան աւելի ընդունելի կը դառնայ, որքան աւելի հաւատացեալներուն կենցաղը կը ներշնչուի անկէ։
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը մտածումի սկզբունքներ կ՚առաջարկէ, դատումի չափանիշներ կը բացայայտէ, գործելու ուղեցոյցներ կու տայ։
Ամէն ընկերային դրութիւն, ըստ որուն ընկերային յարաբերութիւնները ամբողջովին կը վճռուին տնտեսական ազդակներէ, դէմ է մարդուն բնութեան եւ անոր արարքներուն։ Արդարեւ, այն տեսութիւնը՝ որ շահը ամէն տնտեսական գործառնութեան իբր բացարձակ կանոն եւ վերջնագոյն վախճան կ՚ընդունի, բարոյապէս անընդունելի՛ կը մնայ։ Ուստի, դրամի անկարգ ցանկութիւնը յաճախ վատթար արդիւնքներ ունի եւ պատճառներէն մին է բազմաթիւ ընդհարումներու՝ որ ընկերական ընդհանուր կարգուսարքը կը խռովեն։
Դրամը հաւատարիմ եւ օգտակար ծառայ մըն է, բայց անգութ եւ անխիղճ տէր մը։
Եւ այս իսկ պատճառով, դրամը «միջոց» մըն է, եւ ո՛չ թէ «նպատակ»։
Ընկերային դրութիւն մը՝ որ անհատներուն եւ հաւաքականութիւներուն հիմնական իրաւունքները կ՚անտեսէ եւ կը զոհէ ի նպաստ հաւաքական խումբերու արտադրութեան կազմակերպութեան, դէ՛մ է մարդուն արժանապատուութեան։
Ամէն գործելակերպ որ անձերը, անհատները կը վերածէ «միայն շահի միջոց»ներ ըլլալու, կը ստրկացնէ մարդը, կը տանի դրամապաշտութեան, արծաթսիրութեան եւ կը նպաստէ անաստուածութեան տարածումին. «Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ե՛ւ Մամանայի». (ՄԱՏԹ. Զ 24). (ՂՈՒԿ. ԺԶ 13)։
Ուստի, Եկեղեցին մերժած է «ամբողջատիրական» եւ «անաստուած» այն գաղափարախօսութիւնները՝ որոնք արդի ժամանակներուն մէջ միացած են «համայնավրութեան» կամ «ընկերվարութեան»։ Ամէն չափազանցութիւն եւ ծայրայեղութիւն. արտակարգ գաղափար ներհակ է Եկեղեցւոյ ընդհանուր վարդապետութեան եւ ուսուցման։
Ասկէ զատ, Եկեղեցին մերժած է «դրամատիրութեան» գործելակերպին պատկանող անհատապաշտութիւնը եւ «շուկայի օրէնք»ին բացարձակ գերիշխանութիւնը մարդկային աշխատանքին վրայ։
Մի միայն «կեդրոնացած ծրագրաւորում»ի միջոցով տնտեսութեան կանոնաւորումը իր հիմէն կը զեղծանէ ընկերային կապերը, մի միայն «շուկայի օրէնք»ին համեմատ անոր կանոնաւորումը թերացում է ընկերային արդարութեան դէմ, քանի որ մարդկային բազմաթիւ կարիքներ կան, որոնք գոհացում չեն կրնար գտնել միայն «շուկայ»ով։ Ուստի, եւ հա՛րկ է յանձնարարել շուկային եւ տնտեսական նախաձեռնութիւններուն խոհական եւ ողջամիտ կանոնաւորում մը՝ ըստ արժէքներու արդար դասաւորումին եւ ի շահ հասարակաց բարիքին եւ օգտին։
Տնտեսական գործունէութիւններուն ծաւալումը եւ արտադրութեան աճումը սահմանուած են մարդկային արարածներուն կարիքները հոգալու եւ պահաջները գոհացնելու։ Պէտք է ան ծաւալի բարոյական կարգին սահմաններուն մէջ ընկերային արդարութեան համեմատ՝ որպէսզի պատասխանէ Աստուծոյ ծրագրին՝ մարդուն նկատմամբ։
Այս առթիւ հարցում մը ձեր ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել, սիրելի՜ բարեկամներ. Յուդային եւ «մատնիչ» ըլլալը արդեօք պատահակա՞ն էր, քանի որ «գանձանակը Յուդան կը պահէր» եւ «Յուդա Իսկարիովտացի մատնեց Յիսուսը»։ Կ՚արժէ անգամ մը խորհիլ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 29, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024