ԻՆՉՊԷ՞Ս ԸՍԵԼ
Հիմա կը զգամ, թէ ինչքա՜ն տարբերութիւն կայ պատմութիւնը կարդալուն եւ ապրելուն միջեւ: Ի՜նչ մեծ տարբերութիւն ցաւը զգալուն եւ այդ ցաւի նկարագրութիւնը գրականութեան մէջ կարդալուն միջեւ. այդ իրականութեան պատճառած ցաւն է, որ կ՚ալեկոծէ մեր հոգիները:
Եթէ այսօր հարցնելու ըլլաք, թէ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Անիի, Մանազկերտի, Օշականի եւ կամ Սարտարապատի ճակատամարտերու ընթացքին, առանց ցաւն ու կսկիծը մեծապէս զգալու կրնամ պատմել այն՝ ինչ որ մեզի հասած է պատմիչներու կողմէ. եթէ հարցնէք Անիի անկումը, գուցէ մինչեւ իսկ պարզարիւնութեամբ կրնամ պատմել, սակայն եթէ հարցնելու ըլլաք Արցախի ու Ստեփանակերտի անկումները՝ կրնամ թոթովել, որովհետեւ փաստօրէն հազարումէկ ճակատամարտերը, մինչեւ իսկ բազմահազար նահատակներու ցաւը մենք հոգիով ու սիրտով չենք զգացած այնքան՝ ինչքան Արցախի վերջին կորուստը եւ այն միտքը, որ մի քանի ամիսներ ետք պատմութեան մութ ու արիւնոտ էջերուն մէջ պիտի թաղուի Արցախն ու Ստեփանակերտը, ինքնին զարհուրանք մը կը յառաջացնեն:
Բոլորս ալ պիտի ուզէինք, որ մեր մատղաշ երիտասարդները փոխանակ հողին յանձնուելու ապրէին ու շնչէին, սակայն ներկայ պայմաններու մէջ չես գիտեր ինչու, մարդ կ՚ուզէ երանի մը տալ անոնց՝ որոնք ականատեսը չեն ըլլար այս ամօթալի իրողութիւններուն, որոնք ցաւ ի սիրտ, երբեք պիտի չջնջուին մեր հոգիներէն ու յիշողութիւններէն. գուցէ ապագայի սերունդները նոյն անտարբերութեամբ պիտի կարդան մեր այսօրուան գրածները՝ այնպէս ինչպէս մենք կը կարդանք նախկիններունը եւ բնականաբար պիտի չակնկալենք, որ անոնք հասկնան այն ապրումները, ինչ որ մենք ունինք այսօր:
Մեր նախնիները կը պատմէին մեծ եղեռնի մասին. իրենց ականատեսի եւ կամ իրենց մեծերուն յուշերը կը պատմէին եւ հիմա մտածել, որ տարիներ ետք տակաւին լոյս աշխարհ չեկած սերունդները Արցախի մասին պիտի հարցնեն... ինքնին սարսափ կը պատճառէ:
Ինչպէ՞ս պիտի ըսել այդ սերունդներուն, որ ազգովի, հոգիով ու սիրտով՝ որպէս թէ «քաջարի ու հայրենիքի համար զոհուելու պատրաստ» ազգ լուռ հանդիսատեսը եղանք այդ բոլորին. ինչպէ՞ս պիտի ըսենք անոնց, որ Արցախէն տեղահանուած ու անտուն հազարաւոր մարդիկ երբ կենաց-մահու պայքար կը մղէին, բազմաթի՜ւ ուրիշներ բան մը չեղածի հոգեբանութեամբ իրենց կեանքը կը շարունակէին. ինչպէ՞ս ըսել, որ երբ սահմանին վրայ երիտասարդ տղաք նահատակ կը դառնային, ուրիշ մը Երեւանի մէջ տարեդարձ ու հարսնիք, քէֆ ու խնջոյք կը կազմակերպէր: Ինչպէ՞ս ըսել անոնց, որ զէնքով մեր պատիւն ու հողը պաշտպանելու փոխարէն Երեւանի փողոցները նստարաններով «փակել» կը փորձէինք. ինչպէ՞ս ըսել, որ ազգովի մեր «ազատ» ու «անկախ» հայրենիքին համար պայքարելու փոխարէն համացանցի էջերուն մէջ փիլիսոփայելով զբաղուած էինք: Ինչպէ՞ս ըսել, որ անտուն ու անօթեւան հայերուն օգնութեան հասնելու փոխարէն զիրար բզքտելուն մասին... ինչպէ՞ս ըսել:
Ինչպէ՞ս պատմել, որ կեանք մը ամբողջ երգեցինք Արաբօ, Սերոբ Աղբիւր, Գէորգ Չաւուշ, Հրայր Դժոխք ու Նժդեհ, գոռոզաբար «մահ կամ ազատութիւն» գոչեցինք, հայրենիքի համար մեր կեանքերը զոհելու պատրաստ ձեւացուցինք մենք մեզ, սակայն այդ բոլորը պարզապէս երեւութապէս:
Այսօր արդէն իսկ ամօթով կը կարդամ յեղափոխական մեր բոլոր տաղերն ու երգերը. Մ. Նալպանտեան կը գրէր.
«Ազատութիւն», գոչեցի,
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թո՛ղ դաւ դնէ թշնամին»:
Իր օրինակով մենք ալ ազատութիւն գոչեցինք. փայլակ, կայծակ ու հուր ընդունելու պատրաստ ձեւացուցինք, սակայն երբ մեր աչքերուն դիմաց, օր ցերեկով մեր հայրենիքն ու ազատութիւնը խանգարեցին, հանդիսատես մնացինք: Ապագայ սերունդներուն ինչպէ՞ս պիտի ըսել, որ փայլակին, կայծակին ու հուրին «պատրաստ»ներս մեր գլուխները ծածկեցինք եւ հեռուէն ականատեսը եղանք մեր ազատութեան խորտակումին:
Աւելի քան դար մը առաջ՝ 1900-ական թուականներուն «Վազգէն» անունով գրող մը հետեւեալ երգի բառերը կը գրէր.
«Ալ բաւ է, հայ եղբարք,
Այս անտարբեր մեր ընթացք.
Հայրենիքը կորաւ,
Հայ ժողովուրդը մեռաւ»:
Մեր անտարբերութեան պատճառով հայրենիքին կորուստը հանդիսատեսի նման մեր դիտելը ինչպէ՞ս ըսել ապագայ սերունդներուն...
Չեմ գիտեր... սակայն մենք չըսենք, պատմութիւնը պիտի ըսէ: Եթէ Վարդանանց ճակատամարտի ժամանակ գոյութիւն ունէր մէկ Վասակ, ապա այսօր բոլորս ալ Վասակներ ենք՝ մեր անտարբերութեամբ ու անփթութեամբ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -356-
Պէտք է ընդունինք, որ մենք եւ մեզմէ առաջ գտնուող մի քանի սերունդները բախտաւոր են՝ պատմական շատ մը իրադարձութիւններուն ականատես ըլլալու համար։
Մենք տեսանք դարի փոփոխութիւն. տեսանք, թէ ինչպէս հազար տարուան կեանք ունեցող հազարամեակը անցաւ երկուքի՝ 1999-էն վերածուելով 2000-ի։ Բախտաւորութիւնը ունեցանք մեծ եղեռնի վերապրողները տեսնել ու լսել իրենց ականատեսի վկայութիւնները։ Տեսանք Հայաստանի անկախացումը, Արցախի ազատագրական պայքարը։ Տեսանք աշխարհը ցնցող հիւանդութիւնը։ Տեսանք, թէ ինչպէս համացանցն ու հեռախօսները մուտք գործեցին մեր կեանք ու փոխեցին մարդկային կեանքին ընթացքը։
Դժբախտութեամբ տեսանք նաեւ վերջին մի քանի տարիներուն հայ ազգին ապրած դժբախտութիւնները։
Պատմութիւնը այս բոլորէն ո՞ր մէկը պիտի յիշէ՝ չենք գիտեր, բայց վստահ ենք, որ մեր կեանքը ինքնին պատմութիւն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան