ԲԶԿՏՈՒՔԸ
Ժամանակը դարեր շարունակ չյաջողեցաւ հայոց մէջէն դուրս հանել ուրիշը քննադատելու, բամբասելու եւ մինչեւ իսկ սեփական սխալներուն համար ուրիշը պատասխանատու տեսնելու ախտը: Հայուն մէջ գոյութիւն ունեցող եսը երբեք ալ առիթ չտուաւ հայուն, որպէսզի ան ուրիշը քննադատելու կողքին զբաղուի ինքնաքննադատութեամբ, որովհետեւ սեփական եսին համար ան մի՛շտ եղաւ անսխալական, իսկ իր գաղափարները մի՛շտ շիտակ ու անառարկելի:
Այս ախտը տարիներու ընթացքին այնքա՛ն զարգացաւ մեր մէջ, որ հաւանաբար «հաւատքէն» մղուած սկսան ապրիլ այն համոզումով, որ «ով որ մեզի հետ չէ՝ մեզի հակառակ է» տրամաբանութեամբ: Այս բոլորը պէտք էր հայուն, որովհետեւ ան իր ջանքերով ու գործերով բարձրանալու փոխարէն նախընտրեց ուրիշի ձախողութեամբ բարձրանալ. իր գործերը, իրագործումներն ու յաջողութիւնները իրեն պատուանդան դարձնելու փոխարէն նախընտրեց կոխե՛լ ինկածին վրայ եւ անոր ձախողութիւնը իրեն համար յաջողութիւն նկատելով անընդհատ բարձրանալ երազեց:
Այս բոլոր ախտերը միանալով հայուն տուին պապի անսխալականութեան հանգամաք մը, ուր պարտաւոր է ղեկավարը մի՛շտ ճիշդ, իսկ հետեւողը մի՛շտ հնազանդ ըլլալ:
Պահ մը ուսումնասիրեցէք մեր անցեալի բոլո՛ր կուսակցականները. բոլո՛րն ալ մտաւորական ու իմաստուն մարդիկ. նման իմաստուններ իրենց միջեւ եղած անհամաձայնութիւնները կը ծառայեցնէին գաղափարներու բիւրեղացման համար, որովհետեւ սկզբունքով երկու հակառակ կարծիքները տրամաբանականօրէն ո՛չ թէ թշնամութեան, այլ սեփական գաղափարներու յստակեցման կը ծառայեն եւ նման պայքարներու մէջ կը յաղթէ ա՛ն՝ որ լաւապէս կը տիրապետէ եւ կրնայ համոզիչ դարձնել իր գաղափարները. մեր մէջ սակայն, ինչպէս մի՛շտ տրամաբանութիւն չէ՛ որ կը գործէ. գաղափարներու հակառակութիւնը ներկայիս ո՛չ թէ անոնց բիւրեղացման, այլ՝ թշնամութեան պատճառ դառնալու կը ծառայէ պարզապէս: Իրենց անսխալականութեան վրայ վստահելով մերօրեայ կուսակցականներն ու ղեկավարները պատրաստ են իրենց շարքերէն հեռացնել բոլոր անոնց՝ որոնք տարբեր գաղափար կամ կարծիք կ՚ունենան, կամ ալ (Աստուած մի՛ արասցէ) կը համարձակին քննարկման ենթակայ դնել «ղեկավար»ին որոշումները, որ Աստուածային օրէնքի մը հնազանդիլ կը պահանջէ:
Այս բոլո՛ր կուսակցութիւններն ալ ունին նուիրեալներ՝ որոնք այս կամ այն առարկութեան համար գաղափարներու առեւտուրի ենթարկուելու փոխարէն դուրս դրուած են: Նման քայլերու կը դիմեն անոնք՝ որոնք լաւապէս չե՛ն տիրապետեր իրենց գաղափարներուն ու համոզումներուն եւ հետեւաբար աւելի՛ նպատակայարմար կը նկատեն առարկութիւն ընել փորձողին հեռացումը՝ քան համոզիչ բացատրութիւնը:
Այս բոլորին զոհը եղած է հայութիւնն ու մեր գաղութները. 1919 թուականին գրուած մէկ նամակ մը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Հայութեան այս բախտորոշ օրերուն Ամերիկա, Փարիզ, Եգիպտոս, Կովկաս, ամէն կողմ իրար բզկտելու վրայ են». իրավիճակ՝ որ կը շարունակուի այսօր Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Հայրենիքին վտանգուած այս օրերուն հակառակորդին դէմ պայքարելէ աւելի ներքին կարգով իրարու դէմ պայքարելու պատրաստ են մերօրեայ ղեկավարները:
Իրար «բզկտել»ը սակայն բացասական կողմէն բացի ունի դրական կողմ մը եւս. անցեալի մարդիկ կը բզկտէին իրար՝ թշնամին բզկտելու փոխարէն, սակայն այդ բզկտուքը վերջապէս իր մէջ հայկականութեան ու ազգութեան հանդէպ սէր մը կը պահանջէր. այլ խօսքով այսօր Փարիզի, Ամերիկայի կամ այլուր հայերուն իրար չբզկտելը համերաշխութենէն ու եղբայրասիրութեան արդիւնք մը չեն, այլ պարզապէս անտարբերութեան: Այսօրուան հայը այնքա՛ն կենդրոնացած է միայն իր ԵՍ-ին վրայ, որ հայութեան համար կռուիլն անգամ աւելորդ կը նկատէ. հոգեպէս այս տրամաբանութեամբ կ՚ապրի, սակայն էապէս համոզուած՝ որ չկայ աւելի հայրենասէր անձ՝ քան ի՛նք:
Հայաստանի վերջին կառավարութիւնը եւս երբ յանձն առաւ իշխանութիւնը, նոյն այդ հոգիով ապրեցաւ. արդար ըլլալու համար ուսումնասիրեցէ՛ք ամբողջ չորս տարուան կառավարական նիստերն ու քննարկման առարկայ եղած նիւթերը։ Ամբողջ 2-3 տարի հետաքրքրութեան առարկայ էր Ծառուկեանին, Սերժ Սարգիսեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին ունեցուածքը. անոնց նիւթական հարստութեան մէջ անօրէն բան մը գտնելը հայ ժողովուրդին համար աւելի՛ կարեւոր էր՝ քան երկիրին ապահովութեան ու բարգաւաճման անհրաժեշտութիւնը:
Քաղաքականութեան մէջ քննադատութիւնն ու պայքարը անխուսափելի է եւ նախապէս առիթով մը խօսած ենք իշխանութիւններու դէմ կեցած ընդդիմադիրներու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն այս բոլորը ա՛յն ժամանակ՝ երբ երկիրը ապահոված է իր անվտանգութիւնը. սակայն մեր հիմնական ցաւը ա՛յն է որ մենք այս բզկտելը կ՚ընենք ա՛յն ատեն՝ երբ թշնամին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կործանելու համար Հայաստանն ու Հայը:
Մեր նախնիները մեզի չկռուելու եւ իրարու դէմ չպայքարելու յորդոր չըրին, սակայն իրենց հիմնական յորդորը ա՛յն էր, որ տարբեր ու հակառակ համոզումներ, սկզբունքներ ու գաղափարներու պէտք է միանա՛լ՝ ի սէր հիմնական ա՛յն գաղափարին համար, որուն համար իրար բզկտել կը ձեւացնենք: Բոլորս ալ Հայրենիքի հզօրացումը կ՚ուզենք, սակայն միութեան ճամբով ուժ ստեղծելու փոխարէն իրարու հանդէպ ունեցած ատելութեամբ այդ ուժը տկարացնել կը փորձենք եւ եթէ դար մը ետք մարդիկ ուզեն մեր պարտութեան պատճառը գիտնալ... պատասխանը մէ՛կ է. պատճառը մենք ենք՝ մեր իրարատելութեամբ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -58-
Տարի մը առաջ համացանցի մէջ տեղադրեցի սփիւռքահայ մտաւորական Պէպօ Սիմոնեանի աշխատութիւններէն մէջբերում մը, որ հակառակ անցեալի գրութիւն մը ըլլալուն կը պահէր իր այժմէականութիւնը:
Տեղադրելէս ժամ մը ետք հետեւեալ նամակը ստացայ. «Ի՞նչ... հնչակեա՞ն եղար. հնչակեան գրողներու խօսքերը սկսա՞ր դնել...»:
Իրերատելութեան ճշմարի՛տ պատկեր մը, որովհետեւ մեր տրամաբանելու գիտակցութիւնը չկայ. ունինք այն համոզումը, որ եթէ անձ մը անդամ չէ մեր կուսակցութեան՝ հետեւաբար ի՛նչ ալ գրէ՝ սխալ է: Երբեւէ մերօրեայ մամուլին մէջ տեսա՞ծ էք հնչակեաններ գնահատեն դաշնակցականներու այս կամ այն իրագործումը՝ կամ հակառակը:
Տակաւին դար մը կ՚ուզենք հաւանաբար հասկնալու, որ կուսակցական պատկանելիութիւնը չէ՛ որ մարդը ճիշդ կամ սխալ կը դարձնէ. այսօր ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ, որ Պէպօ Սիմոնեան մտաւորական ու հայրենասէր մարդ էր եւ հետեւաբար իմաստուն է ան՝ որ առանց խտրութեան, առանց պատկանելիութիւնը քննարկման առարկայ դարձնելու ճի՛շդը կը հետապնդէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ