ՀԱՅԱԴՐՈՇՄ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ
Հայ գիրերու գիւտը սկզբնակէ՛տն է հայադրոշմ մշակութենական շարժումի, հայադրոշմ գրականութեան եւ հայաշունչ դպրութեան ու դաստիարակութեան։ Մէկ խօսքով, Հայ գիրերու գիւտը՝ նոր եւ նորոգուած ընկերային եւ մշակութային կեանքի մը երջանկաբեր սկիզբն է։ Հայ գիրերու գիւտով շա՜տ բան բարեփոխուեցաւ հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ, թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային տեսակէտով։ Նոր շունչը՝ «նոր կեանք» կը նշանակէ, եւ այդ նոր շունչը եղաւ Մեսրոպ Մաշտոց իր եզակի գիւտով՝ անգին հայ տառերու ստեղծագործութեամբ։ Արդարեւ մեծ գործերը մեծ մարդիկ միայն կրնան կատարել, իսկ հրաշքները՝ աննման եւ անհամեմատ, հոգիով ու միտքով իրապէս «սո՛ւրբ» մարդիկ՝ եզակի անձնաւորութիւններ։
Այս իմաստով «մարդիկ» ըսել ճիշդ չէ՛, քանի որ այդ հրաշքը կրնայ գործել միայն մէկ մարդ, մէկ հոգի, եզակի անձնաւորութիւն, ան ալ՝ Մեսրոպ Մաշտո՛ց։ Իր ամբողջ կեանքը հաւաստիքն է իր գործին՝ իր հրա՜շք ստեղծագործութեան։
Կան կեանքի մէջ «յաջող» մարդիկ, որոնց յաջողութիւնը առօրեայ է, միայն ներկան՝ իր շրջանը կը հետաքրքրէ։ Կան նաեւ մարդիկ՝ որոնց գործը ո՛չ միայն առօրեան, այլ ամբողջ ապագան կը ձեւաւորեն։
Եւ իրապէս «յաջո՛ղ» մարդը ապագային վրայ ազդող, ապագան շինող, կազմաւորող մարդն է։ Օրական յաջողութիւնները ժամանակաւոր են՝ կ՚անցնին ու կ՚երթան, ի վերջոյ կ՚ոչնչանան։
Մինչդեռ ապագան ձեւաւորողներու յաջողութիւնը մշտնջենաւոր է եւ մնայուն, անժամանա՛կ։
Տեսէ՛ք, սիրելիներ, Մեսրոպ Մաշտոց գործ մը կատարեց, անիրականալի կարծուած հրաշք մը իրականացուց, հրա՛շք մը, քանի որ սա պահուս երբ այս տրուպ գրիչը այս տողերը կը գրէ, կը պարտի դա՜րեր առաջ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հրաշքին՝ երազի մը իրականացման, տեսիլքի մը մարմնացման։ Եւ իւրաքանչիւր տառ որ կը գրէ, կը լեցուի երախտագիտութեան ջերմ զգացումներով։ Հապա եթէ չըլլար այդ բազմատաղանդ սուրբը, այդ իրապէս մե՛ծ անձնաւորութիւնը՝ պիտի չշարժէր, պիտի չկարենայինք շարժել ու գործածել այս գրիչը…։
Բնաւ խորհա՞ծ էք գրած ատեն, սիրելիներ, եթէ չըլլային այս հրաշալի՜ այբուբենը, այս տառերը, կարելի պիտի ըլլա՞ր գրիչ շարժել…։ Ուրեմն ամէն մէկ տառին, իւրաքանչիւր նախադասութեան երախտապարտութեամբ պէտք է մտաբերենք, մտապէս միանանք հրաշագործ սուրբին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին։ Արդարեւ եզակի անձնաւորութեան գործն ալ եզակի եղաւ եւ մնաց որպէս մշտնջենաւոր, մշտակայ գործ։
Մշակութային ամիս է Հոկտեմբերը, եւ մենք կ՚ուզենք Հայ գիրին նուիրեալ, հոգեմտաւորական երջանկայիշատակ Շահան Արքեպիսկոպոս Սվաճեանի մէկ գրութեամբ ճոխացնել մեր համեստ գրութիւնը։
Ուրեմն Շահան Սրբազան սապէս կը գրէ.
«Զի Ուր Գանձն Ձեր Է, Անդ Եւ Սիրտք Ձեր Եղիցին» (ՂՈՒԿԱՍ ԺԲ 34)
Ամէն տարի ամառուան սկիզբ Հինգշաբթի մը, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին մեծ հանդիսաւորութեամբ մեր երանելի թարգմանիչ ու գիւտարար Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի յիշատակի տօնը կը կատարէ։ Այն օրը պատարագի ընթացքին կարդացուած Աւետարանը թելադրական պատկերով մը, մեզ շատ կարեւոր մտածումի մը կ՚առաջնորդէ։
Մեր Տէրը Յիսուս կ՚ըսէ մեզի. «Որովհետեւ ուր որ ձեր գանձն է, այնտեղ ալ ձեր սիրտերը պիտի ըլլան» (ՂՈՒԿԱՍ ԺԲ 34)։
Այս տարի ազգովին, հպարտութեամբ, Հայ հնչական նշանագրերուն, այսինքն գրոց գիւտի 1600-ամեակի տօնը պիտի կատարենք։
Ե. դարէն մինչեւ այսօր, գիրերու գիւտը, կրթական ու թարգմանչական բազմակողմանի հարստութեամբ, քրիստոնէական քաղաքակրթութեան ու ստեղծարար տաղանդին «գանձարան»ը եղած է մեզի համար։ Այժմ կ՚ապրինք 21-րդ դարու մէջ։ Աշխարհի այսօրուան տուեալ դժուարին պայմանները նկատի առնելով ի՛նչ պէտք է ընէ հայ ժողովուրդը, իր տոհմիկ ինքնութիւնը պահելու համար։
Փաթթուի՞լ այդ սուրբ «գանձ»ին, թէ ոչ մեր սրտերէն զայն հեռու պահել։
Մենք ո՛ւր որ երթանք, անմիջապէս կը կառուցանենք հոյաշէն տաճարներ, կրթական ու մշակութային փայլուն շէնքեր։ Գովելի աշխատանքներ են ասոնք, որովհետեւ մեր քաղաքակիրթ ազգ մը ըլլալու անբեկանելի կամքին յատկութիւնները կը բնորոշեն։
Բայց պէտք է նաեւ գիտնանք որ ազգ մը, «ազգ» ընողը իր լեզուի միութիւնն է։ Յետոյ՝ կու գայ մեր ընտանեկան յարկերէն ներս, պատմականօրէն ժառանգուած հայ անուններու գործածութիւնը։ Ուրեմն ուշադիր ըլլանք, որ մեր նորահաս զաւակներուն չդնենք անուններ, որոնք անհեթեթութեան ծիծաղելի վիճակի մէջ կը դնեն ենթական։
Ես, ինքս, կէս դարէ աւելի, կրօնական ու կրթական ծառայութեանս ընթացքին, այս անմեկին սխալները տեսած եմ կարգ մը ընտանիքներու մէջ, ուրիշ սխալներու կարգին։
Անձնապէս վկայ եղած եմ օրինակելի դէպքի մը, որ կ՚ուզեմ զայն մեր հայ սիրելի ընտանիքներուն ուշադրութեան, գնահատութեան յանձնել։ Յիսուն տարի առաջ, երբ նոր աբեղայ էի, զիս Պաղեստինի Հայֆա քաղաքին ու Գալիլիոյ շրջակայքի հոգեւոր տեսչութեան նշանակեցին։ Տիբերիոյ լճին եզերքը, Կափառնաումի մօտ, Ամերիկեան հաստատութեան մը մէջ պաշտօնավարող հայ ընտանիք մը զիս իրենց երախաներուն մկրտութիւնը ընելու համար Տիբերիա հրաւիրեցին։ Գացի։ Տեսայ, որ զաւակներուն հայրը հայ է, իսկ իր կինը՝ անգլիացիի կերպարանքով՝ իրլանտացի կին մըն էր։
Նախ քիչ մը ընդվզում ունեցայ։ Բայց օտարազգի կինը երբ սկսաւ շատ մաքուր հայերէն լեզուով խօսիլ, ապշեցայ եւ ուրախացայ։ Յետոյ երբ եկաւ խօսքը իր զաւակներուն մկրտութեան անուններուն, ան մեծ հրճուանքով ըսաւ. «Մեծ մանչուս անունը Վահագն պիտի դրուի, իսկ կրտսերին՝ Արտաւազդ», եւ շարունակեց իր խօսքը եւ ըսաւ. «Հայ ազգը այս ու ասոնց նման անունները կը գործածէ հինգ հազար տարիներէ ի վեր…»։
Մկրտութեան արարողութենէ յետոյ հիւրասիրութեան պահուն մտերմաբար ըսաւ ինծի. «Հայոց մայրերն ու հայրերը հայերէն լեզուով պէտք է խօսին իրենց զաւակներուն հետ, ինչպէս որ ես կ՚ընեմ, հակառակ օտարազգի ըլլալուս։ Անշուշտ պիտի սորվին օտար լեզուներ ալ»։
Այս խօսքերէն վերջ իր ճոխ գրադարանէն բերաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Աղօթամատեան»ը, համբուրեց ու կրօնական ներշնչումով կարդաց մի քանի հատուածներ, եւ իր կարդացած աղօթքները սքանչելի՜ հայ առոգանութեամբ՝ գրաբարէ աշխարհաբարի թարգմանեց։
Իսկապէս զարմացայ ու հիացայ այս օտար կնոջ վրայ։
Մեր ԳՐՈՑ ԳԻՒՏԻ 1600-ամեակի առիթով պիտի փափաքէի, որ մեր հայ մայրերը, որոնց մէջ անշուշտ թէ կան ընտրեալ ու գիտակից մայրեր, մնացեալները եռանդուն ու անխոնջ սիրով թող կերտեն իրենց զաւակներուն ներկայ ու ապագայ նկարագիրը, միշտ հեռու մնալով եսակեդրոն հակումներէ ու անտրամաբան, քմահաճ, սնամէջ հրապոյրներէ, որ կը բերեն ընտանեկան յուսավրիպումներ, որոնց գլխաւորն է, ներկայիս շատ տեսնուած՝ տարամուսնութիւնները…։
Սիրելի հայրեր ու մայրեր, եկեղեցւոյ ու կրօնքի սպասաւորներ, գրչի յարգարժան մշակներ, նուիրեալ դաստիարակ ուսուցիչներ, մամուլի մշտաջան սպասարկողներ, ձեր առջեւ դրուած կայ երկու ԳԱՆՁԵՐ, մին նիւթական գանձն է, որուն մէջ կան ոսկի, արծաթ ու թանկարժէք իրեր։ Արհամարհելի չե՛ն ասոնք, եթէ արդար վաստակով շահուած են եւ ի պահանջել հարկին, բարի գործերու համար կը ծախսէք։
Բայց կայ նաեւ Ս. Աւետարանի ԳԱՆՁԱՆԱԿը, որուն մէջ կայ գիրը, գիրքը, հաւատքը, պատմութիւնը, մշակոյթը եւ հրայրքը, այսինքն սրտի կրակը։ Այս թանկագին հարստութիւնները զմեզ հեռու պիտի պահեն կրօնական տգիտութիւններէ, անտարբերութիւններէ։
Մարդակերտում եւ հայակերտումը թող միշտ ծաւալի մեր եկեղեցւոյ եւ ընտանեկան կեանքին մէջ։
Բարձրեալ եւ ամենակարող Աստուած Իր Հոգիի շնորհքներով զօրացնէ մեզ, որպէսզի խոհեմութեամբ, իմաստութեամբ եւ սրբութեամբ արդիւնաւորենք մեզի պարգեւուած կեանքի օրերը։
ՇԱՀԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍՎԱՃԵԱՆ
(2005)
Երախտագիտութեամբ կ՚ողջունենք բոլոր անոնք, որ հաւատարմօրէն կը ծառայեն Հայ գիրին, գրականութեան եւ կը տեւականացնեն, կ՚ապրեցնեն մեծանձն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշակերտ ու անմահ գործը։
Մշտավառ՝ թո՛ղ փայլի Հայ գիրը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26, 2015, Իսթանպուլ