ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ԽԱՉԸ

Հայ Եկեղեցւոյ, Խաչին նուիրուած չորս տօներէն վերջինն է՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը։

Արդարեւ, Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներէն երեքը կը նշեն քրիստոնէական միւս եկեղեցիները, իսկ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցիին։ Այս տարի ան կը տօնուի 1 Հոկտեմբեր Կիրակի օր, որ կը համապատասխանէ Խաչվերացի երրորդ Կիրակիին։

Կլավդիոս կայսրի կինը՝ Պատրոնիկէ թագուհին, Յակոբոս Տեառնեղբօր ձեռքէն կ՚ընդունի խաչափայտին սուրբ մասունքը, եւ զայն կը տանի Հռոմ։

Աւելի վերջ, այդ մասունքը, սերունդէ սերունդ ժառանգաբար փոխանցուելով, կը հասնի Սուրբ Կոյս Հռիփսիմէին, որ Կլավդիոս կայսրի եւ անոր կնոջ Պատրոնիկէի  սերունդէն էր։

Սուրբ Կոյս Հռիփսիմէ իր վիզէն մշտապէս կախած կը պահէր խաչափայտին սուրբ մասունքը՝ որու վրայ թափուած էր Յիսուսի արիւնը։

Ան քրիստոնեայ ծնողներու զաւակ էր եւ կը կրօնաւորէր Հռոմի Սուրբ Պետրոս հռչակաւոր վանքի կուսանոցին մէջ, որուն մայրապետն էր Գայիանէն, որ շուրջ երեք հարիւր կոյսեր կը դաստիարակէր Աստուծոյ երկիւղով։

Այդ ժամանակներուն էր, երբ Դիոկղետիանոս կայսրը փափաքեցաւ իրեն կնութեան առնել Սուրբ Հռիփսիմէն, եւ սակայն ան հրաժարելով՝ եօթանասուն կոյսերու հետ միասին, իրենց քահանաներուն հետ, խոյս տուաւ դէպի Եգիպտոս, յետոյ՝ այնտեղէն Երուսաղէմ, ուր անոնք այցելեցին Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական Սուրբ Վայրերը եւ Սուրբ Աստուածամօր թափուր գերեզմանին վրայ աղօթելէ վերջ հրաման ստացան երթալ Թադէոս առաքեալի առաքելական շրջանը։

Հնազանդելով հրամանին՝ անոնք գացին Եդեսիա, ուր կը գտնուէր Փրկչի նկարը։

Կոյսերէն շատեր մնացին Եդեսիա, իսկ միւսներր շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Արարատ։

Անոնք որ մնացին Եդեսիա, աւելի վերջ սպաննուեցան Դիոկղետիանոս կայսրի հրամանով։ Այսպէս նահատակուեցան անոնք։

Սուրբ Գայիանէի խումբը, շրջելով Հայաստանի գաւառները, ամէն տեղ մեծամեծ հրաշքներ գործեցին սուրբ մասունքի միջոցով։ Անոնք կը մաքրէին, կը բժշկէին հիւանդներ, կը հալածէին դեւեր, կը սրբէին ամէն ախտացեալներ։

Սուրբ Գայիանէ եւ իր խումբը որոշ ժամանակ մը ապրեցան Հոգեաց վանքին մէջ, ուր կը գտնուէր ամենօրհնեալ Սուրբ Կոյսին պատկերը։ Յետոյ գացին Վարագ լեռը, եւ հոն հաստատուեցան։

Լերան գագաթին, որ կը կոչուի Գալիլիա, ամփոփեցին Սուրբ Նշանը, որպէս մեծ պարգեւ՝ թողլով Հայաստան աշխարհին։ Եւ այդ ըրին Աստուծոյ կամքով, եւ ոչ թէ՝ իրենց, քանի որ Աստուծոյ նախախնամութիւնն էր որ կ՚առաջնորդէր զիրենք այդ կատարե՛լ։

Սուրբ Գայիանէի խումբէն ոմանք մնացին լեռնագագաթին վրայ՝ սպասաւորելու եւ պահպանելու համար Սուրբ Նշանը, իսկ Սուրբ Կոյս Գայիանէն եւ Սուրբ Կոյս Հռիփսիմէն, երեք քահանաներով եւ քառասուն կոյսերով, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ գացին Վաղարշապատ, ուր եւ նահատակուեցա՛ն։

Իսկ անոնք որ մնացին Վարագ լերան վրայ, եւ որոնցմէ երկուքը քահանաներ էին, քաջալերուելով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Վիրապէն յետոյ իրենց կատարած այցելութենէն, այդտեղ եկեղեցի հաստատեցին, որ աւելի վերջ տեղի խստաշունչ եղանակի պատճառով անբնակ մնաց։

Հայոց աշխարհը գիտէր, թէ Վարագ լերան վրայ է պահուած Սուրբ Նշանը, բայց մեծն Վարդ պատրիկ Ռշտունիի եւ Ներսէս Շինող Կաթողիկոսի հայրապետութեան ժամանակները չէին կրցած գտնել զայն։

653 թուականին Թոդիկ անունով կրօնաւոր մը, իր սրբասէր աշակերտի՝ Հովելի հետ միասին կ՚երթայ ճգնելու Վարագ լերան վրայ եւ կը հաստատէ այն վայրը՝ ուր բնակած էին սուրբ կոյսերը։

Թոդիկ ճգնաւորի եւ Հովելի փափաքն էր գտնել սուրբ մասունքը։

Երկար ճգնութենէ յետոյ աւելի եւս կը բորբոքի անոնց սիրտը Քրիստոսի սիրով եւ Սուրբ Նշանը գտնելու փափաքով։ Եւ ճգնաւորները աւելի եւս կը խստացնեն իրենց ճգնութիւնը եւ տասներկու օր շարունակուող անօթի ծոմապահութեամբ կ՚աղօթեն Տիրոջ՝ տեսնել Սուրբ Նշանը եւ հասնիլ իրենց փափաքին։

Եւ մարդասէրն Աստուած, որ կարո՛ղ է Իր որդիներուն տալ այն ամէն ինչ որ կը խնդրեն, եւ կը կատարէ Իր երկիւղածներուն կամքը, կը լսէ անոնց աղօթքը, եւ գիշերամիջին, երբ անոնք կ՚աղօթէին, լերան գագաթը՝ ուր պահուած էր Սուրբ Նշանը, ահաւոր ձայնով անոնց իմաց կու տայ, որմէ զարմացած անոնք կը նային դէպի լերան գագաթը եւ այնտեղ կը տեսնեն պայծառ լո՛յս մը։

Լոյսը իր չափով եւ ձեւով այնպէս էր, ինչպէս այնտեղ գտնուող սուրբ մասունքը։

Ճգնաւորները կը շարունակեն զարմացած դիտել լոյսը, որ աստիճանաբար կը պայծառանար եւ կը լուսաւորէր ամբողջ լեռը, առաւել քան արեգակի լոյսը, որով սքանչանալով կը փառաւորեն զԱստուած։ Յետոյ կը տեսնեն լոյսի տասներկու սիւներ, որոնք դէպի վե՛ր կը խոյանային երկրէն մինչեւ երկինք։ Ամբողջ լեռը կը լեցուի անուշահոտութեամբ եւ հրեշտակներու օրհնութեան երգերով։ Մինչ կրօնաւորները կը վայելէին այդ սքանչելիքը՝ որ տեւեց կէսգիշերէն մինչեւ օրուայ վեցերորոդ ժամը, սուրբ մասունքը իր մասնատուփով կ՚ելլէ վէմէն եւ լոյսերու մէջ վե՛ր բարձրանալով եւ ցոլարձակելով՝ կու գայ եւ կը մտնէ եկեղեցի եւ կը վերաբերուի Սուրբ Սեղան՝ լոյս ճառագայթներով վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամ։

Մինչ ճգնաւորները զարմանքի մէջ էին, խաչանիշ լոյսէն անոնց ձայն մը կը հասնի, որ կ՚ըսէ.

«Քրիստոս հաճեցաւ բնակիլ Սուրբ Նշանին մէջ՝ Հայոց աշխարհի պահպանութեան եւ փրկութեան համար»։

Եւ անոնք առաջ գալով՝ մեծ ահով եւ դողով կը տեսնեն Սուրբ Նշանը՝ Սուրբ Սեղանի վրայ լոյսով պարուրուած։

Յետոյ զայն վերցնելով իրենց ձեռքերուն մէջ՝ արտասուալից կը համբուրեն եւ գոհութիւն կը յայտնեն Տիրոջ։

Այս սքանչելի՜ տեսիլքը ո՛չ միայն անոնց կ՚երեւի, այլ եւ լերան շրջակայքը բնակող բոլոր մարդոց՝ որոնք ակներեւ կը տեսնէին լոյսը, որ ծագեցաւ Վարագ լերան Գալիլիա կոչուող գագաթէն։

Տասներկու օր շարունակ լոյսի սիւները կը շրջապատէին լերան գագաթը։ Ժողովուրդը, եպիսկոպոսներով եւ քահանաներով, միասին կը բարձրանային լեռ, որոնց հետ նաեւ իշխաններու իշխան Վարդ իշխանը իր զօրքով, եւ հարցումներ կ՚ուղղէր ճգնաւորներուն հրաշալի՜ տեսիլքին եւ լուսեղէն սիւներու մասին։

Անոնք ալ կարգով կը պատմէին ամէն ինչ, մէկ առ մէկ, եւ ցոյց կու տային Եկեղեցւոյ Սեղանին վերաբերուած Սուրբ Նշանը, որուն կ՚երկրպագէր ժողովուրդը եւ փառք կու տար Աստուծոյ։

Իսկ անուշահոտութեան բուրումը դեռ երկար ժամանակ կը շարունակուէր բազմութիւնը զմայլեցնել, ոմանք ալ հիացա՜ծ կ՚օրհնէին եւ փառք կու տային Աստուծոյ, Սուրբ Խաչին երեւմանը համար։

Այս ամենէն յետոյ Ներսէս Գ. Տայեցի (Իշխանեցի. 641-661) Շինող Հայրապետը կարգ կը սահմանէ՝ ամէն տարի ա՛յդ օրը տօնել «Վարագայ Սուրբ Խաչի տօն»ը՝ Քրիստոսի եւ Անոր Սուրբ Խաչին փառքին համար։

Յետոյ այն տեղ կը կառուցուին տասներկու եկեղեցիներ՝ տասներկու լուսեղէն սիւներու երեւցած վայրին վրայ։

Իսկ այն եկեղեցին՝ ուր եկաւ եւ հանգչեցաւ Սուրբ Նշանը, կ՚ընդարձակուի, կը նորոգուի եւ տեղը վանք կը հիմնուի…։

Ուրեմն Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ խաչի տօն մըն է, եւ ըստ այնմ պէտք է առաւելագոյն կարեւորութիւն ընծայուի…։

- Մեծ մասամբ օգտուեցանք՝

Արամ Դիլանյանի աշխատասիրութենէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 28, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2017