110 ՏԱՐՈՒԱՅ ՎԱՍՏԱԿ ՄԸ
Մամուլի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը անուրանալի է ընկերային կեանքի մէջ։ Արդարեւ, հասարակութեան մէջ, անհատներու թէ՛ իրարու հետ, եւ թէ՛ իրենց պատկանած հաւաքականութեան հետ հաղորդակցութիւնը ապահովող բազմաթիւ միջոցներ եւ առարկաներ կը գտնուին։ Ահաւասիկ, անհատին հաւաքականութեան հետ այդ անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնը ապահովող միջոցներուն մէջ առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէ մամո՛ւլը։
Եւ երբ քաղաքակրթութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ եւ միշտ նոր միջոցներ կը ստեղծուին, զոր օրինակ, դիմատետրի նման, համացանցի եւ ուրիշ միջոցներու նման, անշուշտ որ անոնք ալ ունին իրենց կարեւոր դերը հաղորդակցութեան մէջ, եւ սակայն անոնց «նահապետ»ն է գրաւոր մամուլը՝ օրաթե՛րթը։
Եւ երբ նորեր կու գան, երբեք չեն մոռցուիր «նահապետ»ները, քանի որ անոնք հիմը կը կազմեն բոլոր նորութիւններուն։ Արդարեւ, «հին»ը հի՛մն է «նոր»ին, եւ եթէ շէնք մը հիմ չունի, այլապէս քանդուելու դատապարտուած է ան ի վերջոյ։
Ուրիշ առիթներով ալ յիշած ենք Վիքթոր Հիւկոյի այն խօսքը, որ արտասանած է «Լէ Միզէրապլը»ի հեղինակը, գիրքին շնորհանդէսին. «Մամուլը ընկերային աշխարհին լո՛յսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մա՛տը»։
Կարելի պիտի ըլլար ուրիշ որեւէ խօսքով դիմաւորել 110 տարուայ վաստակ մը՝ նուիրուած մամուլին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը սուրայ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ ասպարէզ կը կարդայ ժամանակին՝ կը մրցի ժամանակին հետ՝ ստանձնելով անոր բոլոր բարեմասնութիւնները եւ յատկութիւնները։
Արդարեւ, դիւրին չէ՛ աւելի քան դար մը աշխարհին լոյսը ըլլալ, դիւրին չէ՛ լոյս ըլլալ եւ Նախախնամութեան մատը ներկայացնել՝ անդուլ եւ անդադար՝ անխո՛նջ։
Մարդս ընկերական է։ Ընկերութիւնը կը բաղկանայ անհատներէ՝ որոնք անոր սկզբնական տարրերն են։ Այս տարրերուն զանազան յատկութիւնները, տարբեր կարողութիւնները, փափաքները եւ փոխադարձ յարաբերութիւնները առանց ընդդիմահարութեան պահուելու եւ բարգաւաճելու համար ընկերութիւնը երկու սկզբունք կ՚ընդունի. պարտաւորութեան՝ պարտքի սկզբունք եւ իրաւունքի սկզբո՛ւն։ Ընկերութեան բարոյական եւ նիւթական կարգաւորութեան հիմերը այս սկզբունքներուն վրայ հիմնուած են։
Եթէ վերցուի առաջին սկզբունքը, ընտանիքը կը վերնայ, բարոյականութիւնը կ՚անհետանայ եւ եսութիւնը կը տիրէ։ Իսկ եթէ չյարգուի երկրորդը, զօրաւորը տկարին վրայ կ՚իշխէ, եւ իրաւունքը «սուրին ծայրը կը հանգչի»։ Եւ ասկէ կը հետեւին անթիւ աղէտներ եւ խանգարումներ եւ մարդկութիւնը չի կրնար հասնիլ իր յառաջադրած նպատակին։ Ընկերութեան ընթացքը հետզհետէ կը խափանուի։
Ուստի ընկերութիւն մը իր գոյութիւնը պահպանելու եւ գոյատեւելու՝ յառաջդիմելու համար կը պարտաւորուի իր տարրերուն փոխադարձ յարաբերութիւններուն ներդաշնակութիւնը ապահովել։
Եսայի կ՚ըսէ, թէ՝ հազար անգամ մի եւ նոյն բաները կը կրկնեմ՝ որպէսզի անգամ մը լսեն ձայնս։
Կարելի է կարծել, թէ ամէն օր հրատարակուող օրաթերթի մը ընդհանուր հոգեվիճակը շատ լաւ կ՚արտայայտէ այս խօսքը։ Ամէն օր, անդադար հրատարակուող օրաթերթն ալ թերեւս ամէն անգամ նոյն բաները կը կրկնէ, բայց մէկ անգամ միայն կրնայ լսելի ընել իր ձայնը։
Աստուած աշխարհը երբ ստեղծագործեց ըսաւ. «Լոյս թող ըլլայ, եւ լոյս եղա՛ւ»։ Ծագեցաւ լոյսը եւ մութ եւ խաւար աշխարհը լուսաւորուեցա՛ւ։ Յետոյ, դա՜րեր վերջ, Կութթեմպերկ, մարդկութեան այս անմահ եւ անմոռաց բարերարը եկաւ աշխարհ, հնարեց տպագրութեան արհեստը եւ Նախախնամութեան անձագանգ մը ըլլալով ինք եւս կրկնեց. «Թո՛ղ լոյս ըլլայ, եւ լոյս եղա՛ւ»։ Տպագրութեան արեգակը ճառագայթուեցաւ եւ ընկերային մութին, խաւարին եւ գիշերին մթնշաղը սկսաւ հետզհետէ փարատիլ բարոյական աշխարհին վրայէն։
Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը 110 տարի առաջ եւս ըսաւ. «Թո՛ղ լոյս ըլայ, եւ լոյս եղաւ», որը կը շարունակուի անդադար լուսաւորել հոգե-մըտաւոր աշխարհը մինչեւ այսօր, եւ պատրաստակամութիւնը ցոյց կու տայ շարունակել տակաւին տարի՜ներ, լուսաւորել եւ լուսաւորուի՛լ։
Ուստի մամուլը, մարդկային ընկերութեան լապտերն է, որուն մէկ տիպարն է դարաւո՜ր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Եւ եթէ գուցէ շիջանի այդ «լապտեր»ը՝ մութը կը կոխէ, խաւարը կը տարածուի, եւ մարդկութիւնը խարխափ քայլերով՝ կը մոռնայ թէ ո՛ւրկէ կու գայ, եւ ո՛ւր կ՚երթայ։
Մէկ խօսքով, երբ կը մարի այս լապտերը, կը խաւարի նաեւ մարդկային միտքը։
Եւ այսքան դարերէ ի վեր է որ մութին եւ լոյսին մէջ պայքար մը, կռի՛ւ մը կայ։ Ահաւասիկ այդ պայքարին մէջ լոյսին աջակիցն է եղած միշտ մամո՛ւլը։ Եւ մամուլին շնորհիւ է որ յաղթողը եղած է միշտ լո՛յսը ի վերջոյ։
Ահաւասի՛կ մամուլի բարիքը, ահա՛ մամուլի առաւելութիւնները, ահա՛ խօսելու, արտայայտուելու, գրելու եւ տպելու իրաւունքի եւ ազատութեան փրկաւէտ հետեւութիւնները։
Բայց եղած են նաեւ վնասակար կողմերը այս իրաւունքին եւ ազատութեան, քանի որ ո՛չ մէկ իրաւունք եւ ո՛չ մէկ ազատութիւն անսահման է. չափազանցուած եւ ծայրայեղութեան տարուած ամէն իրաւունք եւ ազատութիւն՝ ո՛չ թէ օգուտ այլ վնաս պատճառած է, եւ դարձեալ իրաւունքի եւ ազատութեան շահագործումին պատճառով ո՛չ թէ բարիք, այլ չարիք գոյացած է։
Եւ ահաւասիկ, դարաւոր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարեմասնութիւններէն եւ յատկութիւններէն մին եւս՝ կրցած է չափաւորել, ներդաշնակել, չափ եւ կշիռի տակ առնել մամլոյ ազատութեան շնորհը, եւ իրաւունքը։ Իր աւելի քան դար մը անդադար հրատարակուիլը, ժողովուրդին ծառայելու մէջ յարատեւութիւնը իր այս չափաւորութեան եւ պատասխանատուութեանը գիտակցութեան փաստե՛րն են։
Ուստի, պատմութիւնը կը վկայէ դէպքերու մամլոյ ընդհանուր անցեալին մէջ, թէ մամուլի ազատութեան չարաչար գործածութիւնը պատճառ է եղած մտային անտարբերութիւններու հրատարակութեանը՝ որոնք մարդկային մտքին փոքրութեան եւ տկարութեան ապացոյցներ են եղած դժբախտաբա՛ր։
Մինչեւ այս կէտին խօսեցանք մամուլի գաղափարականին, առաւելութիւններուն, ընկերային կեանքի մէջ, մանաւանդ հաղորդակցութեան գործին մէջ կատարած կարեւոր եւ անհրաժեշտ դերին եւ պաշտօնին մասին։
Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութեամբ կատարած է իր դերը աւելի քան դար մը։
Բայց գործնականի մէջ, ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը տեսնէ, որքա՞ն կը գնահատէ, եւ թէ կը ճանչնա՞յ հայ մամուլը։
Երեք իրողութիւն կ՚ուզեմ ներկայացնել այս մասին, որոնց կենդանի վկան եղած եմ։
Դէպքերու մասին մեկնաբանութիւնը կը թողում բոլորովին սիրելի՜ հաւատարիմ ընթերցողներու, որոնք լաւագոյն կերպով գիտեն մեկնաբանել այդ դէպքերը։
Տարիներ առաջ, հաւանաբար 70-ական թուականներուն, օր մը գրասենեակ եկաւ փոխանորդեալներէս մին, մեծ ուրախութեամբ, կարծես աւետիս մը պիտի տար։
«Գիտէ՞ք, քաղաքիս մէջ հայերէն թերթ կը հրատարակուի եղեր…», աւետեց ան։
Կը կատակէ՞, խորհեցայ պահ մը, բայց մեր յարաբերութիւնը կատակելու աստիճանի մտերմութիւն մը չունէր, եւ թէ խօսակիցս տարեց եւ լուրջ բնաւորութեան տէր մէկն էր։
Շարունակեց պատմել. «Սրճարանը քովս նստաւ բարեկամ մը, թերթ կը բացաւ եւ կարդալ սկսաւ. տեսայ որ թերթին գիրերը տարբեր է, իմ գիտցած գիրերէս չէ, հարցուցի.- Ի՞նչ լեզուով է այս թերթը։ Ան պատասխանեց.- Հայերէ՛ն է։ Զարմացած հարցուցի.- Ո՞ւրկէ է այս հայերէն թերթը։ Ան զարմանքով պատասխանեց.- Այստեղէն է. քաղաքիս մէջ կը հրատարակուի։ Եւ ես, ապշած եւ ուրախութեամբ ձեզի եկայ, որպէսզի դուք ալ տեղեկութիւն ունենաք, թէ քաղաքիս մէջ հայերէն թերթ կը հրատարակուի»։
Այս անգամ զարմանալու բաժինը ի՛մս էր, ո՛չ թէ քաղաքիս մէջ հայերէն թերթ հրատարակուելու մասին «տեղեկութիւն» ստացած ըլլալուս համար, այլ մէկու մը, որ որոշ տարիք ունի, երկար ժամանակ քաղաքս կը բնակի եւ բնակավայրը հայերու ապրած թաղ մըն է եւ տակաւին նոր կը սորվի թէ քաղաքիս մէջ հայ թերթ կը հրատարակուի…։
Այս տարօրինակ դէպքը վերջացնելէ առաջ պէտք է յիշեցնեմ, որ այդ անձը «հայ» էր…։
Ընդհանրապէս օրուան հայ թերթերը կը գնեմ մեր փողոցի անկիւնի լրագրավաճառէն։
Օր մը եւս, երբ կը գնէի օրուան հայ օրաթերթերը, ճիշդ այդ պահուն կին մը եկաւ եւ հայ թերթերը ուզեց, կարծեմ, օրերէն Երկուշաբթի էր։ Մինչեւ հոս բնական էր ամէն ինչ, յետոյ հապճեպ ակնարկ մը նետեց թերթերուն եւ վերադարձուց լրագրավաճառին։ Հարցուցի լրագրավաճառին, թէ ինչո՞ւ վերադարձուց թերթերը։ Լրագրավաճառը ըսաւ. «Իր նկարը կը փնտռէ թերթերուն մէջ, երբ չի գտներ կը վերադարձնէ թերթերը», եւ յետոյ աւելցուց, ըսելով. «Շատեր այսպէս կ՚ընեն, թերթերուն ակնարկ մը կը նետեն եւ յետոյ կը վերադարձնեն, թերթերը շատ քիչ անգամ կը գնեն»։
Եւ երրորդը, հազիւ տարի մը առաջ, օր մը մէկը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գրութիւն մը գրած եմ, կարելի՞ է որ հրատարակել տաք զայն թերթին մէջ, եւ եթէ կարելի է աչք մը նետեցէ՛ք…»։
Գրութիւնը տուաւ, 7-8 էջ գրութիւն մը եւ նաեւ փոքր թղթիկ մը՝ որուն վրայ արձանագրուած էր հեռաձայնի թուանշաններ։ Հարցուցի, թէ այս ինչո՞ւ համար է։ Ան պատասխանեց. «Երբ հրատարակուի գրութիւնս, ինծի հեռաձայնեցէք, որպէսզի այդ օրը թերթ գնեմ…»։
Ի՞նչ կը խորհիք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ պէտք էր որ ընէի այսպիսի անակնկալի մը առջեւ։ Խորհեցէ՛ք եւ որոշեցէ՛ք, թէ ի՜նչ է մեր դիրքը, զգացումները հայ թերթի նկատմամբ։ Վստահ եղէ՛ք, ես ալ ձեր խորհածին պէս շարժեցայ, քանի որ բանականութիւնը ա՛յդ կը պահանջէր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 25, 2017, Իսթանպուլ