ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ՀԻՆ ԷՋԵՐ

Մարդ միշտ ներկան է, որ կ՚ապրի եւ յաճախ ներկայի զբաղումներով եւ ապագայի մտահոգութիւններով զանց կ՚առնէ անցեալը։ Բայց մարդ կ՚ապրի երեք ժամանակներու մէջ՝ իրերայաջորդ ապրումներով։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է ներկան եւ ապագան, նո՛յնքան ազդու է անցեալը, քանի որ ներկան պատրաստողը ա՛ն է եւ առանց անոր ներկան գոյութիւն պիտի չունենար, ինչպէս առանց ներկայի՝ ապագան։

Այս պատճառով ահաւասիկ, ատեն ատեն մեր նայուածքը կը դարձնենք անցեալի իրադարձութիւններուն եւ բաղդատութեան եզր մը կը փնտռենք անոնց մէջ ներկային նկատմամբ։ Եւ այս բաղդատութիւնն է, որ կը պատրաստէ ապագան՝ ապահով եւ ստոյգ բովանդակութեամբ։

Ուրեմն, այս անգամ, անցեալը կ՚ուսումնասիրենք «ՏԱՃԱՐ» շաբաթաթերթի էջերուն մէջ։ Շաբաթաթերթին 21 մայիս 1911 թուակիր օրինակին մէջ «Ազգային Կեանքը՝ շաբթուան լուրեր» խորագրին տակ կը հանդիպինք հետաքրքրական լուրերու։

Լուրերը կը ներկայացնենք նոյնութեամբ։

ՊԷՇԻԿ-ԹԱՇԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պէշիկ-Թաշի «Գանձանակի Մասնախումբ»ին հրաւէրով քարոզիչ Գեր. Տ. Հրանդ Վ. Յովասափեան անցեալ Կիրակի օր պատարագեց թաղին Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, ի հանգիստ հոգւոց նոյն Մասնախումբին հին եւ նոր անդամաց բոլոր ննջեցեալներուն։

Եկեղեցւոյ արարողութեան եւ Հոգեհանգստեան պաշտամունքին աւարտումէն ետքը, քարոզիչ Հայր Սուրբը եւ Քահանայ Հայրերը, Թաղ. Խորհրդոյ եւ Հոգաբարձութեան անդամք եւ ներկայ թաղեցիներ հրաւիրուեցան Մաքրուհեան վարժարանի սրահը, ուր պատուասիրութիւններ եղան։

Քարոզիչ Հայր Սուրբը այս առթիւ կրկին շեշտեց համերաշխութեան պէտքը թաղեցիներուն մէջ, յօգուտ Ազգ. վարժարանին եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ։

Յ. Մկրտիչեան էֆ. պատասխանեց պատշաճ բառերով։ Թաղ. Խորհրդոյ ատենապետ Յովհ. էֆ. Ալալէմճեանի, եւ Հոգաբարձութեան անդամներէն Աղեքսանդր Գըյըճեան էֆ.ի եւ այլոց կողմէ շնորհաւորութիւններ ուղղուեցան Գան-ձանակի Պատ. Մասնախումբին, որ հազիւ 5-6 ամսուան կարճ ժամանակի մէջ 40 Օսմ. ոսկիէն աւելի գումար մը հաւաքած է ժողովրդեան տասնոցներովը։

Այս առթիւ շեշտուեցաւ Պատ. Հոգաբարձութեան ալ աշխատութիւնը՝ յօգուտ Ազգ. վարժարանին։

Սրտապնդող հաւաքոյթ մըն էր Կիրակի օրուան հանդէսը Պէշիկթաշցիին համար. բոլոր ներկաներուն դէմքին վրայ կը կարդացուէր ներքին իղձ մը՝ բարեկարգ ու յառաջադէմ վիճակի մը մէջ տեսնելու վարժարանը, հասցնելու զայն անցեալի փայլուն օրերու բարձրութեան։

Թաղականութիւն, Հոգաբարձութիւն եւ Գանձանակի Մասնախումբ՝ համերաշխ գործունէութեամբ մը կը ձգտին այդ նպատակին։ Իրենց միջեւ գոյացած կարծիքի եւ հայեացակէտի որեւէ տարբերութիւն կը հարթուի նոյն հետայն, փոխադարձ համոզիչ խօսքերով եւ զիջումներով, ուր անհրաժեշտ կը դառնան բաղձացուած օգտակար նպատակին իրագործումին համար։

Միակ ցաւալի կէտը՝ այդ հաւաքոյթին մէջ՝ բացակայութիւնն էր Գանձանակի Մասնախումբի անմիջական նախորդներուն։ Բոլոր ներկաներուն փափաքն էր նոյն պատուական երիտասարդներն ալ իրենց մէջ տեսնել։ Նոյն թաղին զաւակները՝ բոլորն ալ՝ անխառն պիտի ըլլար ուրախութիւնը, եթէ ամենքն ալ ձեռք ձեռքի տուած աշխատէին կրթական գործին արդիւնաւորման։

Թերթիս տնօրէն-խմբագիրը (Զարմայր Քհնյ. Կէզիրեան), որ իրեն երկրորդ հայրենիք ընտրած է Պէշիկթաշը, եւ Պէշիկթաշցիները կը նկատէ իր սըր-տակցորդ հայրենակիցները, այս ներքին բաղձանքը ունի սրտին մէջ, եւ յարմար առիթ կը նկատէ սիրոյ եւ համերաշխութեան յորդորներ ուղղել բոլոր թաղեցիներուն, վերջ տալու համար սնամէջ հակառակութիւններու, որոնք «գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ» են պարզապէս, եւ գոյութեան պատճառ պէտք չէ ունենան այնպիսի անձերու մէջ, որոնց բոլորին ալ ազնիւ, անկեղծ ձգտումներուն վրայ վստահ ենք բացարձակապէս։

Իսկ 30 ապրիլ 1911 թուակիր «ՏԱՃԱՐ»ին մէջ կը կարդանք հետեւեալ լուրերը։

Հայ. Բարեգ. Ընդհ. Միութեան հիմնարկութեան հինգերորդ տարեդարձը տօնուեցաւ նախորդ Կիրակի Գահիրէի մէջ շքեղ դաշտահանդէսով մը, որուն «քլուն» կազմեց մեծատաղանդ երաժշտագէտ Կոմիտաս Վ. Աղեքսանդրիայէն յատկապէս հրաւիրուած։

***

Էջմիածնի Սինօդին հրահանգ տրուած է Կաթող. տեղակալ Արքեպս.ին կողմէ, շրջաբերականով պատուիրել վիճակային կոնսիստորիաններուն որ այսուհետեւ ամուսնալուծական գործերու քըն-նութեան ժամանակ նկատի առնեն եւ քննեն թէ ամուսինները քանի՞ մանչ եւ քանի աղջիկ զաւակ ունին, եւ ո՞վ պիտի հոգայ զանոնք մինչեւ չափահասութիւն։

Այս կէտը ստիպողաբար պէտք է յիշատակուած ըլլայ Սինօդին մատուցուելիք զեկուցագրին մէջ։

***

Անցեալի իրադարձութիւնները դիտել ներկայի պատուհանէն՝ իրապէ՛ս հետաքրքրական է եւ շահեկա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 24, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018