23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2007 ԿԱՄ «ՄԱՀԸ ԱՊՐԻԼ»
«23 Սեպտեմբեր 2007». այս թուականը շատերու համար սովորական թուական մըն է։ Թերեւս կը յիշուի որպէս աշնանամուտ։ Բայց այս թուականը՝ մահուան ընտելացած, մահը իր հոգւոյն խորը զգացած, եւ մէկ խօսքով, «մահը ապրած» օրն է այս տրուպ գրիչին։
«Մահը ապրիլ» արդարեւ հակսական պիտի թուի շատերուն, քանի որ «մահ» եւ «ապրիլ» երբեք իրերահաշտ չեն եղած, ինչպէս չեն հաշտուիր «խաւար»ը եւ «լոյս»ը։ Հոն՝ ո՛ւր կեանք կայ, մահ չկա՛յ, հոն՝ ո՛ւր մահ կայ, կեանք չկա՛յ։ Բայց այս իրականութիւնը բացառութիւն մը ունեցաւ այդ օրը երբ կեանք եւ մահ միացան՝ հաշտուեցան, եւ աւելի լաւ պիտի ըլլայ ըսել՝ կեանք եւ մահ միաժամանակ ապրուեցան։ Արդարեւ, մահը անծանօթ չէ ոչ մէկուս, բայց մահուան այդքա՜ն մօտենալ… մահը ապրիլ կեանքի մէջ, ահաւասիկ աննախընթաց երեւոյթ մըն էր ատիկա։
Եւ «23 Սեպտեմբեր 2007» թուականը, ինչպէս հասարակ աշնանամուտ, եղաւ նաեւ անձնական աշնանամուտ այս գրիչին համար։ Ան այլեւս ունէր սեփական աշնանամուտ մը։
Աշո՜ւն… աշունը տարուան վերջաւորութիւնը յիշեցնող եղանակն է. աշունով կը սկսին «մութ» օրեր, արեւէն զրկուած՝ ամպամած օրեր, եւ այդպէս ալ եղա՛ւ, աշնան եղանակով սկսան կեանքի աշնան օրեր։
Այսուհանդերձ, ո՛ր մէկ եղանակը տարուան մէջ աւելի խորհրդաւոր, աւելի գեղեցիկ է քան աշունը։ Ի՞նչ կը պակսի աշունէն, որ կայ միւս եղանակներուն մէջ։ Ընդհակառակը, աշունը կրնայ պարծենալ այն բոլոր ստորոգելիներովը՝ որոնք յատուկ են գարնան եւ ամրան, եւ նոյնիսկ ձմրան։ Աշունը միւս երեք եղանակներուն խառնուրդէն շինուած ըլլալ կը թուի։
Աշնան, արեւը կը պահէ իր փայլը, բայց չ՚այրեր. երկինքի կապոյտը, երբ ամպերը ցրուին, միակտուր, անբիծ շափիւղայի մը կը վերածուի՝ որ կապոյտ թանկագին քար մըն է, իսկ ծաղիկները ուրիշ գեղեցկութիւն մը կը ստանան՝ ծաղիկներու գոյներուն ջերմութիւնը եւ զանազանութիւնը ամէն աչքի արբեցուցիչ զուարճութիւնը կը դառնան։ Աշնան մէջ բնութիւնը կը կորսնցնէ իր եռուզեռը եւ լուռ, խորհրդաւոր խաղաղութիւն կը հագնի։ Ինչպէս գարնան՝ նաեւ աշնան բնութիւնը կը հարսնանայ՝ գարնան՝ ամրան համար, իսկ աշնան՝ ձմրան համար. այս իմաստով, մէկ պարագային բնութիւնը փեսացուն է կեանքի, միւս պարագային՝ մահուա՛ն։
Նշանակալից եւ խորհրդաւոր իրողութիւն է, թէ աշունը ողբ եւ սուգ չունի, քանի որ շուտով ձմրան պաղ մարմինը պիտի գրկէ. այլ, ընդհակառակը, ուրախ եւ երջանիկ է. ժպտուն ամէն օր, եւ հագուած սգուած իր ամենէն գեղեցիկ գունագեղ զգեստներով։ Աշունը գոյնզգոյն կեանք մըն է, ո՛ւր կ՚ապրուի կեանքը եւ մահը միատեղ, մտերմութեան մէջ…։
Աշունը իր «մահ» փեսան կը դիմաւորէ կարծես ցնծուն թափօրով մը, որ «բարեկենդան» է իր բոլոր հանգամանքներովը, թէ՛ արտաքնապէս, թէ՛ ներքնապէս։ Աշնան խորհուրդ խորին է, սա՛. «Այսօրն է կեանքը» եւ վաղուան մահը այսօրուան մասը չի՛ կազմեր։ «Ապրէ՛ ուրախութեամբ եւ հաւատքով առանց վախի եւ անձկութեան վաղուան համար»։ Կեանքը շնորհ մըն է, եւ մահը՝ անոր բնական եւ անխուսափելի՛ մէկ հետեւանքը։
Այսօ՛րն է մարդուս կեանքը, վաղը իրենը չէ, որովհետեւ վաղը Աստուծոյ կը պատկանի։
«Երբ հաւատքով կարող ըլլամ
«Երկինքն իմս է ըսել,
«Վախէ ազատելով կըրնամ
«Լացող աչերս սըրբել», կ՚ըսէ բանաստեղծը, եւ որքան տպաւորիչ են իր խօսքերը…։
Մարդ կրնայ ապրիլ աշնան մէջ, կրնայ իր կեանքի աշնան մէջ ըլլալ, բայց ո՜րքան երջանիկ…։ Վաղը մա՛հն է որ մարդուս դէմ կանգնած պիտի յայտնուի. լա՛ւ, վաղուան ամպը պէտք չէ թողուլ եւ արտօնել որ կանխահասօրէն մռայլէ այսօրուան կեանքին լուրթ երկնակամարը։
Մարդ կրնայ ապրիլ աշնան մէջ, բայց աւելի խորունկ ըլլալու է իր գիտակցութիւնը «կեանք»ի մասին՝ կեանքի շնորհքին անգին արժէքին եւ ճոխութեան իր կեանքի այդ «աշնանային եղանակ»ին՝ քան որ եղած է գարնան։ Եւ աշունը գեղեցիկ է, հմայիչ եւ խորհրդաւոր է, քանի որ հոն կ՚ապրուի կեանքը եւ մահը միաժամանակ։ Ուստի, հիմա աւելի գեղեցիկ է կեանքը քան որ երբեք եղած է. հաւատով եւ գիտակցութեա՛մբ։ Այս աշունը կեանքին եւ ոչ մէկ ժամանակաշրջանին հետ կարելի պիտի ըլլայ փոխել…։
Գոյն, գեղեցկութիւն, խաղաղութիւն եւ հունձք եւ պտուղ, պտղաբերութի՜ւն աշնան մէջ։
Տարին, ամբողջ կեանք մը երկնից, ինկաւ, ելաւ, կանգնեցաւ, չարչրկուեցաւ որպէսզի աշնան հասնի՝ իր պտուղներուն առատութեամբը եւ քաղցրութեամբը։ Աշունը լրումն է կեանքին։ Յիրաւի գարնան հմայքը խաբուսիկ է, աշնանն է իրականը։ Մարդ կեանքի գարունէն անցնելու է եւ մտնելու է ամառը՝ քրտնելու, տոչորելու է, հոգիով, մտքով դաստիարակուելու է, որպէսզի աշնան փառքի պսակը ընդունի։
Ի՞նչ է վաթսուն տարին - միայն դպրոց մը։
Եօթանասունին միայն մարդ կ՚ընդունի իր ընթացաւարտութեան «ոսկեգիր վկայագիր»ը։
«Կեանքը եօթանասունին կը սկսի…», եւ չի վերջանար, քանի որ անմահութեան դուռը կը բացուի անկէ անդին։ Մահը՝ անմահութեան բացուող դուռն է…։
Ահաւասիկ, 23 Սեպտեմբեր 2007 թուականին Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի առջեւ բացուեցաւ անմահութեան դուռը, եւ մենք վկայեցինք անոր, այդ «մահ» չէ՛ր արդարեւ, անմահութեան երանելի՜ անցք մը, եւ մենք այդ պահուն ապրեցանք մահը եւ կեանքը միանգամայն։ Եւ աշունը եղաւ ուրախութեան առիթ մը՝ անմահութեան դիմաց։
Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեանի հետ, այս համեստ գրիչը բաժնեց ամբողջ կեանք մը, երջանիկ տարինե՜ր, ընտանի՛ք մը, եւ հիմա ալ կ՚ուզէ բաժնել այս սիւնակը ի՛ր խօսքերով…։
«Նախակրթարանի ուսուցման տարիները իսկութեան մէջ մարդուս կեանքին ամենէն տարրական եւ կարեւոր շրջանն է։ Այս շրջանին է որ կը հաստատուին ապագայի մտային եւ հոգեկան շէնքին առաջին հիմերը։ Տղուն տրուելիք առաջին կրթութիւնն է՝ ըլլալ օգտակար տարր մը մարդկութեան համար եւ ապահովել գէշ սովորութիւններէ հեռու մնալու ընդունակութիւն։ Պէտք չէ մոռնալ որ բնութիւնը կը պահանջէ տղան հասուն մարդ ըլլալէ առաջ, նախ «տղայ» ըլլայ։ Բնութեան այս անյեղլի կանոնը եթէ ոտնակոխ ընեն մարդիկ, տղաքը պիտի նմանին խակ եւ անհամ պտուղներու։ Այս պարագային՝ մենք հասցուցած պիտի ըլլանք երիտասարդ գիտուններ բայց տարեց տղաներ, ինչպէս կ՚ըսէ իմաստասէրը։
«Երբ նախակրթարանի աշակերտներէն կը պահանջենք հնազանդ ըլլալ, մեր վերաբերումը պէտք չէ չափազանց ըլլայ, այլ՝ պարտադրիչ ե՛ւ թոյլատու։
«Չափազանցութեան պարագային կը հասցնենք շահամոլ եւ եսասէր, ինքնակեդրոն տղաք, որոնք ապագային պիտի ընեն ամէն ինչ պարզապէս պարտականութիւն համարելով եւ անձնական շահու ակնկալութեամբ։
«Եթէ կ՚ուզենք հասցնել ուղղամիտ մարդ, տղուն հանդէպ պէտք է ըլլանք միշտ անկեղծ եւ անշեղ. իր պահանջներուն հանդէպ մեր այոն պէտք է ըլլայ այո՛ եւ մեր ոչը՝ ո՛չ։
«Սիրելի՜ տղաք. կեանքի նպատակն է հասնիլ գեղեցիկին՝ որուն գործնականն է բարին, հասնիլ ճշմարտութեան՝ որուն գործնականն է ուղղամտութիւնը եւ այս ամէնը մեզի պիտի տանի իրական մարդ ըլլալու, այսինքն կատարեալ ըլլալու բարձրագոյն նպատակին։
«Մենք ուրախ ենք, յուսալով թէ հասցուցած ենք այս չափանիշներով կեանքի պատրաստուած աշակերտներ. կը հասցնենք եւ հաճոյքով կը տեսնենք, թէ մեր ուսուցչաց անձնակազմը այս սկզբունքներուն գիտակից՝ իրենց վեհ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան ապագայի նկատմամբ, լիուլի կը կատարէ ապագայի մարդուն՝ այսօրուան տղուն հանդէպ։
«Ուստի մեծապէս գնահատելի են ամէն անոնք որ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս ազնիւ եւ վեհ նպատակին»։
ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան, որպէս միանգամայն բազմամեայ կրթական մշակ, կը շարունակէ ահաւասիկ իր ուսուցչական-դաստիարակչական առաքելութիւնը եւ իր այս տողերով մեզի կու տայ «մարդ հասցնելու», ապագա՛ն կերտելու, ձեւաւորելու գաղտնիքը։ Եւ կարծեմ «անմահութիւն» ըսուածն ալ ա՛յս ըլլալու է. ենթական թէեւ մարմնապէս-ֆիզիքապէս բացակայ, բայց հոգւով եւ միտքով մի՛շտ ներկայ, մի՛շտ գործունեայ, միշտ եւ շարունակ գործելով զանազան ճամբաներով եւ միջոցներով։
Այս խոնարհ գրիչը չի գիտեր, թէ որքան ատեն տակաւին պիտի կարենայ այս հոգի-մարմին միութիւնը շարունակել, բայց սա յստակ է, որ գործիչներ թէեւ դադրին գործունէութենէն, անոնց գործերը կը գոյատեւեն այնքան ատեն որ մարդկութիւնը կը գոյատեւէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ