ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Ժ.)
ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՈՒ ՍԵՌԸ
Մանկավարժութենէն ներս կարեւորագոյն նիւթերէն մին կը նկատուի մանուկներուն իրենց սեռին հանդէպ ունեցած «գիտակցութիւն»ը: Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ մանուկը իր սեռը կը սկսի ճանչնալ մօտաւորապէս 2-3 տարեկանին։ Անոնք կամաց կամաց կը սկսին նկատել տարբերութիւնը ոչ թէ սեռական անդամներով, այլ հագուստով, մազով եւ նախասիրութիւններով: Իրենց նկատած տարբերութիւնները պատճառ կը դառնայ, որ անոնք սկսին զանազանել սեռերը:
Սեռը ճանչնալու օգնող մեծագոյն ազդակներէն մէկը գոյներու տարբերութիւնն է. ինչպէս բոլորս գիտենք, կայ այն համոզումը, որ տղան կապոյտը, իսկ աղջիկը՝ վարդագոյնը կը սիրէ: Շատ անգամ կը կարծենք, որ մանուկին մէջէն կու գայ այդ գոյներուն հանդէպ սէրը, սակայն իրականութեան մէջ մանուկին հոգեբանութեան հետ ընդհանրապէս կապ չունի. մենք մանուկը կը վարժեցնենք այդ գոյներուն. երբ տղայ զաւակ լոյս աշխարհ գայ մենք անոր շուրջ կապոյտ գոյներով կը զարդարենք եւ իր մանկութեան առաջին իսկ օրերէն այդ գոյնին մէջ կ՚ապրեցնենք զինք եւ բնական է, որ ինք հակումը պիտի ունենայ կապոյտ գոյնին, որ այնքան տեսած է՝ քան վարդագոյնը, որ 2-3 տարեկանին կամաց կամաց կը նկատէ, որ հակառակ սեռին կը պատկանի:
Իրականութեան մէջ հին գիրքեր ուսումնասիրելու ժամանակ կը տեսնենք, թէ գոյներու մասին ընդհանրապէս ակնարկ չկայ. կապոյտ եւ վարդագոյն գոյներու տարբերութիւնը մօտաւորապէս 20-րդ դարու սկիզբները մուտք գործեց մեր կեանքէն ներս: Առանց նկատելու մենք ենք որ այդ մանուկները կը վարժեցնենք գոյներու։ Վստահաբար տեսած էք չէ՞, մանչ զաւակ մը վարդագոյն խաղալիք մը երբ ձեռքը առնէ, շուրջինները «դուն աղջի՞կ ես» մը կ՚ըսեն եւ այս մէկը ինքնաբերաբար անոնց մէջ կ՚արթնցնէ այն գիտութիւնը, որ վարդագոյնը աղջիկներուն համար է, իսկ կապոյտը՝ տղոց: Նոյնիսկ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ անոնք հեռու կը մնան վարդագոյն պայուսակ, գրչատուփ, գրիչ եւ այլ առարկայ գործածելէ, ո՛չ թէ որովհետեւ կ՚ատեն վարդագոյնը, այլ որովհետեւ շրջապատը այդ մէկը կը պահանջէ:
Վերջին դարաշրջանին է, որ առեւտուրի աշխարհը մանրամասն ձեւով փորձեց իրարմէ բաժնել տղու եւ աղջկայ առարկաները: Այս բոլորը մեր մէջ դրուած կարծրատիպներ են, որոնք մինչեւ օրս կը պահեն իրենց գոյութիւնը:
Սկզբնական շրջանին աղջիկը վարդագոյնին եւ տղան կապոյտին հանդէպ սէր մը կ՚ունենայ, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնց մէջ կը զարգանայ նախասիրութեան զգացումը եւ անոնք կը սկսին բացի այդ երկու գոյներէն ունենալ այլ նախասիրած գոյներ. ինչպէս՝ կարմիր, նարնջագոյն եւ այլն:
Մանուկները 0-2 տարեկաններու ընթացքին լաւապէս չեն ըմբռներ իրենց սեռին ինչութիւնը, սակայն որոշ տարբերութիւններ կը նկատեն. օրինակ՝ կը նկատեն, որ մօրը եւ հօրը պարտականութիւնները տարբեր են եւ այդպիսով նոր կը սկսին մարդիկը իրենց միտքին մէջ դասակարգել: Ապա 3-5 տարեկանի միջեւ մանուկը լաւապէս կը հասկնայ տարբերութիւնը աղջկան ու տղուն եւ կարծրատիպներու հիման վրայ կը սկսի իր ժամանակը անցընել մեքենաներով ու զէնքերով, մինչ աղջիկ զաւակը՝ պուպրիկներով, հագուստով ու այլ զարդարանքներով: Ո՛չ տղուն ունեցած զէնքին եւ մեքենային հանդէպ սէրը եւ ո՛չ ալ աղջկան պուպրիկներուն հանդէպ ունեցած սէրը ի ծնէ երեւոյթ մըն է: Այնտեղ դարձեալ շրջապատը մեծ դեր կը խաղայ:
Նման կարծրատիպերու գոյութիւնը որքանով ճիշդ կամ սխալ է չեմ գիտեր, սակայն յստակ է, որ մերօրեայ աշխարհը մեծ պայքար կը մղէ վերացնելու համար այդ համոզումները, որպէսզի զաւակներուն միջեւ սեռի խտրութիւն գոյութիւն չունենայ. ներկայ աշխարհը այդ մէկը լաւապէս կը կատարէ մանկական ժապաւէններու ճամբով, որոնք մօր դաստիարակութեան չափ ազդեցութիւն ունին այսօր մանուկին կեանքին մէջ: Այսօր մեր մանուկներուն մէջ կը փորձեն սերմանել երրորդ սեռի մը գոյութիւնը եւ մանաւանդ «զարգացած» երկիրներու մէջ այդ մէկը կը սկսին դպրոցական վաղ տարիքէն, որպէսզի հասկնան, որ տղուն եւ աղջկան կողքին կայ երրորդ մը:
Մերօրեայ մանուկները հասարակութեան ակնկալիքներուն հիման վրայ կ՚ապրի իր մանկութիւնը եւ կ՚ընէ այն՝ ինչ որ շրջապատը անուղղակիօրէն իրեն կը սորվեցնէ: Պէտք է նկատի ունենալ սակայն, որ հակառակ սեռը հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ փոքր տարիքէն. այդ է պատճառը, որ յաճախ կը տեսնենք տղայ զաւակներ, որոնք իրենց մօրը հագուստները կրելով կը փորձեն իգական սեռը կապկել. այդ մէկը պէտք չէ հասկնալ որպէս իգականութեան հակում: Այստեղ դարձեալ կը կարեւորենք ծնողքին դերը. ծնողքի կրթութեան մաս կը կազմէ մանուկին հասկցնել, թէ ո՛ր երեւոյթը արական եւ ո՛ր երեւոյթը իգականութեան մաս կը կազմէ: Մերօրեայ «մանկավարժութիւն»ը կը փորձէ բացատրել, թէ պէտք է մանուկը ազատ ձգել՝ որպէսզի ինք իր կամքով ընտրէ իր սեռական ինքնութիւնը. «պէտք է թոյլ տալ, որպէսզի երեխան բացայայտէ իր ինքնութիւնը». այս մէկը պարզապէս աւելորդաբանութիւն է, որովհետեւ կ՚ապրինք այնպիսի մտածելակերպով, որ շատ մը երեւոյթներ ծնողքը պիտի որոշէ եւ շատ մը երեւոյթներ՝ մանուկը. կը մոռնանք, որ մանուկին բացայայտումը դարձեալ յառաջ կու գայ ծնողքի կրթութենէն (տրուած ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով) եւ հետեւաբար մանուկին որոշումը նոյնինքն ծնողքին մտածելակերպին լոյսին տակ լոյս աշխարհ կու գայ:
Այդ իսկ պատճառով, իւրաքանչիւր ծնողք պարտի փոքր տարիքէն լաւագոյն ձեւով սեռային տարբերութիւնները սորվեցնել իր զաւակին՝ խօսքէ աւելի գործով. պէտք է ընդունինք, որ զաւակները մեծաւ մասամբ կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս կը տեսնեն իրենց ծնողներէն. եթէ տան հայրը մօրը հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք կ՚ունենայ, տարբեր երեւոյթ կարելի չէ ակնկալել զաւակէն, որովհետեւ մանաւանդ մանկութեան շրջանին մանուկը որպէս իտէալ տեսնելով իր հայրը եւ կամ մայրը՝ ճիշդ կը նկատէ բոլոր այն երեւոյթները, որոնք ի գործ կը դրուին անոնց կողմէ. հետեւաբար պէտք է ըլլալ նրբանկատ, որովհետեւ ինչպէս ըսինք ու յաճախ պիտի ըսենք, օրինակ դառնալը հազար քարոզ ու դաստիարակութիւն կ՚արժէ:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏ
Անցնող մէկ տարուան ընթացքին եւ քիչ մը աւելի, գրեցինք աւելի քան 380 դէպքեր ու պատմութիւններ, սակայն ամէն սկիզբ ունի իր աւարտը եւ այսօր կու գանք յայտարարելու պատմութեան աւարտը:
Պատմութիւնները վերջ չունին, որովհետեւ անվերադարձ անցնող ժամանակէն մեզի կը մնայ միայն պատմութիւններ՝ որոնք մեր յուշերն ու անցեալը կը կազմեն:
Իւրաքանչիւրիս կեանքը թատերական ներկայացում մըն է՝ ոմանցը երգիծական, ոմանցը ողբերգական, ոմանցը երկար, իսկ ոմանցը կարճ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակէն զոհելով ականջալուր եղան մեր պատմութիւններուն: Մեր սրտագին փափաքն է, որ ձեր գալիք պատմութիւնները ըլլան մի՛շտ լաւատես ու դրական եւ ձեր կեանքի ներկայացումը՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն վերածէք երգիծական հանդէսի, որովհետեւ ուշ կամ կանուխ բեմին վարագոյրը պիտի փակուի եւ երանի՜ անոր, որ այդ բեմէն ուրախ տրամադրութեամբ կը հեռանայ:
***
Յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին օրական դրութեամբ պիտի տեղադրենք կարճ հարց ու պատասխաններ՝ կատարուած արհեստական բանականութեան հետ, աւելիով հասկնալու համար, թէ «զարգացած» երկիրները ի՞նչ մտայնութեամբ ու սկզբունքներով կը կառավարեն եւ կը մտադրեն կառավարել մեր ամբողջ կեանքը՝ մանաւանդ գալիք սերունդներու մտածելակերպն ու համոզումները:
Բարի ընթերցանութիւն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան